ԵՐԱԶԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ
Երիտասարդ մը անցեալ օր ախորժակով իր տարօրինակ երազներէն մին կը պատմէր. այդ պահուն նկատեցի իր երազներէն աւելի տարօրինակ բան մը՝ իմ երազ չտեսնելուս պարագան: Կարծելով աւելի քան մէկ երկու տարիէ երազ չեմ տեսներ:
Երազ չտեսնելուս համար գիտե՛մ հոգեբանութիւնը ինչ պիտի ըսէ. երազ կը տեսնես, սակայն տեսած երազդ կը մոռնաս՝ այդ իսկ պատճառով կը կարծես, թէ երազ տեսած չես: Հոգեբանութեան այս սահմանումը որքանով ճիշդ է, չեմ գիտեր, սակայն կը կարծեմ չի կրնար ըլլալ, որ այսքան երկար ժամանակ նուազագոյնը հատ մը չյիշեմ։ Այդ իսկ պատճառով կը հաւատամ, թէ երազ տեսնելու բաժինը ուղեղիս մէջ արդէն իսկ չի գործեր: Պրպտումներուս ժամանակ հանդիպեցայ իսլամ կրօնաւորի մը բացատրութեան, թէ երազ չեն տեսներ անոնք, որոնք պիղծ սիրտ ունին, որովհետեւ, իբրեւ թէ մարդ երազ կը տեսնէ ա՛յն ժամանակ, երբ իր սիրտին վրայ պղտորութիւն չկայ:
Դարեր շարունակ մարդ արարածին հետաքրքրութեան առարկան եղած է երազը՝ իր անլուծելի եւ առեղծուածային իմաստներով: Տակաւին այդ երազները աստուածային ըլլալը կը կարծէր նախամարդը, որուն համար իր չաստուածներու շարքին կ՚աւելցնէր նաեւ երազի աստուած մը, որու զանազան երազներու ճամբով մարդուն պատգամ մը տուած ըլլալը կը կարծուէր: Նոյնիսկ Հին Կտակարանի մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած մարդուն կ՚ըսէ, թէ իր պատգամները երազի ճամբով ցոյց պիտի տայ։ Թուոցի մէջ Աստուած մարդուն կ՚ըսէ. «Լուարուք բանից իմոց. եթէ լինիցի մարգարէ՛ ի ձէնջ տեառն, տեսլեամբ երեւեցայց նմա, եւ երազով խօսեցայց» (Թուոց 12:6): Տակաւին քրիստոնէութենէն առաջ գուշակներ կը փորձէին երազներու ճամբով գուշակութիւններ կատարել, այդ իսկ պատճառով այդ բոլորը այս կամ այն ձեւով հասած են մինչեւ մեր օրերը եւ այսօր եւս մարդ արարածը երազներուն մէջ պատգամ կամ իմաստ մը գտնել կը փորձէ:
Գիտական ներկայ ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ շատ երազ կը տեսնեն անոնք՝ որոնք գիշերը քանի մը անգամ կ՚արթննան. անհանգիստ քունը պատճառ կ՚ըլլայ երազներու՝ մինչ անոնք, որոնք առանց ընդհատումներու կը քնանան, աւելի նուազ երազ կը տեսնեն: Երազը մարդու հոգեկան վիճակին հետ ինչքան աղերս ունի՝ քննարկելի նիւթ է, սակայն պարզ է, որ մարդու զգացումները մեծ դեր ունին երազի կազմաւորման մէջ. օրինակ՝ վախի ազդեցութեամբ քնացած անձ մը բնական է, որ իր երազին մէջ տեսնէ վախազդու պատկերներ, ոճիր ու արիւն, որովհետեւ իր վախի ազդեցութիւնը ենթագիտակցութեան մէջ այդ բոլորն են, որ երեւան կը հանեն. սակայն մի՛շտ չէ, որ երազը կապուած կ՚ըլլայ զգացումներուն եւ հոգեկան վիճակին, որովհետեւ յաճախ մարդու տրամադրութենէն դուրս, ամբողջութեամբ տարբեր ու շատ անգամ անիմաստ երազներ կրնան տեղ գտնել:
