«ՉԱՐԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ» -Բ-
Ստորեւ կը շարունակենք Եզնիկի «Եղծ աղանդոց»էն ներկայացնել «Չարին ծագումը» հատուածը՝ Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի թարգմանութեամբ։
- Իսկ եթէ երբեք հիւլէն անզարդ եւ անարդ եւ անկերպարան, եւ անձեւ էր երբեմն, եւ Աստուած զարդարեց զայն, անոր յոռութիւններէն լաւի դարձնել կամենալով,- ապա ուրեմն կար ժամանակ մը, երբ Աստուած ալ անզարդ էր, անձեւ ու անկերպարան եւ հարկ էր որ հիւլէին նման ինքն ալ խառն ի խուռն շարժէր։
Եւ եթէ, ինչպէս կ՚ըսեն, ամբողջ հիւլէին մէջ էր Աստուած՝ երբ զայն զարդի, ձեւի եւ կերպարանքի կը բերէր,- ինք ո՞ւր պէտք էր ամփոփուիլ, զի կարելի չէր որ տեղ մը ամփոփուէր։ Մի՞թէ ինքզինքն ալ հիւլէին հետ զարդի, ձեւի եւ կերպարանքի կը բերէր, քանի որ ամփոփուելու տեղ մը չկար։ Բան մը՝ որ վերջին ծայր ամբարշտութիւն է։
Ապա եթէ ըսեն.- Հիւլէն Աստուծոյ մէջ էր. նոյնպէս պէտք էր քննել, թէ իբրեւ անկէ անջա՞տ բան մը, նման օդի մէջ գտնուող անասուններուն՝ որոնք թէեւ օդին մէջ են, բայց զատուած են անկէ. թէ՞ իբրեւ տեղի մը մէջ, ինչպէս ջուրերը երկրի մէջ։
Եւ հիւլէին համար կ՚ըսեն, թէ անճահ, անզարդ, անձեւ եւ չար էր։ Եթէ այդպէս է, ինչպէս իրենք կը մտածեն, ապա ուրեմն Աստուած չարիքի պատճառ էր, զի անհեթեթներն ու անզարդները անոր մէջ էին, ինչ որ անհնարին անօրէնութիւն է, կարծել թէ Աստուած երբեմն չարիքի ասպնջական էր եւ ապա արարիչ չարիքի, նաեւ անբաժանելի էր, եթէ հիւլէն իր մէջ էր՝ իբրեւ տեղի մը մէջ։
Զ
Արդ, հարկ է գալ չարիքներու պատճառին եւ ցոյց տալ, թէ ո՛ւսկից են չարիքները, եւ թէ՝ Աստուած չէ պատճառը չարիքներուն, քանի որ անոր մօտ կը դնեն հիւլէն։
Ուստի, ո՞ր հիւլէն կը դնեն Աստուծոյ մօտ. չէ՞ որ այն՝ ուսկից Նա աշխարհն ստեղծեց եւ որ անկերպար անկերպարան էր, անզարդ, անարդ եւ անձեւ։ Եւ որովհետեւ մենք կը տեսնենք աշխարհը զանազան կերպարանքներով, զարդերով ու ձեւերով, ապա ուրեմն Աստուած արարիչ է կերպարանքներու, զարդերու եւ ձեւերու, եւ ոչ թէ գոյացութեան։ Իսկ եթէ Արարչին գործն է գոյացութիւնն ալ ստեղծել, եւ ոչ թէ միայն ձեւը, զարդն ու կերպարանքը, յայտնի է, ուրեմն, թէ աւելորդ է կարծել, որ Աստուած իր մօտ գտնուած նիւթէ մը ստեղծեց այս աշխարհը, եւ ոչ թէ ոչինչ եւ չգոյէ։
Կը տեսնենք, որ մարդիկ ալ չգոյէն բան մը կը շինեն. այսպէս, ճարտարապետները քաղաքներէն չեն շիներ քաղաքներ, ոչ ալ տաճարներէն տաճարներ։ Բայց որովհետեւ անոնք բոլորովին ոչինչէն չեն կրնար բան մը շինել,- այն քարերը՝ որոնցմով շէնքերը կը կերտեն, այլեւս չեն կոչուիր քար, այլ կամ քաղաքներ կամ տաճարներ. զի քաղաքները կամ տաճարները բնութեան գործ չեն, այլ գործն են բնութեան մէջ եղող արուեստին։
