ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ» ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ աշխարհի վրայ որեւէ կեանք, որեւէ էութիւն իր գոյութիւնը կրցած է պահել եւ տեւականացնել աւելի քան դար մը՝ ասիկա կարեւոր դէպք մըն է, եւ կ՚արժէ մինչեւ իսկ ընկերաբանական տեսակէտէ լո՛ւրջ հետազօտութեան եւ գիտական ուսումնասիրութեան մը։ Ասիկա իր յատուկ իմաստով հրաշալի՜ երեւոյթ մըն է։ Ասիկա աւելի եւս հազուադէպ պարագայ մըն է մա՛նաւանդ իր բնականոն ընթացքին մէջ կեանքին, իրավիճակ մը՝ որ պէտք չէ՛ անտեսուի եւ որպէս «տիպար» ընդունուի ողջամիտ եւ խոհեմ միտքերու կողմէ։

Իրաւ է, որ այս հետազօտութիւնը եւ քննութիւնը կը վերաբերի մասնագէտ ընկերաբաններու։

Երեւակայեցէ՛ք սիրելի բարեկամներ, հաւաքական աշխատակցութեան կեանք մը, որուն մէջ կայ միջին հաշուով չորս սերունդ՝ որ նոյն եռանդով, նոյն աշխուժութեամբ, նոյն ոգեւորութեամբ, նոյն խանդով կը շարունակէ իրենց ժառանգուած կեանքը եւ վստահուած կտակը։ Դիւրին բան չէ՛ ասիկա. հաստատակամութիւն, երկայնամտութիւն, հմտութիւն, համբերութիւն եւ մա՛նաւանդ հաւատալիքներու եւ սկզբունքներու հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Եւ անշուշտ որեւէ արժէք պահել եւ տեւականացնել՝ զոհողութիւն, անձնուիրութիւն եւ մինչեւ իսկ անձուրացութիւն կը պահանջէ։

Եւ այս իմաստով՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ճշմարիտ «տիպար» մը եղած է եւ կը շարունակէ օրինակելի ըլլալ։

Աշխարհի վրայ ամէն կեանք՝ անհատական կամ ընկերային, երկար կամ կարճ, ժամանակաշրջան մը ունի։ Կայսրութիւններ, պետութիւններ նոյնիսկ, պատմութեան մէջ որոշ շրջաններ միայն «կեանք» վայելած են։ Ուրեմն, որոշ սահմաններու մէջ համեմատաբար նեղ եւ պզտիկ ընկերակցութեան մը աւելի քան դար մը գոյատեւելը ամենապարզ խօսքով՝ «մեծ գործ» մըն է։

Կրթական մշակներու համընթաց, մամլոյ մշակներուն ալ կարեւոր պարտականութիւն կը վերաբերի մշակոյթին պահպանման եւ զարգացման նուիրական գործին մէջ։ Ուստի կրթական մշակներ կը սորվեցնեն մայրենի լեզուն, իսկ մամլոյ մշակներ՝ կ՚ապրեցնեն մայրենի լեզուն։ Եւ ահաւասիկ, դարաւո՜ր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը լաւագոյն կերպով կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել իրեն յանձնուած այս նուիրական գործը եւ պարտականութիւնը։

Արդարեւ, մշակոյթը՝ լեզուն, գիրը եւ գրականութիւնը պահպանել, տեւականութիւնը եւ զարգացումը ապահովել նուիրական արարք է եւ բարձր տրամադրութիւն, հաստատամտութիւն եւ հաւատալիքներու, սկզբունքներու հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Եւ բոլոր այս առաքինութիւնները արդիւնք են զոհողութեան։ Դարաւոր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այս զոհողութիւններով կրցած է աւելի քան դար մը գոյապահպանուիլ եւ գոյատեւել, ինչ որ պատմութիւնը կը վկայէ։

Ազատութեան ոգեւորութեան մթնոլորտի մը մէջ քայլ սկսած է առնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւ իր ուղին շարունակած է ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան սկզբունքներու հաւատարմութեամբ։

