ՍՓԻՒՌՔ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ
Մի քանի օրեր առաջ կարծիք յայտնեցի այն մասին, որ Հայաստանի մէջ՝ մանաւանդ Երեւանի, բազմաթիւ շէնքեր ու շինութիւններ աւելի քան մի քանի տասնեակ կը շարունակեն մնալ անմարդաբնակ ու անտէր վիճակի մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն նկատէ այդ կառոյցները անտէր վիճակէն դուրս բերել եւ Արցախէն տեղահանուած հայերուն համար բնակելի տարածքներ ստեղծել:
Այս կարծիքին դիմաց անձ մը հետեւեալ հարցը տուաւ. «Իսկ սփիւռքը ի՞նչ ունի ընելիք...»:
Այդ իսկ պատճառով, այսօր կու գանք Հայաստան եւ սփիւռք յարաբերութեան մասին խօսելու:
Պէտք է ընդունիլ, որ հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ շահագործեց եւ օգտագործեց սփիւռքը՝ ո՛չ որպէս արենակից ու ազգակից, այլ պարզապէս որպէս նիւթական աղբիւր, մէկ կողմէն զինք օտար նկատելով, իսկ միւս կողմէ անոր հայ ըլլալը շեշտելով նիւթական միջոցներ ակնկալելով: Ցաւ ի սիրտ, անկախութենէն մինչեւ օրս սփիւռք եւ Հայաստան կապերը երկուստեք չյաջողեցան առողջ մակարդակի հասցնել: Հայաստանը ակնկալեց, որ սփիւռքը իր դրամները ղրկէ, սակայն ոչ մէկ ձեւով խառնուի երկրի ներքին կամ արտաքին խնդիրներուն. վկայ վերջին երեք տասնամեակներուն Հայաստանի քաղաքականութիւնը. մինչեւ օրս քաղաքական ո՛չ մէկ ժողովի, հանդիպումի եւ կամ պետական նիստի սփիւռքահայեր չտեսանք. Հայաստանի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին խնդիրներուն համար երբեք սփիւռքի կարծիքը նկատի չառնուեցաւ:
Սփիւռքը յիշուեցաւ միայն աղէտներու ու պատերազմներու ընթացքին՝ պարզապէս նիւթական ակնկալիքներով: Սփիւռքը ամբողջ երեսուն տարի տարեկան դրութեամբ կազմակերպեց դրամահաւաքներ ու հանգանակութիւններ՝ կազմակերպուած «Արցախ ֆոնտ» եւ կամ «ՀայՖոնտ» անունին տակ:
Լիբանանահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը տասնամեակներ շարունակ իր կարելին ի գործ դրաւ հայրենաշինութեան համար, սակայն վերջին տասնամեակին անոնց ունեցած դժուարութիւններուն դիմաց Հայաստանի պետութիւնը փոխադարձաբար իր կարելին ի գործ չդրաւ՝ օգնելու համար լիբանանահայ կամ սուրիահայ հայորդիներուն։ Մեր յօդուածներուն մէջ յաճախ յիշած ենք, որ Հայաստանի պետութիւնը (այնպէս ինչպէս 1946-1947 թուականաին Սովետական Միութիւնը ըրաւ) պարտէր հայրենադարձութիւն մը կազմակերպել:
Մերօրեայ Հայաստանը իր յոյսը դրած է սփիւռքի վրայ, սակայն սփիւռքը՝ նիւթապէս ապահով ըլլալով հանդերձ ունի իր դժուարութիւնները, որոնք մտահոգեցուցիչ են այնքան՝ ինչքան հայրենիքի խնդիրները: Անցնող երկու տարիները սփիւռքի «առաջնորդ»ը նկատուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Սփիւռքի տարի» հռչակեց. իր կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց պայքարելու սփիւռքը կործանման տանող փոթորիկներուն դէմ, ըսելով. «Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող սփիւռքին համար»:
Այսօր երկուստեք վտանգի մէջ ենք. Հայաստանի մէջ բաժին առ բաժին մեր հայրենիքը կը կորսնցնեք, իսկ սփիւռքի մէջ՝ մեր հայութիւնը: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր կոչին մէջ սփիւռքի վիճակը «Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն» կ՚որակէր. հիմա ի՞նչ ընել, երբ Հայաստանը իր յոյսը սփիւռքին, իսկ սփիւռքը իր յոյսը անորոշութեան վրայ դրած է:
Այսօր հայրենիքը լուրջ խնդիրներ ունի սփիւռքի հետ՝ մանաւանդ անոնց, որոնք անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին մայր հայրենիքէն գաղթեցին. մօտաւորապէս 10 միլիոն հաշուող հայութեան մեծամասնութիւնը այսօր սփիւռքի մէջ է եւ, ցաւ ի սիրտ, մենք աւելիով արտագաղթ ունինք՝ քան ներգաղթ. աւելի յարմարաւէ՞տ կը թուի արդեօք Հայաստանի հայերը դուրս՝ սփիւռք ղրկել եւ անոնցմէ գումար ակնկալել, թէ յարմարագոյն միջոցները ստեղծել՝ թէ՛ արտագաղթը կանխելու եւ թէ հայրենադարձութիւնը խթանելու:
Եթէ այսօր Հայաստանի բնակիչները ակնկալութիւններ ունին սփիւռքէն, ապա յայտնեմ, որ սփիւռքը եւս ունի իր ակնկալութիւնները՝ հայրենիքէն։ Երկու ամիս առաջ «The Armenian Weekly» մամուլին մէջ սփիւռքաբնակ Կրէկոր Ակոբեան (Gregory Akopyan) անունով երիտասարդ մը անգլերէն լեզուով կը գրէր. «Ազգի պառակտում։ Ինչպէ՞ս սփիւռքահայերը կրնան օգնել հայրենիքը զարգացնելու»:
***
Այս բոլորը մէկ կողմ դրած, շատ մը հայաստանաբնակ հայրենակիցներ բառին ամբողջական իմաստով ապերախտ կը գտնուին իրենց սփիւռքահայ արենակիցներուն հանդէպ. պէտք է առանց երկմտութեան ընդունիլ, որ սփիւռքահայերը շատ անգամ աւելին ըրած են ի սէր իրենց հայրենիքին։ Երիտասարդին յօդուածը սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ տողերով. «Հայաստանը եզակի է, որովհետեւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՚ապրի հայրենիքէն դուրս: Այս մէկը հնարաւորութիւն կու տայ, որ կրթուած ու դաստիարակուած սփիւռքահայեր օգնեն հայրենիքի զարգացման: Սակայն, շատ մը արեւմտահայեր երբ կը փոխադրուին հայրենիք, կը պայքարին յարմարուելու շրջապատին, որուն մասին պէտք է աշխատանք տանի կառավարութիւնը»:
Այս մէկը պարզ կը նկատենք, որովհետեւ հայրենիքը սփիւռքէն, իսկ սփիւռքը հայրենիքէն ակնկալութիւններ ունի, սակայն երկուստեք զիջումներու չեն դիմեր։ Արեւելահայը կ՚օտարէ արեւմտահայը՝ զինք օտար նկատելով, իսկ արեւմտահայը կ՚անտեսէ արեւելահայը՝ զինք ռուսացած եւ ամբողջութեամբ հայկական արժէքներէ մերկացած նկատելով: Հայաստանցին սփիւռքահայը մեծահարուստ, իսկ սփիւռքահայը հայաստանցին գող կը նկատէ. կը տիրէ կատարեալ անվստահութիւն մը, որուն մէջ մեղաւոր կը նկատենք նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը:
Թէեւ ուշ, սակայն ժամանակն է, որ երկուստեք մտածեն իրենց յարաբերութիւնները լաւացնելու մասին. առանց կուսակցական պատկանելիութիւնը նկատի ունենալու, Հայաստանի կառավարութիւնը պարտի յարաբերութեան մէջ ըլլալ սփիւռքահայ գաղութներու ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներու հետ, մօտէն հետեւի անոնց բոլոր աշխատանքներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց ազգութիւնը կորսնցնելու եզրին գիտակցութիւնը ունենան եւ վերադառնան իրենց արմատներուն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -354-
Ամերիկայի մէջ ունինք մեծահարուստ հայ մը՝ Միքայէլ Սարեան անունով, որ բժշկական ոլորտին մէջ բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք մինչեւ օրս իր կարելին ի գործ կը դնէ, բժշկական ոլորտէն ներս զարգացնելու համար Հայաստանը:
Քանի մը տարի առաջ, Միքայէլ Սարեան գրութեամբ մը յայտնեց իր դժգոհութիւնը, այն գծով, որ բազմաթիւ բժշկական սարքեր, որոնք իր միջոցներով ղրկած է Հայաստան, ժողովուրդին ծառայելու փոխարէն պետութեան կողմէ ծախուած է այլ պետութեան մը՝ անյայտ գումարներու դիմաց:
Այս տեղեկութիւնը հասած էր բարերարին, որ իր կարգին ներկայացուցած էր իր դժգոհութիւնը: Հիմա ընթերցողը թող պատասխանէ. այս բարերարը նման զոհողութիւններ անգամ մը եւս կը կատարէ՞...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025