109 ՏԱՐԻ… ԱՆԴԱԴԱՐ ԱՆԽՈՆՋ ՄԻՇՏ ԲԱ՜ՐՁՐ ՄԻՇՏ ՅԱՌԱ՜Ջ
Աշխարհի վրայ ամէն ինչ ժամանակաւոր է եւ իսկական յաղթանակը՝ այս ժամանակաւոր ընթացքին մէջ, կարելի չափով գոյութիւնը երկար ատեն պահպանել եւ կարենալ գոյատեւե՛լն է։ Եւ երբ այս իրողութիւնը կ՚ընդունինք, ապա ուրեմն պէտք է ընդունին նաեւ, թէ՝ հաստատութեան մը եւ մանաւա՛նդ նուիրական ծառայութիւն մատուցանող հաստատութեան մը իր գոյութիւնը ամբողջ 109 տարի, անդադար պահպանելը եւ անխոնջ կերպով գոյատեւելն ալ՝ իսկական իմաստով՝ յաղթանակ մըն է։
Եւ ամէն յաղթանակ շնորհաւորելի է, քանի որ մարդկային արժանիքին, աշխատութեան, զօրաւոր կամքի եւ կորովի արտայայտութիւնն է։ Անշուշտ երբ այդ աշխատութեան նպատակը միտքեր լուսաւորել, հոգիներ ազնուացնել է՝ յաղթանակին արժէքը ա՛լ աւելի գնահատանքի արժանի կ՚ըլլայ։
Այս ուղղութեամբ ամէն աշխատանք, ամէն ծառայութիւն արժէք կը ստանայ։ Բայց ա՛լ աւելի արժէք կը ստանան անոնք, որ նուիրական ոգիով, մարդասիրական բարձր նպատակներով եւ անկեղծ զգացումներով կը ներկայանան։ Ըսել կ՚ուզենք, կա՛ն աշխատութիւններ, կա՛ն ծառայութիւններ, որոնց առաջնակարգ նպատակը մա՛րդն է՝ մարդուն արժանիքը վեր բռնել՝ միտքեր լուսաւորել եւ հոգիներ ազնուացնե՛լ։ Եւ այն ծառայութիւնները կամ աշխատութիւնները՝ որոնց առաջնակարգ նպատակը ո՛չ թէ ծառայողին, այլ եւ մանաւանդ ծառայութիւն ստացողին բարիքը եւ օգուտն է, ահաւասիկ այդ ծառայութիւնները նուիրական են, սրբազան եւ ամէն գնահատանքէ վե՛ր։
Եւ դարձեալ, կա՛ն ծառայութիւններ, որոնք յատուկ պատրաստութիւն՝ ուսում եւ փորձառութիւն կը պահանջեն, լաւ է ըսել՝ ստացական յատկութիւններ, մասնագիտութիւն կը պահանջեն։ Այդ մասին բնական յատկութեան զարգացումը կը բաւէ ծառայութիւնը մատուցանելու։
Բայց կա՛ն նաեւ ծառայութիւններ, որ աւելի տարբեր, աւելի տարրական յատկութեան կը կարօտին, ընդոծին առաւելութիւններ, յատկութիւններ կը պահանջեն։ Թերեւս ժառանգական, թերեւս աստուածատուր շնորհ մը, բացառիկ նկարագիր մը, բնութիւն մը՝ որ երբեք ստացական չէ՛։ Ահաւասիկ ճիշդ եւ ուղիղ բառը՝ «կոչո՛ւմ», որ կը պահանջէ այդ ծառայութիւնը։
Այս իմաստով կա՛ն ծառայութիւններ, որ կարելի չէ իրականացնել ստացական ուժերով՝ ուսումով միայն, փորձառութեամբ միայն, այլ յատկապէ՛ս կը պահանջէ ընդոծին զօրութիւն, ուժ, հմտութիւն։ Հմտութիւն մը՝ որ կարելի չէ ձեռք ձգել ուրիշ որեւէ կերպով բայց միա՛յն բնատուր շնորհքով։ Կան ծառայութիւններ, որ կարծես որոշ մարդիկ միայն ստեղծուած են գործադրելու, իրականացնելու համար եւ անոնք են միա՛յն որ կրնան կատարել այդ ծառայութեան պարտականութիւնը։
