ԽՕՍՔԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԳԱՂԱՓԱ՛Ր ԵՆ
Իրապէ՛ս, երբեմն խօսքեր կան՝ որ ամբողջ գաղափար մը կը յայտնեն, եւ ուղեցոյց կ՚ըլլան մարդկութեան։ Խօսքեր կան՝ որոնց մասին գիրքերով ուսումնասիրութիւններ կ՚արժէ կատարել։ Ուրեմն կը շարունակենք պատմական-մշտանորոգ խօսքերէ նմոյշներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
1- «Պէտք է միւս կողմն ալ լսել», իրաւաբանական առած, որ կը նշանակէ՝ կարելի չէ վճիռ արձակել միայն մէկ կողմի խօսքերուն հիման վրայ, ուստի անհրաժեշտ է հակառակ կողմն ալ լսել։ «Audiatur et altera pars»։
2- «Կամ Կեսար ըլլալ, կամ ո՛չինչ»։ Այն մարդոց համար կ՚ըսուի, որ չեն բաւականանար միջակ կամ չափաւոր դրութեամբ, այլ կը ձգտին բարձրագոյնին։ Կ՚ըսուի նաեւ՝ «կամ բոլորը կամ ո՛չինչ»։ «Aut Caesar, aut nihil»։
3- «Ճաշակներու մասին կարելի չէ վիճիլ»։ Կը նշանակէ՝ ամէն մարդ ազատ է մտածել կամ գործել ըստ իր հաճոյքին կամ ճաշակին։ Միջին դարու «դպրոցական»-«scolastique» ժամանակներու գաղափար։ «De gustibus non est dispulandum»։
4- «Բաժնէ՝ որ տիրես»։ «Divide et imperes»։
5- «Օգտագործէ՛ օրը»։ «Carpe diem»։ Ովրատիոսի խօսքը՝ թէ կեանքը կարճ է եւ պէտք է աճապարել։
6- «Քաղցր է եւ գեղեցիկ՝ մեռնիլ հայրենիքի համար»։ Վիրգիլիոսի խօսքը։ «Dulce et decorum est pro patria mort»։
7- «Օրէնքը կարծր է, բայց օրէ՛նք է»։ «Dura lex, sed lex»։ Օրէնքը դժուարատար է երբեմն մարդուս համար, բայց պարտաւո՛ր է անոր ենթարկուիլ։
8- «Որուն երկիրը՝ անոր եւ հաւատը». մարդ ընդհանրապէս այն կրօնը կ՚ընդունի՝ որ իր ապրած երկրին մէջ կը տիրէ։ «Cujus regio, ejus religio»։
9- «Մեռածներու մասին՝ բացի լացէն ո՛չինչ»։ «De mortuis nil nisi bene»։
10- «Մեռածներու մասին կամ լաւ (պէտք է խօսիլ), կամ ո՛չինչ»։ «De mortus aut bene, aut nihil»։
11- «Հակասութիւն մակդիրի մէջ, հակասութիւն որոշեալ բառի եւ որոշիչի միջեւ». «Contradicto in adjecto»։ Զոր օրինակ՝ աշխատասէր ծոյլ…։
12- «Բնութիւնը ոստումով չի գործեր»։ Լայբնիցին վերագրուած ասութիւն՝ որ կը նշանակէ՝ թէ բնութիւնը չի ստեղծեր իրերու անջատ տեսակներ եւ սեռեր, այլ անոնց մէջ գոյութիւն ունին միջին ձեւեր՝ որոնք կապակցութիւն կը ստեղծեն իրարու միջեւ։ «Natura non facit saltus»։
13- «Ո՛չ աւելի հեռու». կը նշանակէ՝ բան մը որ գերազանց է իր տեսակին մէջ։ «Nec plus ultra»։
14- «Իրաւացի կամ անիրաւացի կերպով». այսինքն՝ ամէն տեսակ միջոց գործ դնել…։ «Perfas et nefas»։
15- «Բոլոր ունեցածս հետս կը կրեմ»։ Յոյներու եօթը իմաստասէրներէն՝ Պիասի պատասխանը անոնց՝ որ իրենց հարստութիւնները հաւաքելով կը փախչէին, եւ Պիաս ո՛չինչ ունէր իր հետ։ Իմաստը այս խօսքին՝ բոլոր հարստութիւններէն գերազանց է իմաստութիւնը։ «Omnia (mea) mecum porto»։
16- «Մշտական շարժում»։ «Perpetuum mobile»։
17- «Մահէն յետոյ ո՛չինչ կայ». Սենեկայի խօսքը։ Որուն հետեւանք. «Քանի կեանք ունիս՝ զուարճացի՛ր»։ «Post mortem nihil est»։
