ՏԵՒԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ
Ամէն տեսակ պարգեւ իսկական արժէք կը ներկայացնեն երբ տեւական են, անոնց տպաւորութիւնը որքան երկար տեւէ ա՛յնքան արժէք կը ստանան անոնք։ Եւ այս իրողութիւնը ի զօրու է բոլոր պարգեւներու համար՝ աշխարհային-նիւթական եւ հոգեւոր պարգեւներու համար՝ որոնք կը տրուին որեւէ կերպով մարդուն։
Հոգեւոր պարգեւներ կու գան Աստուծմէ, որ բնութեամբ տեւական են, քանի որ Ի՛նք, Պարգեւատուն տեւական է, մշտնջենաւոր՝ յաւիտենակա՛ն։
Սակայն աշխարհային-մարմնական պարգեւները ժամանակաւոր են, քանի որ կը պատկանին ժամանակաւոր պարգեւատուի մը, որ ինք միջնորդ մըն է միայն պարգեւատուութեան։ Զոր օրինակ, գեղեցկութիւնը՝ մարմնական-ֆիզիքական գեղեցկութիւնը, որ կը պատկանի աշխարհի, փոփոխական է, քանի որ նիւթը՝ ինք փոփոխութեան ենթակայ է։ Բայց հոգեւոր՝ աստուածային գեղեցկութիւնը մշտատեւ է՝ անայլայլելի եւ մնայո՛ւն։ Եւ արժէք ներկայացնող գեղեցկութիւնը այն է՝ որ անայլայլելի է եւ մշտնջենաւոր։
Արդարեւ աստուածային գեղեցկութիւնը անժամանակ է, քանի որ Աստուած գեղեցկութիւնը մէկ օրուան մէջ չի տար՝ հետզհետէ եւ տեւապէս կու տայ եւ այդ պատճառով, ան մշտական եւ մնայուն է։
Դիտեցէ՛ք սա անհուն բնութիւնը՝ հոն պիտի տեսնէք զանազան գեղեցկութիւններ, որոնք անփոփոխ գեղեցկութիւններ են՝ իրենց սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Պարզ խօսքով, բնութեան մէջ, գեղեցկութեան խորհրդանիշ որեւէ գոյութիւն իր կեանքին բոլոր շրջաններուն, բառին բուն իմաստովը «գեղեցի՛կ» է եւ իր բնատուր գեղեցկութենէն ո՛չինչ կու տայ իր ստեղծումէն մինչեւ իր կեանքին վախճանը։
Բայց որեւէ կերպով կամ պատճառով երբ ան բաժնուի բնութեան միջավայրէն՝ կ՚իյնայ անկենդան՝ փոշիանալու եւ խառնուելու հողին, որ իր ստեղծման ծրագիրն է։ Ամէն ինչ կ՚ապրի, ամէն ինչ իր կենդանութիւնը, կենսունակութիւնը եւ գեղեցկութիւնը կը պահէ, կրնայ պահել եւ տեւականացնել իր իսկ միջավայրին մէջ, ուրկէ կը սնանի եւ ուր կ՚աճի։
Ուստի «գեղեցկութիւն»ը տեւական է եւ անփոփոխ իր միջավայրին մէջ՝ բնութեան իրեն տրամադրած սահմաններուն ներքեւ։ Այն որ կը հեռանայ իր բնական մթնոլորտէն, կ՚ոչնչանայ եւ մահուան դատապարտուած՝ կը կորսնցնէ ամէն ինչ, որ տրուած էր նախապէս՝ որպէս պարգեւ։
Ինչպէս գեղեցկութիւններով կը զգեստաւորէ Աստուած ամբողջ Բնութիւնը, ամբողջ տիեզերքը, սկսեալ ամենայետին գոյութիւններէ, ա՛յնպէս ալ գեղեցիկ ստեղծած է Ան, մարդս թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս։
Մարդ, էապէս գեղեցիկ կը ծնի եւ սակայն իր այս գեղեցկութեան ո՞րքանը կրնայ պահել մինչեւ իր չափահասութիւնը։ Եւ կամ աւելի երկար՝ մինչեւ իր մահը։ Նորածին մանուկը միշտ գեղեցիկ է, հետզհետէ կը փոխուի եւ դժբախտաբար երբեմն կը կորսնցնէ իր սկզբնական «գեղեցկութիւն»ը…։
Ուստի, մարդ երբ իր մանկութեան գեղեցկութիւնը բաղդատութեան դնէ իր չափահասութեան վիճակին հետ, չըսելու համար հետզհետէ տգեղութեան փոխուած իր «գեղեցկութեան» հետ, ո՜րքան յուսախաբ պիտի ըլլայ, ո՜րքան պիտի տրտմի…։ Հապա Աստուա՞ծ…։
