ԵՐԿԻՆՔԸ ԵՒ ԵՐԿԻՐԸ

Առաքեալներուն հանգանակը կը դաւանի թէ Աստուած «Արարիչն է երկինքի եւ երկրի, իսկ Նիկիոյ-Կ. Պոլսոյ հանգանակը կը բացայայտէ «տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր էակները»։

Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «երկինք եւ երկիր» ասոյթը կը նշանակէ ինչ որ գոյութիւն ունի. ամբո՛ղջ արարչութիւնը։ Արարչութենէն ներս Աստուածաշունչը կը մատնանշէ նաեւ այն զօդը, որ երկինքը եւ երկիրը իրարու կը միացնէ եւ միանգամայն կը զատորոշէ «երկիր»ը՝ աշխարհն է մարդոց։ Իսկ «երկինքը» կամ «երկինքները»՝ կրնան մատնանշել երկնակամարը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ յատուկ «վայրը»՝ «Հայր մեր որ երկինքն ես» (ՄԱՏԹ. Ե 16) եւ հետեւաբար արքայութիւնը, որ կատարածնային փառքն է։

Վերջապէս «երկինք» բառը կը մատնանշէ Աստուծոյ շուրջ գտնուող հոգեւոր արարածներուն (հրեշտակներուն) «վայրը»։

Արդարեւ, Աստուած ժամանակներուն սկիզբէն իսկ՝ ոչինչէն միատեղ ստեղծեց հոգեւոր եւ մարմնաւոր արարածները, այսինքն հրեշտակները եւ երկրային աշխարհը, յետոյ մարդ արարածը, որ կը բաղկանայ երկուքէն, քանի որ կազմուած է հոգիէ եւ մարմինէ։

Ոչ-մարմնաւոր այլ հոգեւոր էակներու գոյութիւնը, զորս Աստուածաշունչը սովորաբար «հրեշտակ» կ՚անուանէ, հաւատքի ճշմարտութիւնն է։ Այս մասին Աստուածաշունչին վկայութիւնը նոյնքան յստակ է որքան Աւանդութեան միաձայնութիւնը։

Սուրբ Օգոստինոս հրեշտակներու մասին սապէս կ՚ըսէ. «Հրեշտակ բառը կ՚արտայայտէ պաշտօնը եւ ո՛չ թէ բնութիւնը.- Հոգի՛։ Կը հարցնես պաշտօ՞նը։ -Հրեշտա՛կ։ Ըստ իր էութեան, ան հոգի մըն է, ըստ իր պաշտօնին՝ հրեշտակ մը»։ Ուստի, իրենց ամբողջ էութեամբ, հրեշտակները Աստուծոյ «սպասաւորներ»ն եւ «պատգամաւորներ»ն են։ Քանի որ անոնք «միշտ կը տեսնեն Երկնաւոր Հօր դէմքը» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 10). անոնք պաշտօնեաներն են Անոր խօսքին, ուշադիր են Անոր խօսքին հնչումին (ՍԱՂՄ. ՃԲ 20)։

Զուտ «հոգեւոր» արարծներ ըլլալով, հրեշտակները ունին իմացականութիւն եւ կամք, անոնք արարածներ են անձնաւոր եւ անմա՛հ։

Կատարելութեամբ հրեշտակները կը գերազանցեն տեսանելի բոլոր արարածները։ Արդարեւ, անոնց փառքին փայլը ասոր բացայայտ ապացոյցն է։ (ԴԱՆ. Ժ 9-12)։

Արդարեւ, Քրիստոս կեդրո՛նն է հրեշտակային ամբողջ աշխարհին։ Անոնք Ի՛ր հրեշտակներն են. «Մարդու Որդին երբ գայ Իր փառքով Իր բոլոր հրեշտակներուն հետ…», (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31)։ Հրեշտակները Իրենն են, քանի որ անոնք ստեղծուած են «Իրմով» եւ «Իրեն» համար։

