ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Մանկական յիշատակները մարդուս ամենաթանկագին հարստութի՛ւնն է։ Մանկական անմեղ, մաքուր, անաղարտ եւ անշահախնդիր զգացումները երբ հետզհետէ կը փոխուին, կը վատթարանան, մարդ կ՚ուզէ ետ նայիլ՝ մանկութեան այն անմեղ շրջաններուն եւ կը փնտռէ այն օրերը՝ ապահով, անվտանգ, ամէն չար դիտաւորութիւններէ, կեղծիքէ եւ նենգամտութենէ հեռո՛ւ այն օրերը, որոնք այլեւս շատ փոխուած, եւ իրենց տեղը թողած են նենգութեան, խարդախութեան, խորամանկութեան եւ երկերեսութեան։

Այս պատճառով, մարդու մը բարի եւ մաքուր մանկութեան շրջանի յիշատակները մխիթարութի՛ւն են ներկայ հասուն տարիքին պայմաններուն մէջ։

Այս տրուպ գրիչն ալ առիթը ունեցաւ մխիթարուելու իր մանկական օրերու յիշատակներով, երբ հեռաձայնին վրայ լսեց իր գրեթէ ամենահին եւ սիրելի ընկեր՝ Արսօ Վանլեանի ձայնը։ Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզը երբ առաջին անգամ ծանօթացաւ դպրոցի միջավայրին՝ այս գրիչը հազիւ 5 տարեկան էր եւ հոն առաջին անգամ հանդիպեցաւ Արսօ Վանլեանին՝ որուն հետ էին երկու ընկերներ՝ Յակոբ Սահակեան եւ Եդուարդ Ճանտան։ Այս գրիչը, առաջին անգամ էր, որ կը բաժնուէր տունէն, հայրիկին տաք եւ ապահով ձեռքը սեղմօրէն բռնած կու լար։ Երբ տեսաւ իր նոր ընկերները, որ նոյն զգացումներով՝ տունէն առաջին անգամ բաժնուած ըլլալու զգացումէն տագնապած, կու լային, անմիջապէս մօտեցաւ անոնց եւ սկսան միասին լալ՝ առաջին անգամ, տակաւին 5 տարեկան, նեղութիւնները միացնելով եւ բաժնելով՝ անոնք շատ կարեւոր գիւտ մը ըրին, եւ հասկցան իրար մխիթարելու, իրարմով մխիթարուելու եւ կեանքի դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները յաղթահարելու ոսկի կանոնը, կենսատու գաղտնի՛քը։

Աւելի վերջի տարիներուն՝ պատանեկան, դպրոցական կեանքի մէջ շարունակուեցաւ մեր ընկերութիւնը…։

Բայց անոնց հետ ունեցանք նաեւ ուրիշ հասարակաց «սէր» մը՝ Գնալը կղզիի սէրը, որ հեռուն կամ մօտը անվերջ եւ անշէջ «բոց» մը մնաց այդ սէրը մեր մէջ։

Սիրելի՜ Արսոյին ձայնով մխիթարուեցայ, փոխադրուեցայ այն կարօտալի՜ օրերուն։

Հայրիկս, Գրիգոր Գալփաքճեան իր ոեւէ բարեկամին համար երբ կ՚ըսէր. «40 տար-ւայ ընկերս է…», կը զարմանայի եւ միամիտօրէն կը մտածէի, թէ «40 տարուան ընկերութիւն» մը ինչպէս կարելի է որ ըլլայ։ Եւ երբ կը խօսէի սիրելի Արսոյին հետ հեռաձայնի վրայ, անդրադարձայ, որ մենք «70 տարուայ» անցեալ մը ունինք՝ 70 տարուան ընկերներ ենք։ Եւ յիշեցի հօրս խօսքը՝ թէ իր ընկերը 40 տարուան բարեկամն է, որուն ո՜րքան զարմացած էի. աւելի եւս զարմացայ, որ հիմա՛ 70 տարուան ընկեր մը ունիմ…։

