«ՈՂՋՈՅՆ ԱՄԵՆՔԻՆ» ՈՂՋՈՅՆ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ԻՆ

Ահաւասիկ, տարի մը եւս անցաւ, եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կեանքին վրայ բարդուեցաւ տարի մը եւս։

Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, որ կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ՝ լաւ եւ արդիւնաբեր ապրիլը։ Այս իմաստով ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ապրի երկար տարիներ եւ նաեւ՝ արդիւնաբեր, օգտաշատ տարիներ։ Եւ իրապէս հմտութիւն կը պահանջէ կեանքը ապրիլ արդիւնաբեր, մանաւանդ երբ հանրային ծառայութիւնն է խնդրոյ առարկան։ Եւ երբ երկար կեանքը կը վերաբերի հաստատութեան մը՝ ո՜րքան գնահատելի են այդ հաստատութեան կեանք տուողները, անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման սատարողները, նպաստողները…։

Պատմական վկայութիւններ եւ վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ հաստատութիւններու կեանքը եթէ հասած է դարու մը՝ այդ հաստատութիւնը յաջողած է իր նպատակին մէջ եւ լաւագոյն կերպով կատարած է իր դերը՝ կատարելագործելով իր ստանձնած գործը։ Հապա ի՞նչ ըսել հաստատութեան մը՝ որ աւելի քան դար մը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ միշտ վառ եւ եռանդուն, անխափան ծառայելով հանրութեան։

Ահաւասիկ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այս երանե՜լի հաստատութիւններէն, հազուագիւտ հաստատութիւններէն մէկն է, հաստատուած 28 հոկտեմբեր 1908 թուականին, եւ իր հիմնարկութեան թուականէն մինչեւ այսօր՝ 2020 թուական կը շարունակէ ծառայել հանրութեան։ Մինչ ԺԱՄԱՆԱԿ անժամանակ ծառայեց ժողովուրդին՝ անոր մտաւոր եւ հոգեւոր պահանջներուն գոհացում տալով։

Յաճախ կը յիշենք Վ. Հիւկոյի խօսքը, թէ՝ «Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։ Ահաւասիկ, ԺԱՄԱՆԱԿ առաքելութեամբը կը հաստատէ այս խօսքին ճշմարտութիւնը։ Թէեւ Վ. Հիւկօ այս խօսքը արտասանած է 1862 թուականին՝ «Լէ Միզէրապլը»ի (=Թշուառները) Պրիւսելի մէջ, հրատարակչութեան առթիւ հրատարակիչներու սարքած մեծահանդէս խնջոյքին ընթացքին, բայց եթէ ան ապրած ըլլար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնարկութեան թուականներուն, հաւանաբար պիտի ըսէր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար։ Արդէն երբ «մամուլ» կ՚ըսէ, անժամանակ կերպով ակնարկած կ՚ըլլայ բոլոր մամլոյ ծառայութիւններուն եւ ծառայողներուն։

Արդարեւ, մամուլը «լոյս» է, քանի որ աշխարհի ստեղծագործութեան՝ Աստուած ըսաւ. «Եղիցի լոյս եւ եղեւ լոյսն»։ Ծագեցաւ լոյսը եւ նիւթական աշխարհը լուսաւորուեցաւ։

Կութթեմպերկ, մարդկութեան այս անմահ բարերարը եկաւ աշխարհ, հնարեց տպագրութեան արհեստը եւ Նախախնամութեան արձագանգ մը ըլլալով ինք եւս կրկնեց. «Թող լոյս ըլլայ աշխարհի», եւ աշխարհ լուսաւորուեցաւ այդ լոյսով, տպագրութեան արեգակը ճառագայթեցաւ եւ ընկերային գիշերին խաւարը սկսաւ հետզհետէ փարատիլ բարոյական աշխարհի վրայէն։

Մամուլը, արդարեւ, մարդկային ընկերութեան լապտերն է։ Եթէ շիջանի ան եւ կամ միայն մէկ կեդրոնի մէջ վառի, մութը կը կոխէ, խաւարը հետզհետէ կը տարածուի, եւ մարդկութիւնը խարխափ քայլերով կը սկսի քալել՝ ուրկէ գալը կը մոռնայ, ուր երթալը չի հասկնար։ Մէկ խօսքով երբ մարի այս լապտերը՝ մամուլը, կը խաւարի նաեւ միտքը։ Ուստի մամուլը մարդկութեան ճամբան լուսաւորող, ընթացքը դիւրացնող փարո՛ս մըն է։

Բայց այդ փարոսը երբ մարի, մարդկութիւնը մտապէս կը կորսնցնէ իր ճամբան, կը շեղի, կը խարխափի եւ կը թաւալի, կը գլորի եւ կը տապալի։