Ամէն ծառայութիւն ունի իր հարազատ գործադրողը։ Իւրաքանչիւր անձ ունի իր ծառայութեան առարկան եւ եթէ անյարմար ծառայողներ մատուցանել փորձեն ծառայութիւն մը՝ ատիկա օգուտէ աւելի վնա՛ս կը պատճառէ ծառայութիւնը ընդունող անհատին կամ հաւաքականութեան։
Եւ կեանքի մէջ իրապէ՛ս օգտակար կը հանդիսանան անոնք, որոնք իրենց յարմար ծառայութիւն մը կը մատուցանեն։
Անշուշտ մեր այս խորհրդածութիւնները երբեք չի՛ նուաստացներ ուսումի եւ փորձառութեան կարեւորութիւնը կեանքի պատրաստութեան նկատմամբ։
Անուրանալի՛ է ուսման եւ փարձառութեան դերը. անոնք շա՜տ բան կու տան եւ շատ բան կ՚աւելցնեն մարդուս մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքին վրայ։ Բայց մեր ըսածը այն է, որ բան մը աւելցնելու համար, նախապէս «բան» մը պէտք է գոյութիւն ունենայ, բան մը զարգացնելու համար «նախանիւթ» մը ըլլալու է, ինչպէս շէնք մը կը բարձրանայ ամուր հիմի վրայ։ Շէնքի վրայ որքան յարկ դիզուի՝ փուլ կու գայ, եթէ անիկա հիմ չունի։ Այդպէս ալ, գոնէ կարգ մը ծառայութիւններու համար «բնատուր յատկութիւն» պէտք է, որուն վրայ ուսումը եւ փորձառութիւնը իրապէս շատ եւ կարեւոր արժէքներ կրնայ աւելցնել։
Արդարեւ հանրային ծառայութիւններ՝ աւելի եւս նուիրում, աւելի՛ եւս անձնուիրում կը պահանջեն, զոհողութեան ոգին աւելի՛ տիրական պէտք է ըլլայ հանրային ծառայութիւններու մէջ՝ ուր առաջնակարգ նպատակն է՝ զուտ ծառայութիւն եւ հանրութեան բարիքն ու օգուտը։
Արդ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ո՞վ կրնայ ուրանալ կամ մերժել, թէ իր իսկական էութեամբ եւ հետապնդած նպատակով, ընդհանուր կազմութեամբ եւ անխտիր ամէն ծառայողի նուիրականութեամբ՝ մամլոյ ծառայութիւնը «հանրային ծառայութիւն» է, այլապէս ո՞վ կրնայ պնդել, թէ՝ մամլոյ ծառայութիւնը նուիրական ոգի չի պահանջեր, ի՛նչ որ բնատուր ազնիւ զգացում մըն է։ Այս իմաստով, մամլոյ ծառայութիւնը հանրային ծառայութի՛ւն մըն է եւ յատուկ զգայնութեան եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն կը պահանջէ։ Զգայնութիւն՝ գործի՛ն, եւ պատասխանատուութիւն՝ ծառայութիւն ընդունողներուն, ընթերցողներուն եւ հետապնդողներո՛ւն։ Եւ այդ զգայնութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը եւ գիտակցութիւնը ստացական չեն, այլ՝ բնատուր եւ բնաձիր։
Եւ ահաւասիկ այս զգացումներու մէջ կը դիմաւորենք «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի նոր տարեշրջանը՝ ծառայութեան, նուիրումի, անձնազոհութեան տարի մը եւս։ Պահ մը հարցնենք մենք մեզի, խորհինք եւ ջանանք անկեղծութեամբ պատասխանել.
