28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1908 ԱՐԵՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱԳԵՑԱՒ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

28 հոկտեմբեր 1908 թուականին արեւը ո՜վ գիտէ քանիերորդ անգամ էր որ ծագեցաւ. բայց այդ օրը ԺԱՄԱՆԱԿ-ը առաջի՛ն անգամ լոյս տեսաւ։

Անշուշտ կարելի չէ մրցիլ արեւուն հետ, որ դարեր, շրջաններ անընդհատ, անընդմէջ եւ անդադար, անշեղ կերպով կը ծագի եւ կը շարունակէ ծագիլ։ Արեւուն այդ կանոնաւոր եւ անյապաղ շարունակականութեան հետ մրցիլ թէեւ անկարելի է, բայց զայն օրինակ առնելով անոր նմանիլ կարելի է, անշուշտ եթէ անշեղ եւ վճռական կամքով եւ կատարեալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ աշխատանք մը ցոյց տրուի։

Արեւը իր լոյսով կը փարատէ ամէն խաւար եւ կը լուսաւորէ մութը։ Այս տեսակէտէ ալ կարելի չէ՛ մրցիլ արեւուն հետ։ Բայց կարելի է անոր նմանիլ՝ միտքեր լուսաւորելու մտադրութեամբ աշխատանքի լծուելով։

Արեւը իր անմրցելի կանոնաւորութեամբ երբ կը թաւալի հորիզոնէ հորիզոն, ան կը ստեղծէ ժամանակը՝ ցերեկը եւ գիշերը, օրերը, ամիսները, տարիները, դարերը… ան կը ստեղծէ նաեւ եղանակները՝ բնութեան տարբեր երեսակները։ Արեւածագէն մինչեւ արեւու մայրամուտը ժամանակաշրջան մըն է, որ ընթացք կու տայ նաեւ մարդկային կեանքին՝ կ՚ազդէ եւ կը տպաւորէ մարդոց գրեթէ ամբողջ ապրելակերպը։ Արեւու այս յատկութիւնն ալ միայն իրեն կը պատկանի։ Այս տեսակէտէ ալ անոր հետ մրցիլ կարելի չէ։ Արեւը եզակա՛ն է։ Բայց արեւը օրինակ առնել, անոր նմանիլ կարելի է։

Արեւը կը ծագի եւ ամբողջ աշխարհ անոր շնորհիւ կը լուսաւորուի, քանի որ ան լոյսի ակն է։ Արեւուն այս յատկութիւնն ալ իւրայատուկ է, մրցիլ կարելի չէ։ Բայց կարելի է արեւը օրինակ ընդունելով միտքեր լուսաւորելու նուիրական ծառայութեան նուիրուիլ։

Արեւուն ամէն մէկ շարժումը ժամանակ մը կը ստեղծէ եւ ասիկա կը շարունակուի անընդհատ, այնքան ատեն որ աշխարհ կայ, կեանք կայ, բնութիւնը կը գոյատեւէ։

Եւ 28 հոկտեմբեր 1908-ի այդ օրն ալ ծագեցաւ արեւը, լուսաւորեց աշխարհը եւ այդ օրն ալ դարձեալ սկսաւ ժամանակը՝ օր ցերեկ, ժամանակամիջոց մը, որ միջոցին մէջ գտաւ իր ընթացքը եւ ուղղութիւնը։

Այդ օրն ալ պարզ, սովորական օր մըն էր. արեւը ծագած, լոյսը տարածած, կեանքը վերակենդանացած էր։

Բայց այդ օրը կարծես արեւուն լոյսը ուրիշ օրերէ աւելի զօրաւոր կը լուսաւորէր իր շուրջը. արեւուն լոյսին ընկերակցող ուրիշ լոյս մը կարծես սովորականէն տարբեր ժամանակաշրջանի մը աւետիքը՝ բարի նոր լուրը կու տար։ Այդ օրը արեւուն ստեղծած ժամանակէն աւելի տարբեր ԺԱՄԱՆԱԿ մը լոյս տեսած էր։ Ժամանակին մէջ այլեւս նոր ժամանակ մը կար՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ որ արեւուն լուսաւորութեան մասնակից ըլլալու կը պատրաստուէր։ Ժամանակը կեանքի յարատեւ ընթացքին ամէն մէկ պահն է. կեանքը ժամանակի մէջ է, որ կ՚ընթանայ եւ ուղղութիւն կը ստանայ։ Եւ եթէ արեւուն ստեղծած ժամանակը չըլլար, կեանքը ընթացք պիտի չունենար, քանի որ ամէն ինչ ժամանակէն կախում ունի։

Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին՝ երբ կ՚ըսենք, թէ կարելի չէ մրցիլ արեւուն անշեղ եւ կանոնաւոր ընթացքին, յարատեւութեան հետ, բայց միայն՝ նմանիլ, 28 հոկտեմբեր 1908-ին արեւածագին հետ լոյս տեսած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, սովորական ժամանակէն տարբեր պարտականութիւն մը, պատասխանատուութիւն մը ստանձնած էր. եթէ նոյնիսկ մրցիլ կարելի չըլլար բնութեան հետ, արեւուն հետ, բայց անպայմա՛ն նմանիլ անոնց՝ յարատեւութեան օրինակ մը հանդիսանալով՝ անշեղ, կանոնաւոր եւ անընդմիջական շարունակութեան տիպարը ըլլալով։