Ահաւասիկ, մութը եւ խաւարը յաղթելու եւ լոյսին յաղթանակը հռչակելու համար Սոկրատ բանտին մէջ թոյն կը խմէ, Կալիլէոս հոն կը մաշեցնէ իր կեանքը, Տանդէ աքսորման մէջ իր օրերը թշուառութեամբ կ՚անցընէ, Վոլթէր կ՚աքսորուի, Ռուսօ կը դատապարտուի, Տէգարթ կը հալածուի, Պօմարշէ կը թափառի, Անտրէ Շէնիէ ազատութիւնը կ՚երգէ եւ կառափնատը կ՚ելլէ, Գամիյլ Տէմուլէն, Սէն Ժիւսթ, Վերնիօ, Տանթօն իրենց արիւնը կը նուիրեն մարդկութիւնը խաւարէն եւ մտային մութէն փրկելու համար եւ ի վերջոյ լոյսը յաղթող կը հանդիսանայ եւ Վ. Հիւկօ կ՚ըսէ. «Մամուլը ընկերային աշխարհին լո՛յսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։ Եւ ահաւասիկ կարեւորութիւնը եւ նուիրականութիւնը մամուլին՝ որուն մաս կը կազմէ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը աւելի քան դար մը։

Պարզ խօսք մը, գաղափարի մը արտայայտութիւնն է, ճշմարտութեան հռչակումը լոյսին մէջ…։

Մեր վերնագիրն էր. «Ողջոյն Ամենքին…»։

«Ողջոյն Ամենքին», ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անքակտելի սիւներէն՝ անմոռաց Արա Գօչի քրոնիկներուն վերտառութիւնն էր։ «Ողջոյն Ամենքին». այսպէս կ՚ողջունէր Արա Գօչ իր ընթերցողները ամէն օր։ Արդարեւ Արա Գօչի նրբաճաշակ եւ ազնիւ նկարագրին մէկ արտայայտութիւնն էր այս խօսքը եւ նաեւ՝ անհուն սէրը եւ յարգանքը ընթերցող հասարակութեան համդէպ։

Տարինե՜ր առաջ, երբ հօրս Գրիգոր Գալփաքճեանի յօդուածները կը տանէի, կը յանձնէի տպարան, հոն զիս կը դիմաւորէր Արա Գօչ՝ պատկառելի երեւոյթի մը տակ գորովազեղ արտայայտութեամբ։ Ազնուութեան եւ փափկանկատութեան մարմնացում մը՝ որ միշտ տպաւորած է զիս։ Եւ երբ հօրս Գրիգոր Գալփաքճեանի «Պատուարժան Խմբագրութիւն Ժամանակ Օրաթերթի - Աստ» հասցէագրուած պահարանը՝ որ կը պարփակէր օրուան յօդուածը, սիրով կ՚ընդունէր եւ այդ պահուն ահաւասիկ ես ինքզինքս հպարտ կը զգայի այդպիսի ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալուս համար։ Եւ երբեք չեմ մոռնար Արա Գօչի սիրալիր նայուածքը պահարանը ստացած պահուն։ Եւ ո՜վ գիտէ, թերեւս այդ սիրալիր նայուածքն էր որ այսօր ինծի գրելու եւ հօրս ժառանգը ստանձնելու համարձակութիւնը եւ աւելին՝ քաջութիւնը տուած է։

Դիւրին բան չէ դարաւոր հաստատութեան մը մէջ խօսք ունենալ, գրիչ շարժել, ընթերցողներու հանդէպ պատասխանատուութիւն յանձն առնել։ Արդարեւ, քանի անգամներ երբ կ՚ուզէի գրել տարիներ առաջ, հայրս միշտ կը զգուշացնէր զիս, ըսելով որ գրելը ընթերցողներու հանդէպ ծանր պատասխանատուութիւն մը յանձն առնել կը նշանակէ։

Ուստի պէ՛տք է խոստովանիմ, թէ Արա Գօչի այդ սիրալիր նայուածքը կարեւոր բաժին մը ունեցած է աւանդական ծառայութիւն մը յանձն առնելուս եւ շարունակելու այդ նուիրական ծառայութիւնը հայ գիրին, հայ մամուլին աւանդական ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիրելի եւ հաւատարիմ ընթերցողներուն։

Արդարեւ, սա սորվեցայ թէ՝ գրել չի բաւեր միայն, այլ պէտք է նաեւ ընթերցող ունենալ։ Ուստի, գրիչ եւ ընթերցող իրար կ՚ամբողջացնեն, այդ պատճառով ընթերցողն ալ մամուլի մաս կը կազմէ, ընթերցողն ալ բաժին ունի մամուլի գոյատեւման եւ գոյապահպանման կենսական գործին մէջ։ Եւ այս պատճառով, սիրելի է, յարգելի է ընթերցողը։

Գիտէ՞ք սիրելիներ, մամուլը առանց ընթերցողի, առանց ուսանողի դասարանի մը կը նմանի՝ ուր դասատուն իր պարտականութիւնը չի կրնար կատարել։ Ուսուցումը երկու երեսակ ունի. դասատուն եւ աշակերտը, ուսանողը։ Մամուլն ալ նո՛յնն է. մամուլը իր պարտականութիւնը կատարելու համար պէտք է որ ընթերցող ունենայ, եւ եթէ կ՚ուզենք հայ մամուլին տեւականութիւնը ապահովել, կ՚ուզենք որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը երկար տարիներ շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը, հաւատարիմ ընթերցողներ ըլլանք, հաւատարիմ հայ գիրին, հաւատարիմ հայ մամուլին, հաւատարիմ հարուստ աւանդութեան մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 24, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020