ԲՈԶ ԵՒ… ԱՍՏՈՒԱԾ
Տակաւին տասնչորս տարեկան էի, երբ առաջին անգամ կարդացի Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպի առաջին տողերը. «հասունցած տղայ մըն էր սակայն, ապացոյց որ չկրցաւ բոզ ու Աստուած բառերուն սահմանում մը տալ»: Ի՞նչ հասարակաց գիծեր կրնար ըլլալ Աստուծոյ եւ բոզին միջեւ. կրնա՞յ ըլլալ մտածուած նախադասութիւն մըն էր՝ գրաւելու համար ընթերցողը, որովհետեւ Աստուածը Աստուածացնող հասարակութեան մը համար նման նախադասութեամբ վէպի մը սկիզբ տալը կրնար նոր ու տարբեր համ մը տալ ընթերցողին: Սակայն ընթերցողը ներգրաւելէ տարբեր բան մըն էր այդ տողերը. գուցէ համոզում մը անոնց նմանութեան հանդէպ:
Սակայն 1915-1930 թուականներու ընթացքին կարծես Աստուած բոլորի՛ն համար բոզ մըն էր. անոնցմէ մէկն էր օրինակ առաջինին անուանակից Շահան Նաթալին, որ աւելի քան մի քանի հատոր նուիրած էր Աստուծոյ, կղերականներուն եւ մա՛նաւանդ հայ կղերականներուն «բոզ»ութիւնը փաստելու համար: Այդ ատելութիւնը սակայն կը բաժնուէր երկու մասի. ատելութիւն Աստուծոյ հանդէպ եւ ատելութիւն կրօնաւորներուն հանդէպ. բացի հայերէն այդ Աստուծոյ եւ կրօնաւորներուն հանդէպ ատելութիւն կարելի է տեսնել նաեւ այլ ազգերու մօտ. օրինակի համար, աւելի քան դար մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած էր «Քարոզիչներու ոճիրները» (The Crimes Of Preachers) խորագրեալ աշխատութիւն մը, որուն մէջ ամփոփուած էր 1876 թուականէն մինչեւ 1912 թուականը ամերիկացի եկեղեցականներու կողմէ գործուած ոճիրներն ու յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց կապակցութեամբ կատարուած դատական գործերն ու փաստաթուղթերը: Այդտեղ յիշուած է եկեղեցականներու կողմէ կատարուած հետեւեալ յանցանքները.- յափշտակութիւն, վիժումի դրդում, անարդար դատեր ու որոշումներ, գողութիւն, խաբեբայութիւն, շնութիւն, բռնաբարութիւն, սպանութիւն, անչափահասներու հետ ի գործ դրուած սեռային յարաբերութիւն, կռիւ, ծեծ, մուրացկանութիւն, կաշառակերութիւն, աւազակութիւն, դաւադրութիւն, դրամաշորթութիւն, գինովութիւն հասնելով մինչեւ իսկ կեղծ դրամներու պատրաստութիւն:
Սակայն հայուն եւ ամերիկացիին պատճառներն ու մտադրութիւնները տարբեր էին, սակայն իրենց տարբերութիւններով հանդերձ ունէին հասարակաց գիծեր:
Օտարինը մէկ կողմ ձգելով կ՚անցնինք անմիջապէս հայկականին:
Մեր Շահաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց նմաններուն մօտ հոգեւորականութեան հանդէպ եղած պատճառները հետեւեալներն են.-
Ա.- ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆ.- Անոնք տգիտութիւնը երկու կողմերուն մօտ՝ թէ՛ քահանաներուն եւ թէ՛ հաւատացեալներուն մէջ կը տեսնէին. անոնց համար քահանաները տգէտ էին, որովհետեւ լուրջ ուսում կամ ենթահող մը չունէին. ապագայ եկեղեցականներ պատրաստելու լուրջ ծրագիր եւ գուցէ այդ էր պատճառը, որ անցեալին ժողովուրդին Աստուծոյ հանդէպ ունեցածը հաւատքէ աւելի վախի զգացում մըն էր. ժողովուրդը աւելի «հաւատացեալ» էր ո՛չ թէ անոր համար, որ անցեալի քարոզիչները աւելի համոզիչ ու գիտակից էին, այլ պարզապէս «Աստուած կը պատժէ»ի հոգեբանութիւնը բոյն դրած էր անոնց միջեւ: Նոյն պարագան էր նաեւ հեթանոսական շրջանին. վախը կ՚իշխէր մարդոց վրայ եւ կը պարտադրէր, որ վախի ազդեցութեամբ մարդիկ աստուածներ պաշտեն, որովհետեւ եթէ նեղացնեն աստուածները՝ կրնայ ըլլալ այդ տարի բերք չունենան, կրնայ անձրեւն ու կարկուտը իրենց ամբողջ տարուան աշխատանքը խորտակել եւ այդ անկարողութեան սարսափով կամայ ակամայ կը պաշտէին այնպէս ալ գոյութիւն չունեցող աստուածները:
