ՄԵՂՔԵՐՈՒ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մեղքերուն խոստովանութիւնը՝ որ կը նշանակէ յանցանքը ընդունիլ, նոյնիսկ լոկ մարդկային տեսանկիւնէն մարդը կը ձերբազատէ՝ դիւրացնելով ուրիշներուն հետ իր հաշտութիւնը։

Յանցաւորութիւնը խոստովանելով՝ մարդը ինքզինք դէմ առ դէմ կը դնէ զինք յանցաւոր դարձնող մեղքերուն հետ, կը ստանձնէ անոնց պատասխանատուութիւնը եւ ասով՝ դարձեալ կը բացուի Աստուծոյ շնորհքին եւ Եկեղեցւոյ հաղորդութեան դիմաց, կարելի դարձնելով նորագոյն ապագայ մը։ Բայց պէտք է նշել, որ յանցանք մը, մեղք մը խոստովանելու համար նախ պէտք է անդրադառնալ անոր եւ յետոյ ընդունիլ անիկա։

Քահանայ հօր առջեւ կատարուած խոստովանանքը Ապաշխարութեան խորհուրդին էական մէկ մասը կը կազմէ.

«Խոստովանանքին մէջ ապաշխարողները իրենք զիրենք լրջօրէն քննելէ ետք, պարտին թուել այն մահացու բոլոր մեղքերը, որոնց գիտակցութիւնը ունին, նոյնիսկ եթէ անոնք ամենագաղտնի են եւ միայն Տասնաբանեային վերջին երկու պատուիրաններուն դէմ գործուած են». (ԵԼՔ. Ի 17) եւ (ՄԱՏԹ. Ե 28), որովհետեւ երբեմն այս մեղքերը աւելի ծանրօրէն կը վիրաւորեն հոգին եւ աւելի վտանգաւոր են՝ քան բոլորին առջեւ գործուած յանցանքները եւ մեղքերը։

Քրիստոսի հաւատացեալները երբ կը ջանան իրենց յիշած եւ անդրադարձած բոլոր մեղքերը խոստովանիլ, տարակոյս չկայ, որ կ՚ուզեն զանոնք ներկայացնել Աստուծոյ ողորմածութեան ներումին։

Իսկ անոնք, որոնք տարբեր ձեւով կը վարուին եւ քանի մը մեղքեր գիտակցաբար կը թաքցնեն՝ կը ծածկեն, անոնք աստուածային բարութեան ոչինչ կը ներկայացնեն, զոր Ան կարենայ ներել քահանայ հօր միջոցաւ։ Քանի որ եթէ հիւանդը կը խպնի իր վէրքը յայտնելու բժիշկին, բժշկութիւնը չի խնամեր ի՛նչ որ կ՚անգիտանայ։

«Ան որ կը խոստովանի իր մեղքերը, արդէն իսկ կը գործակցի Աստուծոյ հետ։ Աստուած կ՚ամբաստանէ քու գործած մեղքերդ։ Եթէ դուն ալ զանոնք կ՚ամբաստանես, ուրեմն Աստուծոյ հետ կ՚ըլլաս։ Մարդը եւ մեղաւորը, այսպէս ըսելու համար, երկու անջատ իրականութիւններ են. մարդը՝ որուն մասին կ՚ուզես խօսիլ, զայն արարողը Աստուած է. մեղաւորը՝ որուն մասին կ՚ուզես խօսիլ, զայն մեղաւոր ընողը մարդն է։ Կործանէ՛ քու ըրածդ, որպէսզի Աստուած փրկէ Ի՛ր ըրածը…։ Երբ կը սկսիս քու գործածդ ատել, այն ատեն կը սկսիս բարին գործել, քանի որ քու գէշ գործերդ կ՚ամբաստանես։ Բարի գործերուն սկիզբը՝ խոստովանութիւնն է գէշ գործերուն։ Ճշմարտութիւնը գործելով Լոյսին կու գաս», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Եկեղեցւոյ պատուիրանին համաձայն, ամէն հաւատացեալ, որ հասած է խելահասութեան տարիքին, պարտի գէթ մէկ անգամ խոստովանիլ իր այն ծանր մեղքերը, որոնց գիտակցութիւնը ունի։

Ան, որ գիտակցութիւնը ունի, թէ մահացու մեղք մը գործած է, նոյնիսկ եթէ մեծ զղջում կը զգայ, ան պէտք չէ՛ մերձենայ Սուրբ Հաղորդութեան՝ առանց խորհրդենական արձակումը նախապէս ընդունելու, բացի եթէ հաղորդուելու ծանր պատճառ ունի եւ խոստովանահօր մը մօտենալու կարելիութիւն չունի։

Առ այդ կը յանձնարարուի գոնէ ամէն տաղաւար տօնի մասնակցիլ Սուրբ Պատարագի եւ հաղորդուիլ։ Արդարեւ, ամէն Սուրբ Պատարագին մասնակցողի Սուրբ Հաղորդութեան ստանալը՝ Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան բնական եւ բանական մէկ մասն է՝ մասնակցիլ Սուրբ Սեղանէն մատակարարուած Յիսուս Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան։ Այս առումով, Սուրբ Պատարագի մասնակցողներ՝ Մարմնի եւ Արեան ալ մասնակցելով իրենց բաժինը երբ կը ստանան, այն ատեն ահաւասիկ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը իր ամբողջութեան կը հասնի։

Թէպէտ առօրեայ յանցանքներուն՝ ներելի մեղքերուն խոստովանութիւնը անհրաժեշտ չէ շատ, սակայն յանձնարարելի է, քանի որ մեղքը միշտ արատ մըն է հոգիին վրայ։ Ինչպէս մարդ իր տան մէջ յաճախ փոշիները կը մաքրէ, նոյնպէս ալ հոգիին վրայ կուտակուած «փոշի»ները՝ մեղքերը յաճախ պէտք է սրբել, մաքրել, քանի որ անոնք դիզուելով անոնց մաքրութիւնը հետզհետէ կը դժուարանայ։

Մեղքը արատ մըն է մարդուս վրայ, պէտք է ազատիլ եւ մաքրուիլ այդ արատէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024