ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ
«Տնտեսի կիրակի»ն Մեծ պահոց շրջանի կիրակիներուն չորրո՛րդն է, ուր կը պատմուի «աշխարհի որդի»ի մը խորագիտութիւնը, որ պէտք է սորվին եւ գործադրեն նաեւ «լոյսի որդի»ները։ Տնտեսի կիրակիին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանին ԺԶ. գլուխը, որուն սկիզբը կայ «Տնտեսին առակ»ը։
Արդարեւ, պէտք է դիտել տալ, որ Աւետարանի մէջ հարստութեան մասին առաջին անգամ երկար բարակ եթէ հատուած մը կայ, այն ալ «Տնտեսի առակ»ն է, որ սակայն հարստութեան կամ տնտեսագիտութեան տեսակէտով աւետարանական տեսութիւն մը, կարծիք մը չի բովանդակեր. ասկէ զատ իբրեւ «Առակ», աւետարանական ոգիով եւ սկզբունքով բացատրուելու եւ պարզաբանուելու համար քիչ դժուարութեան չի մատներ մեկնիչները եւ քարոզիչները։ Աւետարանի ընթերցողներէն ոմանք, նոյնիսկ կը գայթակղին, տեսնելով, որ Քրիստոս «Տնտեսի առակ»ին մէջ կարծես կ՚արդարացնէ զեղծումը եւ ետքը՝ այդպիսի արարք մը մատնանիշ կ՚ընէ իբրեւ օրինակ «ճարպիկութեան»։
«Տնտեսի առակ»ը լաւ եւ իր նպատակին համաձայն հասկնալու համար նախ պէտք է ըսել, որ «լուսոյ որդի»ները անոնք են՝ որ ճշմարիտ լոյսով՝ Յիսուս Քրիստոսո՛վ լուսաւորած են իրենք զիրենք։
Ընդհակառակը, «աշխարհի որդի»ները կը ջանան հարստութիւն կուտակել եւ կեանքի ժամանակաւոր եւ խաբուսիկ վայելքներ ձեռք բերել։ «Աշխարհի որդի» մը, անիրաւ տնտես մը, որ իր տիրոջ հազար ու մէկ ձեւերով անհաւատարիմ է եղած՝ բան մը որ անիրաւութիւն կ՚ենթադրէ, խաբած է իր տէրը, եւ անդրադառնալով տէրը այս պատահածներուն, օր մը կը կանչուի իր տիրոջ մօտ, հաշիւ կը պահանջուի եւ ստուգուելով իր անիրաւ գործերը եւ անհաւատարմութիւնը, կը զրկուի պաշտօնէն։
Կեանքի բնական ընթացք մըն է ասիկա. այն որ անհաւատարիմ կը գտնուի՝ կը հեռացուի…։
Սակայն տնտեսը խորագէտ կը գտնուի. տիրոջ որոշումը եւ մերժումը լսելէ յետոյ, կը սկսի ապագայի մասին մտածել եւ իր ապագան ապահովութեան տակ առնելու միջոցներ խորհիլ։ Այս ուղղութեամբ ան կ՚որոնէ միջոցներ, ճամբաներ, մինչ այդ չի մոլորիր, խուճապի չի մատնուիր՝ պաղարիւն կերպով կ՚ընտրէ միջոցներէն ամենալաւը եւ ամենէն շահաւորը իրեն համար, իր ապահովութեան համար, եւ անվարան կը գործադրէ իր ընտրած «լաւագոյն» եւ «շահաւոր» միջոցը, եւ արագ կերպով գործին մասնակից եւ գործակից կը դարձնէ նաեւ ուրիշները՝ կերպով մը շահագործելով զանոնք։
Եւ տէրը կը գովէ «իմաստուն» այլ խորագէտ ծառային մտածումը եւ արարքը։
Ահաւասիկ, այս կէտն է որ ոմանց համար «գայթակղեցուցիչ» կը դառնայ առակը, քանի որ ըստ Աւետարանի ընդհանուր ուսուցման, ներհակ է զեղծումը արդարացնելու աշխատիլ, անիրաւ արարք մը պաշտպանել երբ Աւետարանի ճամբան արդարութեան, ուղղամտութեան, ճշմարտութեան ճամբա՛յ է։
