ԱԶԱՏ ԵՒ ԱՆԿԱ՛Խ ԸԼԼԱԼ
«Ազատութիւն» եւ «անկախութիւն»՝ ահաւասիկ երկու արժէքներ, որ մարդս «մարդ» կ՚ընեն եւ կը զգացնեն, թէ ան ինքնութիւն մը ունի, անհատ մըն է՝ դատելու, որոշելու եւ իր կեանքի ընթացքը ընտրելու կարողութեամբ օժտուած։ Այս երկու արժէքներն են որ անհատը «ա՛նձ» մը կ՚ընեն եւ առիթ կու տան, որ ան արժանապատ-ւութեան տէր, ինքնակամ անձնաւորութիւն մը ըլլայ։
Անշուշտ «ազատութիւն» եւ «անկախութիւն» չի՛ նշանակեր երբեք հաւաքականութենէ, ընկերութենէ անջատում, առաձնացում եւ բաժանում մարդկային ամբողջ ընտանքի անդամակցութենէ։ Մանաւանդ, անկախութիւնը պէտք չէ՛ շփոթել կամայական, քմահաճ ինքնագլուխ ըլլալու հետ։ Ուստի «անկախ» ըլլալ եւ անպատասխանատու, ամէն արժէք մերժող ինքնագլուխ ըլլալ բոլորովին տարբեր եւ մինչեւ իսկ իրերամերժ՝ իրար ժխտող, հակադիր կացութիւններ են։
Տուեալ օրէնքներու, համակարգութեան եւ ընդհանուր կանոններու համակերպիլ, հնազանդիլ եւ սակայն «անկախ» ըլլալ կարելի է, բայց իրապէս հմտութիւն եւ իմաստութիւն կը պահանջէ՝ որ միայն զօրաւոր նկարագրի տէր մարդոց գո՛րծն է։
Շատեր, իրենք զիրենք «ազատ» ու «անկախ» կը կարծեն, բայց քիչեր միայն իսկապէս «ազատ» ու «անկախ» են եւ ա՛յդպէս կ՚ապրին իրենց կեանքը։
«Անկախութիւն». «indépendance» եւ «ազատութիւն». «liberté», մերձիմաստ կամ նման արժէքներ են, բայց նոյն իմաստը չունին՝ տարբեր ըմբռնումներ եւ վիճակներ են մարդկային կեանքին մէջ։
Գաղափարային կեանքի մէջ, ընդհանրապէս միասին կը յիշուին եւ կ՚արտասան-ւին, քանի որ անոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն՝ եթէ մէկը բացակայի, միւսն ալ կը կորսնցնէ իր արժէքը։ Արդարեւ թէ՛ ազատութիւն, թէ՛ անկախութիւն, երկուքն ալ երկու տարբեր վիճակ ունին՝ «ներքին» եւ «արտաքին», կամ անհատական եւ հաւաքական, ընկերային։ Ուստի անոնց իմաստն ալ կը փոխուի «ներքին» կամ «արտաքին» ըլլալով, ինչպէս՝ անհատական եւ ընկերային հանգամանքով։
Մեր նիւթն է՝ ներքին ազատութիւնը եւ ներքին անկախութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ անհատական ազատութիւնը եւ անհատական անկախութիւնը, որ պիտի ջանանք վերլուծել եւ խորհրդածել մեր այս գրութեամբ։ Ուստի «ներքին»ը եւ «անհատական»ն է, որով կը զբաղի հոգեւորականը ընդհանրապէս, իսկ «արտաքին»ը եւ «ընկերային»ը գործն է ընկերաբաններու, բարոյագէտներու, օրէնսգէտներու եւ քաղաքագէտներու առ հասարակ, քանի որ ասիկա հատու սահմանով մը իրարմէ անջատել կարելի չէ՛. այլապէս մասնագիտութեան հարց մըն է…։
Gracchus Babeuf (1760-1797) կ՚ըսէ, թէ՝ մեծ գործեր կը կատարուին մտապէս անկախ եւ ազատ մարդոց կողմէ։ Արդարեւ, մարդ եթէ անհատապէս անկախ եւ ներքնապէս ազատ չըլլայ, ինչպէ՞ս կրնայ գործել եւ մեծ գործեր կատարել։ Ամերիկացիներ կ՚ըսեն, թէ՝ իրապէս մեծ գործ մը կարենալ կատարելու համար, մարդ պէտք է ամէնքին կատարած հասարակ եւ սովորական գործէ մը տարբեր, ինքնատիպ գործ մը ընէ, եւ կամ եթէ այդ չի կրնար ընել, ըրած գործը լաւագոյնն ընելու է։
