ԹՔԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ (Բ.)
Գ.- Քաթիպա իր երրորդ թուքը կը նուիրէ բոլոր անոնց, որոնք ի վերուստ՝ Աստուծոյ կողմէ շնորհքներու արժանացած են, սակայն իրենց այդ շնորհքները ո՛չ մէկ ձեւով հայրենիքը զարգացնելու չեն ծառայեցներ: Պէտք է հասկնանք, որ հայրենիքին ծառայելը ռազմական գործողութիւններու մասնակցելէ եւ կամ նիւթական նուիրատուութիւն ընելէ անկախ իմաստ մը ունի. օրինակի համար, Սարոյեան հաւանաբար նիւթապէս կամ ռազմական գետնի վրայ հայրենիքին ծառայած չէ, սակայն իր Աստուածային շնորհքը՝ գրիչը ծառայեցուցած է ի շահ մեր հայրենիքին եւ հայրենասիրութեան: Ունեցած ենք, ինչպէս նաեւ ունինք բազմաթիւ տաղանդաւոր հայեր, որոնք իրենց շնորհքները հայրենիքին ծառայեցնելու փոխարէն կ՚օտարանան եւ իրենց շնորհքը օտարութեան մէջ լոյս աշխարհ կը բերեն. թիւով շատ են այսօր երաժիշտներ՝ որոնք հայկական ո՛չ մէկ երաժշտութիւն կը նուագեն. շատ են արուեստագէտներ՝ որոնց գործին մէջ հայութիւնը կարելի չէ գտնել: Նման անձերու մասին Քաթիպա կը գրէ.-
«Ի վերուստ քանքար քեզի տուած է,
Հեղինակ անունըդ աշխարհ փըռուած է.
Բայց թէ գըրչէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, գըրչիդ ալ վըրան»:
Պէտք չէ մոռնալ, որ գրիչը զէնք մըն է եւ գրիչով կայելի է հայրենիքը պաշտպանել՝ ինչքան զէնքով, եւ ցաւ ի սիրտ, այսօր մարտական զէնքերու կողքին կը զգանք նաեւ գրիչներուն պակասը:
Դ.- Քաթիպայի չորրորդ թուքը նուիրուած է բոլոր այն իշխաններուն, ղեկավարներուն եւ առաջնորդներուն, որոնք պաշտօնի գլուխ գտնուելով հանդերձ հայրենիքի շահերուն համար ո՛չ մէկ բան կ՚ընեն: Ղեկավար կամ առաջնորդ ըլլալը «բարձր տեղ հասնիլ» որպէս կը հասկցուի, մինչ իրականութեան մէջ այդ մէկը ո՛չ թէ մեծ պաշտօն, այլ հակառակը՝ ծառայ ըլլալ կը նշանակէ եւ պէտք է որ նշանակէ: Մեր յօդուածներուն մէջ յաճախ ըսած ենք, որ հայրենիքը ղեկավարներէն աւելի կը պատկանի ժողովուրդին եւ այդ ղեկավարութիւնը պարզապէս կախեալ է նոյնինքն ժողովուրդէն: Հետեւաբար ղեկավար ըլլալ սեփական շահերը հետապնդելէ առաջ հայրենիքին ու ժողովուրդին շահերը հետապնդել կը նշանակէ. սակայն Քաթիպա պալղամով լեցուն թուք մը կը շպրտէ բոլոր անոնց երեսին, որոնք իրենց պաշտօնը հայրենիքին չեն ծառայեցներ. անոր խօսքերով.-
«Հեռատես մըտքով դուն զարդարեցար,
Հըզօր իշխանի սիրելին դարձար.
Բայց թէ մըտքէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, մըտքիդ ալ վըրան»:
Ե.- Հինգերորդ թուքին կ՚արժանանան բոլոր այն արուեստագէտներն ու արհեստաւորները, որոնք իրենց տաղանդն ու գործերը ազգին բարօրութեան համար ի գործ չեն դներ: Նման թուքի արժանի հայեր շա՛տ են այսօր աշխարհի երեսին, որոնք հայրենիքը պայծառացնելու փոխարէն, օտար ափերու մէջ օտարներուն երկիրը կը գեղեցկացնեն. պահ մը աչքէ անցուցէք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ կամ Ռուսաստանի մէջ ապրող ու գործող հայ շինարարներու եւ բանուորներու թիւը։ Հայրենի հողին վրայ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մանկապարտէզներ կիսաքանդ վիճակի մէջ ձգած, օտարին երկիրը զարգացնելու եւ գեղեցկացնելու կը նային: Ճիշդ է, որ ներկայ աշխարհին մէջ դրամը ունի իր կարեւոր տեղը եւ հայեր օտար երկիրներու մէջ այդ բոլորը դրամի սիրոյն է որ կը կատարեն, սակայն հայրենիքը պէտք է որ աւելի բարձր ըլլայ քան նիւթական շահերը եւ Քաթիպա կը թուքէ անոնց երեսին, որ դրամը աւելի բարձր կը նկատեն՝ քան հայրենիքը: Քաթիպայի խօսքերով.-
«Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վըրան»
Վերոյիշեալ հինգ տուներուն մէջ կը տեսնենք, որ Գամառ Քաթիպա ամէն բանի կեդրոնը հայրենիքը կը տեսնէ եւ բոլոր մարդկային արժէքները հայրենիքի շուրջ համախմբել կը փորձէ: Ան հայրենիքի բարօրութեան համար չի՛ մեղադրեր ղեկավարները, այլ կը մեղադրէ բոլորը, որովհետեւ բանուոր, արուեստագէտ, մեծահարուստ, գրող, արհեստաւոր, վաճառական եւ մնացած բոլորը իրարու հետ միանալով է որ ազգը առաջ կը մղեն:
Եղիշէ Չարենց հայրենիքի փրկութիւնը միասնութեան մէջ կը տեսնէր, սակայն Քաթիպա բոլոր երեւոյթներն ու ուժերը համախմբելով է, որ կ՚ուզէ հայրենիքը փրկել եւ իրականութեան մէջ հայրենիքի փրկութիւնը մէկ հոգիի գործ չի կրնար ըլլալ. վերոյիշեալ բանաստեղծութեան մէջ յիշուող բոլոր անձինք միանալով է, որ կրնան հայրենիքին փրկութիւն մը ապահովել:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -302-
Տարօրինակ հոսք մը կայ դէպի Հայաստան, սակայն տարօրինակը այն է, որ եկողները հայերէն աւելի օտարներ են. ռուսեր, արաբներ, պարսիկներ, մինչեւ իսկ եւրոպացիներ կու գան Հայաստան գործ հիմնելու, մինչ հայեր մէկ առ մէկ երկրէն դուրս երթալու կը նային:
Մի քանի օրեր առաջ դիմաւորեցի արաբ մը, որ այս շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ մածունի եւ պանիրի գործարան կը հիմնէ. Լիբանանէն եւ Սուրիայէն կը բերէ աշխատողներ եւ լաւատեսութեամբ լաւ ապագայ մը կը տեսնէ Հայաստանի մէջ: Երանի օտարներուն չափ մեր հայերը եւս հետաքրքրուած ըլլային մեր հայրենիքով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024