ԱՌՕՐԵԱՅ ՊՈՌԹԿՈՒՄ ՄԸ

Ազգովի ճղճիմ, գձուձ ու անիմաստ խնդիրներով բեռնած ենք մեր առօրեան, լուսանցքի վրայ ձգելով առաւել եւս կենսական ու էական խնդիրներ, որոնք մեր գոյութեան հարցականին առջեւ կը շարունակեն մնալ որպէս Դեմոկլեան սուր:

Հաւաքական մեր մտահոգութեան առարկան դարձուցած ենք անկարեւորը, կարեւորը խեղդելով անկարեւորին մէջ: Թէ՛ սփիւռքի տարածքին եւ թէ՛ Հայրենիքի մէջ հիմնական հարցերը ձգած, երկրորդական հարցեր կը յուզենք եւ հաւաքականութեան մը համար չկայ աւելի առաջնահերթ խնդիր՝ քան դպրոցն ու ուսումնարանը, որովհետեւ հո՛ն է, որ հասակ պիտի առնէ ապագայ զինուորը, ղեկավարը, վարչապետն ու նախագահը, բժիշկն ու գիտնականը, հայ լեզուի մշակն ու արուեստագէտը: Նման հաստատութիւն մը՝ որ կոչուած է մեր ապագան կերտել, մատնած ենք անտարբերութեան:

Մեր հայկական իրականութեան մէջ այսօր գրեթէ գոյութիւն չունին կրթութեան ու հայ լեզուի մշակներ: Անգիտանալով դաստիարակի կարեւորութիւնը,  այսօր բոլորը ուսուցչութենէ այլափոխուած են դասատուներու, որոնք մէկդի դնելով ոգին, արիւնն ու մտաւոր յղկում, կը սահմանափակուին չոր ու ցամաք դասագիրքերով: 

Ո՞վ է ուսուցիչը. ան՝ որ տնօրէնին հետ խնամիական կապե՞ր ունի, թէ ոչ ան՝ որ ժամանակաւորապէս յարմար գործ չգտնելով ուսուցչական «դիւրին» պաշտօնը ստանձնել մտածած է: Ո՞վ է ուսուցիչը. ան՝ որ աշակերտէ աւելի ի՛նք կը սպասէ դասավերջի աւետաբեր զանգին՝ թէ ոչ ան՝ որ աւելի մտահո՛գ է ուսուցչարանի սուրճով ու ըսի-ըսաւներով՝ քան նորահաս սերունդի կրթութեամբ:

Վերջապէս ո՞վ է ուսուցիչը մեզի համար, թշուա՞ռ մը՝ որ համեստ աշխատավարձով իր կեանքը գոյատեւել կը փորձէ (աշխատավարձը՝ որովհետեւ մեզի համար ուսուցչութիւնը առաքելութենէ ու նուիրումէ աւելի սկսած է դիտուիլ որպէս արհեստ ու նիւթական ապահովող գործ մը):

Ուսուցչութեան հանդէպ մեր թիւր գաղափարները տեսնելու համար ինչքա՜ն պիտի ուզէի կարդաք Մավեանի «Հայերէնի դասը» պատմուածքը, ուր վիպակագիրը կը խօսի երբեմնի հայերէն ուսուցիչի մը՝ Յովսէփ Թարխանեանի մասին, որ ուսուցչութեան պաշտօնը ձգելէ տարիներ ետք հետեւեալ խօսքերով կը փորձէր արդարանալ.-

«Ի՞նչ է, դուն Բրիտանական Կայսրութիւնը մեր թաղականներո՞ւն հետ կը բաղդատես: Նախընտրելի է ասոնց մօտ դռնապան ըլլալ քան թէ ուսուցիչ մեր վարժարաններուն մէջ: Թաղականութիւնը չվճարեց վերջին երեք ամիսներու թոշակները.- Օղլում, փարա չկայ գացան, ըլլայ նէ չե՞նք ի տար-: Հայկական կեանքէն որքան հեռու ըլլաս, քեզ այնքան աւելի կը յարգեն»: («Ամբողջական Երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 197-198):

«Փարա չկա՜յ». եւ իրապէս մեր գաղութներուն մէջ ամէ՛ն բանի համար դրամ կայ, սակայն երբ կարգը հասնի դպրոցի ու կրթութեան, յանկարծ ամէ՛ն բան ամայի կը դառնայ: Հետեւեցէ՛ք սփիւռքահայ կեանքին. վերջին տասնամեակին քանի՞ հայկական դպրոց յաւերժօրէն իր դռները փակեց, քանի՞ ուսուցիչ հեռացա՞ւ իր պաշտօնէն եւ քանի՞ հոգի Յովսէփ Թարխանեանի նման իրենց «փարա»ները առանց առնելու թշուառութեան մատնուած հեռացան:

Հետեւեցէ՛ք սփիւռքահայ կեանքին. այս կամ այն բարերարին անունով շէնքեր շինելու, թանգարաններ բանալու, մարզադաշտեր շինելու եւ վերանորոգելու, հրապարակներու վրայ խնջոյքներ ու քէֆեր պատրաստելու դրամ կայ, սակայն երբ կարգը հասնի դպրոցին... այդտեղ սկիզբ կ՚առնէ անապատը: Վկայ հոգին աւանդած Յորդանանի երբեմնի վարժարանը:

Տակաւին մի քանի օրեր առաջ սփիւռքէն ծանօթ մը գրեց.- «երկրի այս պայմաններուն դպրոցի կրթաթոշակը 5.000.000 - 6.000.000 (երկրի տեղական արժէքով). եղբայրս զաւակները դպրոցէն հանեց: Մարդ պիտի չըլլան այս անասունները»։

Ինչպէ՞ս չվարկաբեկէ. նոյն այդ երեք զաւակները երեք տարիներ առաջ կրթաթոշակը չվճարելուն համար արգիլած էին քննութեանց մասնակցիլ եւ բոլոր աշակերտութեան դիմաց տուն ճամբած: Երանի՜ գիտնամ այդ գաղտնիքը, որ նման ամօթի մը դիմաց ինչպէ՞ս կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց աթոռներուն. նման ամօթի մը դիմաց ո՞ր երեսով հրապարակ դուրս կու գան հայրենասիրութեան ու հայապահպանման մունետիկութիւն կատարելու:

Կեանքի օրէնքին մէջ երբ տեսնենք կազմակերպութեան մը ընդարձակումն ու նոր մասնաճիւղերու հիմնադրումը՝ կը նշանակէ թէ լաւ վիճակի եւ ընթացքի մը մէջ է, իսկ մասնաճիւղերու պակասումը՝ ձախողութեան: Այսօր ամէ՛ն տեղ մեր դպրոցներուն թիւերը կը պակսին. ալ դո՛ւք պատասխանեցէք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կրնանք ըլլալ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԱՐԵԳԻՆ ԼԵՒՈՆԵԱՆ
(1872-1947)

Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 28 սեպտեմբեր 1947-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրականագէտ, արուեստաբան եւ մատենագէտ Գարեգին Լեւոնեան:

Լեւոնեան ծնած է 6 նոյեմբեր, 1872-ին, Կիւմրիի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի Ս. Փրկիչ դպրոցին մէջ, ապա ուսումը շարունակած պետական վարժարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Թիֆլիզ՝ 1895-ին եւ տարի մը ետք՝ 1896-ին մեկնած է Ռուսաստան, շարունակելու համար իր ուսումը, ուր հետեւած է նկարչութեան դասերու: Աւարտելէ ետք 1902-1906 թուականներուն եղած է նկարչութեան դասատու Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Ուսուցիչ եղած է նաեւ Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս՝ 1910-1911 թուականներու միջեւ: Լեւոնեան ուսումէն ետք վերադառնալով Թիֆլիզ կազմակերպած է նկարչական դասընթացքներ եւ դպրոցներու համար պատրաստած՝ նկարչութեան ուսուցիչներ եւ անոնց համար կազմած դասագիրքեր. ինչպէս՝ «Հայկական վայելչագրութիւն եւ գեղագրութիւն» (1908) եւ «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն» (1909): Արուեստագէտը 1908 թուականին Թիֆլիզի մէջ հիմնած է «Գեղարուեստ» գրական պատկերազարդ առաջին հանդէսը, որուն մէջ աշխատակցած են արուեստի, գրականութեան եւ գիտութեան լաւագոյն ներկայացուցիչները: Հանդէսը լոյս կը տեսնէ 14 տարի՝ 1908-1922 թուականներու միջեւ:

Լեւոնեան աշխատակցած է բազմաթիւ հայ թերթերու եւ հանդէսներու հետ. ինչպէս՝ «Հայ պարբերական մամուլը», «Նոր դար», «Հանդէս գրականական եւ պատմական» եւ ուրիշներ:

Գարեգին Լեւոնեան կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք հրատարակած է իր գիրքերուն մէջ, որոնցմէ են՝ «Հայ աշուղներ»ը, «Թատրոնը հին Հայաստանում»ը, «Աշխարհէ աշխարհ»ը եւ ուրիշներ:

Շնորհիւ իր վաստակին 1932 թուականին ստացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021