ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՏԱՆԱՒՈՐ

Մեր թուականէն ճի՛շդ 120 տարիներ առաջ՝ 1904 թուականին հայ երիտասարդ բանաստեղծ մը իր գրչակից եղբօր գրած մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ամենէն դժուարին խնդիրը, ինծի համար, բանաստեղծ մը կատարելապէս ուսումնասիրելուն մէջ կը կայնայ: Եթերի պէս անգայտ, ճաճանչի պէս խափուսիկ, փետուրի պէս թեթեւ է անոնց հոգին, եւ ո՛չ եթերը կը շօշափուի, ո՛չ ճաճանչը կը բռնուի եւ ոչ ալ փետուրը կրնայ կենալ հովին կամշոտ խարազանումէն»:

Միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է «բանաստեղծական հով» մը, սակայն անոր ինչ ըլլալուն մասին յստակ տեղեկութիւն մը չունինք. լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի հասկնալը, թէ ինչո՞ւ համար մարդ բանաստեղծութիւն կը գրէ, ինչո՞ւ համար բանաստեղծ կը դառնայ. այդ մէկը արդիւնքն է լոկ հայերէն լեզուի լաւ գիտութեան, թէ ուրիշ ազդակներ զիրենք կ՚առաջնորդեն գրել: Այս նիւթը արտարծելէ առաջ, պարտինք հասկնալ տարբերութիւնը «ոտանաւոր»ին եւ «բանաստեղծութեան». յաճախ յիշած ենք, որ սիրուն բառեր քով քովի բերելով եւ անոնց վերջին վանկերը յարմարցնելով բանաստեղծութիւն կարելի չէ գրել եւ ամէն քառատող նախադասութիւն չէ՛ որ իրապէս բանաստեղծութիւն է. այդ իսկ պատճառով կայ ոտանաւոր եւ կայ բանաստեղծութիւն. անոնց տարբերութիւնը հասկնալու համար կը դիմենք «Հայոց լեզուի նոր բառարան»ին։ Բառարանագիրը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ բառերը.

ՈՏԱՆԱՒՈՐ.- ոտքեր ունեցող, տաղաչափօրէն գրուած, տաղաչափական խօսք:

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ.- Ստեղծագործութիւն գիրի միջոցով, գեղարուեստօրէն միտքը եւ հոգին արտայայտելու արուեստ:

Մեր ժողովուրդի մէջ այս բառերը յաճախ նոյն իմաստով կը ներկայանայ, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ. իւրաքանչիւր բանաստեղծ կրնայ ոտանաւոր մը գրել, սակայն ոտանաւոր գրող մը կրնայ բանաստեղծութիւն չկարենալ գրել, որովհետեւ էութեամբ անոնք ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ:

Եթէ լաւապէս սերտենք անցեալի գրականութիւնը պիտի տեսնենք, որ բանաստեղծները մի՛շտ ալ եղած են դժբախտ մարդիկ, որովհետեւ անոնք իրենց ցաւերը արցունքներով արտայայտելու փոխարէն նախընտրած են խիտ բառերու ճամբով հաղորդել եւ հանգստանալ, այդ իսկ պատճառով շատ մը բանաստեղծութիւններ լուրջ վերլուծութեան կը կարօտին, հասկնալու համար, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ բանաստեղծը. իսկական բանաստեղծ մը չի՛ գրեր բառերու ճոխութեան եւ կամ ուրիշները հաճոյացնելու համար, ոչ ալ գեղարուեստական գործ մը թողելու համար. բանաստեղծութիւն գրելը լոկ սեփական ցաւերը թեթեւցնելու կը ծառայէ եւ ուրիշներու կողմէ այդ ցաւերուն հասկնալի կամ անհասկնալի ըլլալը կրնայ այնքան ալ կարեւորութիւն չունենալ: Բանաստեղծութիւնը գրութեան տեսակ ըլլալէ անդին ապրում մըն է, զգացում մը, որ բոլորի մօտ չէ՛ որ կը յայտնուի։ Հիները ուսումնասիրելով կը հասկնանք, որ բանաստեղծներու մեծագոյն բարեկամը լռութիւնն է, որովհետեւ լռութեան պահերուն է որ ծնունդ կ՚առնեն տողերը, որոնք սեփական ապրումներու թարգմանն են պարզապէս. այդ տողերը իրականութեան մէջ տխրութեան աներեւոյթ արցունքներ են: Մարդ կը տարբերի իր բնութեամբ, կազմուածքով ու հոգեկան ապրումներով. ոմանք կրնան իրենց ցաւերը բացայայտ ձեւով բարձրաձայնել, լալ, յուզուիլ ու արտասուել, սակայն ուրիշներ ի տարբերութիւն առաջիններուն կը նախընտրեն այդ բոլոր յոյզերն ու ապրումները պահել իրենց սիրտին ու հոգիին մէջ եւ այս խումբին պատկանող մարդիկն են, որ կրնան դառնալ բանաստեղծ, այլապէս կը վերածուին ոտանաւոր գրողներու, որ աւելի իրապաշտ կ՚ըլլայ՝ քան գաղափարապաշտ:

Ամէն մարդ չէ որ կրնայ բանաստեղծ ըլլալ, որովհետեւ գոյութիւն ունի յատուկ «բանաստեղծի հոգեբանութիւն» մը. այդ հոգեբանութեան առաջին առանձնայատկութիւններէն է զգացմունքային արտայայտութեան ձեւը։ Բանաստեղծութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ յաջողի բացատրել բարդ յոյզերը։ Փոխաբերական պատկերներու միջոցով բանաստեղծներ կրնան խօսիլ ցաւի մը եւ կամ զգացումի մը մասին, որոնք դժուար են ուղղակիօրէն արտայայտել: Այս մէկը աւելի յստակեցնելու համար առնենք Պետրոս Դուրեանի յայտնի տողերը.

