ԱՆՈԽԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
«Ոխակալութիւն». ահաւասի՛կ մոլութիւն մը՝ հոգեկան ախտ մը, վատ սովորութիւն մը, կիրք մը, որ դժբախտաբար մարդս գերի կը դարձնէ, իր ճիրաններուն մէջ բանտարկելով զայն։ «Ոխակալութիւն» կը նշանակէ՝ քէն, քինախնդրութիւն, քէնէ մղուած վրէժխնդրութիւն։ Եւ այս կիրքը կ՚արծարծէ, կը հրահրէ թշնամութիւնները, հակառակութիւնները, կը տեւականացնէ կռիւը, պայքարը։
Մինչդեռ խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը, անդորրութիւնը կ՚երջանկացնէ մարդը՝ հանգիստ կեանք մը ապահովելով անոր։ Բայց մարդկային բնութիւնը միշտ հակամէտ է խռովութեան, թշնամութեան, խառնակութեան եւ քէնի։
Մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մարդս միշտ նախընտրած է կռիւը, թշնամութիւնը, փոխանակ անդորրութեան։ Ո՜վ գիտէ, բանի մը արժէքը հասկնալու համար զայն կորսնցնե՞լ պէտք է, քանի որ մարդիկ երբ կը կորսնցնեն խաղաղութիւնը եւ կը սկսին կռուիլ կամ գժտուիլ, անմիջապէս ճար մը կը փնտռեն։ Եւ դարձեալ քաղաքական ընդհանուր պատմութիւնը լեցուն է պատերազմներով՝ որուն կը յաջորդեն խաղաղութեան որոնումներ, որոնք ընդհանրապէս կը յանգին խաղաղութեան դաշինքներու։
Ոխակալութիւնը կամ վրէժխնդրութիւնը մարդկային տկարութիւն մըն է, եւ այնպէս տկարութիւն մը ենթակային մեծ վտանգ կը սպառնայ եւ վնասներու պատճառ կը դառնայ։ Այո, սիրելի՜ բարեկամներ, ոխակալութիւնը կամ վրէժխնդրութիւնը տկար նկարագրի տէր մարդու զգացում մըն է. կիրք մը, որ երբեք օգուտ չի խոստանար անոր՝ որ այդ կիրքով կը շարժի եւ կեանքը դժոխային կացութեան մը կը վերածէ։
Անոխակալութիւնը՝ որ հակադիր վիճակն է ոխակալութեան, առաքինութիւն է ե՛ւ ազնուութիւն։
Ոխ չպահող, անոխակալ մարդը՝ նկարագրով զօրաւոր վեհանձն ու անյիշաչար մարդ է. մեծհոգի, ասպետական է։ Ան դէպքերը կը դիտէ վերէն՝ հեռուէն եւ երբեք չ՚ազդուիր անոնցմէ, ինչ որ «զօրաւոր նկարագրի յատկանիշ» մըն է։ Անոխակալ մարդը միշտ ներողամիտ է՝ համբերատար եւ հանդուրժող, ողջամիտ եւ զգօն։ Եւ հակառակ բոլոր այս բարեմասնութիւններուն, զարմանալի՜ է որ մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ոխակալ ըլլալ եւ վրէժխնդրիր, ոխակալ։
Պահ մը խորհինք սիրելի՜ բարեկամներ, ոխակալութիւնը կամ վրէժխնդրութիւնը ի՞նչ օգուտ կ՚ապահովէ ենթակային։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ոխակալ կամ վրէժխնդիր մէկը միա՛յն վնաս կը պատճառէ՝ թէ՛ իրեն, եւ թէ անոր՝ որուն հանդէպ ոխ եւ վրէժխնդրութեան կիրքով լեցուած է։ Բայց ամենամեծ վնասը ինքն իրեն կը հասցնէ։
Վնաս մը փոխադարձելու տրամադրութեան մէջ ըլլալու չափ անիմաստ, տմարդի՝ մարդ արարածի անվայել, բիրտ ու վատ զգացում մը կարելի՞ է խորհիլ։ Այլապէս մարդկային արժանաւորութեան ու արժանապատուութեան չի՛ համաձայնիր, կարելի չէ՛ պատշաճեցնել այդպիսի զգացում մը՝ որ ի վերջոյ կը յանգի ոխակալութեան կամ վրէժխնդրութեան։
Ամէն պետութիւն, այսինքն կազմաւորուած ու կազմակերպուած ամէն հաւաքականութիւն, «ընկերային համաձայնութեամբ» մը վնասը հատուցանել տալու, պատժելու, վնասը կամ յանցանքը փոխարինելու համար պետական իշխանութիւնը իրաւասու կարգած է, այսինքն պաշտօնատար նշանակած է։ Եւ այլեւս անհատապէս վրէժ լուծելու իրաւունքը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ հատուցում պահանջելու արդար սեփականութիւնը փոխանցուած է պետական իշխանութեան, քանի որ ան իրաւասո՛ւ է պաշտպանելու ամէն իրաւունք եւ պահանջելու՝ ամէնքը, բոլոր ընկերութիւնը հետաքրքրող պարտքը։ Իրաւունքը՝ որ «օրինաւորուած պահանջք» մըն է՝ կարողութիւն մը, կը վերաբերի իշխանութեան եւ անոր օրինական պաշտօնատարներուն։
Եկէք սիրելի՜ներ, շարունակենք առակով մը։
Առակը քաղուած է՝ «Հայելի Վարուց Բարոյագիտական Պատումներ. Սուրբ Էջմիածին, 2007»էն։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան իր քարոզներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ, թէ երբ չարաբարոյ մարդոցմէ ոմանք կը քարկոծէին երանելի Կոստանդիանոս ինքնակալի պատկերը, եւ շատեր անոր կը խրատէին ու կը յորդորէին վրէժխնդիր ըլլալ իր նկարը անարգողներուն նկատմամբ, եւ ոչնչացնել այսպիսի արհամարհական վերաբերմունքները իրագործողները, աւելցնելով նաեւ, թէ կայսեր ամբողջ դէմքը քարերով չարաչար եւ անխնայ վիրաւորուած էր։
Կոստանդիանոս ձեռքը դէպի երեսը տանելով եւ ծիծաղելով կ՚ըսէր.
