ԿԱՆԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ

«Մարդը» գիրքին հեղինակը Jean Rostand սապէս կ՚ըսէ.

«Ո՛չ իգական սեռի պատկանողներ հարազատ իգական են, ոչ ալ արական սեռի պատկանողներ՝ հարազատ արական»։ Այս գաղափարը կը մտաբերէ կին-մարդու համեմատութիւնը այր-մարդուն նկատմամբ։ Ուստի դարե՜րէ ի վեր կին-մարդը, նախապաշարումի մը անգութ հալածանքին ենթարկուած եւ ստորադասուած է՝ ա՛յր-մարդուն համեմատութեամբ։

Ամբողջ մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ այր-մարդոց մեծգործութիւններուն՝ անոնց հերոսութիւններուն, քաջագործութիւններուն, դիւցազնութիւններուն, զանազան մարզերու մէջ առաջնակարգ եւ եզական գործերուն՝ ստեղծագործութիւններուն, գիւտերուն, իմաստասիրական արտադրութիւններուն, եւ այլն։ Եւ այսպէս, դարե՜ր շարունակ, կին-մարդը համարուած է «երկրորդական դերակատար» մը՝ օգնական մը եւ ո՛չ երբեք համահաւասար այր-մարդուն։ Եւ պատմութեան մէջ շատ հազուադէպ է որ կին-մարդը գրաւած ըլլայ առաջին եւ բարձրագոյն դիրք մը։ Զոր օրինակ, Եւան, Jeanne d'Arc, Christine de Pisan, եւ այլն, հազուագիւտ հռչակաւոր կին-մարդոց կը վկայէ պատմութիւնը, բայց մի՛շտ՝ բացառիկ պարագաներու առիթներով։

Արդարեւ, աւանդական ստորադասում մը գոյութիւն է ունեցած կին-մարդու նկատմամբ։ Այս իրողութեան եթէ ո՛չ միակ, բայց առաջնակարգ պատճառը եղած է՝ արական սեռի տիրապետութիւնը՝ իր ֆիզիքական առաւելութիւններուն, մարմնական զօրութիւնն ու կարողութիւնը՝ կին-մարդու նկատմամբ, որ գերադաս դիրքի մը վրայ դրած է այր-մարդը։

Տեսակ մը «արական տիրապետութիւն» է հաստատուած եւ սերունդէ՜ սերունդ շարունակուած, միշտ երկրորդական եւ մինչեւ իսկ երբեմն աննշան համարելով կին-մարդը։ Բայց իրապէս երկրորդական կամ աննշան դիրք մը ունի՞ կին-մարդը։ Մարդակին ցեղին տեւականացման՝ մարդկութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման գործին մէջ կին-մարդը այսքան անկարեւոր, այսքան աննշա՞ն է։ Եւ կամ երբ ամբողջ պատմութեան մէջ այր-մարդիկ առաջնակարգ դիրքեր գրաւած կ՚երեւին, կին-մարդիկ ոչի՞նչ են ըրած մարդկութեան գոյատեւման համար…։

Սա իրականութիւն մըն է, թէ պատմութիւնը այր-մարդոց կողմէ կազմաւորուած, հեղինակուած եւ մանաւանդ գրուած է։ Պատմագիրներ այր-մարդիկ են եղած միշտ, թերեւս չնչին բացառութիւններով, կին-մարդիկ, որոնք չեն յիշուիր իսկ։

Այս իմաստով, աւանդութիւնը միշտ փոխանցուած է այր-մարդոց կողմէ, միշտ անոնց տիրապետութեամբ եւ հսկողութեամբ։ Ուրիշ խօսքով՝ արտաքնապէս «տեսնուած» դերակատարները մի՛շտ «այր-մարդիկ» են եղած։

Եւ շատ բնական է եւ բանական, որ այր-մարդիկ խօսին այր-մարդոց մասին, եւ անտեսեն կին-մարդիկը, որ թերեւս այր-մարդոց համահաւասար եւ համազօր ծառայութիւն են մատուցած մարդկութեան։

