ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՄԸ ԿԵԱՆՔԷՆ
Արուեստագէտներ, ընդհանրապէս եւ բնականաբար վերջին աստիճան զգայուն՝ նուրբ տպաւորութիւններ իւրացնող եւ արտայայտող անձնաւորութեան տէր՝ փափկանկատ եւ երբեմն ալ հոգեպէս դիւրաբեկ կամ դիւրագրգիռ նկարագրով անձեր կ՚ըլլան։
Բնական է ասիկա, քանի որ անոնց գործը զգացումներու հետ է, եւ արդէն եթէ այդպէս չըլլային՝ արուեստագէտ չէին կրնար ըլլալ։ Ուստի արուեստագէտը՝ հոգիի մարդ է, հոգիներու թափանցող մարդ է, հոգին հասկցող, զգացումներու ծանօթ եւ իւրայատուկ առաւելութիւններ ունեցող՝ ազնիւ եւ մշակուած հոգին լաւագոյն կերպով ուսումնասիրող եւ արտայայտող, հասարակ մարդոցմէ որոշ մասնայատկութիւններով զատուող անհատն է։
Թհօրուօլտսըն, դանիացի հռչակաւոր արձանագործ մըն է եղած։ Անոր մասին կը պատմուի, թէ՝ իր ստեղծագործութիւններէն մէկը աւարտելէ վերջ, ըստ իր սովորութեան, զայն խիստ վերջին քննութենէ մը կ՚անցընէր։ Իր այս քննութեան միջոցին հետզհետէ կը տխրէր եւ վերջապէս կը սկսէր արցունք թափել։
Երբ կը հարցնէին դանիացի այս հռչակաւոր արձանագոործին, թէ ի՛նչու արցունք կը թափէ՝ պատճառը ի՞նչ է իր արցունքներուն, անուանի արուեստագէտը սապէս կը պատասխանէր.
«Աւարտած գործերս մանրամասն քննելէ ետք, մինչեւ հիմա թերութիւններ կը նշմարէի անոնց վրայ, բայց վերջին ժամանակներուն արտադրած մէկ գործիս վրայ չկրցայ որեւէ թերութիւն մը տեսնել, այս վերջին արձանս ինծի կատարեալ թուեցաւ, ի՛նչ որ կը նշանակէր թէ՝ արուեստիս եւ արտադրութիւններուս զարգացումը այլեւս կանգ է առեր. ահա թէ ինչո՛ւ արցունք կը թափեմ։ Կատարելութիւնը վախճանն էր իմ արուեստիս…»։
Ահաւասի՛կ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ, արուստագէտին, ճշմարիտ գեղարուեստի նուիրուած անձին այս արցունքը՝ որ իր մէջ տպաւորիչ եւ սրտառուչ ոգի մը ունի, կը ներկայացնէ ո՛չ միայն մարդկային զարգացման ու ազնուացման յայտնի մէկ օրէնքը, այլ միեւնոյն ատեն ազդարարութիւն մը ամէն անոնց՝ որոնք իրենց կարծեցեալ կատարելութիւններով գոհանալու տկարութիւնը ունին։
Արդարեւ դանիացի այս անուանի արուեստագէտին՝ Թհօրուօլտսընի այս պատմութիւնը կ՚արժէ յիշել յաճախ, երբ դիտենք մեր շուրջը պիտի տեսնենք, որ ինչքա՜ն անհրաժեշտ դաս մը կը գտնուի անոր խօսքերուն մէջ։ Արդարեւ երբ շուրջը կը տեսնուին մարդիկ, որոնք իրենց եւ իրենց վերաբերեալներուն սովորական զարգացումներով եւ առաւելութիւններով եւ կեանքի ամենափոքր ու աննշան յաղթանակներով գոհանալու եւ հպարտանալու միամտութիւնը ունին, եւ աւելին՝ այդ աննշան յաղթանակները եւ յաջողութիւնները հրապարակելով փառաբանուելու սնափառութիւնը կը ցուցադրեն։
Եւ առանց անդրադառնալու իրենց վիճակին՝ կարծեցեալ յաղթանակներով հպարտանալ՝ կատարեալ խաբէութիւն է. թէ՛ իրենց շուրջինները խաբելով եւ թէ՛ ինքնախաբէութեամբ իրենք զիրենք խաբելով։ Ինքնախաբէութիւնը միամտութի՞ւն է թէ խորամանկութիւն։ Մեկնաբանութիւնը այս մասին կը թողունք մեր ազնիւ ընթերցողին։
