ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ - Ե -

Կը շարունակենք խորհրդածել «անհաւատարմութեան» մասին, եւ յատկապէս՝ ամուսնական նուիրական միութեան մէջ ամուսիններու՝ այր-մարդուն կամ կին-մարդուն անհաւատարմութեան մասին։ Անուսնական փոխադարձ խոստումին մէջ աւելի եւս կարեւորութիւն կը ստանայ հաւատարմութիւնը, քանի որ ամուսնական միութիւնը «խորհուրդ» մըն է՝ աստուածային հաստատութի՛ւն մը։ Հաւատարմութիւնը աւելի՛ եւս կարեւորութիւն կը ստանայ ամուսնութեան մէջ, որովհետեւ ամուսնութիւնը ըստ էութեան ապագային կազմութեան գործին կարեւոր եւ կենսական դեր մը եւ պարտականութիւն մը ունի՝ հոն՝ անհաւատարմութիւնը միայն անհատներու պատասխանատուութիւնը չի հետաքրքրեր, այլ ամբողջ սերունդ մը եւ ապագա՛յ մը։

Անհաւատարիմ ամուսին մը վնաս կը պատճառէ թէ՛ ներկայի ընտանիքին, թէ՛ ապագայի կազմաւորման, եւ արգելք կը հանդիսանայ մանաւա՛նդ առողջ սերունդներու՝ ֆիզիքապէս, բարոյապէս՝ հոգեպէս եւ մտապէս կատարեալ յաջորդականութեան մը։ Արդարեւ, բարձր բարոյականով, մարմնապէս, մտապէս եւ հոգեպէս առողջ սերունդներ՝ կը հասնին առողջ եւ կատարեալ ընտանիքներու մէջէն։ Միութիւնը որքան որ հաստատ է, անոր տեւականութիւնն ու յաջորդականութիւնն ալ ա՛յդքան հաստատ ու ապահով կ՚ըլլայ, ի՛նչ որ շատ բնական է՝ լաւ ծառը՝ լա՛ւ պտուղ կու տայ։ Ուստի անհաւատարիմ այր-մարդիկ եւ կին-մարդիկ պատասխանատո՛ւ են ապագայ սերունդներու դէմ։ Իրենց անհաւատարմութիւնը, մոլորութինները կը վնասեն ապագայ սերունդները։

Արդարեւ, իբր հետեւանք մարդուն առաջին մեղքին, որ Արարչին կողմէ մարդուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միջեւ հաստատուած միութիւնն ալ խզեց, վնասեց, ամուսնական միութիւնը ստէպ «վտանգուա՛ծ» է անհամաձայնութեան եւ անհաւատարմութեան պատճառով։

Սակայն, բարեբախտաբար, ամենախնամն Աստուած Իր անհո՜ւն բարեգթութեամբ՝ Իր շնորհքը եւ ողորմածութիւնը կը պարգեւէ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն, որպէսզի իրենց կեանքի նուիրական ու սրբազան միութիւնը իրագործեն աստուածային արարչագործութեան սկզբնական եւ ընդհանուր ու մշտնջենական ծրագրին համեմատ։

Օրէնքին եւ մարգարէներուն հաղորդած դաստիարակութեան միջոցով՝ Աստուած, յատկապէս Իր ժողովուրդին կ՚օգնէ, որ ան ամուսնական միութեան եւ անլուծանելիութեան գիտակցութիւնը հետզհետէ զարգացնէ։

