ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Մտաւորական կեանքը ամէն հասարակութիւններու բարօրութեան եւ զարգացման անկիւնաքարերէն մէկն է, եւ թէ կարեւորագոյնը, եւ ժողովուրդի մը բոլոր հանրային գործիչները ամենէն աւելի պէտք է մտաւորապէս զարգացած եւ պատրաստուած վիճակի մը մէջ գտնուին։ Ամէն կերպով հանրութեան բարգաւաճմանը կարենալ սատարելու համար անհրաժե՛շտ է ասիկա։

Եւ անշուշտ կրօնաւորներ, որոնք հանրութեան բարոյական-հոգեւոր կեանքի ամենէն ազդեցիկ գործիչներն են, անոնցմէ շատ ու շա՜տին պէտք է սպասել, քանի որ Աւետարանն ալ կ՚ըսէ, թէ անոնցմէ՝ որոնց շատ տրուեցաւ, շատ պիտի պահանջուի։

Արդարեւ, ամէն ծառայութիւն պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, աւելի եւս թերեւս հոգեւոր ծառայութիւնը՝ որ մարդուս ներաշխարհին վրայ կարեւոր դեր կը խաղայ, ընթացք կու տայ անոր, եւ այդ իմաստով ազդեզիկ հանգամանք մը ունի անհատներու բարոյական եւ հոգեւոր աշխարհին վրայ։ Ուստի ի՛նչ որ է «հացագործ»ը, մարդուս ֆիզիքական ամբողջութիւնը պահպանելու եւ տեւականացնելու համար, նո՛յնն է «հոգեւորական»ը մարդուս հոգեւոր կեանքին համար։

Սակայն հանրութեան կեանքի բազմատեսակ պահանջներուն գոհացում տալու համար մտաւորական զարգացման ի՛նչ վիճակ ներկայացնելն ալ կարեւոր հարց մըն է։ Ճիշդ այս պատճառով է, որ կ՚ըսուի թէ՝ մարդ էակը ո՛չ միայն մարմին, այլ նաեւ հոգի է եւ միտք։ Հոգեմտաւոր կեանքը անբաժան է մարմնական կեանքէն, ուրիշ խօսքով մարդ միա՛յն արտաքինով «մարդ» չէ, այլ նաեւ՝ ներքինո՛վ։ Եւ այդ ներաշխարհն ալ կազմուած է հոգի եւ միտքէ, որոնք կը ներդաշնակեն, կը կանոնաւորեն եւ կ՚ամբողջացնեն մարդը՝ որ կոչուած է միշտ աւելի՛ կատարելութեան։

Արդարեւ, տալը աւելի՛ երջանկաբեր է քան առնելը, ինչպէս կը պատուիրուի «Առաքեալներու Գործեր»ուն մէջ. (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Բայց բանականութիւնը մարդուս կը յիշեցնէ նաեւ սա պարզ իրողութիւնը, թէ՝ տալու համար անհրաժեշտ է «ունենա՛լ», այլապէս մարդ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս կրնայ տալ. եթէ չունի որեւէ բան։ Հոգին ազնուացնելու համար մարդ պէտք է ունենայ ազնիւ հոգի, միտքը զարգացնելու համար, պէտք է զարգացած միտք։

Եւ որքա՜ն հեգնական է, մէկէ մը պահանջել բան մը՝ որ ինք չունի։

Բայց, ահաւասիկ, չունեցողին ալ տալ, նոյնքան կարեւոր է, որքան անկէ պահանջել բան մը, որ արդէն չունի, քանի որ նախապէս չէ տրուած իրեն։

Այո՛, պահանջենք, բայց նախ պահանջուածը տա՛նք, եւ յետոյ պահանջենք։ Անկարող, անգիտակից անձեր ամենէն մեծ վնասը կը պատճառեն հանրութեան։ Չունեցածը ունենալ ձեւացնելու չափ խարդախութիւն, խաբէութիւն եւ կեղծարարութիւն՝ կարելի չէ՛ խորհիլ աւելի վնասաբեր վիճակ մը թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ։ Որքան ուրիշները խաբել, բայց նո՛յնքան ինքզինք խաբել է, ինքնախաբէութի՛ւն է այսպիսի ընթացք մը։ Մարդ կրնայ խաբել ուրիշ մը, բայց ինքզինք խաբե՞լ. հասկնալի չէ՛…։