«Որովհետեւ Աստուած անով ստեղծեց ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, երեւելի եւ աներեւոյթ, որոնց կարգին են՝ ոգեղէն աշխարհի գահակալները եւ տէրութիւնները, պետութիւնները եւ իշխանութիւնները։ Անոր ձեռքով եւ անոր համար ստեղծուեցաւ ամէն բան», (ԿՈՂ. Ա 16)։

Անոնք առաւել եւս Իրենն են, որովհետեւ Ի՛նք զանոնք փրկութեան Իր ծրագրին պատգամաւորներ ըրաւ։

«Չէ՞ որ աշակերտները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին ծառայելու -օգնելու- համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն», (ԵԲՐ. Ա 14)։

Հրեշտակները կա՛ն արարչագործութեան սկիզբէն սկսեալ եւ փրկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին։ Անոնք մօտէն կամ հեռուէն կ՚աւետեն այս փրկութիւնը եւ կը ծառայեն աստուածային ԾՐԱԳՐԻՆ իրականացումին։

Մէջբերելու համար միայն մի քանի օրինակներ, անոնք կը փակեն երկրային դրախտը (ԾՆՆԴ. Գ 24), կը պաշտպանեն Ղովտը (ԾՆՆԴ. ԺԹ), կը փրկեն Ագարը եւ անոր զաւակը (ԾՆՆԴ. ԻԱ 17), կը կեցնեն Աբրահամի ձեռքը (ԾՆՆԴ. ԻԲ 11)։ Օրէնքը անոնց պաշտօնատարութեամբ հաղորդուած է, անոնք կ՚առաջնորդեն Աստուծոյ ժողովուրդին, անոնք կ՚աւետեն ծնունդ. (ԴԱՏ. ԺԳ) եւ կոչում (ԴԱՏ. Զ 11-24) եւ (ԵՍ. Զ 6)։ Անոնք կ՚օգնեն մարգարէներուն։ Վերջապէս Գաբրիէլ հրեշտակն է, որ կ՚աւետէ Յովհաննու Կարապետին եւ Յիսուսի ծնունդը. (ՂՈՒԿ. Ա 11,26)։

Մարդեղութենէն մինչեւ Համբարձում, Բանին կեանքը շրջապատուած է հրեշտակներուն երկրպագութեամբ եւ սպասարկումով։ Երբ Աստուած «Անդրանիկը կը մտցնէ աշխարհ, կ՚ըսէ.- Թող բոլոր հրեշտակները երկրպագութիւն ընեն Անոր», (ԵԲՐ. Ա 6)։

Քրիստոսի ծննդեան առիթով, անոնց բարձրացուցած գովաբանութեան երգը չդադրեցաւ հնչելէ Եկեղեցւոյ գովաբանութեան մէջ. «Փառք… Աստուծոյ…» (ՂՈՒԿ. Բ 14)։ Հրեշտակները կը պաշտպանեն Յիսուսի մանկութիւնը, եւ կը ծառայեն Անոր անապատին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ա 20. Բ 13, 19) եւ (ՄԱՐ. Ա 13), (ՄԱՏԹ. Դ 11)։ Հրեշտակները կը զօրացնեն զԻնք հոգեվարքին ատեն. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-46), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 32-42) եւ յատկապէս. (ՂՈՒԿ. ԻԲ 43)։

Ան նոյնիսկ կարող էր հրեշտակներու օգնութեամբ ազատիլ թշնամիներուն ձեռքէն։

Դարձեալ հրեշտակներն են, որ կ՚աւետարանեն եւ կ՚աւետեն Մարդեղութեան եւ Քրիստոսի Յարութեան Բարի լուրը։ Անոնք ներկայ պիտի ըլլան Քրիստոսի գալուստին, զոր պիտի աւետեն սպասարկելով Անոր դատաստանին։

Մինչ այդ Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքը կը վայելէ հրեշտակներուն խորհրդաւոր եւ հզօր օգնութիւնը։ Իր ծիսակատարումին մէջ, Եկեղեցին հրեշտակներուն կը միայնայ պաշտելու համար երիցս Սուրբ Աստուածը, կը հայցէ անոնց օգնութիւնը։ Յատուկ յիշատակում կը կատարուի նաեւ կարգ մը հրեշտակներուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 26, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018