ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու, որոնք ճոխացուցած են մեր ճանաչումները տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին, մարդուն երեւումին մասին։

Այս բոլոր գիւտերը եւ գիտելիքները կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի՛ հիանալու Արարչին մեծութեան, ամենակարողութեան վրայ, Անոր փա՜ռք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմաստութեան եւ իմացականութեան համար, զորս Ան գիտուններուն եւ հետազօտողներուն կու տայ։

Ուստի Սողոմոնի հետ անոնք կարող են գոչել. «Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցը աշխարհի, յատկութիւնները տարրերուն որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ինք սորվեցուց ինծի» (ԻՄՍՏ. Է 17-21)։

Արդարեւ, մեծ շահեկանութիւնը որ վերապահուած է այս հետազօտութիւններուն, զօրեղապէս խթանուած է այլ կարգի հարցով մը, որ կը գերազանցէ բնական գիտութիւններու յատուկ մարզը։

Հարց չէ միայն գիտնալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս տիեզերքը նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս մէջտեղ եկաւ. ո՛չ ալ թէ ինչպէ՛ս մարդը երեւցաւ, այլ նախընտրաբար՝ գտնել, թէ ի՛նչ է իմա՛ստը նման ծագումի մը. արդեօք ան կառավարուա՞ծ է պատահմունքի մը, կոյր ճակատագրի մը, անանուն անհրաժեշտութեան մը կողմէ, կամ՝ արդեօք «Աստուած» կոչուած իմացական եւ բարի գերակայ Էակի՞ մը կողմէ։

Իսկ եթէ «աշխարհ»ը առաջ կու գայ Աստուծոյ իմաստութենէն եւ բարութենէն, որոնք ցոյց կու տան, թէ Աստուած «Անձ» մըն է, ի՛նչու համար է «չար»ը։ Չարը ո՞ւրկէ է։ Ո՞վ է չարին գործունէութեան եւ էութեան պատասխանատուն։ Եւ կա՞յ ազատագրում «չար»էն։

Հնագոյն կրօններու եւ մշակոյթներու մէջ բազմաթիւ «առասպել»ներ կը գտնենք, որոնք կը հային աշխարհի ծագումին։

Կարգ մը իմաստասէրներ՝ փիլիսոփաներ ըսին, թէ ամէ՛ն ինչ Աստուած է. աշխա՛րհը Աստուած է, թէ աշխարհի լինելութիւնը Աստուծոյ լինելութիւնն է։ Այս տեսակէտը իր ընդհանուր գիծերով կոչուած է «Համաստուածութիւն»։

Ուրիշներ ըսին, թէ աշխարհը Աստուծոյ մէկ «անհրաժեշտ արտաբխում»ն է, որ կը ծագի այս ակունքէն եւ կը վերադառնայ այս ակունքին։

Եւ ուրիշներ ալ հաստատեցին երկու յաւիտենական նախասկիզբներու գոյութիւնը. «Բարի»ն եւ «Չար»ը, «Լոյս»ը եւ «Խաւար»ը. իրարու դէմ յարատեւ պայքարի մէջ։ Այս տեսութիւնն ալ ընդհանրապէս կոչուած է. «Երկուութիւն» եւ «Մանիքէականութիւն»։

Ըստ այս կարգ մը մտայղացումներուն, աշխարհը՝ գէթ նիւթական աշխարհը, չա՛ր է, անկումի արդիւնք, ուստի կա՛մ մերժելի է եւ կա՛մ գերազանցելի. «Գնոստիկեան»։

Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք կ՚ընդունին, թէ աշխարհը յօրինուած է Աստուծմէ, այն ժամագործին նման, որ ստեղծելէ ետք՝ զայն լքած է իր «բախտ»ին, որ է՝ «Աստուածադաւանութիւն»։

Վերջապէս, ուրիշներ աշխարհին գերակայ ո՛չ մէկ ծագում կը վերագրեն, այլ կը տեսնեն անոր մէջ միա՛յն «խաղ»ը մշտագոյ նիւթին՝ որոնք կը ներկայացնեն «Նիւթապաշտութիւն»ը։

Իր սկզբնաւորումէն ի վեր, քրիստոնեայ հաւատքը ծագումներու հարցին մասին իր տուած պատասխանէն տարբեր պատասխաններու հետ դէմ առ դէմ գտնուեցաւ։