Մարդ եթէ անհատապէս եւ ներքնապէս անկախ ու ազատ չէ, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ սովորական, հասարակ գործէ մը զատ գործ մը կատարել, եւ նոյնիսկ ինչպէ՞ս կրնայ «լաւագոյն»ը կատարել՝ երբ իր շարժումը կախում ունի ուրիշներէ եւ կամ ազատ չէ գործելու եւ որոշելու իր աշխատութեան չափը եւ աստիճանը։ Ուրեմն, կեանքի մէջ, մարդ որպէսզի կարենայ հասնիլ իր նպատակին եւ իրականացնել իր հեռանկարը՝ պայմա՛ն է եւ անհրաժեշտ անկախութիւնը եւ ազատութիւնը։
Անհատական անկախութիւնը մարդուն բնութեան բանական մէկ արդիւնքը եւ պահանջն է, քանի որ ան «ազատ կամք»ի յատկութեամբ է օժտուած եւ ազատ կամքը գործածելու բանականութեա՛մբ։
Ահաւասիկ, սերտ ու անբաժան կապը՝ անկախութեան եւ ազատութեան միջեւ։ Մարդ, իր բնութեան բերումով անկա՛խ պէտք է ըլլայ, քանի որ օժտուած է «ազատ կամք»ով եւ ազատ կամքը գործադրելու համար ան-հըրաժեշտ է «անկախ» ըլլալ, ուրիշէ կախում չունենալ։ Անշուշտ ասիկա պէտք է ըլլայ բանականութեան պարտադրած սահմաններուն մէջ։ Այլապէս անկախութինը կը վերածուի անիշխանութեան, որ այլասերո՛ւմն է անկախութեան։
Անհատական անկախութիւնը կը պահանջէ անկախ ըլլալ ամէն ենթակայական եւ կամայական ազդեցութիւններէ եւ ճնշումներէ, այլ հետամտիլ միա՛յն առարկայական՝ գաղափարային եւ սկզբունքային ճշմարտութիւններու։ Անկախ է այն մարդը, որ ո՛չ թէ անձերու, այլ՝ գաղափարներու եւ սկզբունքներու համեմատ կը շարժի եւ կը գործէ։
Մարդու մը անկախ ըլլալը կը հասկցուի անոր ընտրած եւ հետեւած գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն առանց ուրիշներու ազդեցութեամբ կազմուած ըլլալէն, այսինքն անկախ մարդը չ՚ընտրեր եւ չ՚ընդունիր գաղափար մը, սկզբունք մը՝ պարտադ-րըւած ըլլալուն պատճառով, այլ բոլորովին իր համոզումով եւ կամքով։ Իսկ անոր ընտրած գաղափարին կամ սկզբունքին սխալ կամ շիտակ ըլլալու պատասխանատուութիւնն ալ ի՛նք կը ստանձնէ իր ազատ կամքով եւ անկախօրէ՛ն։
Ահաւասիկ անկախութիւնը՝ իր պատճառով եւ հետեւանքով, ահաւասիկ իմաստը անկախութեան, որ ամենամեծ արժէ՛քն է մարդուն։
Անկախութիւնը խաթարող եւ խախտող ամենակարեւոր ազդակներէն մէկը եւ առաջակարգն է՝ շահամոլութիւնը՝ նիւթական կամ բարոյական անիրաւ ակնկալութիւններ, որոնց մէջ առաջին կարգը կը գրաւէ՝ մէկու մը հետ «ստամոքս»էն կապուած ըլլալ, ի՛նչ որ անկախութեան ամենէն վտանգաւոր թշնամի՛ն է։
Շահատենչ մարդիկ ո՛չ ազատ եւ ոչ ալ անկախ կրնան ըլլալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2017, Իսթանպուլ