ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՅՈՅՍԸ

«Մի՛ զարհուրիք. Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա»։

ՄԱՐԿ. ԺԶ 6

Քարը գլորուած է, գերեզմանը՝ բաց, դիակը՝ անհետացած… այնտեղ նստած է երիտասարդ մը՝ որ «տարօրինակ» եւ անիմանալի խօսքեր կ՚ըսէ… եւ սքանչելի՜ է այդ երիտասարդին կերպարը։ Ան «նստած է աջ կողմը», ինչ որ քրիստոնէական աւանդական բանաձեւ մըն է՝ արտայայտելու համար փառաւորեալ Քրիստոսի դիրքը երկնաւոր Հօր համեմատութեամբ։ Երիտասարդը ունի սպիտակ պատմուճան՝ ճիշդ ինչպէս Յիսուս այն ժամանակ, երբ պայծառակերպուած երեւցած էր Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին իր չարչարանքներու եւ յարութեան մասին ըրած առաջին յայտարարութիւններուն ժամանակ։

Այս հրաշալի՜ երեւոյթէն կը հետեւի, թէ Ան յարուցեալ Յիսուսն է, որ կ՚երեւի կիներուն՝ որոնք չեն ճանչնար զայն։

Այս հատուածը, արդարեւ, դիտումնաւոր կերպով՝ նախադրեալ նպատակով անորոշութեան մէջ ձգուած է. որովհետեւ այդ երիտասարդը այնտեղ չի գտնուիր, որպէսզի իր ինքնութիւնը յայտնէ։ Ան, այնտեղ է «խօսք» մը ըսելու համար, ինչպէս իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ պարտականութիւն ունի յայտարարութիւն ընելու Յարութեան մասին. «Յիսուս յարեաւ ի մեռելոց»։ Յիսուս յարութիւն առաւ՝ կեանքը յաղթեց մահուան։

Արդարեւ, քրիստոնեային համար չկա՛յ յուսալքում, չկա՛յ յուսահատութիւն, քանի որ անոր համար մահուան հետեւանքը կեա՛նք է։ Այս իմաստով, յուսալքուիլ ներհակ է քրիստոնէական հաւատքին. մերժո՛ւմ է ճշմարտութիւնը եւ ուրացում՝ հաւատքը։ Եւ եթէ մահը «վերջ» մը չէ, այլ «սկիզբ» յաւիտենական կեանքին, ապա ուրեմն ինչո՞ւ վախնալ մահէն…

Ուստի, խորհրդաւոր երիտասարդը կը պատուիրէ երեք կիներուն՝ երթա՛լ եւ յայտնել այն ճշմարտութիւնը, որ յայտնուեցաւ իրենց։

Այս երեք կիներուն վստահուած է արտակարգ կարեւորութիւն ունեցող «խօսք» մը, որ կը վկայէ մահուան վրայ կեանքի տարած յաղթանակը. «խօսք» մը՝ որուն վրայ հիմնուած է ամբողջ մարդկութեան յոյսը։ Այն «յոյս»ը որ հիմքն է ամբողջ հաւատքին։ Արդարեւ, այն որ յոյս չունի՝ հաւատք ալ չունի՛։

Ահաւասիկ, երեք կիներ՝ Մարիամ Մագդաղենացի, Յակոբի մայր Մարիամը եւ Սողոմէն աւանդապահներն են այնդպիսի հոգեւոր «հարստութեան» մը եւ առաջին վկաները այն ճշմարտութեան։ Եւ սակայն անոնք լուռ կը մնան, անոնք պապանձած էին վախէն, ճիշդ ինչպէս աշակերտները, որոնք վախով կ՚երթային Յիսուսի ետեւէն, այն ժամանակ, երբ Ան կը մօտենար Երուսաղէմ՝ այնտեղ մեռնելու համար։

Արդարեւ, Աւետարաններ կը վկայեն տեսարաններ, ուր Յիսուս յարութիւն առած, կ՚երեւի իր աշակերտներուն եւ կը ճանչցնէ Ինքզինք։

Աստուծոյ Որդի՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը, ունի այնպիսի ուժ մը, զօրութիւն մը՝ որ ոչ մէկ բան կրնայ կասեցնել զայն։ Ժամանակին պատահի թէ տարաժամ, այդ Աւետարանը կը շարունակէ յայտարարել ամբողջ աշխարհին՝ թէ մահը ճշմարիտ ճանապարհն է խաղաղական, յաւիտենական երանելի՜ կեանքին՝ ուր այլեւս չկա՛յ մահ…

Յիսուսի յարութիւնը, արդարեւ, ամբողջ մարդկութեան յո՛յսն է յաւիտենական կեանքին…

Փա՜ռք Յարութեան…

Յ.Գ. Կ՚ուզեմ իմ անհո՜ւն շնորհակալութիւնս յայտնել մեր սիրելի հարազատ ԺԱՄԱՆԱԿ ընտանիքին՝ որ անգամ մը եւս մեզի զգացուց «ԸՆՏԱՆԻՔ»ի իմաստին սքանչելի՜ արտայայտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2024