ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Թ.)

ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՈՒ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Դժբախտաբար ծնողներ ինչքան ալ փորձեն իրենց մանուկները ամենէն կատարեալ ձեւով դաստիարակել, ակամայ մանուկը ժխտական սովորութիւններ ձեռք կը բերէ, որոնցմէ մէկն է, օրինակ, գողութիւնը: Վստահաբար անոնք մանուկ ըլլալով գողութիւնը ուրիշին վնաս պատճառելու համար չէ որ կը կատարեն, սակայն ծնողքի մը ամենէն կարեւոր պարտաւորութիւններէն մին է այդ վատ սովորութիւնները ծեծի կամ վախի փոխարէն մանկավարժական մօտեցումով վերացնել:

Կը հաւատանք, որ ամէն մանուկ անպայմանօրէն (շատ անգամ անգիտակցաբար) կը կատարէ «անմեղ» գողութիւններ. օրինակի համար, կրնայ այլ մանուկի մը խաղալիքը իր հետ տանիլ ուզել, չհրամցուած քաղցրեղէն մը նոյնիսկ շատ անգամ խանութին մէջ առնել ու երթալ. բաներ՝ որոնք սկզբնական շրջանին կը կատարուին անգիտակցաբար, սակայն առաջքը չառնելու պարագային կրնայ վերածուիլ բնաւորութեան եւ կրնայ դառնալ յաճախակի:

Մանուկի մը գողութեան հիմնական պատճառ կը ներկայանայ հետաքրքրութիւնը. անոնք շատ անգամ իրենց հետ կը վերցնեն առարկաներ, աւելիով ուսումնասիրելու եւ հասկնալու համար: Տակաւին անոնց մօտ կատարելապէս կազմուած չ՚ըլլար սեփականութեան հասկացողութիւնը եւ անոնք, անոնք կը «գողնան» ոչ թէ այդ իրը սեփականացնելու համար, այլ իրենց մէջ եղող հետաքրքրութիւնն է, որ այդ արարքը կատարել կու տայ, որովհետեւ մանուկներու հետաքրքրութիւնը, մանաւանդ 3-6 տարեկաններու ընթացքին շատ սուր կ՚ըլլայ:

Անոնք սեփականութեան հասկացողութիւնը չհասկնալով, շատ անգամ իրենց սեփական խաղալիքներուն «գողցուիլ»ը անգամ այնքան չեն բարձրաձայնէր, ինչքան երբ այդ հասկացողութիւնը ձեռք կը բերեն՝ օրինակի համար, 6-10 տարեկաններու ընթացքին: Իրականութեան մէջ յաճախ մեր ծնողները կը կարծեն, որ սեփականութեան հասկացողութիւնը մանուկին մէջ ինքնաբերաբար կը զարգանայ, սակայն կ՚ուզենք ըսել, որ ծնողքը մեծագոյն առաջնորդն է այդ հասկացողութեան զարգացման. ծնողքն է, որ կը սորվեցնէ մանուկին, թէ ո՛ր առարկան կամ իրը իրն է եւ որը ոչ եւ այդպէս կամաց կամաց մանուկը կը սկսի հասկնալ, թէ այս մէկը կը պատկանի հօրը, իսկ միւսը՝ մօրը եւ այսպէս անոր մէջ կը զարգանայ այդ հասկացողութիւնը:

Չեմ գիտեր ինչքանով համաձայն կ՚ըլլաք, սակայն մանկավարժական ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ շատ անգամ մանուկներ գողութիւն կը կատարեն, պարզապէս մեծահասակներու կողմէ ուշադրութիւն գրաւելու համար: Անոնց համար շատ անգամ բան մը «գողնալ»ը սխալ արարք ըլլալէ անդին որպէս «մեծութիւն» կրնայ նկատուիլ եւ անոնք կը գողնան՝ նոյնիսկ եթէ իրականութեան մէջ կարիքը չունին: Օրինակի համար, իր գրչատուփին մէջ երկու մատիտ ունեցող աշակերտ մը կ՚ուզէ «տիրանալ» իր դասընկերոջ գրիչին ո՛չ թէ անոր համար որ այդ գրիչը աւելի լաւ կը գրէ, այլ պարզապէս որովհետեւ այդ մէկը «իր»ը չէ: Այս մէկը եւս յառաջ կու գայ ուշադրութեան պակասէն, որովհետեւ մանուկը ինքզինք «անտեսուած» զգալով, անտեսուած կը զգայ նաեւ իր ունեցած գրիչը եւ շատ անգամ նոյն գրիչը օգտագործելով հանդերձ իր բարեկամին գրիչը աւելի գրաւիչ կը դառնայ եւ այս մէկը մեր կողմէ յաճախ կը կոչուի «նախանձ»:

Մանուկներու գողութեան այլ ազդակ մը ծնողներն են դժբախտաբար. յաճախ պիտի կրկնենք, որ մանուկը ուշադրութեամբ կը հետեւի ծնողքին կողմէ կատարուած ամէ՛ն արարքի եւ արտասանուած բոլո՛ր արտայայտութիւններուն: Օրինակի համար, եթէ տան մը մէջ հայրը եւ մայրը ժամերով կը խօսին դրամի մասին, յաճախ կը կռուին դրամի համար եւ իրենց կեանքի կեդրոնը դրամը կը դարձնեն, բնականաբար մանուկին համար դրամը պիտի ունենայ տարբեր արժէք՝ քան միւս բոլոր իրերն ու առարկաները: Այդ մթնոլորտի մէջ հասակ առնող մանուկը դրամը տեսնելով, նոյնիսկ իր գիտակցութենէն անդին պիտի հասկնայ անոր կարեւոր ըլլալը եւ ինքնաբերաբար պիտի վերցնէ՝ գուցէ առանց գիտնալու, որ այդ մէկը գողութիւն կը նկատուի: Այս դժբախտ երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ ծնողքը խօսքով բացատրելէ անդին պէտք է լաւապէս ուշադրութիւն դարձնէ իր բոլոր արարքներուն ու խօսքերուն, որովհետեւ ինչպէս ըսինք ու յաճախ պիտի ըսենք, մանուկը հայելին է ծնողքին. պայման չէ հայրը եւ կամ մայրը գող ըլլան, որպէսզի մանուկը գող ըլլայ. անոնց խօսքերն ու ապրելակերպը շատ անգամ օրինակի չափ համազօր կը դառնայ եւ անոց կեանքին վրայ մեր սպասածէն շատ աւելի ազդեցութիւն կ՚ունենայ:

Մանուկներու անմեղ գողութեան մէկ այլ ազդակը «պէտք»ի զգացումն է. օրինակի համար, անօթի մանուկ մը չունի հասունութիւնը հարցնելու, թէ սեղանին վրայ դրուած տուրմը որո՞ւ կը պատկանի եւ երբ զգայ անօթութիւն, ինքնաբերաբար պիտի վերցնէ ինչ որ տեսնէ՝ առանց մտածելու, թէ կրնայ ուրիշի բաժինը ըլլալ: Մարդկային ու բնական այս երեւոյթը սակայն դարձեալ կը կարօտի ծնողքի ուշադրութեան, որովհետեւ անմեղ նկատուած այս արարքները յաճախակի դառնալով կրնան վատ բնաւորութեան եւ սովորութեան մը սկիզբ դնել մանուկին մէջ:

Վերջին եւ ամենէն կարեւոր ազդակը, որուն մասին պիտի խօսինք, համեմատութեան զգացումն է. այս մէկը աւելի ի յայտ կը սկսի գալ 6-10 տարեկան մանուկներուն մօտ, որոնք նախկիններէն շատ աւելի գիտակից «նախանձ»ի շուքին տակ համեմատութեան տագնապի շրջանէ մը կ՚անցնին: Ի տարբերութիւն վերը յիշուածներուն, հիմնական մեղաւորները այս պարագային ծնողն է. խօսինք օրինակներով. պատկերացուցէք երկու հասակակից մանուկներ. առաջինին մայրը իր զաւակին հեծանիւ կը նուիրէ, ինչ որ հպարտութիւն կը դառնայ մանուկին համար եւ փողոցին մէջ հաճոյքով քշելու կը սկսի: Բնականաբար երկրորդ մանուկը՝ որ չունի հեծանիւ, պիտի փափաքի հատ մը ունենալ եւ իր ու միւս մանուկին միջեւ իր հոգեկան աշխարհին մէջ ստեղծուած համեմատութեան պայքարը զինք կրնայ առաջնորդել գողութեան: Ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ ծնողներ (դժբախտաբար յաճախ նիւթական անբաւարարութեան պատճառով) կ՚անտեսեն մանուկներուն մէջ ստեղծուող այս վէրքը. չնկատելով այդ վէրքը կը խորանայ, որովհետեւ մանուկը կը նկատէ իր հասակակիցին մօտ կատարուող ամէն փոփոխութիւն՝ նոր հագուստէն, նոր կօշիկէն սկսեալ մինչեւ նոր խաղալիքներ ունենալը եւ այդ մէկը կ՚ընկալէ որպէս «սիրուած ըլլալ». կը հաւատայ, թէ իր հասակակիցին ծնողը այդ բոլորը կ՚ընէ՝ որովհետեւ կը սիրէ իր զաւակը, սակայն իր ծնողքը չ՚ըներ՝ որովհետեւ չի սիրեր զինք. պէտք է նկատի ունենալ, որ անոնք տակաւին դրամական ու տնտեսական վիճակի գիտութիւնը այնքան ալ չունին եւ իրենց այնքան չի հետաքրքրեր մօրը դրամապանակին մէջ ինչքան գումար ըլլալը՝ ինչքան նոր հեծանիւը եւ կամ խաղալիքը՝ նոյնիսկ եթէ աննշմար սակագին մը ունենայ ան:

Գողութեան երեւոյթը ծնողներուն համար պէտք է մեծագոյն առիթ ըլլայ ճիշդի եւ սխալի դաստիարակութիւնը տալու համար, ինչ որ ո՛չ ծեծով եւ ո՛չ ալ գաւազանով կը կատարուի:

Վերոյիշեալ բացատրութիւններուն մէջ անդրադարձանք, թէ ծնողներ ինչ կրնան ընել գողութեան սովորութիւնը կանխելու համար, սակայն դարձեալ մի քանի կէտերով խօսինք անոնց համար: Այդ արարքը կանխելու առաջնահերթ ձեւերէն մին երկխօսութիւնն է մանուկին հետ. ծնողքը պէտք է թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով մանուկին ցոյց տայ ու համոզէ, որ պատրաստ են իր բոլոր կարիքներն ու պէտքերը հոգալ եւ գողնալու փոխարէն բաւարար է, որ մանուկը իր կարիքներն ու փափաքները յայտնէ ծնողքին: Այս մէկը կատարելու ժամանակ պէտք է անոնք նաեւ բացատրեն, որ ամէն պահանջք անոնք չեն կրնան կատարել, բացատրելով որ հայրիկը կ՚աշխատի, գումար կը բերէ եւ այդ գումարով հետեւեալ կարիքները կը հոգան: Ծնողքը մանուկին դիմաց դրամի մասին շատ խօսելէ եւ դրամասէր վարուելակերպ ունենալէ պէտք է խուսափի, սակայն միեւնոյն ժամանակ սկսի անոր սորվեցնել դրամին ինչ ըլլալը:

Ծնողքը պէտք է սորվեցնէ, որ գողութիւն կատարելով ինչպիսի վնասներ կրնայ պատճառել իր հասակակիցներուն եւ կամ ուրիշներուն. անոր բացայայտումով ինչպիսի ժխտական դիմագիծ մը կ՚ունենայ անոնց դիմաց: Մանուկը պէտք է գիտակցի, որ ինչպէս ինք չ՚ուզեր ուրիշը իր խաղալիքները գողնայ, նոյնը ինք պէտք է ընէ ուրիշներուն:

Պէտք է խուսափիլ գողութեան մասին դաստիարակութիւնը «հոգեւոր» արժէքներու սխալ ուսուցում կատարելով բացատրելէ. մեր հայ մայրերուն մօտ «Աստուած պապան քար պիտի նետէ»ի հասկացողութիւնը մանուկին մէջ ո՛չ թէ գողութեան երեւոյթը սրբագրելու, այլ Աստուծոյ հանդէպ վախ մը ունենալու կ՚առաջնորդէ եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ շատ անգամ մանուկներ կը վախնան եկեղեցականներէ՝ մտածելով որ անոնք պատժողներ են: «Աստուած պապան կրակին մէջ պիտի նետէ» ըսելը եւ վախի ազդեցութեամբ բան մը սորվեցնել փորձելը պարզապէս ջուրին հակառակ նաւարկելու կը նմանի, որ ո՛չ մէկ դրական հետեւանք կրնայ ունենալ:

Շատ անգամ մանուկը իր գողութիւնը ծածուկ կը կատարէ. օրինակի համար, ընկերներուն գրիչը իր պայուսակը կը դնէ եւ անոր մասին իր ծնողքին բան մը չ՚ըսեր. մօր մը պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է լաւապէս հսկել երեխային, ըլլալ արթուն եւ ստուգել պայուսակը, գրպանները եւ բան մը գտնելու պարագային հարցաքննել՝ դարձեալ առանց բռնութեան: Անոնք շատ անգամ վախի ազդեցութեան տակ կրնան սուտի դիմել, ըսելով որ բարեկամը տուաւ, սակայն մայր մը պէտք է հետապնդէ եւ ստուգէ: Շատ անգամ մայրեր «աման արժէքը ինչ է» ըսելով կ՚անտեսեն երեւոյթը, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ խնդիրը մատիտին արժէքը չէ. նոյնիսկ եթէ աննշմար կոպեկներ ըլլան, հիմնականին մէջ խնդիրը երեւոյթն է եւ ոչ թէ «աւար»ին նիւթական արժէքը:

Դժբախտաբար ականատես կ՚ըլլամ, որ մայրեր առանց նկատելու յաճախ կը խրախուսեն իրենց զաւակներուն գողութիւնը հետեւեալ ձեւով. օրինակի համար, մանուկը գրիչ մը կը գողնայ եւ դասընկերներէն մէկուն մայրը կը յայտնէ, թէ «զաւակդ տղուս գրիչը առած է». մայրը փոխանակ դաստիարակութեան դիմելու՝ կ՚ըսէ. «արժէքը ինչ է, տեղը տասը հատ կու տամ կը վերջանայ»։ Մայրը այստեղ չի նկատեր, որ խնդիրը մատիտին արժէքէն աւելի զաւակին ձեռք բերած սովորութիւնն է, որ մի քանի մատիտով չի լուծուի: Մանուկը մօրը անտարբերութիւնը տեսնելով վստահ եղէք, որ իր արարքին մէջ ոչ մէկ սրբագրութիւն կը կատարէ:

Վերջապէս պէտք է մանուկը գնահատել սորվիլ. մանուկը անգիտակցաբար ատակ է ընելու ամէն այն բաները՝ որոնք մօրը եւ հօրը գնահատանքին կ՚արժանանան։ Հետեւաբար անոնց մօտ վարձատրուելու սովորութիւնը սերմանեցէք, որպէսզի ան աւելիով հասկնայ, թէ ի՛նչ բանը դրական եւ ինչ բանը ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -380-

Դժբախտաբար Լիբանանի դպրոցները ուսման մակարդակին կողքին իրարու հետ կը մրցին հարուստի եւ աղքատի համեմատականով. բոլորը գիտեն, որ այս դպրոցը հարուստներուն, իսկ միւսը աղքատներուն է։ Հակառակ այս իրողութեան յաճախ, աղքատներ ամէն ջանք կ՚ընեն իրենց զաւակները այս հարուստներու դպրոց ընդունիլ տալու համար։

Այժմ իրական դէպք մը։

Աղքատ ընտանիքի զաւակը ամէն օր իր հետ դպրոց կը տանի պանիր, ծոթրին եւ այլն, որպէսզի ուտէ, մինչ իր դասընկերները հարուստի զաւակ ըլլալով ի վիճակի կ՚ըլլան դպրոցի մէջի կրպակէն համով ուտելիքներ գնել։ Այս երեւոյթը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մանուկը շատ անգամ ամչնայ իր պանիր հացը ուտելու։

Այս խտրութիւնը իր մէջ վէրքի կը վերածուի եւ ժամանակ մը ետք մանուկը իր հօր դրամապանակէն կը սկսի գումար «գողնալ», որպէսզի ինք եւս կարենայ կրպակէն գնում կատարել։

Օր մըն ալ առանց նկատելու եւ հասկնալու մեծ թղթադրամ մը կը «գողնայ», ինչ որ դպրոցի պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ ծնողքին կը տեղեկացնեն։

Հիմա մեղաւորը ո՞վ է. մանո՞ւկը թէ ծնողքը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023