Յամենայնդէպս, գիտութիւնը կը պնդէ, որ երազները ամբողջութեամբ ծնունդն են մեր ներքին մտածումներուն եւ ենթագիտակցութեան մէջ թաղուած մտածումներուն, որոնք ժամանակ մը ետք ի յայտ կու գան՝ որպէս երազ. յաճախ մարդ արարածը կը տեսնէ այնպիսի երազներ, որոնց մասին երբեւէ մտածած չ՚ըլլար եւ կը զարմանայ, թէ նման մտածումներ ինչպէս կրնան թաղուած ըլլալ իր ենթագիտակցութեան մէջ։ Մեր միտքը կարողութիւն ունի ընդօրինակելու ամենէն աննշմար բաներն իսկ՝ այդ մէկը կրնայ ըլլալ անցորդի մը նայուածքը, պատահար մը եւ այլն. յաճախ կեանքի մէջ մէկ անգամ տեսած անձ մը կը յայտնուի մեր երազներուն մէջ։ Այդ անձի մասին կրնանք մտածած չըլլալ, սակայն ան ներկայութիւն է մեր ենթագիտակցութեան մէջ:
Հազարամեակներ առաջ փիլիսոփայ Պղատոն կը փորձէր բացատրել, թէ երազները կապ ունին մարդու արթնութեան ժամանակ մտածածներուն եւ գործածներուն հետ, որոնք այս կամ այն ձեւով իրենց շարունակութիւնը կը գտնեն երազի ճամբով: Օրինակի համար յաջորդ օրուան քննութեան պատրաստուող աշակերտ մը երկար ժամեր դաս սորվելէ ետք իր երազին մէջ ընդհանրապէս կա՛մ դասերը եւ կամ քննութեան պահը կը տեսնէ։ Անոնցմէ շատերուն մօտ քննութեան պահը կը ներկայանայ վտանգաւոր ու վախազդու (այդ մէկը ներքին վախի ազդեցութիւնն է), իսկ շատերու մօտ լուսաւոր ու դիւրին (ինքնավստահ ըլլալու եւ դասը լաւապէս հասկնալու արդիւնք է) եւ այսպէս անձէ անձ տարբերելով նոյն բանին համար տարբեր երազներ կրնան գոյանալ:
Իսկ կարեւո՞ր է երազ տեսնելը. գիտնականներ կ՚ուզեն բացատրել, որ երազը օգտակար է մարդուն հիմնական պատճառներով.
Ա.- Երազը կ՚օգնէ մարդուն թարմացնելու իր յիշողութիւնը. յաճախ ամբողջութեամբ մոռացութեան տրուած բան մը կրնայ երազի ճամբով դարձեալ յիշուիլ, այդ իսկ պատճառով ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ երազը կ՚օգնէ մարդու միտքի թարմացման՝ վառ պահելու համար բոլոր յիշողութիւններն ու ապրումները:
Բ.- Կը մշակեն զգացումները. յաճախ մարդ՝ տկար արարած ըլլալով, երկիւղի պատճառով կրնայ իր մէջը թաղել այս կամ այն զգացումները, որոնք երազի ճամբով ի յայտ կու գան. օրինակ՝ սիրահարուող տղայ մը կ՚ամչնայ իր սէրը արտայայտելու, մինչ երազի ճամբով կը տեսնէ սիրոյ խոստովանութեան դրուագներ, ինչ որ կամաց կամաց իր մէջ այդ զգացումներու զարգացման կ՚օժանդակէ:
Գ.- Երազը մարդը կը նախապատրաստէ. կան դէպքեր, որոնց հանդէպ մեր հակազդեցութիւնը անյստակ է. օրինակ՝ սիրելիի մը մահը: Երազի ճամբով կը տեսնես սիրելիի մը կորուստը եւ «գիտնալ»ով հանդերձ, որ երազ է՝ կ՚ապրիս այն հոգեվիճակը, որ պիտի ապրէիր, երբ իսկապէս պատահէր: Գիտնականներ այս մէկը որպէս նախապատրաստման շրջան կ՚որակեն՝ հոգեպէս պատրաստուելու եւ վարժուելու բոլո՛ր այն զգացումներուն ու ապրումներուն, որոնք կամայ թէ ակամայ օր մը պիտի դառնան իրականութիւն։ Նման երազներն են պատճառը, որ յաճախ մարդիկ անտրամադիր կը դառնան արթննալէ ետք, մինչեւ կարենան հաւասարակշռութիւն մը գտնել երազի ազդեցութեան ու բնական հոգեկան վիճակին միջեւ:
Յամենայնդէպս, մեր հայ գրողները երազին ինչ ըլլալը բացատրելու կողքին մի՛շտ ալ յորդորած են երազել, որովհետեւ հաւատացած են, որ շատ անգամ երազը աւելի՛ իրական է մարդուն համար՝ քան նոյնինքն իրականութիւնը՝ կեանքը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -3-
Հայաստանի մէջ ապրող արաբ ընտանիք մը խնդրեց, որ իրեն շուկայ տանիմ, որպէսզի բան մը հասկնայ վաճառողի խօսածներէն:
Բաւական գնում ընելէ ետք խնդրեցին, որպէսզի գիշերանոց մըն ալ գնեն. մտանք խանութ: Ներկայացող երիտասարդ աղջկան յայտնեցի, որ գիշերանոց կ՚ուզենք առնել: Աղջիկը ժպտալով «ինձ հետեւեցէք» ըսաւ եւ մեզի տարաւ կնոջական ներքնազգեստներու բաժին եւ քմծիծաղով մը ցոյց տուաւ իր հասկցած «գիշերանոց»ները:
Երեք տղամարդով կեցած էինք գոյնզգոյն ներքնազգեստներու դիմաց. աղջիկը կը շարունակէր քմծիծաղը եւ աչքով ունքով նշան կ՚ընէր միւս աշխատակիցներուն, «նայեցէ՛ք երեք տղամարդ ինչ առնելու եկած են» ըսել ուզելով:
Համբերութիւնս պահելով աղջիկին դարձեալ յայտնեցի, որ մեր ուզածը ներքնազգեստ չէ, այլ գիշերանոց։ «Այո՛, հասկանում եմ» ըսելով դարձեալ ցոյց տուաւ կնոջական ներքնազգեստները: Այժմ աղջկան քմծիծաղին կը մասնակցէին նաեւ խանութի միւս աշխատակիցները:
Հակառակ համբերատար ըլլալուս, չուզեցի լուռ անցնիլ ու հեռաձայնիս մէջէն բացի 1976 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած Էդուարդ Աղայանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան» աշխատութիւնը եւ աղջկան մօտս կանչելով կարդալ տուի գիշերանոց բառին բացատրութիւնը. «Գիշերը հագնելու եւ քնելու երկար շապիկ»:
Յանկարծ գիտցաւ ինչի մասին է խօսքը. «Ասէ՛ք փիժամա էք ուզում...»:
***
Հայրս կը կարծէր, թէ արեւելահայերէն լեզուն շա՜տ դիւրին է սորվիլը։ Իր տրամաբանութեամբ, իւրաքանչիւր բառի ետեւ «ուց» դնելով կարելի էր արեւմտահայերէնը վերածել արեւելահայերէնի: Այս հրաշալի գիւտին կողքին զարմանալի էր նաեւ անոր ինքնավստահութիւնը այս տեսութեան հանդէպ։ Այնքա՜ն ինքնավստահ էր, որ առիթ չէր տար ուրիշը խօսի՝ նոյնիսկ եթէ լաւ արեւելահայերէն գիտէ:
Առիթով մը «ուսկուց» եւ «ուրկուց» ըսելով հասաւ շրջանի շուկան եւ ուզեց կծու կարմիր պղպեղ առնել. հարցուց վաճառողին, որ կծո՞ւ է, թէ անուշ: Վաճառողը անպայմանօրէն ծախել ուզելով «թէ՛ կծու եւ թէ անուշ» պատասխանեց: Հայրս իր չի գիտցած արեւելահայերէնով մարդուն սկսաւ բացատրել, որ պղպեղը կա՛մ կծու կ՚ըլլայ կամ՝ անուշ: Հայրս ունէր փանջունիութիւն. ո՛չ ինք ուզեց հասկնալ, որ թէ՛ կծու եւ թէ անուշ է եւ ո՛չ ալ վաճառողը ուզեց հաւատալ, թէ այդպէս չի կրնար ըլլալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