ՉՔԱՒՈՐԻՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուած մարդոց նկատմամբ մի՛շտ արդար է. ունեւորին եւ չքաւորին հաւասարապէս բաժնած է նոյն աչքերը, նոյն ձեռքերը եւ նոյն ոտքերը։ Արդարեւ, բոլորն ալ կը վայելեն արեւը, օդը, անձրեւը եւ բոլոր մարդիկ, անխտիր, յառաջ եկած են նոյն հողէն եւ Ադամէն։

Բոլորին համար կայ միայն մէկ մկրտութիւն, մէկ շնորհք, մէկ մարմին եւ արիւն Քրիստոսի. բոլորին համար կայ մէկ երկինք եւ մէկ տիեզերական նիւթ։ Ահաւասիկ, ասոնք են Աստուծոյ անհուն բարիքները, որոնք Ան հաւասարապէս եւ արդար կերպով տուաւ թէ՛ աղքատին եւ թէ զօրաւորին, թէ՛ չքաւորին եւ թէ ունեւորին։ Չէ՞ որ առողջութիւն պէտք է թէ՛ ունեւորին եւ թէ չքաւորին։

Ուրեմն Աստուած ի՞նչ բանէ զրկեց մարդը եւ կողմնակալութիւն ըրաւ ի նպաստ զօրաւորին եւ ունեւորին։ Այնուհետեւ, յաճախ կ՚ըսեն մարդիկ. «Ուրկէ՞ է զօրաւորին զօրութիւնը, ունեւորին հարստութիւնը…»։ Սա պէտք է գիտցուի, որ Աստուած չէ՛ որ անոնց բերաւ, ցոյց տուաւ կամ շնորհեց այդ զօրութիւնը կամ հարստութիւնը եւ ոմանք զրկեց, ոմանց զօրութիւնը կամ հարստութիւնը գոյացաւ ագահութեամբ, ոմանցը յարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքով, իսկ ուրիշներունը՝ հօրենական արդար ժառանգութեամբ։ Արդարեւ, զօրութիւնն ալ, տկարութիւնն ալ, չքաւորութիւնն ալ, ունեւորութիւնն ալ, աղքատութիւնն ալ, հարստութիւնն ալ պատուական են, քանի որ բոլորն ալ մարդուս «մարդ» ըլլալուն բնական հետեւանքներն են։ Անոնք ընկերային կեանքին ստացական վիճակներն են։ Անոնք բոլորն ալ մա՛րդ են…

Այլապէս, կարեւորը, իրերօգնութեան գիտակցութիւնն է, քանի որ մարդուն առաջնակարգ կոչումը ա՛յդ է։

Աստուած մարդիկը ստեղծեց զանազան յատկութիւններով եւ կարողութիւններով, որպէսզի իրարու օգնեն, զիրար ամբողջացնեն եւ միատեղ ապրելու բարիքները միասին վայելեն։ Ուստի «մինակ» մարդը որքան ալ զօրաւոր կարծէ ինքզինք՝ տկա՛ր է եւ որչափ հարուստ ըլլայ՝ աղքատ է։ Մարդ միասին ու միատեղ հարուստ է եւ զօրաւո՛ր։ Այս իմաստով, մարդիկ իրարու համար ստեղծուած են։ Մարդը՝ մարդով «մարդ» է…

Ապա ուրեմն, ինչո՞ւ տխրի տկարը, չքաւորը եւ աղքատը, երբ ապահով է, անհոգ է, հանդարտութեան եւ խաղաղութեան մէջ կրնայ դիւրաւ եւ քիչ բանով գոհացնել իր մարմնական-ֆիզիքական կարիքները։

Ունեւորներուն ճաշը եւ ընթրիքը դժուար կը պատրաստուի եւ իրենց ուրախութիւնները լեցուն են մտահոգութիւններով։ «Մեծ» հոգիներու հոգերն ալ մեծ կ՚ըլլան։ Այս ուղղութեամբ, հարուստին եւ զօրաւորին մտահոգութիւնը եւ տխրութիւնը աւելի են՝ քան աղքատինը եւ տկարինը։ Աղքատը աւելի հանգիստ է եւ ուրախ՝ քան հարուստը։ Ցեցը իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէ վա՛խ պատճառելով հարուստներուն։ Իսկ չքաւորը այսպիսի վախ մը չունի, քանի որ ո՛չինչ ունի…

Ո՞վ կրնայ նկարագրել երկնքի անանցանելի բարութիւններու հարստութիւնը եւ արքայական զօրութիւնը։ Արդարեւ, երկնքի բարութիւններու հարստութիւնը արգե՛լք է երկրային հարստութեան։ Իսկ արքայական զօրութիւնը արգե՛լք է աշխարհային զօրութեան։ Եւ ուրեմն, չքաւորը եւ ունեւորը, տկարը եւ զօրաւորը, աղքատը եւ հարուստը պարտաւո՛ր են միասին ապրելու եւ իրարու օգնելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2023