18- «Երրորդը՝ ուրախացո՛ղ». այսինքն՝ օգուտ քաղել ուրիշ երկուքի կռիւէն։ «Tercius gaudens»։
19- «Լաւ է մաշիլ քան ժանգոտիլ»։
20- «Գործեր եւ ո՛չ թէ խօսքեր». կարեւորը գործն է եւ ո՛չ թէ պարապ խօսքերը։ «Res, no verba»։
21- «Ինչպիսի որ հայրն է՝ նոյնպիսի է եւ որդին»։ «Qualis pater, talis filius»։
22- «Իբր» կամ «Իբր թէ». կը նշանակէ՝ թէ մարդը արժանի չէ այն կոչումին, կամ տիտղոսին, որ իրեն տրուած է։ Կ՚ըսուի նաեւ «հեռու լսողներուն»։ «Quasi»։ Զոր օրինակ՝ «quasi գիտնական»։
23- «Գիրքերն ալ ունին իրենց ճակատագիրը». կ՚ըսուի այն գրուածքներուն մասին, որոնք զանազան արկածներու ենթարկուած են, յաղթած են դժուարութիւններու, ազատած են կորուստի վտանգէն։ «Habent sua fata libelli»։
24- «Համբաւը կը թռչի»։ Վիրգիլիոսի խօսքը, որ կը նշանակէ նորութիւնները արագ կը տարածուին։ «Fama volet»։ «Ես եկայ անոնց աւետելու այս մեծ յաղթութիւնը, բայց բոլորը արդէն գիտէին»։
25- «Ամէն բանի մէջ չափ կայ»։ Ովրատիոսի խօսքը՝ որ կը նշանակէ, թէ ամէն մէկ ծայրայեղութիւն պակասութի՛ւն է։ «Est modus in rebus»։
26- «Վարպետը՝ վարդապետը ըսաւ»։ Միջին դարերու «դպրոցական»ներու արտայայտութիւն, որոնք իբրեւ անվիճելի ապացուցուած բան կը համարէին այն՝ ի՛նչ որ ըսած էր Արիտոտէլը, այսինքն «Վարպետ»ը։ «Magister dixit»։
27- «Փոփոխելիները փոփոխելով»։ Այսինքն՝ կարեւոր փոփոխութիւնները մտցնելով. նոր օրինագիծ ընդունիլ։ «Mutatis mutandis»։
28- «Առողջ միտքը առողջ մարմնի մէջ»։ Իւվենալի խօսքը՝ որ կը նշանակէ. մարմնի առողջութիւնը պայմա՛ն է՝ առո՛ղջ դատողութեան կամ մտածողութեան համար։ «Mens sana in corpore sano»։
29- «Ով որ հանդարտ կ՚երթայ՝ ապահով կ՚երթայ, ով որ ապահով կ՚երթայ, երկար կ՚երթայ»։ Կը նշանկէ՝ հանդարտ աշխատութիւնը աւելի երկարատեւ եւ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ։ «Chi va piano, va sano, chi va sano, va lontano»։
30- «Ժողովուրդի անդորրութիւնը պէտք է բարձրագոյն օրէնքը ճանցուի»։ «Salus populi suprema lex esto»։ Հռոմէական իրաւաբանական առած։
31- «Մինչեւ ե՞րբ»։ Կիկերոնի ճառին առաջին խօսքերը. «Quousque tandem»։
32- «Եթէ ճշմարիտ ալ չէ, գոնէ լաւ գտնը-ւած է՝ ճշմարիտի կը նմանի»։ «Se non à vero è bene trovato»։ Եթէ գէշ չէ՝ լա՛ւ է։
33- «Ժամկէտ՝ որմէ առաջ կամ որմէ յետոյ ո՛չինչ»։ «Terminus ante quam - post quam non»։
34- «Ծայրայեղ օրէնքը ծայրայեղ անօրէնութի՛ւն է»։ «Summa lex summa injuria»։
35- «Իւրայատուկ»=«Sui generis»։ Որպէս արհամարհական արտայայտութիւն ալ կը գործածուի՝ «տարօրինակ» իմաստով։
36- «Աղքատութեան վկայական»=«Testimonium paupertatis»։ «Տգիտութիւն» իմաստով։
- Սկզբնաղբիւր.- «Օտարազգի բառեր եւ դարձուածքներ - 1958» եւ «Ասացուածքներ օտար լեզուով - Ս. Մալխասեանց, 1945»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 1, 2016, Իսթանպուլ