Այս ինքնախաբէութեան մէջ տեսակ մը գոհունակութեան զգացում կայ, քանի որ գոհունակութիւնն ալ ի վերջոյ պահանջք մըն է մարդուս համար, առանց նկատի ունենալու այդ գոհունակութեան իսկական պատճառին եւ գոհունակութեան առարկային։ Բայց կարեւորը անոր հաստատ հիմերու վրայ գոյանալն է, իրական եւ դրական պատճառներով։ Եւ եթէ գոհացումը չէ հաստատուած ամուր հիմերու վրայ, այլապէս հոն կա՛յ ախտաժէտ զգացում մը՝ որ զարգացումի մեծագոյն թշնամին եւ արցունքէ աւելի բան մը չ՚արժեր։
Անտեղի եւ կարծեցեալ գոհացումը ամլութեան, անշարժութեան պատճառ կ՚ըլլայ, յառաջդիմութիւնը կը դադրի, կանգ կ՚առնէ։ Ասոր նման է նաեւ սորվիլը. սորվելու ամենամեծ թշնամին է՝ ինքզինք ամենագէտ կարծել, արդարեւ երբ մարդ կանխակալ ըլլայ եւ ըսէ. «ես գիտե՛մ», այլեւս ո՛չինչ կրնայ սորվիլ։ Մինչդեռ գիտութիւնը, սորվիլը, ուսումը ո՛չ սահման ունի եւ ոչ ալ վերջ։
Ուրեմն մարդ երբ զգայ, թէ կամ աւելի լաւ է ըսել՝ երբ կարծէ, թէ հասած է կատարեալին, որեւէ թերութիւն կամ տկարութիւն չընդունի, այլեւս յառաջանալու առիթը չ՚ունենար։ Նոյնպէս, մարդ երբ ինքզինք ամենաբարձրը նկատէ, այլեւս բարձրանալիք տեղ չ՚ունենար եւ չի յառաջանար, գտնուած տեղը անշարժ կը մնայ։
Մարդ ինչպէս քալելով կը յառաջանայ, նոյնպէս ալ սորվելով ու սորվեցնելով կը յառաջանայ գիտութեան անսահման ճամբուն վրայ։
Բայց վիճակէն գոհ ըլլալ տարբեր բան է, կեանքի ճամբուն վրայ յառաջանալու ատեն հոգեկան, զգացական եւ մտաւոր մարզերու մէջ աշխատանքի արդիւնքէն գոհանալ՝ բոլորովին ուրիշ բան։ Այս ալ կ՚ենթադրէ ինքնագիտակցութիւն ունենալ, իր կարողութիւններուն, իր տարողութեան, իր յատկութիւններուն ծանօթ ըլլալ։
Մինչդեռ, ամէն մէկ անհատ, որպէս բանաւոր էակ, այսինքն՝ ա՛նձ, իր ինքնութեան, իր կարողութիւններուն, իր գործունէութեան, եւ մանաւանդ իր տաղանդին մասին ունեցած թերութիւնները, տկարութիւնները եւ անոնց տարողութիւնը լա՛ւ գիտնայ, մէկ խօսքով ինքնագիտակցութիւն ունենայ եւ անոնք արտայայտելու մէջ քաջ եւ անկեղծ ըլլայ՝ այդ մասին իր դժգոհութիւնները յայտնէ ասիկա ենթակային նկարագրին առողջ ու կենսունակ ըլլալուն ստուգանիշը եւ ապացո՛յցն է։
Ուստի փոխանակ թերի եւ անկատար գործերու նկատմամբ գոհութիւն յայտնելու եւ հպարտանալու՝ դժգոհիլը, խոնարհաբար զանոնք ընդունիլը եւ առանց ծածկելու, քօղարկելու զանոնք յայտնելու անկեղծութիւնը եւ քաջութիւնը ունենալը՝ շատ անգամ, թող ներուի մեզի, մեծագոյն բարեգործութիւն մը կատարելու չափ եւ կամ եկեղեցի երթալ եւ աղօթելու պէս սրբազան եւ աստուածահաճոյ արարք մը՝ պարտականութիւն մըն է եւ անոնց նման հոգին բարձրացնող եւ ազնուացնող, միտքը զարգացնող միջոց մը կը հանդիսանայ։ Քանի որ Աստուծոյ մեզմէ ուզածը՝ խոնարհ եւ անկեղծ սիրտ մըն է, եւ ո՛չ թէ անպայման գիտութեամբ լեցուն միտք մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 25, 2017, Իսթանպուլ