ՄԱՐԴԻԿ ԽԱՒԱՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆ
Վարդավառէ ետք 4-րդ կիրակին Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը կը խօսի երկու նիւթերու մասին՝ Աստուծոյ մարդոց հանդէպ ունեցած սիրոյ եւ մարդոց փոխանակ լոյսի, խաւարը նախընտրելու եւ զայն սիրելու մասին։ Վարդավառէ ետք 4-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 29 յուլիսի։
Արդարեւ, Աստուծոյ մարդոց հանդէպ ունեցած սէրը անվիճելի է, քանի որ Աստուած արարիչ է, այսինքն Հայր, եւ մարդիկ արարածներ՝ Անոր որդիները։ Պահ մը եթէ նոյնիսկ աշխարհիկ մօտեցումով դիտենք, կը տեսնենք որ հայր-որդի փոխյարաբերութիւնը ո՛րքան առանձնայատուկ եւ նուիրական է, քանի որ ո՛չ մէկ հայր կ՚անտեսէ իր զաւակը եւ ամէն զոհողութիւն յանձն կ՚առնէ իր որդւոյն բարիքին եւ օգտին համար։ Հայրեր աստուածատուր անկեղծ զգացումներով կը սիրեն իրենց զաւակները։ Հօր մը սէրը իր որդւոյն հանդէպ ընդոծին, անվիճելի սէր մըն է՝ անկեղծ եւ սրտաբո՛ւխ։
Եւ երբ հայրեր կը սիրեն իրենց զաւակները այս անսահման եւ նուիրական անկեղծ սիրով, հապա ամբողջ մարդկութեան երկնային Հայրը ո՜րքան աւելի մեծ սիրով պէտք է սիրէ իր որդիները, քանի որ անոնք Իր ըս-տեղծածներն են, քանի որ անոնք երկնային Հօր որդիներն են։ Այս ճշմարիտ սէրը Յովհաննէս աւետարանիչ սա խօսքերով կը բացատրէ. «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի եւ յաւիտենական կեանք ունենայ», (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Աստուծոյ սէրը անիմանալի է, քանի որ աշխարհիկ ըմբռնումով հասկնալ կարելի չէ, որքան ալ նմանութիւններ ունենայ երկրաւոր հայրերու սէրը արտայայտող երեւոյթներու հետ։ Սա անուրանալի է, որ մարդուս զոհողութեան եւ անձնուիրութեան զգացումները ի վերջոյ սահման մը կրնան ունենալ մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու պատճառով։ Բայց Աստուած՝ Հայրը՝ որ ամենաբաւ է, կատարեալ եւ անթերի, ամենակարող, ապա ուրեմն կատարեալ է եւ անսահման Իր սէրը։
Չէ՞ որ «Աստուած սէր է», եւ սէր կը նշանակէ «իրմէ տալ», նուիրել եւ դիմացինը ընդունիլ որպէս ի՛նք։ Եւ քանի որ մարդ Աստուծմէ է, եւ Անոր ստեղծածը, ուրեմն հասկնալի կ՚ըլլայ Աստուծոյ անսահման սէրը։ Արդարեւ, սիրոյ վարդապետութիւն մըն է քրիստոնէութիւնը՝ սիրել զիրար կը պատուիրէ ան, մինչեւ իսկ իր ընկերոջ համար զոհելու եւ զոհուելու աստիճան՝ իր կեանքն իսկ տալով անոր փրկութեան, անոր բարիքին համար։
Սէրը, այն ազնիւ զգացումը կու գայ Աստուծմէ, քանի որ Ի՛նք՝ Աստուած սէ՛ր է եւ ուրեմն շատ ալ բնական է Աստուծոյ սիրոյն անսահման եւ անհո՜ւն ըլլալը։ Աստուած Նախախնամ է, քանի որ կը սիրէ՛։
Աւետարանի այս հատուածին երկրորդ մասը կը խօսի լոյսի եւ խաւարի մասին։ Արդարեւ, հարց է, թէ մարդիկ յաճախ կը նախընտրեն խաւարը եւ կ՚անտեսեն, մինչեւ իսկ կ՚ատեն լոյսը։ Ահաւասիկ, այս հարցումին պատասխանը կու տայ Յիսուս եւ կ՚ըսէ. «Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանի որ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին», (ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։
Մարդկային միտքը, բանականութիւնը մինչդեռ միշտ լոյսը կը փնտռէ։ Լոյսը կը փափաքի եւ կ՚ուզէ, որ լոյսի մէջ ըլլայ, մանաւանդ երբ մութի, խաւարի մէջ է մնացած։ Խորհեցէ՛ք պահ մը, երբ խաւարը պատած է ձեր շուրջը, որքա՜ն կարօտով կը սպասէք որ լուսաւորուի ամէն տեղ, քանի որ մութը, խաւարը անորոշութիւն կը նշանակէ, եւ անորոշութիւնը նեղութիւն կը պատճառէ մարդոց։ Բաւական է որ լոյսը յայտնուի, կ՚ուրախանան մարդիկ՝ աշխոյժ եւ խանդոտ կը դառնան, կարծես լոյսը կը վերակենդանացնէ զանոնք։
