ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Բնութեան մէջ ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի, ի վերջոյ կը դառնայ իր Արարչին՝ Աստուծոյ ծոցը՝ հո՛ն, ուրկէ ելաւ եւ ստեղծուեցաւ։ Բնութեան մէջ ո՛չ մէկ բան կը կորսուի, այլ կը ձեւափոխուի միշտ պահելով իր սկզբնական էութիւնը։

Մարդն ալ՝ մարդ էակն ալ, որպէս բնութեան մէկ մասը, նո՛յնպէս, ինչպէս ամէն ստեղծուած, կը դառնայ իր Աստուծոյն ծոցը՝ ուրկէ ստեղծուեցաւ՝ կեանք եւ գոյութիւն ստացաւ։

Բնութեան մաս կազմող ամենէն աննշան տարր մը, զոր օրինակ, դաշտի վրայ բուսած խոտը բնութեան այս անայլայլելի եւ մշտնջենական օրէնքին կը հպատակի եւ կ՚երթայ կը միանայ իր արարչին, եւ կ՚ամբողջանայ միութեան մէջ։

Երկրի վրայ գտնուող ամէն էութեան, եւ նաեւ «մարդ»ուն, հարցում մը կարելի է հարցնել.

«Ուրկէ՞ կու գաս», «ո՞ւր կ՚երթաս», եւ «ո՛վ դուն, մա՛րդ». հաւասարապէս խորհրդաւոր հանելուկային հարցում մըն է ասիկա. «ուրկէ՞ կու գաս, ո՞ւր կ՚երթաս…»։ Ահաւասիկ ամբողջ կեանքին նպատակը եւ իմաստը կ՚ամփոփուի այս պարզ բայց խորհրդաւոր, եւ ո՛րքան խորհրդաւոր՝ այնքան անպատասխանելի հարցումին մէջ։ Ո՜վ երբեք կը համարձակի յստակ պատասխան մը տալու այս կենսական հարցումին։

Զանազան գիտնականներ, իմաստասէրներ փորձեցին «պատասխան» մը տալ, բայց անոնց պատասխանները բաւարար չեղան վերցնելու խորհրդաւորութեան քօղը «անպատասխանելի» հանելուկին վրայէն։ Ան մնաց միշտ «խորհուրդ»։

Գիտութիւնը մարդկային մտքին հունաւորութեան մէջ սահմանափակուած է։

Եւ այս «հանելուկ»ին պատասխանը Աստուծոյ մտքին մէջ պահուած է։ Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է թէ՝ տիեզերքը, իր ամբողջ պարունակութեամբը Աստուծոյ մտքովը միայն ըմբռնելի է։ Կամ, մարդ «Աստուած ըլլալու է», որպէսզի կարող ըլլայ իր հարցումներուն գոհացուցիչ կերպով պատասխաններ տայ։

Եւ այս «ինքնահաւան մարդ արարած»ը Աստուած չեղած՝ Աստուծոյ մտքին տիրանալ կը ջանայ…։ Անկարելիին ետեւէն ինկած է, եւ օր մը պիտի խոնարհի իր մտքին սահմանաւորութիւնը խոստովանելով…։

Ուստի պէտք է Աստուծոյ մտքին մօտենալ «հաւատք»ով եւ ո՛չ թէ գիտութեան յաւակնութեամբ, բաւական է մարդուս համար «հաւատալ» թէ՝ Աստուած գիտէ իր բոլոր հարցումներուն պատասխանները։ Այս ուղղութեամբ, հաւատքը գիտութեան չափ, եւ գիտութենէն իսկ աւելի՛, արժէք ունի։

Բա՛ւ է հաւատալ եւ ըսել՝ թէ Աստուծմէ եկաւ մարդը եւ Աստուծոյ կը դառնայ ի վերջոյ։ Այս իսկ պատճառով, Աստուծոյ եւ մարդուս միջեւ «միութեան կապ»ը անբաժանելի՛ է։

Զոր օրինակ, բնութեան մաս կազմող աննշան տարր մը, մոլորուն խոտ մը այդ «միութեան օրէնք»ին ապացո՛յցն է։ Ուրկէ՞ կցուած էր սա խոտը որ Բնութեան մէկ ուժին միջամտութեամբը, խզուեցաւ իր «մօր»մէն, եւ իբրեւ անօգնական որբ մը՝ մոլորեցաւ ճզմուելու մարդոց ոտքերուն տակ եւ ծեծուելու անծանօթ հարուածներէն եւ քայքայուելու, մեռնելու, ոչնչանալու…։

