ՊԱԼԱԹԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ՝ Ս. ԱՌԱՔԵԼՈՑ, ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ ԽՈՐԷՆԵԱՆ
Մելգոն-Ասատուրի պատրաստած «Երեքդարեան պատմութիւն Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Պալաթի 1627-1931» գիրքէն կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները.
1832-ին, Պալաթու եւ Ֆէնէրի բարձունքին վրայ գտնուող «Գանլը քիլիսէ» թաղը, Պէզճեան Յարութիւն Ամիրայի ծախքով, յանուն «Ս. Առաքելոց» նոր դպրոց մը կը բացուի, որուն հոգածութիւնը եւ խնամքը կը յանձնուի «Հայ գինեպաններու էսնաֆ»ին։
Սոյն դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է պատմաբան Աւետիս Պէրպէրեան պատուելին, որուն աշակերտած են՝ Կարապետ Իւթիւճեան (խմբագրապետ ՄԱՍԻՍ-ի), Բարունակ Քըրթիկեան (Տքթ. Բարունակ պէյ Ֆէրուհխան), Աբրահամ Ֆրէնկեան (Պատրիարքարանի անձնուէր գործակատարը)։
Վարժարանը հազիւ տասն եւ եօթ տարուայ գոյութիւն մը ունեցած է (1849)։ (Մանկական յիշատակներ Կարապետ Իւթիւճեանի, ՄԱՍԻՍ, մարտ 6, 1893, էջ 133)։
1260/1842 թուականին Մուհարրէմ ամսուայ վերջերը, արքունական հրամանով, Ֆէնէրի «Քիրէմիթ մահայլէ»ի մէջ Ս. Թադէոսեան անունով վարժարան մը կը հիմնուի։ Սոյն շէնքը, հազիւ 15 տարի, իբր վարժարան կը գործածուի։
Տեղւոյն հեռաւորութեան պատճառաւ, Ս. Հրեշտակապետի Արեւելեան կողմը, «Վէրիյէ» փողոցին վրայ կը կառուցուի քարուկիր վարժարան մը, Խորէնեան անուամբ։
Աշակերտներ այդ օրերուն, պարտաւորուած էին՝ առտու իրիկուն եկեղեցի երթալ, եւ մասնակցիլ արարողութեանց՝ իբր դպիր։
Վարժարանի ուսուցիչները եղած են. պատուելիներ՝ Թորոս Նազարեան (հայկաբան), Աւագ ուսուցիչ։ Ուսուցչական Կազմ. Ռէթէոս (Հերեթիկ հօճա) թրքերէն լեզուի մասնագէտ, Կարապետ Չուհաճեան (խուլ) բարոյագէտ, Սիմօն Միքայէլեան (թուագէտ, խասգիւղցի), Թովմաս Թէրզեան (գաղիաբան)։
Սոյն վարժարանի հոգաբարձուները եղած են՝ Տեարք Կարապետ Յովսէփեան՝ ատենապետ, Մկրտիչ Ֆրէնկեան՝ ատենադպիր, Յակոբ Ֆրէնկեան, Կարապետ Երկան, Յակոբ դերձակ՝ խորհրդականներ։
Վարժարանի աշակերտները՝ ականաւոր անձեր եղած են, որոնցմէ կը յիշուին՝ Կարապետ Երէցեան (Աւագերէց Տէր Աբէլ սրբակրօն քահանայ), Ստեփան էֆ. Գարաեան՝ խոհական դատաւոր, Խաչիկ Գէորգեան՝ ձուլիչ արաբական տառերու, Միհրան Տէօքմէճեան, Մասեհ Մասեհեան՝ վաճառական։ Տիգրան Ումէտեան՝ խոհեմազարդ քարտուղար Էսաեան հարազատներուն՝ Գէորգի եւ Յովհաննէսի, եւ Մագսուտ Գալուստեան (երկրաչափ)։
Մինչեւ 1886, կը պակսին Թաղական Խորհուրդի արձանագրութիւնները…
Օգոստոս 3-ին, Թաղական Խորհուրդէն եւ թաղին ուսումնական անձերէ առնուած հետեւեալ հոգաբարձութիւնը կը կազմուի՝ Տեարք Ներսէս Երէցեան՝ ատենապետ, Արշակ Գատըեան եւ Յարութիւն Ճաֆճաֆեան (Թաղական Խորհուրդէն) Գառնիկ Գափամաճեան, Գրիգոր Իւթիւճեան եւ Լեւոն Չէօմլէքճեան։
Խորէնեանի արժանաւոր մէկ զաւակն է՝ Տ. Գնել Արքեպս. Գալէմքեարեան։
Զգայուն գրագիտուհի Տիկին Նէվրիկ Մ. Սեպուհեան «ԺԱՄԱՆԱԿ» իրիկնաթերթի 6 փետրուար 1932, շաբաթ օրուան թիւին մէջ հրատարակուած գրութեան մէջ՝ ցաւատանջ սրբազանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ, իրապէս կը հայելացնէ Պալաթի այս պատուաբեր զաւկին կեանքի դրուագը, բիւրեղացած՝ իսկատիպ պատկերով մը։
ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ԳՆԵԼ Ս.ԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ
Անցեալ տարի՝ 1931 յունուար 9-ին էր որ իր յաւիտենական քունի աչքերը փակեց Տէր Գնել Եպիսկոպոս Գալէմքեարեան, բազմահմուտ Արմաշականը եւ քաջախօս, անմոռաց քարոզիչը Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյն։