Վերոյիշեալ բոլոր տեսութիւնները եւ փորձերը բացայայտօրէն կը վկայեն, թէ ծագումներու հարցը յարակայ եւ ընդհանրական է։

Այս որոշումը իւրայատուկ է մարդուն։

Արդարեւ, մարդուն իմացականութիւնը եւ բանականութիւնը «ծագումներու հարց»ին պատասխան մը գտնելու կարողութիւնը անշուշտ ունի։

Ուստի, Արարիչ Աստուծոյ գոյութիւնը եւ էութիւնը կարելի է ստուգութեամբ եւ ճշդութեամբ ճանչցուիլ Անոր գործերէն, շնորհիւ «մարդկային բանականութեան եւ իմացականութեան լոյս»ին, նոյնիսկ եթէ այս ճանաչումը յաճախ մթագնած է եւ աղաւաղուած՝ մարդուն մոլորումին հետեւանքով։

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով հաւատքը կու գայ բանականութիւնը հաստատելու եւ լուսաւորելու այս ճշմարտութեան ճշգրիտ հասկացողութեան մէջ. «Հաւատքով մենք կը հասկնանք, թէ աշխարհ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ մէկ խօսքով, այնպէս որ ի՛նչ որ կը տեսնենք, յառաջ կու գայ անտեսանելիէն» (ԵԲՐ. ԺԱ 3)։

Եւ ահաւասիկ այս է. «հաւատքով հասկնալ, եւ հասկնալով հաւատալ» խօսքին իմաստը…։

Արարչագործութեան ճշմարտութիւնը մարդկային ամբողջ կեանքին համար ա՛յնքան կարեւոր է, որ Աստուած Իր գթութեամբ եւ ողորմութեամբ ուզեց յայտնել Իր ժողովուրդին ամէն ինչ, որ փրկարար է գիտնալ՝ այս նիւթին մասին։

Բնական ճանաչումէն անդին, զոր ամէն մարդ կարող է ունենալ Արարչին մասին, Աստուած արարչագործութեան խորհուրդը յայտնեց մարդուն։ Աստուած, որ նահապետները ընտրեց, Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեց եւ Իսրայէլը ընտրելով՝ ստեղծեց զայն եւ կազմեց, ինչպէս կը վկայէ Մարգարէն. «Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը եւ ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.- Մի՛ վախնար, վասնզի ես քեզ փրկեցի. քեզ քու անունովդ կանչեցի, դուն իմս ես» (ԵՍ. ԽԳ 1)։ Այս կերպով ահաւասիկ, այժմ կը յայտնէ Ինքզինք իբրեւ «Ան որուն կը պատկանին ժողովուրդները ամբողջ աշխարհին, նաեւ համայն աշխարհը, իբրեւ Ան որ առանձին ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը» (ՍԱՂՄ. ՃԺԴ 15, ՃԻԳ 8 եւ ՃԼԳ 3)։ Այսպէս, արարչագործութեան յայտնութիւնը անբաժանելի է թէ՛ յայտնութեան եւ թէ՛ Միոյն Աստուծոյ Իր ժողովուրդին հետ կնքած ուխտին իրականացումէն։

Արարչագործութիւնը յայտնուած է իբրեւ առաջի՛ն քայլը դէպի ուխտը, իբրեւ առաջին եւ ընդհանրական վկայութիւնը եւ հաստատումը Աստուծոյ ամենազօր սիրոյն։

Ասոր համար, արարչագործութեան ճշմարտութիւնը յարաճուն զօրութեամբ կ՚արտայայտուի մարգարէներուն պատգամին մէջ, սաղմոսներուն եւ ծիսակատարումի աղօթքներուն մէջ, ընտրեալ ժողովուրդին իմաստութեան խորհրդածութեան մէջ։ (ԱՌԱԿ. Ը 22-31)։

Արարչագործութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսած բոլոր խօսքերը երբ նկատի առնուի, Ծննդոցի առաջին երեք գլուխները կը գրաւեն եզական տեղ։ Գրական տեսանկիւնէն դիտուած, այս գրութիւնները կրնան պատկանիլ տարբեր աղբիւրներու։ Ներշնչուած հեղինակները զետեղած են զանոնք Աստուածաշունչին սկիզբը, որպէսզի անոնք իրենց հանդիսաւոր բարբառով արտայայտեն արարչագործութեան ճշմարտութիւնները, անոր ծագումը եւ վախճանը Աստուծոյ մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 26, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2019