ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Զատիկէն յետոյ երրորդ Կիրակին ծանօթ է «Աշխարհամատրան Կիրակի» անունով։ Այս Կիրակին նաեւ Յինանց երրորդ Կիրակին է եւ սովորաբար կը կոչուի նաեւ՝ «Կանանչ Կիրակի»։ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ յիշատակութիւն մըն է այս Կիրակին՝ որ կը մտաբերէ կեանքի խորհուրդը, վերակենդանութիւնը եւ վերածնունդը ամբողջ բնութեան եւ անշուշտ՝ մա՛րդուն։
Թէեւ յստակ չէ, բայց կ՚ենթադրուի, որ այս Կիրակիի տօնախմբութիւնը արձագանգն է պատմական դէպքի մը՝ Կոստանդիանոս կայսեր կողմէ շինուած «Ծննդեան», «Յարութեան», «Համբարձման» եւ «Վերնատան» վայրերու վրայ եկեղեցիներու Նաւակատիքի հանդիսութիւններուն։ Այդ հանդիսութիւնները տեղի ունեցած էին յատկապէս Սուրբ Յարութեան Տաճարի բացման առիթով։ Պատմական վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ այդ Նաւակատիքի տարեդարձները պահուած եւ շարունակուած են Եկեղեցիի կողմէ եւ հետզհետէ տօնական աւանդական հանդիսութեան վերածուած։
Ահաւասիկ, կը կարծուի, թէ Նաւակատիքներու այդ աւանդութեան յիշատակներն են, որ պահուած եւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ «Աշխարհամատուռ» անուան տակ Եկեղեցիի փառաբանութեան տօնի է վերածուած։ Արդարեւ «Աշխարհամատուռ» կոչումը կը ներկայացնէ «Քրիստոնէական Ընդհանրական Եկեղեցի»ն եւ օրը կը խորհրդանշէ Եկեղեցւոյ գաղափարը։
«Աշխարհամատուռ» բառին զանազան իմաստներ կու տան տարբեր բառարաններ։ Զոր օրինակ, «պազիլիկա», այսինքն՝ «արքունի տաճար», երեւելի մատուռ կամ աւագ եկեղեցի, մայր եկեղեցի։
Այս սահմանումը կը պատշաճի յատկապէս Սուրբ Յարութեան Տաճարին, որ նախնական ժամանակներուն մանաւանդ, Եկեղեցին էր համայն քրիստոնէութեան, ըստ շրջանի չափանիշներու։
Ուստի աշխարհի ամէն կողմէ քրիստոնեաներ կ՚երթային հոն աղօթելու եւ պաշտամունք կատարելու։
Այս սահմանումը մանաւանդ կը լրացնէ «Վերնատուն»ը՝ որ իսկապէս համաշխարհային հանգամանք մը ունի, Քրիստոսի կողմէ որպէս «Եկեղեցի» գործածուած միակ վայրը ըլլալուն պատճառով։
Յիսուս իր վերջին Ընթրիքը կատարեց Վերնատան մէջ՝ ուր հաստատեց Հաղորդութեան Սուրբ Խորհուրդը, եւ ուրեմն այս Վերնատունը՝ Եկեղեցին, ուր առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։
Առաքեալներ՝ որոնք Յիսուսի ձերբակալման այն մութ գիշերը լքած ու փախած էին իրենց վարդապետը, Զատկին օրը արդէն իսկ հաւաքուեցան այս վերնատան մէջ եւ այդ օրէն վերջ այն տեղը իրենց սովորական ժամադրավայրը եւ հաւաքարանը եղաւ, մինչեւ իսկ իրենց «վանք»ը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը՝ «Առաքեալներու Գործեր»ուն մէջ՝ Ղուկաս Աւետարանիչի խօսքերով։
Եւ վերջապէս՝ այս վերնատան մէջ Սուրբ Հոգին ընդունեցին հոն հաւաքուած աշակերտները։
Վերնատան մէջ կը հաւաքուէին նաեւ առաջին քրիստոնեաներ՝ ամէն օր առաքեալները մտիկ ընելու, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մասնակից ըլլալու եւ աղօթելու համար։ Անոնք հոն կը հաւաքուէին կերպով մը իրենց հասարակաց նոր կեանքը ապրելու եւ հետզհետէ զօրանալո՛ւ համար։