Պատմութիւնը միշտ ենթակայական դիտաւորութիւններով եւ աչառու՝ կողմնակալ միտումներով արձանագրուած եւ աւանդուած է ընդհանրապէս, եւ այր-մարդոց, գրիչով, կին-մարդոց փառաբանութիւնը կատարած ըլլալը կարծել միամտութիւն պիտի ըլլար։ Բնական է, որ այր-մարդը իրեն նմանը առաջնակարգ եւ գերադաս դիրքի վրայ պիտի դնէր՝ որմէ ինք ալ բաժին մը պիտի ստանար որպէս այրմա՛րդ։ Բնազդական արարք մըն է ասիկա եւ այդ իսկ պատճառով, պատմութեան մէջ կին-մարդը միշտ անշո՛ւք է մնացած։

Բայց հետզհետէ մարդկութիւնը անդրադարձաւ, թէ կին-մարդն ալ իւրայատուկ առաւելութիւններ եւ իրաւունքներ ունի։ Հաստատուեցաւ թէ՝ այր-մարդը ո՛չ թէ գերադաս, այլ համահաւասար է կին-մարդուն հետ։ Ուստի այր-մարդ եւ կին-մարդ՝ երկուքը զիրար կը լրացնեն, զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ երկուքը կը կազմեն «մա՛րդ»ը։

Այր-մարդը, ըսենք, եթէ հիմն է մարդկութեան շէնքին, կին-մարդն ալ սի՛ւնն է՝ որուն վրայ կը կանգնի մարդկութեան բարձրակառոյց շէ՛նքը։

Արդարեւ, իգապաշտ գաղափարականը ուրեմն կը ձգտի ո՛չ թէ նոր իրաւունքներ հաստատել իգական սեռին նկատմամբ, այլ յիշեցնել անոնց բնածին իրաւունքները եւ ապահովել այր-մարդու եւ կին-մարդու հաւասարութիւնը՝ որ կը նշանակէ զիրար ամբողջացնել «մարդ»ուն ամբողջական եւ անթերի կազմութեանը համար։ Ուստի այր-մարդու եւ կին-մարդու իրարու նկատմամբ արժէքը կը կայանայ սա իրողութեան մէջ, թէ՝ առանց մէկուն միւսը որեւէ արժէք եւ գոյութիւն չ՚ունենա՛ր…։

Եւ մանաւա՛նդ, «մա՛րդ»ը այր-մարդու եւ կին-մարդու լիութի՛ւնն է, այսինքն երկու «կէս»երու ամբողջացո՛ւմը։ Երբ մէկը գոյութիւն չունենայ՝ միւսն ալ գոյութիւն չ՚ունենար, բանաձեւը, այս ամբողջութեան ակնարկութիւն կ՚ընէ, ինչ որ գործառնութեան մէջ համահաւասար պաշտօն եւ զօրութիւն ունենալ կը նշանակէ։

Երբ այս ուղղութեամբ մօտենանք իրողութեան, պիտի տեսնուի, որ այր-մարդ եւ կին-մարդ հաւասար են պաշտօնի կատարման մէջ՝ մարդկային ցեղին գոյապահպանման եւ գոյատեւման գործին։

Այսուհանդերձ «հաւասարութիւն»ը պէտք չէ՛ հասկնալ ֆիզիքական, արտաքին հաւասարութիւն, այլ՝ զիրար հաւասարակշռել, զիրար ամբողջացնել, մէկուն պակասը՝ միւսին աւելիովը լրացնել իմաստով։

Ուստի, Condorcet (1743-1794) իր «Esquisse de Progrès de l'Esprit Humain» անուն գիրքին մէջ երբ կը խօսի մարդ էակին հետզհետէ կատարելագործմանը մասին, կ՚ուսումնասիրէ նաեւ կանանց իրաւունքներու գաղափարն ալ։ Իսկ Fourier (1772-1837), մարդոց միջեւ սիրոյ կապին՝ հիմնական օրէնք մը ըլլալը կը պաշտպանէ եւ կ՚ըսէ, թէ ասիկա բարութեան առաջին պայմա՛նն է, եւ ուրեմն այր-մարդը եւ կին-մարդը նոյն իրաւունքներով օժտուած են եւ այս իսկ պատճառով «հաւասար» են ներքնապէս։ Prouthon (1758-1838), կը պնդէ թէ կին-մարդու արժէքը այր-մարդուն արժէքին համեմատութեանը չափ է, բայց նաեւ այս համեմատութեան կը հակադրէ, քանի որ այս պատճառ եւ արգե՛լք կը հանդիսանայ մարդկութեան կատարելագործման բնական ընթացքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 24, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2017