«Ինչո՞ւ ապշած են, լճա՛կ,
Ու չեն խայտար քու ալեակք,
Միթէ հայլւոյդ մէջ անձկաւ
Գեղուհի՞ մը նայեցաւ»:

Իրականութեան մէջ կը հաւատանք, որ այս տողերը լճակին չե՛ն պատկանիր՝ այլ բանաստեղծի հոգիին. ան իր հոգեկան աշխարհը կ՚ուզէ բացատրել լճի մը օրինակը տալով, որ չի շարժիր. մեռելութիւն մը պարզապէս: Ան լիճին անշարժացումը կ՚ուզէ վերագրել սիրոյ ցաւին՝ ինչ որ ինքը, Դուրեան կ՚ապրէր եւ իրենց համար աւելի դիւրին էր լիճի օրինակով հոգեկան վիճակը ներկայացնել՝ քան ուղղակիօրէն ըսել, թէ ինչ ցաւեր կը զգայ իր հոգւոյն մէջ: Այդ իսկ պատճառով բանաստեղծութիւն մը կարդալու ժամանակ պէտք է լաւապէս բանալ հոգիի աչքերը, որպէսզի այդտեղ գրուածները բառացիօրէն հասկնալու փոխարէն յաջողին անոնց խորքը թափանցել: Այս հոգեբանական վիճակը ինքնաբերաբար կ՚ազդէ նաեւ ընթերցողին վրայ, որովհետեւ այն այդ տողերուն մէջ իր հոգեվիճակն է որ կը տեսնէ։ Լիճին խաղաղ ըլլալը այնքան չի հետաքրքրեր ընթերցողին, ինչքան նոյնանման ապրումները, ինչ որ ընթերցողը կը զգայ այդ տողերը ըմբոշխնած ժամանակ։ Զգացումներու մշակումն է, որ ընթերցողը կը կապէ բանաստեղծին եւ այդ հոգեկան կապուածութիւնն է, որ սիրելի կը դարձնէ բանաստեղծը. օրինակի համար, ընթերցողներ կը հաւատան, որ Պարոյր Սեւակի տողերուն մէջ ամէ՛ն տարիքի մարդ կրնայ գտնել իրենց համապատասխան հոգեկան վիճակ մը եւ այդ է պատճառը, որ Սեւակ դարձած է յայտնի. գուցէ Սեւակէն շա՜տ աւելի լաւ հայերէն գիտցող եւ սիրուն բառեր գործածող բանաստեղծներ եղած ըլլան, որոնք այսօր չեն յիշուիր, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը սիրելի դարձնողը մաքուր շարահիւսութիւնը չէ, այլ տողերու զգացմունքային հարստութիւնը:

Երկրորդ շնորհքը բանաստեղծին բառերու պարն է. բառեր քով քովի դնելով ոտանաւոր կը ստանանք, սակայն ապրումները, մանաւանդ սրամտութեան հետ միասին բանաստեղծութիւն կը ստեղծեն՝ ինչպէս տեսանք «ինչո՞ւ ապշած ես լճակ»ի պարագային։ Դուրեան եթէ գրէր «հոգիս ապշած է» այնքան ալ ազդեցութիւն պիտի չունենար, ինչքան իր բառապարը: Պէտք է մոռնալ այն մտածումը, որ բանաստեղծութիւն մը պէտք է տաղաչափՈւած ըլլայ եւ համապատասխան. ո՛չ վերջին վանկերը եւ ո՛չ ալ տողերու չափերը կրնան որոշել բանաստեղծութեան մը ինչութիւնը։ Բացէ՛ք եւ կարդացէք Պարոյր Սեւակ. բոլոր բանաստեղծութիւնները կրնան տաղափաչուած չըլլայ:

Բանաստեղծութեան երրորդ ամենէն կարեւոր կէտը յիշողութիւնն է. բանաստեղծը գիտէ լաւապէս յիշել ու իր յիշուղութիւնը թուղթին յանձնել. սուր յիշողութեան կողքին ան ունի նաեւ զանազանելու, նմանեցնելու ուժեղ կարողութիւն. գիտէ լաւապէս դիտել ու քննել մարդկային զգացումները:

Մտաւորական մը իր նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Բանաստեղծին սիրտը վառարանն է որուն դպչող մատները կ՚այրին»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս մեր ձայնը լարի մը միջոցով կը փոխանցուի ուրիշին:

Պատասխան. Եթէ կ՚օգտագործէք հեռախօս, ապա ձեր ձայնը որպէս ելեկտրական ազդանշան կը փոխանցուի լարի միջոցով, իսկ համացանցային տեսակցութիւններու պարագային ձեր ձայնը կը փոխանցուի որպէս թիւեր։ Ազդանշաններն ու թիւերը հասնելով նպատակակէտին՝ դարձեալ կը վերածուին ձայնային ալիքներու, պատճառ դառնալով որ դիմացինը լսէ ձեր ձայնը: Հետեւաբար ձեր ձայնը կը վերածուի ալիքի ու թուանշաններու եւ ապա հասնելով տեղ դարձեալ դուրս կու գայ ձայնի տեսքով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024