ՃՇՄԱՐԻՏ ԳԵՂԵՑԻԿԸ ՎԵ՛ՐՆ Է
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցողներ. բարձր գաղափարներ, խորհրդաւոր ճշմարտութիւններ եւ այն ամէն ինչ որ մեր վրայ կ՚ազդեն եւ մեզ կը տպաւորեն, միշտ վերը կը փնտռենք։ Շատ նշանակալից է, որ բարձր բաներ մարդուս գլխուն վրան կը գտնուին, կերպով մը անմատչելի են։ Անոնք միշտ բարձր են եւ վերը, եւ ո՛չ թէ ցածը, ոտքի տակ։
Զոր օրինակ, ֆիզիքական բարձրութիւն մը՝ արեւը մեր գլխուն վրան է, ինչպէս լուսինը, փալփլուն աստղերը, մոլորակները։ Բոլորն ալ վե՛րն են՝ բարձրը։ Իսկ բարոյական բարձրութիւններ՝ ճշմարտութիւն, գեղեցկութիւններ եւ բարութիւններ վե՛րն են։ Եւ Աստուած Ինք է գեղեցկութեան, ճշմարտութեան եւ բարութեան մարմնացումը, ստեղծի՛չը։
Ճշմարտութիւնը հասարակ մակարդակի իջեցնելու փորձութենէն զգուշանալու է մարդ։ Ուստի, Աւետարանի եւ Քրիստոսի մասին կարելի չէ խօսիլ այն թեթեւամտութեամբ՝ որով կը խօսուի հասարակ նիւթերու մասին։ Հոգիի եւ խորհուրդի մակարդակը պէտք է մի՛շտ բարձր բռնել։ Պէտք է մտածել միշտ վերին բաներու մասին։ Աստուած, Քրիստոս, Աւետարան՝ ճշմարտութիւնը ցածը կարելի չէ՛ փնտռել եւ ո՛չ իսկ ոտքերու հաւասար մակարդակի վրայ։ Իմացականութիւնը դէպի վեր դարձնելու է զանոնք տեսնելու եւ անոնց լոյսին անդրադառնալու համար…
Ներկայ ժամանակներու քրիստոնէութեան յատկանշանակ այլասերումը կարելի է նշմարել սա կէտին՝ որ մարդը կ՚ուզէ «Աստուածը վար քաշել» իր մակարդակին վրայ՝ իր քով, իրեն հետ կանգնեցնել զԱյն։ Եւ մարդ կ՚ուզէ առանց վեր բարձրանալու իր մակարդակէն՝ Աստուած տեսնել եւ քրիստոնեայ ըլլալ։ Արդարեւ, մարդուն այս փորձութիւնը կարելի չէ որ իրականանայ, եւ մարդ չէ անդրադարձած, թէ ան անկարելի փորձութիւն մըն է։
Այս «անկարելի»ն մէկ անգամ իրականացաւ, երբ Ան մարմնացաւ, մարդացաւ եւ աշխարհ իջաւ՝ ինկած մարդը բարձրացնելու համար։ Եւ Համբարձմամբ դարձեալ բարձրացաւ։
Երբ հեղեղները իջնեն եւ իրենց աւերը գործեն, լրացնեն երկրի վրայ, յուսահատութեան եւ մինչեւ իսկ յուսալքութեան մատնելով մարդս՝ որ իր պարտէզը տնկեր, տունը կանգներ էր տարիներո՜ւ քրտնաթոր տքնութեամբ, համբերութեամբ, հաւատարմութեամբ, եւ մանաւա՛նդ ապագայ ապահովութեան վստահութեամբ։
Աստուած երկինքի երեսը իր բարի խոստումներուն կնիքը կը դնէ գունազարդ աղեղով մը. ծիածանը կամ ծիրանի գօտին նոր յոյսերու, նոր ծրագիրներու, նոր կեանքի հաւաստիքն է, եւ հաշտութեան խորհրդանիշը։
Բայց հարցը սա է, թէ՝ որո՞ւ համար է խոստումը կամ հաւաստիքը։
