ՆԵՐՔԻՆՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ

Յաճախ որպէս տղամարդիկ կը բողոքենք կիներու զարդարուելու եւ շպարուելու հանդէպ ունեցած սիրոյն մասին եւ այդ մէկը տարօրինակ կը գտնենք, սակայն երկու հազարամեակ առաջ գրուած Տիմոթէոսին Ա. Նամակը կը պարզէ, որ այդ զարդարուիլն ու պճնուիլը գոյութիւն ունեցած է հազարամեակներ առաջ ալ... Առաքեալը կը յորդորէ այդ ժամանակուան ժողովուրդին, որպէսզի կիներ իրենք զիրենք վայելուչ հագուստներու փոխարէն ամօթխածութիւնով եւ պարկեշտութիւնով զարդարեն իրենց անձերը եւ ո՛չ թէ հիւսուածներով, ոսկիով կամ մարգարիտներով (հմմտ Ա. Տիմոթէոս 2.9):

Աստուածաշունչը յաճախ կը խօսի կնոջ արտաքինին եւ անոր ինչպիսին ըլլալուն մասին եւ մի՛շտ ա՛լ աւելի վեր ու կարեւոր կը նկատէ կնոջ մը ներքին արժանիքները՝ քան արտաքինը, որ իսկութեան մէջ ժամանակաւոր եւ անցողական է...: Թէեւ այն իրողութեան որ արտաքինէն աւելի ներքինն է, որ կը կարեւորէ Աստուածաշունչը, Եզեկիէլ գիրքի 16-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուած հետեւեալ խօսքերը կ՚ըսէ իր ժողովուրդին՝ մասնաւորապէս իգական սեռի պատկանողներուն. «Քեզի նկարագործ հագուստ հագցուցի, զարդեր եւ ապարանջաններ դրի ձեռքերուդ եւ մանեակ՝ պարանոցիդ վրայ» (Եզեկիէլ 16.10):

Այս բոլորին մասին աւելիով սկսայ մտածել ի դիմաց այն պատկերին, որ այսօր Պարսկաստանի մէջ բազմահազար ցուցարարներ իրենց կեանքի գնով կը պայքարին իգական սեռի նկատմամբ որոշ ազատութիւններ ձեռք բերելու համար՝ ինչ որ մարդկային ամենէն պարզ ու բնական մէկ երեոյթն է: Աստուածաշունչի առաջին էջերը կը նկարագրեն, թէ ինչպէս Աստուծոյ հոգին ազատ կը շրջէր, իսկ մի քանի գլուխ անդին կը կարդանք, թէ ինչպէս Աստուած մարդ արարածը կը ստեղծէ իր հոգիին նմանութեամբ՝ այլ խօսքով ազատութեամբ, ինչ որ մեծագոյն ազդակներէն մէկն է մարդը անասունէն զանազանելու, որովհետեւ անոնք բնազդով, մինչ մարդ արարածը իր ազատ կամքով կը գործէ:

Պարսկաստանի աղջիկները այսօր կ՚ուզեն իրենց երկիրի փողոցներուն մէջ ազատութեամբ՝ նախապաշարումներէ հեռու կեանք մը ապրիլ, աւելի՛ ազատ ու մարդկային: Հագուստը, գլխաշորը, զարդերն ու պճնանքը պարզապէս արտաքին երեւոյթ մըն են մարդուն մէջ եւ անոնք չեն որոշեր մարդու ինչութիւնը. հաւատացէ՛ք, որ այսօր մահմետական կրօնի մէջ գոյութիւն ունեցող գլխաշորը դնող, սակայն ամբողջ կեանքը զեխութեամբ ապրողներ շատ կան. կան նաեւ հակառակները՝ որոնք առանց իրենց գլուխերը գոցելու շատ աւելի պարկերշտ կեանք մը կ՚ապրին՝ քան անոնք որոնք իրենք զիրենք հաւատացեալ ցոյց տալ կ՚ուզեն:

Այսօր աշխարհի ամենէն յայտնի պոռնիկին «սուրբ»ի մը հագուստ ալ հագցնեն՝ ան երբեւէ սուրբ պիտի չդառնայ, այդ իսկ պատճառով արտաքինէն աւելի առաջնահերթ է ներքինը: Մարդ իր կեանքի ընթացքին արտաքինը դիւրութեամբ կրնայ ձեւափոխել ու կերպարանափոխել, սակայն էութիւնը փոխելը քիչ մը անհնարին է:

Մեր մարդկային մեծագոյն տկարութիւնն է գրեթէ ամէն բան իր երեւոյթին համաձայն դատել... կը տեսնեն իր կեանքը գլխաշորով ապրող մը եւ զինք սուրբի տեղ կը դնեն, իսկ երբ տեսնեն անձ մը, որ համարձակութիւնը ունեցած է քիչ մը համարձակ հագուելու՝ անմիջապէս բոզի պիտակաւորման կ՚արժանացնեն: Մարդիկը երեւոյթով դատելու հիւանդութիւնը փաստելու համար ամերիկացի երկու գիտնականներ  դուրս կու գան հրապարակ եւ մարդոց ցոյց կու տան ամերիկացի սպիտակամորթ ոճրագործ մը եւ անմեղ սեւամորթ մը եւ կը հարցնեն, թէ անոնցմէ ո՞վ է ոճրագործը... հասարակութեան մեծամասնութիւնը ոճրագործ կը կարծէ անմեղ սեւամորթը՝ պարզապէս անոր մորթի գոյնէն եւ արտաքին երեւոյթէն դատելով:

Մեծապէս կը զօրակցինք այս օրերուն Պարսկաստանի մէջ եղող ցոյցերուն, նկատի ունենալով որ մարդկային ազատութիւնը սահմանափակել մարդը իր ամենէն չնչին իրաւունքէն զրկել կը նշանակէ, սակայն միւս կողմէ կը հաւատանք, որ գլխաշոր դնելն ու չդնելը մարդկային կեանքի մէջ ո՛չ մէկ բան պիտի փոխէ. մինչեւ որոշ ժամանակ մեր անցեալի մայրերը եւս գլխաշորեր կը կրէին, սակայն այնպէս ինչպէս մեր մօտ փոխուեցաւ եւ կամաց կամաց «զարգացաւ», նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ՝ ուր ազատութիւնը բանտուած է:

Պէտք է համոզուիլ, որ պարտաւորութեամբ եղած երեւոյթ մը երբեւէ հաճոյք չի կրնար պատճառել. օրինակ՝ եկեղեցական եղած ժամանակ օրական երկու անգամ եկեղեցի մտնելը շատ անգամ տանջալի կրնար թուիլ, որովհետեւ կար պարտադրուած մթնոլորտ մը։ Այսօր որ հեռացած ենք այդ կեանքէն, եկեղեցի շա՜տ աւելի հաճոյքով եւ ինքնակամ կ՚երթանք՝ քան անցեալին եւ կը կարծեմ կեանքի մէջ գրեթէ ամէ՛ն երեւոյթ այդպէս է: Այս մէկը մարդկային բնութեան մաս կը կազմէ. նոյնիսկ մանուկները բարկութեամբ եւ կամ ծեծի ազդեցութեան տակ բան մը չուզելով եւ ատելութեամբ կ՚ընեն՝ քան սիրոյ բացատրուած մէկ երեւոյթ մը, որովհետեւ ի ծնէ մարդ արարածը հակառակ է ազատութեան բռնադատումին:

Նոր տարուան այս օրերուն յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարի մեզ դիմաւորէ տարի մը՝ ուր ուշադրութեան առանցքը մարդ արարածը ի՛նք կը կազմէ եւ ո՛չ նիւթական եւ երեւութական մանրուքները, յուսալով որ առաւելագոյնը շուտ վերջ գտնէ մարդոց ազատութեան տուայտանքը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -132-

Գրեթէ ամէն երկիրներու մէջ տեղացի ժողովուրդը զբօսաշրջիկներու հանդէպ տարբեր սէր մը կ՚ունենան՝ տարբեր ակնկալիքներով, որոնցմէ անմասն չէ նաեւ Թուրքիան:

Մեր թուականէն հինգ տարիներ առաջ առաջին անգամ ոտք կը կոխեմ Թուրքիա եւ գիշերային պտոյտ մը կ՚ուզեմ ընել յայտնի Թաքսիմ հրապարակին վրայ: Յանկարծ դէմս մարդ մը կը յայտնուի եւ հազար ու մէկ աղաջանքով կը խնդրէ, որպէսզի իրենց սրճարանին մէջ գարեջուր մը խմեմ: Հակառակ չուզելուս վերջաւորութեան ինքզինքս կը գտնեմ սրճարանէն ներս: Բաժակ մը գարեջուրը խմելէ եւ ոչ այնքան փայլուն երաժիշտին երգերը լսելէ ետք կ՚ուզեմ դուրս գալ. յանկարծ դէմս կը բերեն 1.700 լիրայի հաշիւ մը՝ մէկ բաժակ գարեջուրին համար. գին՝ որով հաւանաբար կարելի էր ամբողջ ամիս մը գարեջուր խմել: Զգալով կատարուածը կ՚առաջարկեմ ոստիկանութիւն կանչել... եւ ի՜նչ հրաշք, յանկարծ 1.700 լիրանոց գարեջուրը կը դառնայ 100 լիրա...:

Ոստիկանութեան ուժը այս ըլլալու է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022