ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ԲԱՐՁԱՄԲՔ ԻՒՐՈՎՔ ԿՈՐԾԱՆԵՍՑԻ
Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 3 դեկտեմբեր 1922-ին բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան Մեծ կղզիէն (Büyükada) նամակ կը գրէ իր քրոջ Պերճուհիին. «Երթանք, Պերճուհի, երթա՜նք Լիբանանի շոճիներուն տակ, որպէսզի կեանքին դառնամ. ես պէտք է որ ապրի՜մ»:
Երբեմնի Լիբանանը, որ կեա՜նք կու տար, իսկ այսօր՝ արիւն եւ արցունք կը բուրէ: Երբեմնի Լիբանանը՝ որուն մայրիները Աստուծոյ տաճար կը դառնային, իսկ այսօր՝ դագաղ մարդկութեան:
Գուցէ այսօր կը կատարուի Եսայի մարգարէի չարաբաստիկ մարգարէութիւնը որ կ՚ըսէ. «եւ Լիբանան բարձամբք իւրովք կործանեսցի՛» (Եսայի 10.34): Մարգարէացում, որով կ՚անէանայ երբեմնի վառ հայկական գաղութ մը:
Լիբանանահայութիւնը այսօր կ՚ապրի երկրորդ 1946 թուական մը. այդ տարիներուն մասին լիբանանահայ մանկավարժ, բանասէր եւ թարգմանիչ Սիսաք Վարժապետեան իր «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Դաշնակից բանակներու յաղթանակի վաղորդայնին սկսաւ ներգաղթը դէպի Խորհրդային Հայաստան, որ ցնցեց մեր ազգային կեանքը եւ տկարացուց մեր գաղութի կազմակերպչական ներքին կառոյցը: Լիբանանահայ գաղութը տկարացաւ որպէս քանակ» (Հատոր Դ, էջ 160): Ներգաղթ՝ որու ընթացքին Լիբանանը կը լքէին աւելի քան 10 հազար հայորդիներ:
Լիբանան գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը, որոնք կամաց կամաց պանդուխտի իրավիճակէն անցան Լիբանան տան հարազատ որդիները՝ նպաստելով Լիբանանի ծաղկման: «Ազդակ» օրաթերթը իր 20 հոկտեմբեր 1927-ի խմբագրականին մէջ կը գրէ. «չունինք կրթարաններ եւ չունինք մեր հոգեւոր տուրքը մատուցանելու համար աղօթատեղիներ: Պէյրութի կեդրոնին մօտ միայն Երուսաղէմապատկան վանք մը գոյութիւն ունի... որ օժտուած է նաեւ վարժարանի շէնքով մը»: Կարճ ժամանակուայ մէջ այդ շէնքը վերածուեցաւ շէնքերու. լիբանանահայը շինեց դպրոցներ, եկեղեցիներ, հիմնեց ակումբ, թերթ, գրական հանդէս, տպարան, երգչախումբ… Ստեղծեց նո՛ր Հայաստան մը:
Գաղթէն քիչ անց արդէն լիբանանահայը սկսած էր ծաղկիլ. Թ. Ազատեան իր «Լիբանանեան յուշեր» գիրքին մէջ կը գրէ. «Մեր ինքնաշարժը ժամը 11.30-ին քաղաքին կեդրոնէն կը սկսի սուրալ դէպի Նահրի Կամուրջ, որ բաժանման կէտն է Պէյրութի եւ Լեռնային Լիբանանի նահանգներուն: - Կը տեսնե՞ս, կ՚ըսէ ուղեկիցս, սա թաղամասերը ամբողջութեամբ գաղթական հայերու կողմէ կառուցուած են» (էջ 24):
Եւ ո՛չ միայն հայերու կողմէ շինուած թաղամասեր՝ այլ մկրտուած հայ անունով: Պատկերացուցէ՛ք թաղամասեր, որոնք տեղացի արաբը կը ճանչնայ Մարաշ, Արաքս, Կիլիկիա, Սիս ու Այնճար անուններով: Պատկերացուցէ՛ք ունենալ շրջաններ՝ որոնց քաղաքապետերը միա՛յն հայեր կրնան ըլլալ: Տակաւին պատկերացուցէ՛ք ունենալ հայ երեսփոխաններ եւ կառավարական անձնաւորութիւններ. Լիբանանի կողմէ ի՜նչ մեծ զոհողութիւն:
Այս զոհողութիւնը մի՛շտ ալ տեսած ենք Լիբանանի կողմէ: «Ազդակ» օրաթերթը իր Ա. թիւին մէջ կը գրէր հետեւեալը. «ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտ օրէն պիտի սկսի 300 հատ երկյարկանի տուներ շինել տալ Էշրէֆիէի կողմերը, 600 հայ ընտանիքներ տեղաւորելու համար»:
Լիբանանի ծաղկումը աւելի յստակ կը դառնայ Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականներէն մէկուն մէջ յիշած հետեւեալ տողերով. «Իսկ Սուրիա- Լիբանանի մէջ ինչ որ կը տեսնենք ամէն օր, աչօք բացօք, չի կարօտիր մասնաւոր վկայութեան։ Կուռ ցանց մը՝ երիտասարդական գործունէութեան, կուսակցականէն մինչեւ մարզականը, այս երկու բազմահայ գաղութները հասցուցած է բարձրութեան մը, որ կրնայ տիպար ծառայել ուրիշ վայրերու»: Գաղութ մը, որ ամբողջ հայ սփիւռքին տուած է ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ, գաղութ մը հեռու հայրենիքէն կրցած է մնալ հայ եւ կարելի միւս բոլոր գաղութներուն մէջէն հայագոյնը:
Լիբանան ինչե՜ր ըրաւ մեզի համար, սակայն մենք ի՞նք կ՚ընենք այսօր գէթ լիբանանահայութեան համար: Այսօր ո՛չ բառացի փողոցները մայթերուն վրայ քնացող հայեր կան Լիբանանի տարածքին. աղբերու մէջէն իրենց օրուայ հացը փընտ-ռողներ կան, անդեղութենէ տառապողներ ու մահուան գիրկը ինկողներ կան այսօր:
Սուգի մէջ է այսօր Լիբանանը: Չորցած է անոր դրօշի մայրին:
Երնէ՜կ անցեալի նման դարձեալ նոյն երգը հնչէ իւրաքանչիւր լիբանանահայի հոգիին ու սրտին մէջ.
«Հայաստանէն նաւը եկաւ դէպի Լիբանան,
Լիբանանէն հայեր տարաւ դէպի Հայաստան:
Ա՜յ կարաւան, ջա՜ն կարաւան, քշի՛ր քո ճամբան,
Կարօտցեր եմ Հայրենիքս. քունս չի տանիր,
Կարօտցեր եմ իմ սուրբ Հողին. քունս չի տանիր...»։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԿՐՏԻՉ ԱՃԷՄԵԱՆ
(1838-1917)
Մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 28 օգոստոս 1917 թուականին Պոլսոյ մէջ մահացած է բանաստեղծ, թատերական գործիչ եւ թարգմանիչ Մկրտիչ Աճէմեան:
Աճէմեան ծնած է 10 նոյեմբեր, 1838 թուականին, Պոլսոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Թարգմանչաց, Նարեկեան եւ Բերայի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ: Ապա ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Վենետիկ՝ Մխիթարեաններու Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան, ուր աշակերտած է բանաստեղծ, պատմաբան, աշխարհագէտ եւ թարգմանիչ Ղեւոնդ Ալիշանին:
Մկրտիչ վերադարձած է Պոլիս 1858 թուականին եւ մինչեւ իր կեանքի վերջ աշխատած է Պոլսոյ հեռագրատան մէջ: 1860 թուականէն սկսեալ մասնակցած է մշակութային կեանքին, գրելով թատրերգութիւններ, բանաստեղծութիւններ եւ կատարելով թարգմանութիւններ:
Աճէմեանի բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածոն՝ «Ժպիտ եւ արցունք» լոյս տեսած է 1871 թուականին: Գրած է սիրոյ եւ բնութեան մասին, որոնք հրատարակուած են 1892 թուականին, «Ասուպներ» վերնագրով:
Գրողը ստեղծագործելու կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ, ֆրանսերէնէ հայերէն թագմանելով ֆրանսացի յայտնի գրողներու գրութիւնները, որոնք 1911 թուականին լոյս տեսած են առանձին հատորով՝ «Զանազան թարգմանութիւնք» խորագրով:
Մկրտիչ Աճէմեան եղած է իրապաշտ գրականութեան համար բուռն կերպով պայքարողներէն մին:
Հայ բանաստեղծ, քննադատ եւ փիլիսոփայ Ինտրա (Տիրան Չրաքեան) կ՚ըսէ. «Քիչերու քով բանաստեղծութիւնն եղած է հարազատ, եւ արտայայտուած է հարազատօրէն: Աճէմեանի ո՛չ բանաստեղծական աւիւնը, ոչ ալ լեզուն բռնազբօսիկ են»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