Յիսուս Քրիստոս, արդարեւ, կը վերականգնէ Աստուծմէ հաստատուած սկզբնական կարգը այս մասին եւ շնորհք կը պարգեւէ՝ ամուսնութիւնը իր նոր արժանապատուութեամբ ապրելու որպէս «Սուրբ Խորհուրդ», որ նշանն է Եկեղեցիին հանդէպ Իր ամուսնական սիրոյն։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները ինչպէս Քրիստոս սիրեց Եկեղեցին» (ԵՓՍ. Ե 25)։ Քրիստոսի սէրը կը նուազի՞ Եկեղեցիի հանդէպ։ Անշո՛ւշտ ոչ. ապա ուրեմն, ամուսնութեան սուրբ կապով միացած ամուսիններուն սէրն ալ երբեք չի՛ նուազիր, հետզհետէ զօրանալով կը շարունակէ։ Եւ քանի որ սէրը անմահ է եւ յաւիտենական, ուրեմն ամուսնական սէրն ալ պէտք է յաւիտենական ըլլայ՝ մահուընէ ալ անդին, ինչպէս կ՚ըսէ. «… երազն է ներկայ կեանքը անցընել այնպիսի ձեւով, որ ապահով ըլլան ամուսիններ իրարմէ չբաժնուիլ նաեւ մարդոց վերապահուած միւս կեանքին մէջ…», Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Ներկայ կեանքը այնպէս մաքուր, հաւատարիմ ապրիլ, որ ամուսնութեան միութիւնը տեւէ նաեւ «միւս կեանք»ին մէջ ալ։

Այս տեսութեան զօրաւոր փաստն է սէ՛րը՝ որ հիմն է ամուսնական միութեան եւ աւելի եւս կ՚ամրանայ հաւատարմութեա՛մբ։ Ուստի այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ամուսնական միութիւնը, որ Արարչին կողմէ հիմնուած ու հաստատուած, կառուցուած է անոր օրէնքներուն վրայ, իր էութեամբ կարգաւորուած է ամուսիններուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միութեան, բարիքին, զաւակներու ծնունդին եւ դաստիարակութեան վրայ։ Բոլոր այս նպատակները իրականացնելու միջոցն է՝ յարատեւութի՛ւն, որ կ՚ենթադրէ հաստատակամութիւն, ինչ որ կը նշանակէ հաւատարմութիւն, հաստատամտութիւն։

Կեանքի մէջ, նպատակի մը հասնելու, յաջողութիւն ձեռք ձգելու նախապայմա՛նն է՝ յարատեւութիւն. իսկ յարատեւութիւնը կ՚իրականանայ՝ նուիրական արժէքներու հաւատարմութեա՛մբ։

Աստուած, որ սէ՛ր է եւ սէրէ դրդուած՝ մարդը ստեղծեց եւ զայն եւս սիրելու կոչեց։

Աստուած այր-մարդն ու կին-մարդը ստեղծեց եւ զանոնք «Ամուսնութեան» խորհուրդի միջոցով կեանքի մը կոչեց, որ հիմնուած է իրարու միջեւ մտերիմ հաղորդութեան, հաւատարմութեան եւ սիրոյ վրայ, այնպէս որ անոնք այլեւս «երկու» չեն, այլ «մէ՛կ» մարմին. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։

Ուրեմն, այս միութիւնը հաստատ եւ անլուծանելի պահող ամենակարեւոր տարրն է՝ հաւատարմութի՛ւնը։ Արդարեւ, ամուսնութեան սուրբ խորհրդով կազմուած ընտանիքը կ՚արտայայտէ եւ կը յայտնաբերէ եկեղեցւոյ բնութիւնը իբր Աստուծոյ ընտանիքը, որ կը յատկանշուի որպէս հաղորդութիւն եւ ընտանիք։ Ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը, ըստ իր դերին, առաքելութեան մը կոչուած է եւ կոչումին հաւատարիմ մնալով, ընտանիքը կը դարձնէ շնորհքի հասարակութիւն մը, մարդկային առաքինութիւններու դպրոց մը, իսկ զաւակներուն համար՝ իրենց հաւատքը հռչակելու առաջի՛ն վայրը։ Ուստի այս պատճառով, ընտանիքը կոչուած է՝ «առտնին եկեղեցի»։

Անհաւատարմութիւնը, խոստումնազանցութեան հետեւանք է՝ չյարգելու դիտաւորութեամբ խոստում կատարել է, կամ երդումով կատարուած խոստումը դրժե՛լ։ Ասիկա ծանր մեղք է՝ Աստուծոյ դէմ, որ Իր խոստումներուն մի՛շտ հաւատարիմ է։

Անհաւատարմութիւնը համազօր է աստուածադրժութեա՛ն…։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 22, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017