ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՀՐԱՇՔ
«Հաւատալը բանականութեան արարքն է, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Ուստի, հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ Հաւատալու շարժառիթը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի երեւին։ Մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով, որ չի կրնար մոլորիլ եւ մեզ ալ մոլորեցնել։ Սակայն որպէսզի մեր հաւատքին մատուցած մեծարանքը մեր խելքին համապատասխան ըլլայ, Աստուած կ՚ուզէ որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ներքին օգնութիւններուն զուգակցին Իր Յայտնութեան արտաքին փաստերը։
Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ ուրեմն Քրիստոսի եւ սուրբերու հրաշքները, մարգարէութիւնները, Եկեղեցւոյ ծաւալումը եւ սրբութիւնը, անոր բեղմնաւորութիւնը եւ կայունութիւնը ամէնուն իմացականութեան յարմարող ստոյգ «նշան»ներ են Յայտնութեան. պատճառներ են անոր հաւատալիութեան, որոնք ցոյց կու տան, թէ հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին միտքի կոյր մղում մը չէ։ Ուստի հաւատքը «աներկբայ» է, աւելի՛ աներկբայ քան մարդկային ամէն ճանաչում, որովհետեւ ան կը հիմնուի «Աստուծոյ Անսուտ Խօսք»ին վրայ։
Անշուշտ յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մութ երեւիլ, բայց աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը աւելի մե՛ծ է քան բնական բանականութեան տուած լոյսը։ Ուստի զանազան դժուարութիւններ եւ արգելքներ չեն կրնար տարակոյսի մը պատճառ ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Անսելմոս։ Հաւատքը կ՚որոնէ հասկնալ. ասիկա յարակից է այն հաւատքին, որ հաւատացեալը կը դրդէ աւելի լա՛ւ ճանչնալու Ան՝ որուն հաւատաց եւ աւելի լաւ ըմբռնելու ի՛նչ որ Ան յայտնեց։ «Փարիսեցիներ եւ Սադուկեցիներ մօտեցան Յիսուսի եւ զինք փորձելու համար՝ իրմէ նշան մը կ՚ուզէին, Աստուծմէ վկայուած ըլլալը հաստատելու համար…», (ՄԱՏԹ. ԺԶ 1)։
Աւելի ներթափանցող ճանաչում մը իր կարգին պիտի կանչէ աւելի մեծ եւ սիրով աւելի բոցավառ՝ հաւա՛տք մը։ Ուստի հաւատքին շնորհքը կը բանայ սրտին աչքերը, (ԵՓԵՍ. Ա 18), որպէսզի աւելի վառ ձեւով հասկնայ Յայտնութեան բովանդակութիւնը, այսինքն Աստուծոյ ծրագրին եւ հաւատքի խորհուրդներուն ամբողջութիւնը, անոնց առընչութիւնները իրարու միջեւ եւ Քրիստոսի հետ, որ կեդրո՛նն է յայտնեալ։ Եւ այսպէս՝ ըստ Սուրբ Օգոստինոսի բանաձեւին. «կը հաւատամ հասկնալու համար եւ կը հասկնամ լաւագոյնս հաւատալու համար»։
Ուստի, Յիսուսի խօսքերուն կ՚ընկերանան բազմաթիւ «հրաշքներ, զօրութիւններ եւ նշաններ» (ԳՈՐԾ. Բ 22), որոնք կը վկայեն, թէ Արքայութիւնը Անոր մէջ ներկա՛յ է, կը հաստատեն, թէ Յիսուս աւետուած Մեսիան է։
Յիսուսի կատարած նշանները կը հաւաստիացնեն, թէ Հայրը առաքեց զԻնք. անոնք կը հրաւիրեն հաւատալու Յիսուսին։ Ան հաւատքով Իրեն դիմողներուն խնդրանքը կը կատարէ (ՄԱՐԿ. Ե 25-34, Ժ 52)։ Հրաշքներն ալ իրենց հերթին կը զօրացնեն հաւատքը դէպի Ան, որ Իր Հօր գործերը կը կատարէ. հրաշքները կը վկայեն, թէ Ինք Աստուծոյ Որդին է (ՅՈՎՀ. Ժ 31-38)։ Բայց անոնք կրնան նաեւ առիթ տալ սայթաքումի. անոնք չեն եղած գոհացում տալու սին՝ պարապ հետաքրքրութեան եւ մոգական ցանկութիւններու։ Հակառակ Իր գործած այնքան բացայայտ հրաշքներուն, մարդիկ կան որ կը մերժեն Յիսուսը (ՅՈՎՀ. ԺԱ 47-48) եւ նոյնիսկ կ՚ամբաստանեն թէ դեւերու միջոցաւ հրաշք կը գործէ (ՄԱՐԿ. Գ 22)։
Յիսուս մեսիական նախանշաններ կատարեց մարդոցմէ ոմանք անօթութեան, անարդարութեան, հիւանդութեան եւ մահուան երկրային չարիքներէն ազատելու. Ան սակայն չեկաւ այս աշխարհէն ամէն չարիք վերցնելու (ՂՈՒԿ. ԺԲ 13-14), (ՅՈՎՀ. ԺԸ 36), այլ մարդը ազատագրելու ամենածանր ստրկութենէն, որն է մեղքին ստրկութի՛ւնը, որ մարդը կը կաշկանդէ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իր կոչումին մէջ եւ պատճառ կը դառնայ մարդկային ամէն տեսակ ստրկացումի։
Հացերու բազմացումին հրաշքները նախապատկե՛րն են Իր Հաղորդութեան միա՛կ Հացին բազմաճոխութեան։ Կանայի մէջ գինիի փոխուած ջուրին հրաշքը արդէն իսկ կ՚աւետէ Յիսուսի փառաւորման Ժամը։ Կը յայտնէ հարսանեկան ընթրիքին իրագործումը Հօր Արքայութեան մէջ՝ ուր հաւատացեալները պիտի ըմպեն Քրիստոսի Արեան փոխուած «նոր գինի»ն։
Ի՛նչ ալ ըլլայ հրաշքներու երբեմն արտակարգ հանգամանքը, կարգուած են սրբարար շնորհքին համար եւ իբրեւ նպատակ ունին հասարակաց բարիքը։ Անոնք ի սպաս են սիրոյն, որ կ՚ամրացնէ հաւա՛տքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 23, 2019, Իսթանպուլ