Եւ սա ճշմարիտ մխիթարութիւն է. անցած ա՜յնքան տարիներու մէջէն խօսիլ, յիշել հին երանելի՜ օրերը, մանուկ ըլլալ՝ ինքզինք մանուկ զգալ 70 երկար տարիներ վերջ։ Մխիթարութի՛ւն է՝ յիշել եւ յիշուիլ, մխիթարութիւն է՝ չմոռնալ եւ մոռցուած չըլլալ, մխիթարութիւն է՝ յառաջացած տարիքին «մանուկ» տարիքը վերապրիլ եւ յիշատակները, հասարակաց զգացումները բաժնել՝ անկեղծութեամբ՝ մանուկի մաքուր սիրտով եւ պայծա՛ռ միտքով։

Արդարեւ, մանկական օրերու հրճուանքը իր յիշատակներուն մէջ ազդարարութիւն մըն է մարդուս համար, թէ՝ կեանքը ընթացք մըն է՝ մշտնջենաւոր, եւ ընթացք մը՝ որ երբեք վերադարձ չունի, եւ այդ իսկ պատճառով, պէտք է ամէն պահը ապրիլ յարգը գիտնալով այդ թանկագին պահուն։ Եւ անշուշտ որ այդ պահերը յիշել մխիթարութիւն մըն է, դաս մը՝ կեանքի անփոխարինելի դա՛ս մը՝ թէ մարդ ո՛ւր կը սկսի, ինչպէս կը շարունակէ կեանքը՝ որ չի գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի հասնի եւ ե՞րբ…։

Մանկութիւնը մարդուս կեանքին ամենէն ապահով եւ անվտանգ շրջանն է, շրջան մը՝ որ մանկական մաքուր սիրտով, աննենգ եւ անկեղծ զգացումներով եւ կեանքի փորձառութեան թերութեանը պատճառով, ընդհանրապէս, արժէքին եւ կարեւորութեան անդրադառնալ կարելի չ՚ըլլար։ Եւ յետոյ, երբ անցնին այդ երանելի՜ օրերը կը յիշուին եւ կը դառնան մխիթարութեան միջոց։

Կեանքի մէջ տեւական յառաջացումը եւ բնական բարեփոխութիւնը, փորձառութեան հետզհետէ զարգացումը եւ ճոխացումը, նեղութիւններու, վիշտերու, ցաւերու, բարոյական ծանրութիւններու ճնշումը, աւելի եւս կը քաղցրացնեն մանկութեան օրերու յիշատակները, եւ մարդ կը մխիթար-ւի այդ օրերը ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ այդ շրջանի անկեղծ, անշահա-խընդիր, մաքուր սրտով հաստատուած ընկերութիւնները ապրած ըլլալով։ Եւ 70 տարի վերջ այդ օրերը յիշելու առիթ ընծայող սիրելի՜ ձայն մը լսելով…։

Եւ միջավայրեր՝ մանկութեան քաղցր եւ անմեղ յիշատակներով լեցո՜ւն վայրեր։ Երբ կը յիշենք մանկութեան այդ վայրերը, անշուշտ որ ինչպէս շատերու համար, նաեւ մեզի համար եւ մեր մանկական շրջանի, դպրոցական կեանքի առաջին քայլերուն՝ Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզին մէջ հանդիպած երեք ընկերներուն համար եզական կարեւորութիւն մը ունի Գնալը կղզին։ Կարօտ մըն է Գնալը կղզին ամէն անոնց համար, որ հոն ապրած են կեանքի ամէն մէկ հանգրուանը, ամէն մէկ շրջանը։ Եւ ահաւասիկ, Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզէն, այդ օրերէն հնչող բարեկամի մը ձայնը, մխիթարութիւն մըն է՝ ուրախութիւն մը եւ ապացո՛յց մը, թէ ապրած ենք եւ կ՚ապրինք, եւ պիտի շարունակենք ապրիլ յիշատակներու եւ ճշմարի՛տ բարեկամներու շնորհիւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018