ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԷՋ ԸԼԼԱԼ…

Ինչպէս ծաղիկը արեւուն կը դառնայ, որպէսզի անոր ճառագայթները համաչափութիւն եւ գեղեցկութիւն տան իրեն, նոյնպէս մենք պարտինք Արդարութեան Արեգակին դառնալ՝ որպէսզի երկնային լոյսը կարենայ փայլիլ մեր վրայ եւ թափանցել մեր մէջ, եւ մեր նկարագիրները զարգանան Քրիստոսի նմանութեամբ։

Արդարեւ, Յիսուս միեւնոյն բանը կը սորվեցնէ մեզի երբ կ՚ըսէ. «Ինծի միացած մնացէ՛ք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ։ Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 4-5)։

Սուրբ կեանք մը ապրելու համար ա՜յնքան կախեալ ենք Քրիստոսէն՝ ո՛րքան ճիւղը կախեալ է մայր-որթէն՝ աճելու, զարգանալու եւ պտուղ տալու համար։ Առանց Անոր կեանք չունինք՝ փորձութեանց դիմադրելու կամ շնորհներու եւ սրբութեան մէջ կենալով՝ աճելու եւ զարգանալու համար զօրութիւնը կը պակսի՛։ Բայց Անոր միանալով՝ Անոր մէջ կենալով կարելի է յաջողիլ՝ հոգեպէս աճիլ եւ ապրի՛լ։ Կեանքը Անկէ առնելով՝ ո՛չ կը ցամքի եւ ոչ իսկ անպտուղ կը դառնայ մարդ, ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի մը նման կ՚ըլլայ ան։

Ոմանք կը կարծեն, թէ պէտք է իրենց «վերածնունդ»ի եւ վերանորոգման գործը գոնէ մասամբ առանձին կատարեն։ Անոնք Քրիստոսի են յուսացեր եւ վստահեր՝ իրենց մեղքերուն թողութիւն գտնելու համար, բայց հիմա կը ջանան ուղղութեամբ ապրիլ՝ իրենց անձնական զօրութեանը ապաւինելով։

Բայց ամէն ջանք այս մասին ամուլ մնալու դատապարտուած է սկիզբէն։ Յիսուս կ՚ըսէ՝ թէ առանց Իրեն ո՛չինչ կրնայ ընել մարդ։ Շնորհներու մէջ աճումը, ուրախութիւնը, երջանկութիւնը եւ օգտակարութիւնը բոլորովին, կեանքի ամէն պահուն կախում ունի Քրիստոսի հետ մեր միութենէն՝ ամէն օր եւ ամէն ժամ Անոր հետ հաղորդ ըլլալով։

Այս ահաւասիկ, կը նշանակէ՝ Քրիստոսի մէ՛ջ ըլլալ։ Քանի որ Ան ո՛չ միայն մեր հաւատքին առաջնորդն է, այլ նաեւ՝ կատարո՛ղը։ Անով է որ կը հաստատուի, կ՚աճի եւ կը զօրանայ հաւատքը։

Եւ ո՜րքան կը սխալին ոմանք ըսելով, թէ «մենք հաւատացեալ ենք՝ հաւատաւոր…», եւ պահ մը գոնէ կ՚անտեսեն Քրիստոսը։ Արդարեւ, հաւատքի գործին մէջ ինքնաբաւ կարելի չէ զգալ, քանի որ հաւատքը պահանջքը ունի տեւապէս աճելու եւ զօրանալու՝ կատարեալին ձգտելու…։

Հաւատքը միշտ թերի կողմ մը ունի, քանի որ մարդ ինք թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի՝ անկատար է եւ անշուշտ անոր գործն ալ միշտ անկատար, թերի կողմ մը պիտի ունենայ բնականաբար։ Ուստի, Քրիստոս մեզի հետ պէտք է ըլլայ միշտ՝ զօրացնելու համար մեզ՝ քաջալերելու մեզ մեր հաւատքի ճամբուն վրայ։

Հաւատքի մէջ միշտ տարակուսանքներ կը պատահին, պիտի պատահին, ինչ որ բնական է, քանի որ մարդ թերի է եւ տկար, մանաւանդ իր հոգեւոր կեանքին մէջ։ Այս պատճառով՝ Քրիստոսը պիտի ըլլայ միշտ առաջինը եւ վերջինը. Ան մեզի հետ պէ՛տք է ըլլայ ո՛չ միայն մեր կեանքին սկիզբին եւ վերջին, այլ՝ ճամբուն ամէն մէկ քայլին։ Դաւիթ, Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի, քանի որ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ», (ՍԱՂՄ. ԺԶ 8)։

