ՎՀԱՏ ՎԻՃԱԿԻ ԴԱՐՄԱՆԸ՝ ՍԷՐ

Ըստ մանուկներու հոգեբոյժ տքթ. Նորման Պրէնտիսի, մանուկները շատ զգայուն են իրենց չորս կողմը գտնուող չափահասներու՝ որոնք վհատութեամբ կլանուած են։ Մանուկներն ալ կ՚ազդուին եւ կը տպաւորուին եւ կը վհատին, նոյնիսկ եթէ չափահասներ կարծեն, թէ կրցած են ծածկել իրենց ժխտական վատ վիճակները անոնցմէ։

Եթէ մէկու մը վհատութիւնը շարունակէ մտահոգիչ ըլլալու չափ, հոգեբոյժներ կը թելադրեն՝ որ պէտք է մասնագէտի մը դիմել։ Կրնայ ըլլալ որ ֆիզիքական որեւէ տկարութենէ յառաջ եկած հոգեվիճակ մը ըլլայ ան։ Եթէ չէ՝ պէտք է դիմել հոգեբոյժի (psychiatre) մը անպայման։ Հոգեբոյժը, մասնագէտին (spécialiste) տուած տեղեկագրութեան համաձայն պիտի որոշէ իր ընթացքը։

Բայց այս բոլորը, անշուշտ, չի նշանակեր որ ենթական մտքով խանգարուած կամ ջղագրգիռ անձ մըն է։ Այս ախտանշանները կարելի է որ չունենայ մէկը, այլ ա՛յն ինչ որ անհանգիստ կ՚ընէ զինք՝ անոնց դարմանը գտնել մասնագէտի մը օգնութեամբ։ Այս առթիւ տքթ. Նորման վեց կէտեր կը յիշէ, որոնք կը կազմեն կորիզը իր փիլիսոփայութեան՝ այս նիւթին առընչութեամբ։

ա.- Սահմանները գծել՝ պարտադրելէ առաջ։

Այս մասին կարեւորագոյն քայլը՝ որեւէ կարգապահական (disciplinaire) հարցի մը մէջ՝ հաստատել տրամաբանական ակնկալութիւններ եւ սահմաններ ամէն բանէ առաջ։ Մանուկը պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ բան ընելու է եւ ընելու չէ. այդ օրէնքներուն պատասխանատու նկատուելէ առաջ։ Այս, նախապէս եղած պայմանաւորումը, առաջքը պիտի առնէ իր մէջ ստեղծուելէ անարդարութեան մը զոհ գացած ըլլալու վատ զգացումը, երբ ան ապտակուի կամ որեւէ կերպով պատժուի իր ստեղծած արկածին, սխալին կամ թերացումին համար։ Եթէ չես սահմանած, ուրեմն մի՛ պարտադրեր։

բ.- Երբ յանդգնութեամբ ասպարէզ կը կարդայ, պատասխանէ՛ իրեն հաստատ վճռականութեամբ։

Երբ մանուկ մը կը հասկնայ իրմէ պահանջուածը, այն ժամանակ պէտք է պատասխանատու եւ հաշուետու ըլլայ իր արարքներուն։ Դիւրին ըլլալ կը թուի, սակայն շատ մանուկներ պիտի անտեսեն եւ հակադարձեն իրենց մեծերուն հեղինակութիւնը եւ շարունակեն անհնազանդ եւ ըմբոստ ըլլալ։ Այդ պարագային, ապստամբութեան մէկ րոպէին, մանուկը նկատելով հանդերձ իր ծնողքին փափաքը, ապստամբօրէն անհնազանդ կը գտնուի։ Զինուորական հրամանատարի մը նման, պատերազմի մը ընթացքին, ան նախատեսելով վտանգը, զօրաշարժի կ՚ենթարկէ իր ուժերը եւ կը յարձակի «թշնամի»ին վրայ։

Երկու սերունդներու միջեւ երբ այս ընդհարումը տեղի կ՚ունենայ, չափազանց կարեւո՛ր է որ չափահասը շահի հաստատակամութեամբ եւ վստահութեամբ։ Մանուկը արդէն յայտնի ըրած է, թէ «կռիւ կը փնտռէ», եւ իր ծնողքը իմաստութեամբ վարուելու են որ զայն յուսախաբ չընեն իր դիտաւորութեանը մէջ։

գ.- Զանազանութիւն մը պէտք է դրուի՝ կամովին ապստամբութեան եւ մանկական ապստամբութեան միջեւ։

Մանուկ մը պէտք չէ՛ ապտակուի արարքի մը համար, որ դիտումնաւոր ըմբոստութիւն մը չէ։ Երբ ան, զոր օրինակ, մոռցած է շունը կերակրել կամ անկողինը շտկել եւ կամ որեւէ առարկայ դուրս ձգէ։