Եւ ոմանք, դժբախտաբար, այդ անհասկնալին կ՚իրականացնեն եւ կը ջանան դիրք գրաւել հանրութեան մէջ։ Այդպիսիներ ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն, բայց միա՛յն վնաս։ Թերեւս ժամանակի մը համար իրենք կ՚օգտագործեն այդ խաբէութիւնը, շահ կ՚ապահովեն իրենց, բայց ատիկա ժամանակաւոր է, քանի որ ծածուկ որեւէ բան չի մնար, ի վերջոյ կը յայտնուի ամէն ճշմարտութիւն։

Արդարեւ, ամէն մարզի մէջ, հանրային գործիչներ, մարդկային ի՜նչ մեծ բարիք կրնային գործել, «բարի»ի մարմնացում կրնային ըլլալ, եթէ միայն անկե՛ղծ ըլլային, եթէ միայն մարդկային հոգեբանութեան տեղեակ ըլլային, զարգացած՝ մտքի տէր անհատներ ըլլային, ըմբռնէին, հասկնային ժողովուրդին ունեցած պահանջները, համակրական հասկացողութիւն ունենային անոնց նկատմամբ՝ ուրիշներու պէս խորհելու, ուրիշներու պէս զգալու բարեմասնութեամբ օժտուած ըլլային, գիտնային, թէ ի՛նչ որ են իրենք, նո՛յնն է ուրիշը, գիտակցութիւնը ունենային «հայելի»ն ըլլալու ժողովուրդին, մէկ ուրիշին՝ իրենց «ես»ին մէկ ցոլացումը, նմանը ըլլալը…։

Ուստի, գիտութենէ առնուած «աւելի դիւրին միջոցներ ցոյց տալ» մէկու մը՝ օգնութեան ամենէն արդիւնաբեր կերպն է։ Միջոցներ՝ որոնցմով անիկա կարող պիտի ըլլայ իր ձեռքին տակ գտնուած արժէքները օգտագործել, անոնցմով շահ ապահովել, եւ անգիտութենէ յառաջացած առողջական վիճակն ալ ամոքել։

Եւ անշուշտ եթէ հարցը մարդուս ներաշխարհին՝ հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքին մասին է, այս միջոցները աւելի եւս կարեւորութիւն կը ստանան։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, մեծ կարեւորութիւն ունի հոգեւորականի եւ մտաւորականի դերը, եւ այս պատճառով իսկ պէտք է համագործակից ըլլան անոնք, զիրար ամբողջացնեն՝ մարդկութեան ընդհանուր օգտին համար։

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր «գիտնական եկեղեցական»ներ ունենալու փափաք մը, եւ կամ բոլորովին «հոգեւոր մտաւորական»ներու ակնկալութիւն մը։ Իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ բաւարար ըլլայ, չմերժէ՛ իրարու օգնելու եւ զիրար ամրապնդելու, զօրացնելու, ամբողջացնելու կարեւորութիւնը, ի նպաստ հասարակութեան։ Ուստի հոգին եւ միտքը պէտք չէ՛ հակադիր դիրք գրաւեն, այլ ներդաշնակ կերպով ամբողջացնեն եւ զօրացնեն մարդուս ներաշխարհը։

Henri Bergson կ՚ըսէ, թէ՝ ներաշխարհին ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար, պէտք է «միջոց»ը զատել «ժամանակ»էն, բայց ասիկա պէտք է ընել միշտ ժամանակին ի նպաստ կերպով։ Եւ երբ կարգ մը հարցեր կը ծագի մարդկային հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքին մէջ, զոր օրինակ, իրաւունք եւ ազատութիւն մերժել, չյարգել, մոլութիւններու գերին դառնալ, եւ այլն, պատճառը այն է, որ «միջոց»ի եւ «ժամանակ»ի բաժանումը չէ՛ կատարուած։

Այս օրինակը ցոյց կու տայ ահաւասիկ, թէ՝ հոգեւորը եւ մտաւորը՝ հոգեւորականը եւ մտաւորականը գործակցին եւ զիրար ամբողջացնեն՝ ճշմարտութեան հասնելու համար, ի՛նչ որ մարդուս ամենամեծ նպատա՛կն է։

Ահաւասիկ «փափաք»ներ, որոնց իրագործուելէն ժողովուրդը մեծ օգուտներ կրնայ ունենալ։ Ուրեմն, փոխանակ մերժելու կամ ուրանալու՝ զիրար հասկնալ եւ զիրար ամբողջացնե՛լ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 13, 2017, Իսթանպուլ     

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017