Անոնց համար՝ որոնք աղէտներու փլատակին ներքեւ չե՛ն թաղուիր, հապա՝ իրենց աչքը վե՛ր կը վերցնեն եւ Աստուած կը փնտռեն եւ Անոր օգնութիւնը կը խնդրեն։ Ուստի, աշխարհը՝ որուն վրայ կը բնակինք, միայն «դրախտ» մը չէ, այլ նաեւ՝ «տառապանքներու եւ չարչարանքներու ձոր» մըն է։ Հոս՝ այս աշխարհի վրայ կայ վայելք, ժպիտ, հաճոյք, յաջողութիւն, յաղթանակ, բայց նաեւ՝ կայ կորուստ, արցունք, յուսախաբութիւն, ցաւ, վիշտ, պարտութիւն։ Ո՞ւր պիտի փնտռենք եւ գտնենք օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն երբ կը շլմորինք, կը մոլորինք եւ կամ երբ «սեւ ամպեր»ը կը կուտակուին մեր գլխուն վրայ, երբ վախերու, կասկածներու, մտահոգութիւններու եւ մտատանջանքներու վիհի մը մէջ կը գլտորինք, երբ մեր ֆիզիքական տունը կը քայքայուի, երբ միս մինակ կը մնանք՝ անօգնական եւ վհատ, յուսալի՛ք։
Ան որ Աստուծոյ կը յուսայ՝ չ՚ամչնա՛ր։
Իսկ անոր որ Տէրը, Սէրը եւ Յոյսը չի պակսիր, անվհատ, յուսալի Աստուծոյ օգնութեան կ՚արժանանայ, եւ երբեք չ՚ամչնար։ Ուստի, վե՛ր նայինք ծիածանը տեսնելու. Աստուծոյ յաւիտենականութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշը։ Վե՛ր նայինք, հոն պիտի տեսնենք զԱստուած։
Տիեզերքի մէջ մարդկային փորձառութիւններէն եւ ո՛չ մէկը վճռական կամ ճակատագրական է։
Մեզի ի՛նչ որ պատահի, անպայմա՛ն երկրորդական նշանակութիւն ունի որքան ատեն որ Աստուած կա՛յ եւ կը մնայ իր իմաստութեամբը, բարութեամբը եւ վեհապետական անպարտելի զօրութեամբը։
Աստուծոյ վստահիլ, Անոր ապաւինիլ՝ կեանքը լեցուն ապրիլ կը նշանակէ։
Ան որ Աստուած ունի՝ ամէն ինչ ունի. նոյնիսկ երբ ո՛չինչ ունի։ Աստուծոյ վստահիլ կեանք կ՚ապահովէ՝ զայն կը պահպանէ եւ կ՚աճեցնէ։ Բայց ասոր համար պէտք չէ՛ աճապարել՝ վստահութիւնը համբերութիւն կը պահանջէ եւ վստահութիւն վայելելու համար համբերատար ըլլալ՝ նեղութիւններու եւ տանջանքներու մէջ տոկուն եւ քաջ ըլլալ պէտք է, եւ եթէ ամէն ինչ կարգին յառաջանայ՝ ո՞ւր կը մնայ վստահութեան արժէքը եւ պահանջքը։ Արդարեւ, վստահութիւնը ո՛չ թէ անմիջապէս, այլ՝ ժամանակի մէջ տարածուած կը յայտնուի։ Ուրեմն, ապրելակերպ մը՝ կեանքի տեւական ընթացք մը։
Ծիածանը, Աստուծոյ՝ մարդոց հետ կնքած ուխտին կնի՛քն է։ Աստուած հաւատարիմ է իր ուխտին, Ան իր ուխտը երբեք չի՛ մոռնար. Ան խոստացած է վստահութիւնը տալ մարդուն եւ զայն պաշտպանել իր վստահութեան տակ։ Աստուած Իր ուխտը վերհաստատեց Իր Որդին մեզի ղրկելով իբրեւ ՍԻՐՈՅ եւ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ դեսպան։ Ինչպէ՞ս կրնանք տարակուսիլ Աստուծոյ վրայ՝ որ «այնքան սիրեց աշխարհը մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ որպէսզի ամէն ո՛վ որ հաւատայ անոր փրկուի…»։ Վստահի՛նք Աստուծոյ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 27, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025