ՄԱՐԴԸ ԱՓԻ ՄԷՋ

Մեր թուականէն 59 տարիներ առաջ՝ 1963 թուականին Պարոյր Սեւակ Երեւանի մէջ հրատարակեց իր «Մարդը ափի մէջ» աշխատութիւնը. այդ ժամանակաշրջանին «մարդը ափի մէջ» էր, որովհետեւ գտնուելով Սովետական Միութեան իշխանութեան տակ կար որոշ սահմանափակումներ՝ կրօնքի, հայրենասիրութեան եւ կարգ մը այլ արժէքներու, որոնք բնականաբար մարդոց մօտ «ազատ» ըլլալու համոզումը տալով հանդերձ բանտուած ըլլալու զգացում մը կը ստեղծէին:

Սակայն այսօր, Սովետական Միութենէն տարիներ ետք կը տեսնեմ ընկերութիւն մը՝ «Մարդը ափի մէջ»ի տրամաբանութեամբ, այն տարօրինակութեամբ, որ այս անգամ ո՛չ թէ ուրիշին՝ այլ սեփական ձեռքերուն մէջ բանտուած:

Յաճախ կը մտածեմ. կրնա՞յ ըլլալ Պարոյր Սեւակ գուշակած ըլլար, որ ապագային գործիք մը պիտի ստեղծուէր եւ տրուէր մարդոց ձեռքը՝ որուն գերին պիտի դառնային բոլորը անխտի՛ր:

«Մարդը ափի մէջ»ի վիճակ մը ունինք այսօր, որովհետեւ մեր կեանքը իրական գետնի վրայ ըլլալէ աւելի այդտե՛ղ՝ մեր ափերուն մէջ է, այնքանով՝ որ մեր սեփական կեանքին չափ եւ քիչ մըն ալ աւելի կը կարեւորենք:

Մարդկութիւնը յաջողեցաւ գրեթէ ամէ՛ն բան բանտել այդտեղ. ապրուած սէրերը այդտեղ են. հո՛ն են նաեւ բաժանումներն ու ցաւերը. այդտեղ են ուրախութիւնները, մեր ընտանիքները, ընկերներն ու հարազատները, այնքանով՝ որ հարազատ մայր մը շատ անգամ իր զաւակը իր ափերուն մէջէն աւելիով կը յաջողի տեսնել՝ քան իր հարազատ աչքերով: Ժամանակը յաջողեցաւ այդտեղ տանիլ նաեւ գողութիւնը, մուրացկանութիւնը, պոռնիկութիւնը, ողորմութիւնը, աղօթքը, պատարագները ու գրեթէ ամէ՛ն բան՝ ինչ որ մեր կեանքին մէջ կարելի է ունենալ:

Սակայն կար պակաս մը, որ բարեբախտաբար հայ նուիրեալներ հասան այդ բացը գոցելու եւ ափի մէջ գտնուող մարդուն տուին «երանելի՜» այս առիթը. մի քանի օրեր առաջ մեծահասակ հայուհի մը համացանցի վրայ հետեւեալ յայտարարութիւնը կը տարածէ.

«Մասնագիտականօրէն կը նայիմ սուրճի գաւաթ, կը կարդամ ձեռքի բախտ. բաժնուած զոյգերը կը միացնեմ, կատարուած թուղթ ու գիրերը կը քանդեմ եւ պահանջել հարկին կը պատրաստեմ» եւ իր անզուգական ծառայութեան որպէս փաստ կը ներկայացնէ յաճախորդներէն մէկուն շնորհակալութեան նամակը. «շա՜տ շատ շնորհակալ եմ, արդէն իսկ տաս օրէ ամուսինս ամբողջութեամբ փոխուած է... իրապէս շնորհակալ եմ...»:

Սմբատ Սպարապետ՝ 13-րդ դարու յայտնի պատմիչ, իրաւագէտ ու բանաստեղծ, 1265 թուականին իր հեղինակած 202 յօդուածներէ կազմուած «Դատաստանագիրք» օրէնքներու ժողովածու աշխատութեան 100-րդ օրէնքին մարդու եւ կնոջ ամուսնալուծութեան համար երկու պատճառ կը նշէ. «որ զայս պատճառնիս ունենան՝ բոզութիւն կամ կախարդութիւն». այլ խօսքով իրաւագէտը բոզութիւնն ու կախարդութեամբ զբաղուիլը իրարու հաւասար ու համարժէք կը նկատէ:

Հայոց մէջ կախարդութեան, բախտի եւ թուղթ ու գիրի հետաքրքրութիւնը վերջին տասնամեակին պատկանող բան մը չէ. աւելի քան մի քանի տասնեակ դարեր առաջ ապրած հայրապետներու ճառերէն իսկ կարելի է ենթադրել հայ ժողովուրդին կապուածութիւնը նման բաներու հանդէպ. նոյնիսկ մեծ փիլիսոփայ Դաւիթ Անյաղթ իր «Սահմանք եւ տրամատութիւնք նմաստասիրութեան» աշխատութեան 12-րդ գլխուն մէջ խօսելով կախարդութեան եւ բախտագուշակութեան մասին կ՚ըսէ. «Իսկ չարարուեստութիւն է կախարդութիւն եւ դիւթութիւն, որ ոչ միայն ոչ աւգտեցուցանեն զկենցաղս, այլ եւ վնասեն»։

