ՇՈ՞ՒՆ ԹԷ ՄԱՐԴ…
Հաւանաբար ծայրայեղ անասնասէր մարդիկ նեղանան այս ճշմարտութենէն, սակայն տրամաբանականօրէն մարդը շա՛տ աւելի կարեւորութիւն պէտք է ունենայ քան շունը. մարդու արժէքը աւելի՛ ծանրակշիռ պէտք է ըլլայ՝ քան անասունինը:
Ցաւ ի սիրտ, ունինք այնպիսի ընկերութիւն, որ շատ անգամ մարդը շունի մակարդակի, իսկ շունը մարդու մակարդակի կը բարձրացնէ եւ բոլոր այն պարտաւորութիւնները որ պարտի կատարել իր նմանին՝ մարդ արարածին հանդէպ, անասուններուն կը վերապահէ:
Առանց մեկնաբանութեան կ՚ուզեմ յիշել Քրիստոսի մէկ խօսքը. «ոեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մատթէոս 7.6): Անասուններու եւ անասնասէրերու արժանապատուութիւնը վիրաւորո՞ղ խօսքեր են Քրիստոսի այս խօսքերը. չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ արդէն իսկ «կը դառնան եւ ձեր (ինչպէս նաեւ մեր) վրայ կը յարձակին»:
Վերջերս ծանօթացայ տասնեակ մը կազմակերպութիւններու գործունէութեան, որոնց հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնն է խնամել, պատսպարել ու հոգ տանիլ անպատսպար շուները: Անոնցմէ մին իր էջին վրայ անգլերէնով կը գրէր հետեւեալ տողերը. «Ես ինձ աւելի վատ կը զգամ թափառող, անօթեւան շուներու համար, քան անօթեւան մարդոց». եւ այս բոլորին դիմաց ճի՛շդ այդ անօթեւան մարդոց ներկայութիւնն ու գոյութիւնն է, որ վիրաւորական կը դառնայ, որոնք կը դրուին նժարի վրայ՝ ընդդէմ շուներուն:
Կենդանիներու կամ անասուններու թշնամի մը չեմ, ոչ ալ դէմ եմ մարդ իր տան մէջ անասուն խնամէ, սակայն հաւատացողն եմ որ մարդը աւելի՛ կարեւոր է՝ քան անասունը:
Պատկերացուցէ՛ք, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին շուներ, որոնք նոր տարուան այս օրերուն աւելի՛ պատուական ժամեր պիտի ունենան, քան բազմահազար մարդիկ, որոնք շունին ունեցածին քառորդին անգամ կարօտ են: Շունին եւ մարդուն միջեւ դրուած նժարը խորտակուած է. աշխարհի վրայ բազմաթիւ են այն մարդիկ, որոնք իրենց շունին վրայ ծախսածին մէկ չորրորդ մասը իր նմանին համար չի՛ ծախսեր:
Միայն ի՞նձ զարմանք ու զայրոյթ կը պատճառէ ամերիկեան մամուլի մէջ գրուած հաղորդագրութեան մը խորագիրը. «Անօթեւան մարդը կը ստիպուի բաժնուիլ իր շուներէն». հաղորդագրութեան համաձայն կազմակերպութիւն մը նկատի ունենալով, որ մարդը անօթեւան ու աղքատ է եւ հետեւաբար անկարող շուներուն լաւապէս հոգատարութիւն ցուցաբերել, զինք կը բաժնեն իր շուներէն: Մարդը մարդուն կը թողու անօթեւան եւ շունին համար օթեւան կը պատրաստէ:
Մարդ արարածը հիացումով կ՚արտայայտուի շունին ունեցած հաւատարմութեան մասին, սակայն երբեք չի՛ մտածեր օրինակ վերցնել ու դառնալ հաւատարիմ. գուցէ այդ անկարողութի՞ւնն է, որ շունը աւելի գերադաս կը դարձնէ քան մարդը: Մենք շունէն սորվեցա՛նք ամէն բան՝ յարձակիլ, խածնել, վիրաւորել ու կռուիլ, սակայն հաւատարմութիւնը չկրցանք սորվիլ: Շուները բուժելու համար վէրքերը կը լիզեն. մենք մարդու վէրքերը բուժելու փոխարէն նոր վէրքեր կու տանք. սորվիլը սորվեցանք՝ սակայն միշտ ալ սխալը ընկալեցինք ու ընդօրինակեցինք:
Ինչքա՜ն ժամանակակից են Քրիստոսի Քանանացի կնոջ տուած պատասխանը. «Ճիշդ չէ՛ մանուկներուն ձեռքէն հացը առնել եւ շուներուն նետել» (Մատթէոս 15.26): Այսօր մենք այդ մէկն է, որ կը կատարենք. անօթի կը ձգենք մարդ արարածը, սակայն կը ջանանք կշտացնել անասունը, հազարաւոր գումարներ մսխելով. այսօր հազարաւոր մարդիկ կարիքը ունին բժիշկի ու բժշկութեան, սակայն նիւթական պատճառներով հեռու կը մնան այդ բոլորէն, մինչ անդին մարդ արարածը իր շունին «հազալ»ուն եւ կամ յոգնածութեան վիճակի մէջ ըլլալու պատճառով մեծ գումարներ կը ծախսէ. մարդը թող մեռնի՛, միայն թէ շունին բան մը չըլլայ:
Աշխարհը օրական դրութեամբ զարմանք պատճառելու առիթ մը ունի. վերջերս համացանցի վրայ տեսայ գործի յայտարարութիւններ. մարդիկ դայեակ կը փնտռեն իրենց շուներուն համար. մարդ արարածին դրամ պիտի վճարես՝ որպէսզի խնամէ շունդ, հոգայ անոր պէտքերը. այլ խօսքով ծառայէ անոր: Այդ դայեակին օրուան հացը կախեալ է այդ շան գոյութենէն: Վա՜յ թէ շունին բան մը պատահի. անգործ կը դառնայ: Հազար փառք՝ որ աշխարհի վրայ շատ մը շուներ մարդոց օրուայ հացի պատճառ կը դառնան, քան մարդը մարդուն:
Փոքր ժամանակ չէի հասկնար այս խօսքին իմաստը. «մարդը մարդ է մարդով»։ Փաստօրէն ներկայ աշխարհին մէջ մարդը մարդ չէ, որովհետեւ մարդը մարդո՛վ չէ:
Երանի՜ աշխարհի վրայ ըլլար օրէ՛նք, որ ինչքան անասուն կերակրես, կրկնակի անգամ պարտաւոր ես մարդ կերակրել. հաւատացէ՛ք աշխարհի վրայ անօթութիւնը կրնար վերջ գտնել:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԷՈՐԳԻ ԵԱԿՈՒԼՈՎ
(1884-1928)
Մեր թուականէն 93 տարիներ առաջ՝ 28 դեկտեմբեր 1928-ին Երեւանի մէջ մահացած է արուեստագէտ, նկարիչ եւ արուեստի տեսաբան Գէորգի Եակուլով (բուն անունով Գէորգ Եակուլեան):
Գէորգ Եակուլով ծնած է 2 յունուար 1884-ին, Թիֆլիզի մէջ: Կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1901 թուականին, ապա ընդունուած՝ գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան ու ճարտարապետութեան ուսումնարան:
Ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1903 թուականին կամաւոր անդամագրուած է կովկասեան գունդին եւ մասնակցած է 1904-1905 թուականներու ռուս-ճաբոնական պատերազմին: Եակուլով երիտասարդ տարիքին իր աշխատութիւններով՝ հիմնականին մէջ բեմանկարներ, մասնակցութիւն ունեցած է Մոսկուայի տարբեր ցուցահանդէսներու. 1910 թուականին մեկնած է Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւ ծանօթացած այդ ժամանակուայ մեծ արուեստագէտներու, ուսումնասիրած է անոնց գործերը եւ իր տեսական հետեւութիւնները գրած՝ «Երկնագոյն արեգակը» յօդուածին մէջ: Փարիզի մէջ բարձր գնահատանքի արժանացած է Եակուլովի ձեւաւորած «Փոխանակութիւն», «Արքայադուստր Բրամբիլլա» եւ այլ ներկայացումներու բեմադրութիւնները: Արուեստագէտը 1914 թուականին, հայ քաղաքական ու հասարակական գործիչ Ալեքսանտր Միասնիկեանի հետ միասին Մոսկուայի մէջ հայ մշակոյթի վանտալութեան դէմ աշխատանք ծաւալած է:
Եակուլով 1918 թուականին մասնակցած է Մոսկուայի մէջ հայ թատրոնի հիմնադրման եւ ձեւաւորած է Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, Սունդուկեանի «Պէպօ»ն եւ այլ ներկայացումներ: Հայաստանի Առաջին Պետական թատրոնին մէջ ձեւաւորած է Շիրվանզատէի «Մորգանի խնամի»ն, Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը» եւ այլ ներկայացումներ:
Արուեստագէտը անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Մոսկուայի եւ Փարիզի մէջ: Անոր գործերէն շատեր ցայսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Մոսկուայի Թրէտեաքովեան պատկերասրահին եւ Պախրուշինի անուան թատերական թանգարանին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