Երբեք խորհա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ, երբ մարդ իր մասին կը ցաւի, վիշտ կը զգայ, իր Ստեղծիչը՝ Աստուած ո՛րքան աւելի ցաւ կը զգայ, այնպէս, ի՛նչպէս հայր մը իր որդւոյն ցաւէն ցաւ կը զգայ, յուսախաբութեան մատնուած իր զաւկին վիճակը տեսնելով աւելի եւս կը յուսալքուի։
Ծնողքի մը համար ի՛նչպէս ցաւ է տեսնել իր որդւոյն վատացած վիճակը, այնպէս ալ Արարիչին համար ցա՛ւ է տեսնել իր արարածներուն հոգեպէս տգեղ վիճակը, վատթար կացութիւնը։
Այս պատճառով, իւրաքանչիւր արարած՝ բանականութեամբ օժտուած մարդ, պարտաւոր եւ պատասխանատու է իր վիճակէն եւ պէտք է զգոյշ ըլլայ՝ ցաւ չպատճառելու իր Արարիչին։
Աստուած, ամէն ինչ եւ անշուշտ մարդը գեղեցիկ ստեղծեց, գեղեցկութիւնը տուաւ անոր՝ որպէս անգին պարգեւ, պատուիրելով անոր՝ պահպանել այդ պարգեւը։ Եւ մարդ, ընդհանրապէս չկրցաւ պահպանել իր աստուածատուր պարգեւը՝ գեղեցկութիւնը, եւ «տգեղութիւն»ը պատեց զինք։ Եւ մարդ, ինչպէս սիրոյ փոխարէն նախընտրեց ատելութիւնը՝ չար դիտաւորութիւնը, այնպէս ալ հետեւեցաւ տգեղութեան՝ փոխանակ պահպանելու իր աստուածատուր պարգեւը՝ գեղեցկութիւնը։ Եւ գեղեցիկը տգեղութեան վերածել՝ մարդուս անկման, կործանման պատճառ եղաւ։
Ի՞նչ կ՚ըսէ արդեօք Աստուած երբ իր արարածին՝ մարդուն վրայ նայի։
Չ՚ըսե՞ր. «Ես քեզ իբրեւ անբիծ, անարատ եւ գեղեցիկ մանուկ մը դրի՝ գեղեցիկ աշխարհի մը մէջ։ Հապա ո՞ւր թողուցիր քու հոգիիդ, քու մաքուր նկարագրիդ գեղեցկութիւնը՝ որ պարգեւ մըն է քեզի, որով օժտեցի քեզ…»։
Ափսո՜ս, գրեթէ բոլոր մարդիկ հոգեւոր իմաստով «անառակ որդի»ներ եղան՝ որ իրենց հօրենական ժառանգութիւնը, իրենց հոգեւոր գեղեցկութիւնը աղարտեցին, չարութեան ցնցոտիներով պատուեցան եւ «տգեղցա՛ն»։
Բնութեան մէջ բնական ամէն ինչի շարունակական, մշտնջենաւոր, անայլայլ գեղեցկութեան հրաշալի՜ դասը պէտք է նկատի ունենայ եւ չմոռնայ մարդ։ Գեղեցկութիւնը Աստուծոյ պատկե՛րն է, որով ստեղծուած է ամէն մարդ, ամէն արարած, ուրեմն պարտաւո՛ր է պահել այդ գեղեցկութիւնը, անեղծ ու անփոփոխ պահելու է այդ պարգեւը, որով կը պահուի մարդկային արժանաւորութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Մարդուս անբաժան են իր արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը եւ անոնք պէտք է ըլլան իր նկարագիրը։
Ուստի մարդկային արժանապատուութիւնը պէտք է պահուի կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ ամէն պարագայի եւ պայմանի մէջ. արժանապատուութենէ հրաժարիլ՝ կը նշանակէ «մարդ» ըլլալու հանգամանքէն հրաժարիլ։ Եւ «մարդ» ըլլալու ստուգանիշն է՝ անոր աստուածանմանութի՛ւնը։
Աստուածոյ նմանելու համար պէ՛տք է գեղեցիկ ըլլալ, միշտ գեղեցիկ մնալ, քանի որ Աստուած գեղեցիկ է եւ միշտ գեղեցիկ կը մնա՛յ՝ մշտնջենապէս եւ անայլայլելի կերպով։ Եւ մարդ ստեղծուած է «Աստուծոյ պատկերով», այլապէս պատկերը կը նմանի իսկականին, բնատիպին։ Քանի որ Աստուած միշտ գեղեցիկ է, ապա ուրեմն անոր պատկերը՝ մա՛րդ ալ գեղեցիկ է, եւ միշտ գեղեցիկ մնալու պարտաւո՛ր է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 26, 2017, Իսթանպուլ