Ընկերութիւն մը, հաւաքականութիւն մը, գոյակցութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ պահել եւ տեւականացնել իր գոյութիւնը։ Պարզ աչքով դիտենք երեւոյթը. ուսուցիչը իր էութիւնը զգացնելու համար ուսանողներու կը կարօտի, բժիշկ մըն ալ ինքզինք կը յայտնէ երբ բժշկութեան պահանջքը ունեցողներ կան, եւ թերթ մըն ալ իր յայտնութիւնը կ՚իրականացնէ երբ ընթերցողներ ունի։ Ո՛չ նիւթականի իմաստով, բայց բարոյապէս մամուլը կը կարօտի ընթերցողներու։

Եւ դո՛ւք սիրելի ընթերցող բարեկամներ. մամուլի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին շատ կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ տեղ մը կը գրաւէք։ Թերթի մը եւ ընթերցողին միջեւ խորհրդաւոր կապ մը կը գտնուի, ո՛չ նիւթական, այլ՝ բարոյական կապ մը։

Մշակոյթը եթէ կ՚ուզենք պահպանել եւ աւելի եւս զարգացնել՝ պէտք է տէր կանգնին լեզուին, գիրին եւ գրականութեան, պէտք է գիտնանք, որ անոր առաջնակարգ ասպարէզը՝ գործունէութեան բնագաւառն է մամո՛ւլը։ Եւ ահաւասի՛կ, այս ուղղութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը պատմական եւ պատուական դեր մը կատարած է իր անընդհատ եւ անընդմիջումով առաքելութեան ոգիով։

Մեր աշխարհը կը նմանի լուսնին. անոր մէկ կողմը լուսաւոր է, եւ միւսը՝ խաւար, անլոյս։ Ուստի, մարդ պէտք է նայի դէպի լոյսին՝ լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան, ի՛նչ որ կարելի է կատարուի մշակոյթի, գիտութեան զարգացումով։ Ուստի, մեր նայուածքը պէտք է ըլլայ դէպի լեզու, դէպի գիր եւ գրականութի՛ւն։ Բայց, դժբախտաբար այսօր լռութիւն կը տիրէ չորս դին՝ հեռո՛ւ լեզուի, գիրի եւ գրականութեան արժէքներէ։ Հայ թերթ կարդացողներու թիւը հետզհետէ կը նուազի. «Հայ թերթին մէջ ի՞նչ կայ որ կարդամ…», ըսողներ հետզհետէ կ՚աւելնան, եւ նոյնիսկ, ո՛րքան ցաւալի է, որ «Հայերէն թերթ կը հրատարակուի՞…», զարմանքով հարցնողներ իսկ կը գտնուին։

Ընկերութեան մը արժէքը կը չափուի մեծ մասամբ իր մշակոյթով՝ արուեստով, լեզուով, գիրով եւ գրականութեամբ։ Եւ իւրաքանչիւր անհատ, որպէս ընկերութեան անդամ, պարտաւոր են եւ պատասխանատո՛ւ մշակոյթին պահպանման եւ զարգացման։ Եւ ուրեմն Հայ թերթին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար իւրաքանչիւր անհատ պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ, եթէ ո՛չ մէկ բան ընելու կարող չի նկատեր ինքզինք, դժուար չէ ամէն օր գնէ Հայ թերթ, հոգ չէ որ չկարդայ, հարկաւ կարդացող մը կը գտնուի՝ ընտանիքի անդամներէն տարեց մը եւ կամ Հայ լեզուին, գիրին եւ գրականութեան տակաւին հաւատարիմ դրացի մը…

Ասիկա, նոր թերութիւն մը չէ, տարիներ առաջ երբ ծանօթի մը առաջարկած էինք որ Հայ թերթ կարդայ, ապշեցուցիչ եւ մեզի պապանձում պատճառող պատասխան մը տուած էր. «Հայ թերթ կարդալու ժամանակ չունիմ, ես զբաղած մարդ եմ, շատ աւելի կարեւոր գործեր ունիմ…»։ Դուք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, դուք ինչպէս կը դիմաւորէիք այս պատասխանը։ Քանի որ կը կարդաք այս տողերը, ապա ուրեմն դուք ալ զարմանքով կը դիմաւորէիք…

Ուրեմն, այս տրամադրութեան մէջ սիրով եւ բարեմաղթանքներով կ՚ողջունենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հաստատման դարաւո՜ր տարեդարձը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 27, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023