Եւ հաւանական է որ այստեղ գումարուած ըլլայ Երուսաղէմի Առաքելական Ժողովը եւ միաժամանակ Առաքեալներու վարչական կեդրոնը մինչեւ 70 թուական՝ Երուսաղէմ քաղաքի հիմնայատակ կործանումը։ Վերնատան վերագիւտը եւ վերաշինութիւնը կատարուեցաւ Կոստանդիանոսի եւ իր մօր՝ Հաղինէի, որոնք ինչպէս գտած եւ հոյակապ տաճարներ կառուցանել տուած էին Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան, Յարութեան եւ Համբարձման վայրերուն վրայ, այնպէս ալ վերագտած եւ Աշխարհամատուռը կառուցած էին վերնատան տեղւոյն վրայ։ Եւ ներկայիս, այս վայրը ցոյց կը տրուի Երուսաղէմ քաղաքի Սիոն բարձունքին վրայ՝ մօտը Սուրբ Փրկիչ վանքին։
Վերնատան եւ Յինանց խորհուրդին միջեւ կարեւոր ներքին կապ մը գոյութիւն ունի, եւ այս կապն է որ կ՚արդարացնէ Վերնատան յիշատակութիւնը Նոր Կիրակիին յաջորդող Կիրակիին։
Յարուցեալ Քրիստոսի երկու կարեւոր երեւումներուն մէջ կարելի է տեսնել այդ խորհրդաւոր ներքին կապը։ Յիսուս, արդարեւ իր յայտնի երեւումները կատարեց վերնատան մէջ։ Եւ այդ երեւումները հաստատեցին Անոր Յարութիւնը եւ աշակերտներու մէջ ցրուեցաւ ամէն կասկած ու տարակոյս այդ մասին։ Վերնատունը, կերպով մը վկայեց ու փաստեց Քրիստոսի Յարութիւնը, Յարութեան Ճշմարտութիւնը։
Յիսուս երեւցաւ Վերնատան մէջ, «խաղաղութիւն ձեզի» ըսաւ եւ ձեռքերը եւ կողը ցոյց տուաւ աշակերտներուն, եւ երբ անոնք տեսան իրենց Տէրը ուրախութեամբ լեցուեցան, եւ Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի» եւ աւելցուց. «Ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ»։ Ապա անոնց վրայ փչեց ու ըսաւ. «Առէք Սուրբ Հոգին, եթէ մէկուն մեղքերուն ներում շնորհէք, ներուած պիտի ըլլայ, իսկ եթէ մէկը կապէք, կապուած պիտի մնայ» (ՅՈՎՀ. Ի 19-23)։ Այս դէպքին ներկայ չէր գտնուած Թովմաս Առաքեալ. ուստի երբ վերադարձաւ՝ աշակերտները ուրախութեամբ ըսին. «Տէրը տեսանք»։ Թովմաս պատասխանեց անոնց. «Մինչեւ չտեսնեմ գամերու նշանները Անոր ձեռքերուն վրայ, եւ մինչեւ մատս չդնեմ գամերու նշաններուն վրայ, եւ մինչեւ ձեռքս չմխեմ անոր կողը՝ չե՛մ հաւատար»։ Եւ ահաւասիկ, մարդկային տկարութեան արտայայտութիւնը ընդհանրապէս՝ չհաւատալ եւ տարակուսիլ այն մասին, որ անտեսանելի է եւ կասկածիլ անոր վրայ, որ շօշափելի չէ՛…։
Յիսուս կրկին երեւցաւ նոյն կերպով եւ նոյն խօսքերով եւ Թովմաս տեսաւ ու հաւատա՛ց. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։ Եւ Յիսուս պատասխանեց. «Դուն տեսար եւ հաւատացիր, երանի՜ անոնց որոնք տեսած չեն ու կը հաւատա՛ն»։
Ահաւասիկ այս երկու երեւումները Յիսուսի յարութենէն ետք յայտնութեան ամենէն վճռական ապացոյցներն են եւ «պաշտօնակա՛ն»ները։ Իսկ միւս երեւումները ընդհանրապէս անհատական բնոյթ ունէին։ Եւ այս պատճառով Աշխարհամատուռը խորհրդանիշն է Եկեղեցիին՝ թէ՛ որպէս շէնք եւ թէ՛ որպէս կենդանի հաւաքականութիւն, եւ Նաւակատիքը Եկեղեցիին, այսինքն անոր սկզբնաւորութիւնը, հաստատումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 24, 2017, Իսթանպուլ