Արտաքնապէս եթէ նոյնիսկ առակին մէջ գայթակղական կէտ մը ըլլայ, պէտք չէ մոռնալ որ առակներուն հիւսուածքը չէ կարեւորը եւ էականը, այլ անոնցմէ ցայտող բարոյակա՛նը։ Պէտք է նաեւ ուշադրութիւն ընել, որ Քրիստոս «Անիրաւ» Տնտեսի մը առակը կը յիշէ, ապացուցանելու համար, որ անիրաւ կամ զեղծանող մարդիկ կամ պաշտօնեաներ, եթէ ուզեն, կրնան վարպետութիւն, ճարպիկութիւն, հնարամտութիւն, եւ այլն ցոյց տալ իրենց գործին մէջ, իրենց նիւթական վիճակի ապագային ապահովութեան համար, մինչ այդչափ բան մը չեն կրնար ընել անոնք, որ «անիրա՛ւ չեն», զեղծարար չեն, ընդհակառակը «լոյսի որդի»ներ են. այսինքն՝ «նոր մտքով» ու «նոր հաւատքով» մարդիկ, իրենց կրօնական կամ ընդհանրապէս բարոյական կեանքին մէջ։
«Անիրաւ տնտես»ի Առակին մէջ իմաստասիրական կողմ մըն ալ կայ. այսինքն՝ բոլոր մարդիկ այս գեղեցիկ, հրաշալի՜ աշխարհին տնտեսներն են Աստուծոյ կողմէ կարգուած. անոնք ազատ են վարուիլ ինչպէս որ կ՚ուզեն այս աշխարհի հարստութեան հետ. ամէնքն ալ թէեւ «ազատ», սակայն պատասխանատո՛ւ են իրենց ազատ արարքին, ազատ կամքին, ազատ գործունէութեան, եւ անխուսափելի է այս պատասխանատուութիւնը։
Արդարեւ, բանականօրէն, ամէն ազատութիւն կ՚ենթադրէ համապատասխան պատասխանատուութիւն մը, ըստ այն անայլայլելի եւ մշտենջանաւոր սկզբունքին՝ թէ ամէն արդիւնք պատճառ մը ունի եւ եթէ կա՛յ «պատճառ» մը, հոն բնականաբար պիտի ըլլայ նաեւ «արդիւնք» մը։ Չար պատճառի մը արդիւնքը չար, եւ բարի պատճառի մը արդիւնքը բարի կ՚ըլլայ ըստ բնական օրէնքին։ Ուստի արդիւնքը երբեք չ՚արդարացներ միջոցը կամ պատճառը, ուրիշ խօսքով արդիւնքը եթէ նոյնիսկ բարի ըլլայ, եթէ միջոցը կամ պատճառը ըստ էութեան «չար» է, այդ արդիւնքը կարելի չ՚ըլլար «բարի» համարել, այլապէս «արդիւնքի մը հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի է եւ ընդունելի», այս սխալ կարծիքը ընդունելու սխալին կը մատնուի մարդ։ Ուստի բարի արդիւնք մը ձեռք բերելու համար պէտք է գործածուի բարի միջոցներ եւ օգտագործուի բարի պատճառներ։ Եւ ահաւասիկ, «Տնտեսի առակ»ով մեզի փոխանցուած դասերէն մին է այս պարագան, թէ երբ մարդ «ազատ» կը վարուի, պատասխանատու կ՚ըլլայ իր ազատութեան արդիւնքներէն՝ պատճառ-արդիւնք բնական օրէնքին համաձայն։
Այս առթիւ հարց մը եւս կարելի է ուսումնասիրել եւ խորհրդածել անոր վրայ, թէ՝ վատ օրինակ մը կարելի՞ է օգտագործել լաւ բան մը մատնանիշ ընելու համար։ Այս մասին ընդհանուր համոզումը այն է, որ գէշ օրինակը «օրինակ» չ՚ըլլա՛ր։ Բայց ինչպէ՞ս չ՚ըլլար։ Զոր օրինակ՝ ծոյլ եւ անյաջող աշակերտի մը վիճակը ցոյց տալով, օրինակ բերելով, կարելի է ըսել, որ եթէ ծոյլ եւ ուրեմն դասերու մէջ անյաջող ըլլայ աշակերտ մը՝ անխուսափելիօրէն կը մատնուի այդ ծոյլ եւ անյաջող աշակերտին վիճակին՝ թշուառ, եւ կեանքի մէջ ալ կ՚ունենայ ընդհանրապէս ցաւալի եւ ողբալի՜ վիճակ մը։ «Ընդհանրապէս» կ՚ըսենք, քանի որ կեանքի փորձառութիւններ կը վկայեն այս երեւոյթին բացառութիւններուն ալ։ Սակայն բացառութիւնը չի՛ խախտեր էականը եւ սկզբունքայինը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 15, 2019, Իսթանպուլ