«ԺԱՄԱՆԱԿ»ը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, եւ դարէ մը աւելի, եթէ ձեռնհաս, բնատուր ձիրքերով օժտուած, հմուտ եւ մանաւա՛նդ իր պատասխանատուութեանը կատարեալ գիտակցութիւնը ունեցող անձնուէր անձերու ձեռքը յանձնուած չըլլար, անոնց ներկայութիւնը չվայելէր, արդեօք մինչեւ մեր օրերուն կրնա՞ր հասնիլ եւ այսօրուան դիրքը պահել եւ տեւականացնել։
Արդարեւ, մտածում մը, գաղափար մը, եւ անոնց կիրարկութիւնը՝ գործ մը կարենալ պահպանելու, անոնց կարենալ տէր կանգնելու եւ բնականաբար անոնք տեւականացնելու՝ յաւերժացնելու, եթէ ո՛չ միակ, բայց առաջին պայմանն է՝ զօրաւոր եւ հաստատ համոզում ունենալ՝ անկեղծ զգացումներով հաւատա՛լ մտածումին, գաղափարին եւ կատարուած գործին, անոնց ճշդութեան, ստուգութեան։ Եւ ունենալ սկզբունք՝ որուն հաւատարիմ մնալ՝ միտքը եւ գաղափարը գործադրե՛լ առանց տարուբերելու, առանց վարանելու, առանց տատամսելու։ Արդարեւ երկմտութիւնը ամենամեծ արգելքն է յառաջդիմութեան եւ դէպի լոյս, դէպի պայծառութիւն քալելու։ Սկզբունքի տէր ըլլալ եւ չտարուիլ վնասաբեր հովերու աւերիչ եւ քանդիչ հոսանքներէ՝ մնալ միշտ իր պատնէշին վրայ, չհակիլ, չծռիլ եւ չկքիլ ամէն տեսակ հակադիր գաղափարներու հարուածներով։ Միշտ վե՛ր, միշտ բարձր պահել ամէն առաքինի եւ ազնիւ արժէք, «անաչառութիւն»ը, «արդարութիւն»ը, «ուղղամտութիւն»ը, «անկաշառութիւն»ը եւ անշուշտ այս բոլորին գլխաւորը՝ «մարդասիրութի՛ւն»ը։
Այս արժէքներուն հաւատարիմ ամէն հաստատութիւն կրնայ իր գոյութիւնը երկար ժամանակ պահել եւ գոյատեւել։
Ահաւասիկ, «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի աւելի քան դար մը իր գոյութիւնը պահպանած եւ գոյատեւած ըլլալուն գաղտնի՛քը, թաքուն խորհուրդը իր դարաւո՜ր յաղթանակին, սերունդէ՜ սերունդ…։
Անշուշտ այս յաղթանակը արդիւնքն է նախկին սերունդներուն՝ որոնք կրցած են փոխանցել իրենց շնորհները յաջորդ սերունդներուն, որ գրեթէ նոյն ոգիով, նոյն եռանդով, նոյն աշխուժութեամբ կրեցին եւ կը կրեն սերունդներ՝ անոնք ալ իրենց յաջորդներուն փոխանցելու պատրաստակամութեամբ այն բոլոր սկզբունքները, որ կանգուն կը պահեն «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը։
Երբ այս խանդավառուած զգացումներով կ՚ողջունենք «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի նոր տարեշրջանը, կ՚ուզենք օրինակ մը տալ այս յաջորդականութեան՝ ապրուած իրողութիւն մը յիշելով։
Արտաշէս Գալփաքճեան, մեր մեծհայրը, իր կեանքի վերջին օրերուն, հիւանդ, իր անկողնին մէջ կը գրէ եղեր իր ամէնօրեայ յօդուածները եւ կը յանձնէ եղեր իր որդիին՝ Գրիգոր Գալփաքճեանի՝ մեր հօր, որպէսզի յանձնէ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի խմբագրատունը, այն ատեն՝ «Ճաղալօղլու»ի զառիվերին վրայ։ Եւ հայրս կը պատմէր, օր մը այլեւս չէ կրցեր ամբողջացնել իր յօդուածը մեր մեծհայրիկը. այլապէս բառերը անընթեռնելի, քանի որ ան այնքան ուժասպառ՝ որ տողերը միայն գիծերու երեւոյթ մը կը պարզէին, ինչպէս կը պատմէր մեր հայրը։ Եւ արդէն մի քանի օր յետոյ իր հոգին աւանդեր է մեր մեծհայրիկը…։ Սակայն հետաքրքրականը այն էր, որ կը պատմէր մեր հայրը, կէս մնացած յօդուածը ինք, հայրս ամբողջացուցեր եւ հասցուցեր է Խմբագրատուն։
Եւ աւելի հետաքրքրականը այն է որ, տարիներ վերջ երբ մեր հայրն ալ երբ կը շարունակէր յօդուածներ ստորագրել «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի այս սիւնակներուն մէջ, երբ օր մը ան ալ աւանդեց իր հոգին, իր գրութիւնները ամփոփած թղթածրածին մէջ հանդիպեցանք նոյնպէս անաւարտ յօդուածի մը… եւ պատմութիւնը անգամ մը եւս կրկնուեցաւ, այս տրուպ գրիչը ջանալով ամբողջացնել այն յօդուածը՝ հասցուց Խմբագրատուն եւ ամբողջացած յօդուածը հրատարակուեցա՛ւ։
Եւ ահաւասիկ, այս տրուպ գրիչը դեռ կը ջանայ ամբողջացնել իրեն փոխանցուած անգին գաղափարները, արժէքները՝ փորձելով «գրել» այս սուղ սիւնակներուն մէջ…։
Բարեբախտաբար անոր ալ կէս թողած մէկ գրութիւնը ամբողջացնողներ պիտի ըլլան՝ Գրիգորը եւ Արարատը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 24, 2016, Իսթանպուլ