«ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը ԿԸ ՍՈՒՐԱ՜Յ
28 Հոկտեմբեր 1908՝ իր հիմնադրութենէն ի վեր յարատեւօրէն կը շարունակէ իր ճամբան «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը։ Ան իր ճամբան շարունակելէ աւելի՝ կը սուրա՜յ արագընթաց փոխադրական միջոցի մը նման՝ որուն նպատակակէտն է՝ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մտաւոր ծառայութիւն մատուցանել։
Եւ այդ ծառայութիւնը վերջ չունի, պէ՛տք է շարունակէ սուրալ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը եւ պէ՛տք է ապրի «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը։ Եւ ո՜րքան դիւրին է մէկ անգամէն ըսել՝ 108 տարուան անցեալ մը ունի «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը։ Ո՜վքեր, ի՜նչեր անցեր է այդ պարզ թուանշանին մէջէն՝ 108, գրելը, արտասանելը երկվայրկեանի մը, նոյնիսկ ակնթարթի մը՝ կարճ ժամանակամիջոցի գործ է, բայց կ՚արժէ անգամ մըն ալ այդ կարճ ժամանակամիջոցը դիտել «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի տեսանկիւնէն։ Արդարեւ անոր ժամանակամիջոցը ո՛չ թէ վայրկեանի, երկվայրկեանի, այլ դարու մը մէջ կարելի չէ ամփոփել։ Ո՜վ գիտէ ինչ դէմքեր ու դէպքեր կը բովանդակէ այդ 108 պարզ, համեստ եւ անզարդ թուանշանը՝ ինչերու կը վկայէ, ամբողջ պատմութեան մը, ժողովուրդի մը անցեալին։ Եւ ահաւասիկ հո՛ս է հասարակաց ծառայութեան կարեւորութիւնը, հո՛ս է խորհուրդը նուիրումի, զոհողութեան, կամաւոր զրկանքի առաքինութեան՝ հասարակութեան օգտին եւ մտային ու հոգեկան շահուն համար, եւ վեհանձնութեան։
Արդարեւ հասարակաց ծառայութեան ամէն տեսակը նուիրում եւ անձնուիրութիւն կը պահանջէ, եւ կարծեմ, մամուլը քիչ մը աւելին։
Ուստի Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ հոն ուր մամուլ կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը։ Ուրեմն չափազանցած չենք ըլլար ըսելով, թէ՝ մամուլի միջոցով ծառայութիւնը աստուածահաճոյ եւ աստուածասուն գործ մըն է։ Արդէն երբ գործ մը կը կատարուի նուիրումի եւ զոհողութեան զգացումներով, այդ գործը աստուածակերտ գործ մըն է։
Եւ ահաւասիկ այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ, 28 Հոկտեմբեր 1908 թուականին հիմնուած «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը 28 Հոկտեմբեր 2015 թուականին 108 տարուան սեմին հասաւ։
Եւ այսպէս 108 տարեկան թերթ մը ունենալու հաճոյքը պարգեւեց ժողովուրդին, մեզ բոլորին։
Հազուադէպ եւ նոյնիսկ եզական, անբաղդատելի երկար տարիք մըն է ասիկա Հայ թերթի մը համար եւ ինչո՛ւ չէ՝ միջազգային ընդհանուր մամլոյ աշխարհին համար։ Իրապէ՛ս պատմական իւրայատուկ դէպք մըն է 108 տարեկան թերթի մը պարագան։ Եւ ո՜րքան բերկրալի է, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ» յաջողած է անվհատ կերպով եւ առանց յուսալքուելու դիմադրել ընկերային կեանքի բոլոր քարաբլուրներուն եւ բարձր ալիքներուն եւ նաւարկել մրրկալից ծովուն վրայէն եւ կամ շարունակել սուրալ զանազան խոչընդոտներով, գայթերով եւ անկումներով դժուարացած կեանքի ճամբուն մէջէն։ Եւ ան, սա պահուս, արդէն անցած է իր լսնոսկի հանգրուանէն, եւ կը շարունակէ սուրալ՝ ապահով ու հաստատ սլացքով մը։ Եւ այս վազքը ունի մէկ նպատակ, որ է՝ ծառայել հասարակութեան, մտաւոր եւ հոգեւոր օգուտ պատճառել ժողովուրդին։
Թէ ի՞նչ է իր յարատեւութեան, անձանձիր տեւականացման գաղտնիքը։ Իր յարատեւութեան թաքուն խորհուրդը իր ողջմիտ ու անշեղ ուղեգիծն է, որ կը պարունակէ ծառայասիրութիւն, անկեղծութիւն, մարդասիրութիւն եւ հաստատամտութի՜ւն։
Արդարեւ մարդկայնութիւն (=humanisme), մարդուն արժէք ընծայել, մարդոց միջեւ խտրութիւն չնկատել, ամէն գաղափար լսել բայց իր հաւատալիքներէն, ուղղութենէն չշեղիլ, յաջողութեան նախապայմա՛ններն են։
Այս իմաստով կարելի չէ չյիշել Մ. Ա. Վոլթէրի սա խօսքը. «Թէեւ կը հակառակիմ քու գաղափարներուդ, բայց անոնք ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքդ ալ կը պաշտպանեմ ի գին ամէն ինչի»։