Որոշ ժամանակ պոլսահայութեան մօտ եւս լուրջ խնդիր մըն էր կախարդներու գոյութիւնն ու անոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալու նիւթը։ Պոլսահայ թերթերու մէջ կարելի է հանդիպիլ շատ մը գրութիւններու եւ քննադատութիւններու այս նիւթին կապակցութեամբ. անոնցմէ մէկն է օրինակ Միքայէլ Նալպանտեանի «Հրաշափառ խայտառակութիւն» խորագրեալ յօդուածը՝ գրուած ի պատասխան Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Երեւակ» հանդէսի 85-րդ թիւին մէջ լոյս տեսած Պ. Չամուռճեանի յօդուածին:

Կասկածէ վեր է, որ ամէն մարդ իր կեանքին մէջ գրեթէ մէկ անգամ ուզած է ապագան «գիտնալ» եւ թափանցել անոր անծանօթ ծալքերը եւ վստահաբար գիտնալու կողքին ունեցած է նաեւ փափաքներ ու երազներ՝ կապուած ապագային, սակայն մեծամասնութեան մօտ այդ բոլորը մնացած են պարզապէս «փափաք»: Սակայն կան ուրիշներ, որոնք փափաքէ մը անդին անցնելով կ՚ուզեն իրապէս ձեռք ձգել այդ մէկը եւ կը դիմեն գուշակներու եւ կախարդներու:

Մեր կարծիքով՝ կախարդի, թուղթ ու գիրի եւ գուշակներու կը դիմեն հետեւեալ մարդիկ՝ անինքնավստահներ ու վախկոտներ.- ինքնավստահ մարդը կ՚երազէ եւ իր կեանքին մէջ որոշ նպատակ մը կը գծէ եւ ամբողջ կեանք մը՝ նոյնիսկ ձախողութեան գնով կը պայքարի այդ մէկը կեանքի կոչելու, սակայն անինքնավստահները շրջապատի կողքին չվստահելով նաեւ իրենք իրենց անձին, կ՚ուզեն անպայմանօրէն գիտնալ ապագան, որովհետեւ ապագան կը վախցնէ զիրենք: Ինքնավստահ մարդը պէտք է գիտնայ, որ իր ապագան իր ներկան է, իր այսօրն է, որովհետեւ այդ ներկային եւ այսօրին վրայ է, որ պիտի կառուցուի ապագան: Այդ ապագան օդէն եկող իրողութիւն մը չէ, այլ շարունակութիւնն է մեր այսօրուան շղթային եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր քայլափոխ փաստօրէն անծանօթ, սակայն նպատակասլաց մարդուն համար դէպի ապագայ ինքնավստահ տանող ճամբան է:

Մեծագոյն գուշակութիւնը մարդ իր կեանքին մէջ կրնայ ընել վստահելով իր անձին, վստահելով երազներուն, որովհետեւ կանխատեսուած որեւէ ապագայ վարկեանուան մը մէջ կարելի է քանդել:

***

Զարմանալի է, որ մէկ տարի առաջ Հայաստանի ամենէն յայտնի ապագայ տեսնող գուշակներէն մին իր տան մէջ սպաննուեցաւ... փաստօրէն այդքան ալ լաւ տեսնելու առիթը չէր ունեցած:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -106-

Տակաւին նոր՝ առաջին անգամ Հայաստան եկած էին ընտանեօք՝ 1999 թուականին. օր մը փողոցին մէջ արտասովոր իրարանցում մը ստեղծուեցաւ: Դրացիներէն մէկը մօտեցաւ եւ իմաց տուաւ, որ «լաւ» գուշակ մը պիտի գայ կէս ժամէն եւ անոնք որոնք կը ցանկան ապագան տեսնել, կրնան իրենց տունը հրաւիրել:

Լիբանանի մէջ այդքան ալ բնական չեղող այդ եղելութիւնը տեսնելով մերոնք մերժեցին, սակայն դրացիները պնդեցին, որ «կեանքի մէջ մէկ անգամ պէտք է փորձել». հակառակ նման բաներու հանդէպ մեր ունեցած սնահաւատութեան, դրացիները կինը մեր տունը բերին: Գուշակութիւնը սկիզբ առաւ մեծ մայրիկէս:

Գուշակը նայելով մեծ մօրս հետեւեալը ըսաւ. «Քու դրամապանակիդ մէջ փայտէ խաչ մը կայ՝ աւելի քան 15-20 տարի. այդ խաչը քեզ կեանքիդ ընթացքին շատ փրկած ու օրհնութիւն եղած է»: Դրացիներէն ոչ ոք տեղեակ էր խաչին մասին. գուշակը գիտէր նոյնիսկ, թէ ուր պահուած է. զարմացանք:

Կարգը հասաւ մօրս. գուշակութիւնը հետեւեալն էր. «դուն ունիս երեք զաւակ. երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ. մեծ տղան դժուարութիւններ պիտի ունենայ (այդ ժամանակ եղբայրս 10 տարեկան էր. 14 տարեկանին անոր մօտ ի յայտ եկաւ անբուժելի հիւանդութիւն մը): Միւս տղան (այսինքն՝ ես) լաւ անուն մը պիտի ունենայ, իսկ աղջիկդ՝ լաւ ապագայ»:

Ականջի տակով լսելով ղրկեցինք զինք, մինչեւ օրս մտածելով, թէ ինչպէ՞ս կրցաւ գիտնալ մեծ մօրս դրամապանակին մէկ անկիւնը պահուած խաչին մասին՝ երբ մենք՝ թոռնիկներս անգամ չէինք գիտեր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022