Յիշէ՛, որ ասոնք բոլորովին մանկական-բնական վերաբերմունքներ են։ Ուստի մանուկին, տարիքի բերմամբ պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը եւ մտային-հոգեկան-մարմնական տարողութիւնը պէտք է նկատի ունենալ։ Հասուն մէկէ մը սպասուածը մանուկէ մը սպասել շիտակ չ՚ըլլար, քանի որ ամէն բանէ առաջ «փորձառութեան» եւ «գիտութեան» հարց մը գոյութիւն ունի՝ որը անտեսել կարելի չէ՛։ Ազնիւ եւ համբերութեամբ պէտք է վարուիլ մանուկին հետ մինչեւ աւելի լաւը եւ ճիշդը սորվեցնես։ Իսկ եթէ կը զլանայ ծնողքին համբերութեամբ սորվեցուցածներուն, այն ատեն տեղի՛ն է որ անոր հետեւանքները ի՛նք կրէ։ Օրինակի համար, պէտք է ի՛ր աշխատանքով վճարէ կամ վնասը հատուցանէ ապրանքները չարաչար, անխնայ գործածած ըլլալուն համար։

Մանկական պատասխանատուութիւնը բոլորովին տարբեր է կամովին եւ դիտումնաւոր ըմբոստութենէ, եւ պէտք է ըստ այնմ եւ մա՛նաւանդ համբերութեամբ ձեռք առնել հարցը։ Եւ չմոռնալ որ կարեւորը մանուկն ինք է, անոր լաւ պատրաստութիւնը, լաւ կրթուիլը եւ դաստիարակուիլը, եւ միւսները միշտ երկրորդական կը մնան։

դ.-Վստահութիւն ներշնչել եւ սորվեցնել մանուկին երբ ընդհարումը վերջ է գտած։

Ծնողներ, արդարեւ, պէտք է գիտնան, թէ ի վերջոյ մանուկն ալ «ա՛նձ» մըն է։ Եւ ամէն անձ, իր կարգին, ունի արժանապատուութիւն մը։ Ուրեմն «պայքար»ի միջոցին երբ ծնողքը իր առաջնորդելու եւ ուղղելու իրաւասութիւնը ցոյց տուած է, մանաւանդ երբ ան վերջ գտած է մանուկին աչքերէն արցունք խլելով, ան շատ պիտի փափաքի (2-7 մինչեւ 10 տարեկան եղողներ) սիրուելու եւ ծնողքին վստահութիւնը սիրաշահելու։ Ծնողներ, ամէն գնով բազուկները բաց գրկելու են զայն։ Եւ ըսել իրեն, թէ տակաւին զինք կը սիրեն։ Մեղմօրէն եւ սիրով օրօրել եւ հասկցնել կրկին անգամ թէ ինչո՞ւ ինք պատժուեցաւ եւ թէ ինչպէ՞ս կրնայ յաջորդ դժուարութիւնները կանխել։

Չափազանց կարեւոր է նաեւ մանուկին հետ աղօթել այդ պահուն եւ յայտնել Աստուծոյ, թէ բոլորս ալ սխալած եւ մեղք գործած ենք եւ թէ ոեւէ մէկը կատարեալ չէ։ Աստուածային թողութիւնն ալ ունենալ սքանչելի՜ փորձառութիւն մըն է նոյնիսկ ամենափոքր մանուկներու համար։

ե.- Խուսափիլ անկարելի եւ դժուարին պահանջներէ։

Բացարձակապէս պէտք է վստահ ըլլալ, թէ մանուկը կարող է ընել կամ կատարել այն ի՛նչ որ իրմէ կ՚ակնկալուի։ Երբեք չպատժել զայն, ակամայ իր անկողինը թրջելուն համար, կամ դպրոցը ակնկալուած յաջողութիւնը չունենալուն համար, մինչ ան «անկարող» է։

Այս անկարելի պահանջները մանուկը կը դնեն բոլորովին նեղ եւ անել կացութեան մը մէջ։

զ.- Սէրը թող առաջնորդ ըլլայ ծնողներուն, նաեւ անոնց՝ որոնց վստահուած է մանուկին ապագան։

Յարաբերութիւն մը որ կը ցոլա-ցընէ անկեղծ, ճշմարիտ սէր եւ գուրգուրանք, իտէալ եւ յաջող, նպատակայարմար նմոյշ մըն է. նոյնիսկ եթէ ծնողական թերացումներ եւ սխալներ անխուսափելիօրէն պատահին, ինչ որ շատ բնական է, քանի որ մա՛րդ կատարեալ չէ՝ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ։

Մանուկները, վերջապէս հեռո՛ւ պէտք է, հեռո՜ւ եւ զգացումներու սահմանէն դուրս պահել, քանի որ անոնք աւելի շուտ կ՚ազդուին եւ կը տպաւորուին իրենց շուրջը պատահածներէն, վհատութեան վատ զգացումներէն, եւ մանաւանդ որ վհատութիւնը իր հետ կը բերէ աւելի վատ լքուածութեան հոգեվիճակը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022