ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Վասնզի իմաստութիւնը գոհարներէն աւելի թանկարժէք է. եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ». (ԱՌԱԿ. Ը 11)։

Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին հարցը առարկան է գիտական բազմաթիւ հետեզօտութիւններու, որոնք շքեղօրէն կը ճոխացնեն մարդուս ճանաչումները տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, ինչպէս կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին եւ վերջապէս «մարդ»ուն երեւումին մասին։ Այս գիւտերը կը հրաւիրեն մարդը դեռ աւելի՛ հիանալու Արարչին մեծութեան, ամենակարողութեան վրայ։ Նաեւ Անոր փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, իմացականութեան եւ իմաստութեան համար, զորս Ան կու տայ գիտուններուն, գիւտարարներուն եւ հետազօտողներուն։ Արդարեւ, իմացականութեան եւ իմաստութեան ակն է Ան՝ իմացականութիւնը եւ իմաստութիւնն իսկ։

Սողոմոնի հետ անոնք միաբերան կը գոչեն. «Ի՛նքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի աշխարհի կառոյցը, տարրերուն յատկութիւնները, որովհետեւ ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ինք սորվեցուց ինծի». (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։

Արդարեւ, տառացիօրէն «իմաստութիւն» կը նշանակէ՝ խելահասութիւն, փորձառութիւն, հմտութիւն, իսկ «իմացականութիւն»՝ հասկնալու կարողութիւն, խելք, միտք։ Այս առումով «իմաստութիւն» եւ «իմացականութիւն» հոմանիշ կարելի չէ անուանել, բայց թերեւս, «մերձիմաստ»։ Բայց այս երկուքն ալ կը բխին միա՛յն մէկ ակէ՝ Արարիչ եւ Նախախնամ Աստուծմէ։

Մեծ շահեկանութիւնը որ վերապահուած է այս հետազօտութիւններուն, զօրեղապէս խթանուած է այլ կարգի հարցով մը, որ կը գերազանցէ բնական գիտութիւններուն յատուկ մարզը։ Հարց չէ միայն գիտնալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս նիւթապէս մէջտեղ եկաւ տիեզերքը, ո՛չ ալ թէ ինչպէ՛ս երեւցաւ «մարդ»ը, այլ նախընտրաբար՝ գտնել, թէ ի՛նչ է իմա՛ստը նման ծագումի մը. արդեօք ան կառավարուած է պատահմո՞ւնքի մը, «կոյր ճակատագրի» մը, անանուն «անհրաժեշտութեան» մը կողմէ, կամ արդեօք «Աստուած» կոչուած իմացական, իմաստուն եւ բարի գերակայ էակի մը կողմէ՞։ Իսկ եթէ աշխարհը եւ ամբողջ տիեզերքը առաջ կու գայ Աստուծոյ իմաստութենէն, իմացականութենէն եւ բարութենէն, ինչո՞ւ համար է «չար»ը։ Ան ո՞ւրկէ է։ Ո՞վ է անոր պատասխանատուն։ Կա՞յ ազատագրում անկէ։ Զանազան տեսակէտ եւ կարծիքներ ցոյց կու տան եւ կը վկայեն, թէ «ծագումներու հարց»ը յարակայ եւ ընդհանրական է։ Եւ այս որոնումը իւրայատուկ է մարդո՛ւն։

Եւ մենք հաստատօրէն կը հաւատանք եւ գիտե՛նք, որ արարչութիւնը, ստեղծագործութիւնը՝ ծագումները Իմասնութեան եւ Իմացականութեան գործ մըն է, որուն անվիճելի ենթական Աստուա՛ծ է։

Ուստի արարչագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսած բոլոր խօսքերուն մէջ, Ծննդոց Գիրքի առաջին երեք գլուխները՝ Ա-Գ, կը գրաւեն եզական տեղ։ Արդարեւ, չկա՛յ որեւէ բան մը, որ իր գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ. աշխարհը սկսաւ երբ Աստուծոյ խօսքը ընդհանուր կերպով յայտնուեցաւ, եւ այդ խօսքով ոչինչէն գոյացաւ՝ գոյութիւն ստացան բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը եւ հաստատուեցան, արմատացան այս «սկզբնական դէպք»ին մէջ, որ աննախընթաց էր, եւ այս ծնունդով է որ աշխարհը գոյացած եւ ժամանակն ալ սկիզբ է առած, ինչպէս եւ կը վկայէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Եւ այս արարչագործական Իմաստութենէն իր բաժինը ստացաւ մարդ՝ իր կարգին կատարելով ստեղծագործութիւններ եւ գիւտեր։ Բայց իմաստութիւնը բխումն է Աստուծոյ զօրութեան, ամենակարողութեան, քանի որ Ի՛նքն է աղբիւրը իմաստութեան։

Արդարեւ, «արուեստ»ը՝ որ յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է, ան ձրի յորդառատութիւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճոխութեան՝ ցայտելով Արարչէն տրուած տաղանդէ մը։ Արուեստը նաեւ գործնական իմաստութեան մէկ կերպն է, որ կերպարանք կու տայ իրականութեան մը՝ մատչելի բարբառով մը։ Ինչպէս մարդկային ամէն գործունէութիւն, աշխատանք, արուեստը եւս իր մէջ չունի իր բացարձակ վախճանը, այլ նպատակադրուած է մարդուն վերջնագոյն վախճանին հետ եւ ազնուացած է անով։

Աստուածային եւ բնական օրէնքը ցոյց կու տայ մարդուն այն ճամբան՝ որուն ան պիտի հետեւի գործելու համար բարին եւ հասնելու համար իր վախճանին։ Բնական օրէնքը ցոյց կու տայ առաջին եւ էական պատուէրները, որոնք կը կառավարեն բարոյական կեանքը։ Բնական օրէնքը ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ լոյսը բանականութեան որ դրուած է մեր մէջ Աստուծմէ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Մարդկային առաքինութիւններու կարգին, իմացականութիւնը եւ իմաստութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւեն եւ ամուր կեցուածքներ կը ներկայացնեն՝ կայուն տրամադրութիւններ եւ ունակական կատարելութիւններ, որոնք կը կանոնաւորեն մեր արարքները, կը կարգաւորեն մեր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն մեր ընդհանուր վարքը ըստ բանականութեան եւ ըստ հաւատքին։

Մարդ պէտք է անդրադառնայ իր իմաստութեան եւ իմացականութեան եւ աւելի՛ երջանիկ պիտի ըլլայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022