Շահան Նաթալի իր «Կարգաւոր «հայրեր»ը աշխատութեան մէջ հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ այդ տգիտութիւնը.- «Բայց չպիտի հարցնել, այդպէս կը հրամայեն կրօններն ու կրօնաւորները, պէտք է հաւատալ ինչ որ կ՚ըսեն»: Սակայն քննարկելի է. տգէտը այդպէս հրամայողնե՞րն են, թէ այդ հրամայուածը ընդունողն ու կատարողները. այս է պատճառը, որ կրօնաւորին կողքին կ՚ատէին նաեւ կրօնը, որովհետեւ կը հաւատային, որ մարդ իր դատելու, քննելու եւ որոշելու կարողութիւնը կորսնցուցած կուրաբար կը հետեւի անոնց:
Բ.- ԲԱՐԻԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ.- Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնը անցած է կռիւներու եւ մարտերու մէջ. ամէ՛ն պետութիւն այսպէս կամ այնպէս ուզած է տիրանալ մեր հայրենի հողին. այլ խօսքով կոչուած ենք կռիւի պատրաստ ժողովուրդ մը ըլլալու, սակայն կրօնաւորները յաջողած են մեր ժողովուրդին մէջ ցանել բարութեան լաւ, սակայն մեր համար դժբախտ յատկութիւնը: Կռիւի ենթակայ ժողովուրդ մը կռիւի պատրաստելու փոխարէն քարոզած են ապտակի մը դիմաց երեսի միւս կողմը ցոյց տալ: Յաջողած են հայուն համոզել, որ ինք բարի, հողագործ, համեստ ու արդար մարդ մըն է, մինչ բնութեան օրէնքով առաջնորդուողներ եկած ու ոտնակոխած են այդ բարութիւնը:
Նման վախով ապրող ժողովուրդի մը համար Աստուած բոզ կոչելը, կամ կրօնն ու կրօնականները տգէտ կոչելը յանդուգն բան մը եղած պէտք է որ ըլլայ. արդէն Շահան Նաթալի գիտնալով ստանալիք քննադատութիւնները գիրքի աւարտին կը գրէ. «Գիտեմ ընթերցողներուս մեծամասնութիւնը պիտի հայհոյէ ինձ այս տետրակը գրած ըլլալուս համար: Հայհոյեցէ՛ք, որքան որ կ՚ուզէք, նոյնիսկ հրապարակի վրայ, բայց ձեր առանձնութեան մէջ վայրկեան մը միայն խորհրդածեցէ՛ք եւ արդէն փրկութեան ճամբուն վրայ էք»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -205-
Թող պատմութիւնն ու Աստուած ինծի ներեն, սակայն հայ ժողովուրդին «ոչխար»ի հոգեբանութիւն ունենալուն համոզումը ունիմ: Յաճախ կը նայիմ ցեղասպանութեան նկարները եւ կ՚ունենամ հետեւեալ մտածումը. աւելի քան 10 հազար մարդ կը քայլէ անապատով եւ այդ 10 հազարին վրայ հաւանաբար կը հսկեն 30-50 ոստիկան: Այդ 10 հազարը եւ աւելին հլու-հնազանդ կ՚ենթարկուի այդ 30-50 ոստիկաններուն: Նկատի ունենալով որ այդ ժամանակ զարգացած չէր նոյնիսկ զէնքերը հետեւեալը կը մտածեմ. այդ 10 հազարը կիներ ալ ըլլան եւ մէկ բռունցք ըլլալով վազեն այդ 30-50 զինուորներուն վրայ, թէեւ մի քանի զոհեր կ՚ունենան, սակայն կը փրկուին անոնց բռնութիւններէն. պարզապէս հնազանդելու հոգեբանութեամբ հասակ առնող ժողովուրդի մը զաւակները կրնան 10 հազարով յանձնուիլ 30-50 զինուորներու:
Թող պատմութիւնը փաստէ սխալը այս մտածումներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