Եւ արուեստագէտը ոչ թէ բնութեան մէջ իր մօտ եղող բանէ մըն է որ կ՚առնէ արուեստագիտութիւնը, այլ գոյացութեանց մէջ տեղի ունեցող պատահմունքներէն. վասնզի գոյացութեան մը՝ ոչ թէ գոյացութենէ մը կարող է ցոյց տալ արուեստը, այլ հանդիպող պատահարներէն. ինչպէս դարբինը՝ դարբնութենէն եւ հիւսնը՝ հիւսնութենէն. զի մարդը արուեստէն առաջ է. եւ արուեստ չկայ, եթէ նախ մարդը չըլլայ, ուստի հարկ է ըսել, թէ արուեստը մարդուն մէջ ոչինչէն տրուած յարմարութիւն մըն է։
Եւ եթէ մարդոց համար այսպէս է, որչափ աւելի պատշաճ է հասկնալ Աստուծոյ մասին, թէ Նա ոչ միայն արարիչ է ձեւերու, զարդերու եւ կերպարանքներու, այլ նաեւ ոչինչէն կարող է ստեղծել գոյացութիւններ, եւ ոչ թէ ասոնք նկատել արգասիք նիւթի՝ որմէ Աստուած ընտրեց բարին մէկ կողմը եւ մրրախառն չարը՝ միւս կողմը, որով եւ մրրախառը կը ջանայ պղտորել յստակը։
Է
Չարիքները, որ կ՚ըլլան, ո՞ւսկից են։
Մենք ալ կը հարցնենք.- Չարիքը, որ տեղի կ՚ունենայ գոյացութի՞ւն է, թէ գոյացութեան արգասիք։
Կ՚ըսեն.- Պատշաճ է կարծել, թէ գոյացութեան արգասիք են։
Եւ հիւլէն, որուն համար կ՚ըսեն, թէ անարգասաւոր է եւ անկերպարան, ի՞նչպէս կրնար անարգասաւորն ու անկերպարանը տարբեր արդիւնքներ յառաջ բերել, եթէ չարիքը դիպուածական չէ եւ ոչ ալ իրմէ է։ Զի սպանութիւնը գոյացութիւն չէ, ոչ ալ շնութիւնը եւ ոչ իսկ չարիքներէն որեւէ մէկը, այլ, ինչպէս որ մէկը դպրութենէ կը կոչուի դպիր, վարդապետութենէն՝ վարդապետ եւ բժշկութենէն՝ բժիշկ, եւ ադոնք -դպրութիւն եւ այլն- ո՛չ թէ գոյացութիւններ, այլ հանգամանքներէն առնուած անուններ են, այսպէս ալ չարիքները պատահարներէն կ՚առնեն իրենց անունները։
Իսկ եթէ կ՚ենթադրեն ուրիշ բան մը իբրեւ դրդիչ ու գրգռիչ՝ որ մարդոց մտքին մէջ կ՚արթնցնէ չարիքներ եւ չարիք գործողը իր գործէն կ՚առնէ չարութեան անունը,- պէտք է գիտնալ, սակայն, թէ գործողը նոյն չէ գործուածին հետ. ինչպէս որ բրուտը, երբ անօթներ կը շինէ, ինք չ՚ըլլար անօթ, այլ անօթը շինողն է, որով եւ արուեստին անունը կ՚առնէ, այսպէս ալ չարագործը չարիք գործելուն համար՝ չարութեան անունը կ՚առնէ, շուն ըլլայ թէ սպաննող։
Ապա ուրեմն իրաւացիօրէն մարդիկ կ՚ըսուին չարիքներու արարիչներ, զի իրե՛նք են պատճառ չարիք գործելու կամ ո՛չ։ Եւ պէտք չէ որ չարիքները անուանենք գոյացութիւններ, այլ գոյացութեանց արգասիք։
Իսկ եթէ շարունակեն յամառիլ, թէ արդարեւ անձեւ եւ անարգասաւոր էր հիւլէն եւ Աստուած բերաւ ձեւի, կերպարանքի եւ արգասիքի, եւ ապա զԱստուած կը դնեն պատճառ չարիքի,- լաւ պիտի ըլլար որ այդ հիւլէն մնար նոյն անարգասաւորութեան մէջ, քան թէ գար արգասիքի եւ կերպարանքի եւ պատճառ դառնար ուրիշներու չարիքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•վերջ
Մարտ 25, 2023, Իսթանպուլ