Դա՛ռն էր այս մահը եւ մորմոքիչ անոր յուշքը։ Եթէ կան մահուան կնիքովը ամրափակ հողակոյտներ, որ սակայն չեն կրնար իրենց փոսին մէջ թաղելի յիշատակը արժէքաւոր կորուստներու, անտարակոյս որ անոնցմէ մէկն է Տէր Գնել Սրբազանին, որը այնքան դալար է իր անձին շուրջ հիւսուած անմոռուկներու պսակով եւ կենդանի՝ իր հովուական կեանքին բեղուն գործերով։
Արդա՛րեւ, 34 տարուան գործունէութեան հետք մը ձգեց իր ետին՝ Արմաշի կուռ հունձքին առաջին շարքերէն իջած այս եկեղեցականը, վարդապետ ձեռնադրուած ըլլալով 1897 յունուար 19-ին, Օրմանեան Պատրիարքէն Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիին մէջ, ուր՝ մնայուն քարոզիչ նշանակուած էր 1909 դեկտ. 1-էն սկսեալ եւ որուն բեմէն անոր ձայնը հնչեց անընդհատ 14 տարի, իսկ վեց տարի՝ առողջապէս ցաւոտ օրերու, ան իր հոգիին մրմունջովը գրեթէ մասնակից եղաւ իր կոչումին, այնքան բարձր իտէալովը սիրած տաճարին աղօթասութեանց եւ ալէլուներուն, ո՜հ այդ վեց տաինե՜րը յամառ ցաւին քմայքներովը տանջուած Սրբազան հիւանդին, քանի՜ քանի՜ անգամ թունդ հանեցին մեր հոգիները, ու մեր արցունքը խառնեցինք անոր վշտոց լացին ամէն անգամ, երբ զուսպ թախիծնուս բռնազբօսիկ ժպիտ մը տուած՝ կ՚երթայինք զինքը տեսնել ու եւս աւելի սրտաբեկ կը վերադառնայինք իր բուժումէն խորապէս յուսահատած։
«Մարդոյ որպէս խոտոյ են աւուրք իւր» յեղյեղած էր մեզ Սրբազանը իր խնկելի Աւետարանով, սակայն ընդունինք թէ վաղաթարշամ այս խոտը անոր բեղմնաւոր հունձքին ընդմէջէն ոսկի որայի մը փոխակերպուեցաւ մանաւանդ երբ Ռումանահայերու մօտ իր առաքելութեամբ 16 վակոն սննդեղէն ու պարէն ապահովեց ու հասցուց Պոլսահայ որբախնամ գործին։ Զմայլելիօրէն կոկիկ ու կարգասէր կեանքը լեցուն է մեղուաջան աշխատանքի դրուագներով. ուր իր ազգը կոչեն զինքը՝ հոն հասաւ արի զինուորի մը պէս ու եղաւ որ ճգնաժամային օրեր ալ ապրեցաւ եւ ասիկա իր կեանքին իսկ գինը արժեց իրեն համար։
Իբր քարոզիչ Ս. Թագաւորին՝ կենդանի ու խօսուն պահեց միշտ բեմը, աչքիս առջեւն է շատ հեղ վարէն՝ իր Աթոռէն ժողովուրդին դարձած յանպատրաստից կը խօսէր ան քարոզներ, որոնք սակայն պերճիմաստ խորքի եւ յաճախ մեր անկարգապահ, թերի կողմերուն ագոյցքներովը զօդուն՝ բարոյակրթիչ դասեր էին, անձանձրալի ունկնդրուած՝ տաճարին անշշուկ լռութեանը մէջ։
Խօսքի այս ներհուն Ուսուցիչը եւ Կենացբանին Վարդապետը, արդա՛րեւ խօսեր է իր ժողովուրդին միջեւ 1924 յունիս 20, 868 քարոզ, 126 դամբանական եւ մատուցեր է 395 Պատարագ։
… Հէ՛ք Սրբազան, ա՛յսօր Հայ Եկեղեցւոյ մօտաւոր սուգին վերջին Ուրբաթով, քու Պատարագդ երգուեցաւ նո՛յն այնտեղը ուր՝ տարիներով օրհնաբոյր շունչովդ օծուած էր, ու սրտառուչ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեանդ պաշտօնն ալ, քու բազ-ած աթոռէդ կարծեցի հոգիդ կը յառնէր ու կը թեւածէր, բարի աչքերդ կը ժպտէին ու ձայնիդ անմոռաց հունչերը բաղխիլ կու գային ականջիս, հաղորդակի՞ց էիր արդեօք հանդիսութեանդ եւ մեր յոյզին։
Կրօնքի սիրով վառուած մերիններուն յիշատակութեան շաբաթով ու յիշատակիդ ալ Պատարագը, շատ խորհիլ կու տայ ինձ թէ նո՜յն ճակատագրէն Դո՛ւն եւս անցար։
Հանգի՜ստ մարմինիդ եւ լո՜յս հոգիիդ։
ՆԵՎՐԻԿ Մ. ՍԵՊՈՒՀԵԱՆ
Գատըգիւղ
Գնել Սրբազան, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետի Լոյս Աւազանին ծնունդ, լուսաշաւիղ զաւակ, ծնած է 1877 թուականին։
Լոյս, խունկ եւ աղօթք բոլորին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26 2023, Իսթանպուլ