Բայց երբ լոյսը կը թողու զանոնք, նորէն կու գայ խաւարը եւ մարդիկ ալ կը դառնան խաւարի պէս մութ եւ մռա՛յլ։ Եւ չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել՝ թէ լոյսը կեա՛նք է, կեանքի աղբի՛ւր։ Ուստի լոյսի բացակայութիւնը կորուստ մըն է մարդուս համար, քանի որ հոն ուր լոյսը կը պակսի, հոն կը նահանջէ կեանքը։
Տեսանելի լոյսին պակասը երբ այսքան աննպաստ կերպով կ՚ազդէ մարդուս, կայ խաւար մը, լոյսի պակաս մը՝ որ շատ աւելի վտանգաւոր է եւ վնասակար մարդուս համար. մտքի խաւարը, հոգիի խաւարն է այն, որ յաճախ կը պատահի մարդուս կեանքին մէջ։
Այդ բարոյական եւ մտային խաւարը մարդուս կեանքին մէջ միշտ գտնուած է հազարամեակներ շարունակ, բայց որքան տարօրինակ է եւ անըմբռնելի, մարդ աւելի՛ սիրած է խաւարը քան լոյսը՝ հակառակ անոր վնասակար ազդեցութիւններուն ենթարկուած ըլլալուն։ Այն խաւարը՝ որ հետեւանքն է չարութեան, եւ փոխադարձաբար չարութիւնն ալ՝ մտային եւ հոգեւոր խաւարի։ Մարդիկ զիրար կ՚ատեն փոխանակ սիրելու, քանի որ կը նախընտրեն խաւարը, կը սիրեն մութը, ինքնակեդրոն, սառնասիրտ, անբարոյ, անգութ, աններող, ինքնահաւան մարդն է, որ խմբովին կը հետեւի չարութեան՝ մութին մէջ, խաւարին անորոշութեանը մէջ։ Յոռի բարքեր, մոլութիններ, կիրքեր, աշխարհային հաճոյքներ եւ ձգտումներ կարծես պատած են մարդս, այնպէս որ մարդ կը սիրէ հոգիի այս խաւարը, մութը եւ կը շարունակէ իր կեանքի մութին մէջ՝ կէս-մեռեալ։ Եւ երբ մարդ կ՚ատէ լոյսը, կ՚ատէ նաեւ՝ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, հաւատարմութիւնը, ողորմութիւնը եւ անշուշտ իր նմա՛նը։
Եւ ահաւսիկ, մարդուն խաւարը սիրելուն եւ լոյսը ատելուն բուն իսկ պատճառը կը յայտնէ Յիսուս, երբ կ՚ըսէ. «Ով որ չարիք կը գործէ, չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են», (ՅՈՎՀ. Գ 20-21)։
Արդարեւ, այն պատճառով որ լոյսը յայտնի կը դարձնէ մարդուս չարութիւնը, անբարոյութիւնը եւ կեղծիքը, մարդուս «դիմակաւոր կերպար»ը, եւ ան սարսափելով լոյսէն՝ կը հեռանայ անկէ, կը նախընտրէ ապրիլ խաւարին մէջ՝ թէեւ անհանգիստ, բայց իրեն համար ապահով։
Ուստի մարդ կ՚ապրի խլուրդներու նման՝ պատսպարուելով մեղքի հողին տակ՝ մութին մէջ։
Եւ սիրոյ զգացումէն զուրկ՝ նախընտրելով խաւարը, մարդուն կ՚արգիլուի սիրել լոյսը, եւ ըլլալ բարի եւ ճշմարտասէր մա՛րդ։
Կ՚ըսուի, թէ ժամանակին բոլոր խլուրդները կ՚ապրէին երկրի երեսը եւ փայլուն տեսութիւն ունէին։ Սակայն անգամ մը անոնց մէջ կը ծնի տեսողութենէ զուրկ խլուրդ մը, եւ այս պատճառով կը զատուի միւսներէն եւ կը մեկուսանայ, կ՚առանձնանայ եւ կը պահուըտի հողի տակ եւ կ՚ապրի հոն առանձին։ Որոշ ժամանակ մը վերջ կը պատահի սարսափելի սառնամանիք մը, որուն պատճառով երկրի վրայի բոլոր խլուրդները կ՚ոչնչանան։ Իր տեսակին մէջ կը մնայ միայն այն աչազուրկ խլուրդը, որ հողին տակ կ՚ապրէր։ Եւ անկէ ծնած սերունդները եւս կ՚ըլլան կոյր եւ կը շարունակեն ապրիլ հողի տակ։ Եւ անոնք կ՚ատեն լոյսը եւ կը սիրեն խաւարը…։
Ասիկա, ուղղակի պատմութիւն չէ, այլ իրականութիւն մը մարդկային կեանքէն։
Մարդիկ ալ յաճախ սիրելով խաւարը՝ կը նպաստեն նոր խաւարներու ծնունդին։ Չէ՞ որ մեղքէն մե՛ղք կը ծնի՝ չարիքէն չարի՛ք եւ այդպէս կը բազմանան մեղքեր եւ չարիքներ, որոնք կ՚աճին խաւարի մէջ, կը սնանին մութով եւ խաւարով, եւ որքան խաւարը պատէ մարդուս հոգին, լոյսը այնքան կը հեռանայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 24, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024