Կարելի է հարցնել, թէ՝ ի՞նչպէս կարելի է Քրիստոսի մէջ ըլլալ։ Միեւնոյն կերպով որ նախ ընդունեցիր զԻնք. «Ինչպէս ընդունեցիք Տէրը Յիսուս Քրիստոսը, Անով քալեցէ՛ք», (ԿՈՂ. Բ 6), եւ. «Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի», (ԵԲՐ. Ժ 38)։ Ուստի, Քրիստոսի վստահած մէկը՝ արդար մարդը իր հաւատքով պիտի փրկուի։

Անոր միանալու՝ Անոր մէջ ըլլալու համար անհրաժեշտ է ամբողջական նուիրում մը՝ ամբողջովին Իրենը ըլլալու համար։

Արդարեւ, Աստուծոյ խոստումն է. «Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, երբ ձեր բոլոր սրտովը փնտռէք զԻս», (ԵՐԵՄ. ԻԹ 13)։ Պէտք է որ մեր սիրտը բոլորովին Աստուծոյ տանք։

Ուստի, եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, անիկա «նոր ստեղծուած» մըն է. հիները անցան, եւ ահա ամէն բան նո՛ր եղաւ, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (Բ ԿՈՐՆ. Ե 17)։ Մարդ թերեւս անկարող ըլլայ ըսել իր դարձի գալուն ճիշդ ատենը կամ տեղը։ Եւ կամ անկարելի ըլլայ դարձի բոլոր պարագաները նկարագրել մի առ մի. բայց այդ չի հաստատեր որ դարձի եկած չըլլայ ան։ Քրիստոս Նիկոդիմոսին ըսաւ. «Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ, եւ անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կու գայ կամ ո՛ւր կ՚երթայ, այսպէս ալ է այն ամէնը որ Հոգիէն կը ծնանի», (ՅՈՎՀ. Գ 8)։

Ինչպէս է հովը՝ որ չ՚երեւիր, բայց որուն արդիւնքները յստակօրէն կը տեսնուին եւ կը զգացուին, ա՛յնպէս է եւ Աստուծոյ Հոգին՝ իր ներգործութեամբը մարդկային սրտին վրայ։ Վերածնիչ, վերակենդանացուցիչ այն զօրութիւնը, զոր ո՛չ ոք կարող է տեսնել, նորոգ կեանք մը կը ծնուցանէ հոգիին մէջ, «նոր էակ» մը կը ստեղծէ Աստուծոյ պատկերին պէս՝ աստուածանմա՛ն։

Մինչ Ս. Հոգիին գործը լռին է եւ անզգալի. իր արդիւնքները բացայայտ են։ Եթէ սիրտը նորոգուեր է Աստուծոյ Հոգիէն, կեանքը պիտի վկայէ այդ մասին։ Թէպէտեւ մենք ոչինչ կարող ենք ընել մեր սրտերը փոխելու՝ նորոգուելու կամ Աստուծոյ հետ հաշտուելու համար, թէպէտ մենք մեզի կամ մեր բարի գործերուն բնա՛ւ պէտք չէ վստահինք, մեր կեանքը պիտի յայտնէ, թէ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի մեր մէջ։ Երբ Աստուծոյ Հոգին ներգործէ մեր մէջ եւ ընդունիք զայն, փոփոխութիւն մը պիտի տեսնուի՝ նկարագրին, սովորութիւններուն եւ զբաղմունքներուն մէջ, մինչեւ իսկ ճաշակի ըմբռնումին մէջ, եւ ամբողջական ներքին բարեփոխութիւն մը պիտի տեսնուի կեանքի մէջ, ապրելակերպին մէջ։

Ասոնց անցեալին եւ ներկային միջեւ եղած հակապատկերը յստակ պիտի ըլլայ եւ որո՛շ։

Նկարագիրը կը յայտնուի՝ ո՛չ թէ պատահական բարի կամ չար գործերէ՝ այլ սովորական խօսքերու կամ գործերու ձգտումէն։

Եւ հաւատքի ստուգանիշ մըն է՝ կեանքի մէջ պատահած որեւէ փոփոխութիւն կարծել եւ հասնկալ որպէս դիպուած, բախտ կամ բարեպատեհութիւն, եւ կամ այդ փոփոխութիւնը վերագրել Աստուծո՛յ։ Այն որ փոփոխութեան պատճառը կ՚ընդունի եւ կը հաւատայ՝ թէ Աստուած է, անիկա ահաւասիկ ճշմարիտ հաւատացեալ մըն է եւ կը ճանչնայ զԱստուած իր ամբողջ սրտովը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 25, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018