Ահաւասիկ ազատախոհութեան լուսամտութեան, յառաջդիմական ըլլալու ուղեցոյցը, բացատրագիրը։ Եւ «ԺԱՄԱՆԱԿ» այս սկզբունքով կրցաւ կանգուն, հաստատ ու անխախտ մնալ ամբողջ դար մը եւ աւելի։
Անդրդուելի, անտեղիտալի, անսասան, յաճախ միտք չփոխող զօրաւոր նկարագրի տէր մարդիկ եւ այդպիսի մարդոց կողմէ հաստատուած ու կազմուած ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ են որ ուղիղ կը քալեն իրենց ճամբան եւ անոնք արժանի են «ուղղամիտ» պատուաբեր ածականին։ Եւ դարձեալ ուղղամիտներ են որ կը գոյատեւեն, կը սուրան ի հեճուկս դժուարութիւններու, արգելքներու եւ խափանումներու։ Անոնք են որ կը քալեն դէպի լոյս, դէպի հոն՝ ուր ամէն ինչ յստակ է, պայծառ եւ բացայա՛յտ։
Այս ուղղութեամբ «ԺԱՄԱՆԱԿ» անցեալին վրայ՝ 108 տարիներու անջնջելի, անճիտելի զօրեղ շեշտը դրած է հայ գիրին, հայ գրականութեան, հայ մշակոյթին, հայ կեանքին գոյապահպանման ու գոյատեւման սրբազան գործին վրայ՝ մշակելով ու զարգացնելով ժողովրդային ամէն ազնիւ յատկանիշները։ Ան զարկ տուած է իր կարելի միջոցներով եւ տարողութեան չափով բարձրացնելու եւ բարձր պահելու մտային՝ մշակութային եւ հոգեւոր վիճակը ընդհանրապէս։ Կը ջանայ արծարծել ժողովուրդին սէրն ու հետաքրքրութիւնը իր հոգեւոր ու մտաւոր արժէքներուն նկատմամբ։ Ան կը կատարէ շատ կենսական պարտականութիւն մը՝ ժողովուրդին հոգին ազնուացնելու եւ միտքը զարգացնելու նուիրական գործին նկատմամբ։ Եւ գոյապահպանման ու գոյատեւման միջոցը՝ մշակոյթը՝ լեզուն, գիրը, արուեստը եւ բոլոր հոգեւոր ու մտային արժէքները միշտ բորբ ու ցայտուն կը պահէ մանաւանդ մամուլը, քանի որ ամենէն աւելի ան մօտ է ժողովուրդին՝ անոր հետ, անոր մէջը։
Յաճախ կը խօսինք «հոգեմտաւոր» զարգացումի մասին եւ ահաւասիկ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը կ՚ընդելուզէ հոգեկանը եւ մտաւորը իր ծառայասէր ընթացքով եւ կ՚ազնուացնէ հոգիներ ու կ՚առաջնորդէ միտքեր։ Չէ՞ որ «առաջնորդող» կը նշանակէ՝ յօդուած, խմբագրական…։
Արդարեւ այս կերպով կը պահէ իր բարոյական ու հոգեկան անկախութիւնը՝ մնալով հանդերձ պատկանած եւ զինք որդեգրող Պետութեան հաւատարիմ քաղաքացին։
«ԺԱՄԱՆԱԿ» հայ մշակոյթի, հայ կեանքի ընդարձակ տեղ տալով ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը կը շարժէ իր արժէքներուն անդրադառնալու, անոնց տէր կանգնելու պահանջքին։
«ԺԱՄԱՆԱԿ» երբեք «օտար» չի համարեր ուրիշ ազգերու, ժողովուրդներու մշակոյթը, հոգեւոր եւ մտային արժէքները, գրականութիւնն ու գեղարուեստը, քանի որ անոնց հետ շփումը ո՛չ թէ կը խաթարէ ցեղային յատկանիշները, այլ մանաւանդ մշակոյթներու միջեւ բաղդատութեան եւ փոխ-ներգործութեան միջոցով ամէն մէկ մշակոյթի զարգացման եւ ճոխացման ու հարստացման առիթ կ՚ընծայէ։
Եւ մանաւանդ օտար ազգերու մշակոյթներու ծանօթացումը, մերձեցումը, մտերմութիւնը արգելք կ՚ըլլայ ազգայնամոլութեան եւ զանազան գաղափարային չափազանցութիւններու եւ ծայրայեղութիւններու։
Այս իմաստով ու մօտեցումով «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը ո՛չ միայն ժողովրդական, հապա միջժողովրդային՝ հանրազգային թերթ մըն է։ Եւ օտարներու «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի ընթերցող չըլլալը չի փոխեր իր միջազգային թերթ ըլլալու հանգամանքը, քանի որ ան ամբողջ աշխարհի բացուած լուսամուտ մը, ընդարձակ լայնարձակ բացուածք մըն է։
Ան, գիտակից իր մամուլի պատասխանատուութեան, մի՛շտ ասպետական վեհանձնութեամբ եւ խոհականութեամբ մօտեցած է ամէն հարցի, միշտ վե՛ր պահելով մարդկային արժանիքը եւ արժանապատուութիւնը, զգուշանալով զանոնք վիրաւորելու սխալանքէն։
Ան կը գործէ ու կը քալէ միշտ նախնիներէն փոխանցուած եւ հետզհետէ բարդուած փորձառութեամբ մը։ Իր լուրջ եւ անշեղ կեցուածքով, բարոյական ու հոգեւոր ուղղութեամբ անհրաժեշտութի՛ւն մըն է հայ իրականութեան մէջ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը։
Եւ բոլոր իր յատկութիւններով, բարեմասնութիւններով պէ՛տք է ապրի «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը, պէ՛տք է գոյատեւէ, որպէսզի սերունդներ վայելեն զայն…։
Հոկտեմբեր 24, 2015, Իսթանպուլ