Երբ արեւը անժամանակ միջոցի մը մէջ, շրջաններ, դարեր շարունակեց իր ընթացքը, անդադար, անյապաղ եւ անընդմիջական կերպով, 28 հոկտեմբեր 1908-ին արեւածագին հետ լոյս տեսած ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ այդ օրէն մինչեւ այսօր, ամէն օր արեւուն ծագելուն նման անդադար, անյապաղ եւ անընդմիջականօրէն շարունակեց լուսաւորել, լոյս սփռել միտքերու։ Եւ ան պիտի շարունակէ իր այս նուիրական ծառայութիւնը, այնքան ատեն որ արեւը ծագի եւ լուսաւորէ աշխարհը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը արեւածագին, օրերէն օր մը լոյս տեսաւ եւ սկսաւ լոյս տարածել, լուսաւորել մարդկային միտքեր։ Եւ իր այս առաքելութեամբ պիտի համարձակինք ըսել՝ այդ օրէն սկսեալ «մրցակցեցաւ» արեւուն հետ՝ յարատեւութեամբ եւ անընդմիջական անշեղ հրատարակուելով եւ լոյս տարածելով։

28 հոկտեմբեր 1908-էն մինչեւ այսօր, արեւածագին հետ, արեւածագին նման լոյս տեսնել, հրատարակուիլ եթէ «մրցիլ» բառով կարելի չէ արտայայտել, հապա ի՞նչ պէտք է անուանել այս հրաշալի՜ համընթացութիւնը։ Եւ մանաւանդ որ ան կը շարունակէ իր ընթացքը հաստատ եւ վճռական անշեղ քայլերով։ Ան ունեցաւ արեւածագին կանոնաւորութիւնը եւ հաւատարմութիւնը իր նուիրական պարտականութեան։

Ըսինք որ արեւը երբ կը ծագի, կեանքեր կը վերակենդանան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ իր հրատարակութեամբ, տարիներ, աւելի քան դար մը կը վերակենդանացնէ միտքեր, կը լուսաւորէ խաւարներ։ Եւ ուրեմն այս ուղղութեամբ ալ «մրցակից» կարելի է անուանել զայն, քանի որ արեւուն պարտականութեան նման պարտականութիւն մը կը կատարէ ան։

Արեւը իր ընթացքով կեանքերու ուղղութիւն կու տայ. ճի՛շդ է ասիկա, բայց ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ իր կարգին կեանքերու, ապրումներու ընթացքը կ՚որոշէ, կերպով մը ուղղութիւն կու տայ։ Այս ալ «մրցակից» ըլլալ չի՞ նշանակեր։

Արեւը կը ծագի եւ օր մը կը սկսի. ժամանակը կը սկսի «աշխատիլ», օրեր, ամիսներ, տարիներ… Հապա ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, իւրաքանչիւր օր որ կը հրատարակուի, լոյս կը տեսնէ, ժամանակ մը չի ստեղծե՞ր, օրակարգ մը չ՚որոշե՞ր։ Ահաւասիկ, այս իմաստով իսկ արեւուն եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին փոխադարձ դիրքը «մրցակից» կոչելու համար բաւարար չէ՞…։

Թերեւս ոմանք պիտի ըսեն, թէ՝ եթէ արեւը չըլլայ, ժամանակն ալ չըլլար եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ կը կորսնցնէ իր հանգամանքը։

Ըստ ձեր կարծիքին կարելի՞ է ասիկա. կարելի՞ է խորհիլ առանց արեւի գոյութեան կեանքի գոյութիւնը։ Ապա ուրեմն, առանց արեւի կեանք եթէ գոյութիւն չունի, այնքան ատեն որ կեանք կայ, կը նշանակէ որ արեւ ալ կայ։ Կը հետեւի թէ՝ այնքան ատեն որ արեւ կայ, ժամանակներ գոյութիւն պիտի ունենան՝ օրեր, ամիսներ, տարիներ եւ դարե՜ր… եւ այդ ժամանակներու մէջ պիտի ըլլայ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, քանի որ ան լոյս տեսաւ արեւուն օրերէն օր մը, արեւուն հետ, արեւուն նման, արեւուն մրցակի՛ց…։

Ընդհանրապէս մամուլը, եւ անշո՛ւշտ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կարեւոր դեր կը խաղան մարդկային անհատական եւ մանաւանդ հաւաքական-ընկերային կեանքին մէջ։ Մամուլն է որ մանաւանդ ընկերային կեանքին օրակարգը կ՚որոշէ. չէ՞ որ շատեր անհամբեր կը սպասեն օրուան թերթին՝ որպէսզի դիտեն եւ տեսնեն ամբողջ աշխարհը, ամբողջ կեա՜նքը։

Մամուլը՝ իր աշխատակիցներով եւ ընթերցողներով «ընտանիք» մը կը կազմէ՝ աւանդական եւ անքակտելի, անխզելի միութիւն մը՝ որ կը ստեղծէ մտքի համաձայնութիւն մը։

Եւ կարծես Վ. Հիւկօ կը հաստատէ այս խօսքերը երբ կ՚ըսէ.

«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 24, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019