Անողոք, անխուսափելի վճիռը արձակուած է ամէն նիւթեղէն գոյութեան դէմ. «Հող էիր, հողի՛ն դառնաս»։ Նոյնպէս եւ սա դողդոջուն աննշան խոտին դէմ…։

Եւ այս խոտը հողի կը վերածուի եւ կը վերսկսի իր կեանքի շրջանը, երբ ծառի մը արմատներուն սնունդ կ՚ըլլայ եւ կը վերածուի «ստեղծագործիչ ուժ»ի մը, որ կը յայտնուի՝ անգամ մըն ալ որպէս բոյս մը, խոտ մը դարձեալ թերեւս…։ Ահաւասիկ, ա՛յս է կեանքի մշտնջենաւորութիւնը, շարունակականութիւնը՝ անվերջ գոյութիւնը, կենդանութի՛ւնը։

Ի՜նչ խորհրդաւոր այլակերպութիւն. խոտը հողէն էր, հողին դարձաւ։ Բնութեան մէջ «միութեան անյեղլի օրէնք»ը իր տեղը կը գտնէ այսպէս ահաւասիկ։ Ամէն ինչ կը վերադառնայ իր սկզբնական վիճակին, իր սկզբնաւորութեան, միանալու անոր՝ ուրկէ ելած է։

Նոյնպէս՝ մարդ էակը. ինչպէս խոտը հողին՝ նո՛յնպէս մարդը կը դառնայ իր Աստուծոյն ծոցը՝ ուրկէ ելաւ։

Ահաւասիկ, ա՛յս է «միութեան օրէնք»ը։

Ուստի մարդ արարածին բնութեան խորագոյն տենչը եւ նպատակն է դարձ Աստուծոյ։

«Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներուն կը փափաքի՝ նոյնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՜վ Աստուած»։

«Իմ հոգիս հանգիստը պիտի չգտնէ մինչեւ որ Քեզ գտնէ…»։

«Ո՜վ Աստուած իմ… առտուանց ես քեզ կը փնտռեմ. հոգիս կը ծարաւի Քեզի, եւ մարմինս Քեզ կը փափաքի…»։

«Առտուանց սպասողներէն աւելի՛ իմ անձս Տիրոջը կը սպասէ…»։

Ահաւասիկ վկայութիւններ Սուրբ Գիրքէն՝ թէ մարդ ինչպէ՛ս կը փափաքի Աստուծոյ միանալ…։

Արդարեւ, այս մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի «միութեան օրէնք»ը՝ որ յայտնի՛ է ֆիզիքական աշխարհին մէջ՝ նաեւ բացայայտ կերպով ապացուցանելի է հոգեւոր փորձառութիւններու աշխարհին մէջ։

Մարդու «ճակատագիր»ը զատող ուժերու ենթակայ չէ՛ երբեք. բնութիւնը միշտ միացնող՝ ամբողջացնող հանգամանք մը ունի, անոր մէջ ամէն ինչ կը միանայ՝ «մէկ» կ՚ըլլայ, ինքն իր մէջ կ՚ամբողջանայ, քանի որ «Մէկ»էն է եկած…։

Արդարեւ, աստուածային արարչութեան ծրագիրն ալ հաստատուած է «միութեան» վրայ, քանի որ Ծրագրողը Մէ՛կ է եւ անբաժանելի՛։

Ուստի ամէն արարած ե՛ւ անշուշտ մարդը կոչուած չեն միայն փրթելու այն բունէն՝ որուն փակչած էին, եւ դարձեալ իր եղած տեղը չորնալու, փճանալու եւ ոչնչանալու չե՛ն ծրագրուած։ Ապրիլ, աճիլ, զարգանալ եւ ի վերջոյ վերադառնալ իր բունին եւ միանալ անոր։ Եւ այս իմաստով իսկ, մարդուն ժառանգութիւնը Աստուած է՝ յաւիտենական կեա՛նքը։ Իսկ «յաւիտենական կեանք» կը նշանակէ միանալ իր բունին, ամբողջանալ եւ երանութեան հասնիլ։

Կեանքը իրակա՛ն է. այո՛, տարակոյս չկա՛յ այդ մասին, բայց նաեւ՝ «խաբուսիկ» այդ իրականութեան մէջ։ Մարդուս վիճակը չէ կարեւորը, այլ՝ այն կապը՝ որ ունի, եւ կը պահէ, ի՛նչ վիճակի մէջ ալ որ ըլլայ, Աստուծոյ հետ։ Այդ «կապ»ը հաւաստի՛քն է յաւիտենական կեանքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020