«Ո՛չ խոց կը տեսնեմ երեսիս, դէմքիս վրայ, ո՛չ ալ ցաւ կը զգամ. գլուխս առողջ է, եւ երեսս ո՛չ մէկ վէրք կայ, ողջ եւ ամբողջ է»։
Իսկ անոնք, որ կը յորդորէին վրէժխնդիր ըլլայ, ամօթահար եղած էին եւ հրաժարեցան իրենց չար խրատներէն։
***
Սուրբ Յովհան Ողորմած եղբօրորդի մը ունէր, որ պանդոկապետի մը հետ կռուելով՝ անոր կողմէ մեծագոյն անարգանքի մը ենթարկուած էր եւ քանի որ այս բանը յայտնապէս կատարուեցաւ, եւ մանաւանդ որ անարգ մարդու մը կողմէ. ինքն ալ առաւելաբար պատրիարքի եղբօրորդին էր, այս իսկ պատճառով վիրաւորուած սիրտով, կարեվեր, այսինքն խոր վէրք ստացած, ծանրապէս վիրաւորուած, սաստիկ լացով եկաւ անոր սենեակը։ Պատմեց մանրամասնութեամբ պատահածը։
Հեզահոգի պատրիարքը, անիկա այդպիսի զայրոյթի մէջ տեսնելով՝ դարձեալ հարցուց թէ ինչպէս պատահեցաւ դէպքը, քանի որ եղբօրորդին շատ տրտմած էր։
Բայց պատրիարքի եղբօրորդին չէր կրնար աւելի շատ խօսիլ եւ մերձաւորի մը օգնութեամբ դարձեալ պատմեց պատահածը։ Իսկ պատրիարքը՝ որ ճշմարիտ բժիշկ մըն էր, իր եղբօրորդիին բարկութիւնը սկսաւ մեղմօրէն հանդարտեցնել, ըսելով.
«Արդարեւ այդ ըսածիդ պէս է, արդեօք կարելի՞ է որ ոեւէ մէկը համարձակի քու դէմդ իր բերանը բանալ։ Հաւատա՛, որդեա՛կ, այնպիսի գործ կը կատարեմ այսօր որ բովանդակ Աղեքսանդրիան կը զարմանայ»։
Եւ անոր մասամբ հանդարտած ըլլալը տեսնելով, եւ կարծելով թէ պանդոկապետը յայտնապէս կը պատժուի՝ գրկեց զայն եւ ըսաւ.
«Որդեա՛կ, եթէ իսկապէս իմ եղբօրորդին ես, պատրաստուէ գանակոծութեան (=սաստիկ ծեծի ենթարկուիլ) ու ամէն մարդու անարգանքին, քանզի ճշմարիտ ազգականութիւնը, արիւնակցութիւնը ո՛չ թէ արիւնէն ու մարմինէն, այլ հարազատ առաքինութենէն կը ճանչցուի»։
Ապա ուղարկեց ու պանդոկապետը կանչեց եւ անոր ազատութիւն տուաւ բոլոր տուրքերէն, հարկերէն։ Երբ այս բանը լսեցին, շատեր զարմացան եւ հասկցան անոր ըսածը, թէ՝ «Այնպիսի գործ կ՚ընեմ, որ բովանդակ Աղեքսանդրիան զարմանայ», քանի որ ո՛չ միայն վրէժխնդիր չեղաւ, այլեւ պատիժի փոխարէն անոր շնորհներ ըրաւ։
Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, որքան դժուար է չարիքը փոխադարձել բարիքով, արդարեւ քիչեր կրնան ընել ասիկա՝ մեծհոգի, վեհանձն, ազնուական հազուագիւտ մարդիկ միա՛յն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2016, Իսթանպուլ