ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ
Բարկութիւնը իրապէ՛ս ախտ մըն է՝ նկարագիր մը, որ մարդուս միայն վնաս կը պատճառէ, եւ ո՛չ մէկ օգուտ։ Ամէն տեսակի մեղքերը եւ գարշելի մոլութիւնները կը ջանան մարդոցմէ պահել եւ ծածկել իրենց անօրէնութիւնները, բայց «բարկութեան ախտ»ին մոլեգնութիւնը կատաղի է եւ նոյնքան վնասակար, վտանգաւոր եւ գազանամի՛տ։
Այս «ախտ»ը արագ եւ աղմկալից կերպով կը տարածուի եւ կը սկսի կարկաչել՝ ցոյց տալով իր բնական թեթեւութիւնը։ Եւ նո՛յնն է նաեւ բարկացոտ մարդը, քանի որ խօսքի հակասութիւնը տակաւին իր սրտին չհասած՝ կրակի նման կը բռնկի, կ՚աղմկէ, կը բորբոքի, բոլորին ցոյց կու տայ իր բնական թեթեւութիւնը եւ իր դաժան, անգութ, անկարեկից կատաղութեան պատճառաւ չի կրնար ծածկել իր կատաղի անօրէնութիւնը, այլ կրակէն ներս թափանցած հովու նման իր անօրէն բարկութիւնը կ՚ուղղէ իր դէմ յանցանք գործողներուն, եւ իր աղմուկով կը տառապեցնէ բոլորը։ Արդարեւ, բարկացոտ մարդուն հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ չափազանց եւ անհամապատասխան, անհաւասարակշիռ…
Արդարեւ, երբ մէկը այս անհաւասարակշիռ եւ անհամապատասխան բարկութեան հնազանդի, այդ զգացումը կը յիմարացնէ, անգիտակից կը դարձնէ բոլոր զգայարանքները, բանականութիւնը եւ ի՛նչպէս որ ինք կ՚ուզէ, անոր լեցուն չարութեամբ եւ ատելութեամբ կը բռնկեցնէ, բերանը թշնամութեամբ եւ հակառակութեամբ կը լեցնէ, միտքը բարկութեամբ «կատաղի» կը դարձնէ, սիրտը բարկութեամբ կը խռովէ, լեարդը բարկութեամբ կը կարծրացնէ, արիւնը կ՚եռացնէ, մարմինը կը դողացնէ, աչքերը կ՚այլափոխէ, գոյնը կը փոխէ՝ մարդուն ամբողջութեամբ «վայրի կերպարանք» մը տալով անտեղի եւ անիմաստ պոռալ կու տայ…
Ուստի, նման չարագործութիւն ո՛չ խածան գազաններու մօտ կը գտնուի եւ ոչ ալ թունաւոր եւ վտանգաւոր սողուններու մօտ եւ ոչ իսկ իժերու եւ քարբերու դաժանութիւնը կարելի է բաղդատել բարկացոտներու մոլութիւններուն հետ։ Եւ այս իմաստով, բարկացոտ մարդը շատ աւելի վտանգաւոր է քան որեւէ զէնք եւ մահաբեր գործիք։
Ո՛չ մահացու թոյները եւ ոչ ալ կարիճի խայթոցը կրնան բարկութեան խայթոցին նմանիլ, ոչ կրակին այրուածքը կրնան այնքան կսկիծ պատճառել։ Որովհետեւ, ընդհանրապէս, «Չար»ը մի՛շտ բարկութեա՛մբ կը բռնկեցնէ նախանձոտը, անողոք, անգութ ոխակալութեան կը մղէ զայն եւ տեւաբար անոր սրտին կպած կը պահէ «խաւար նախանձ»ը։ Արդարեւ, նախանձը կը գրգռէ, կ՚արծարծէ բարկութիւնը։
Բարկութեան պատճառներէն մին ալ՝ չզիջանիլն է, որ կու գայ ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան ախտէն։ «Չար»ը կը խստացնէ մէկուն սիրտը, թէ «Նախ մի՛ւսը պէտք է խոնարհի քու առջեւ, որովհետեւ ան է մեղաւորը». իսկ միւսը կը քաջալերէ, թէ «Պէտք չէ նախ դուն իրեն հպատակիս, հնազանդիս, որովհետեւ դուն անմեղ ես», եւ այսպէս թշնամութեամբ, անիմաստ մրցակցութեամբ, «Չար»ը երկուքը իրարմէ կը հեռացնէ, զրկելով զիրենք զղջումէն եւ զիջումէն։ Ահաւասի՛կ, այս կէտին մարդուս «Ես»ը կարեւոր դեր մը կը խաղայ բարկութեան զգացումի հակակշռութեան մէջ։
Բարկութիւնը, երկար ժամանակ կը կարծրացնէ եւ կը ծանրացնէ նոյնիսկ եղբօր սիրտը, ընկերոջ խոնարհիլը ամօթ եւ նախատինք համարել տալով. «Եթէ նախ ես խոնարհիմ, ամէն ոք զիս մեղաւոր պիտի կարծէ եւ զինք անմեղ». ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ան կատաղի կը դառնայ եւ չի հնազանդիր։
Բարկութեան դեղն ու դարմանը պարզ է՝ սիրել իրար, աղօթակից ըլլալ միշտ իրարու եւ կարեկցիլ. ա՛յս է մարդուն առաջնակարգ կոչումը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 28 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025