ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒԻԼ
Մարդիկ միշտ նպատակ ունեցած են բարոյապէս կատարելագործուիլ՝ անթերի ու զօրաւոր ըլլալ։ Մարդուս համար ընդոծին զգացում մըն է այս, քանի որ ան իր ստեղծագործութենէն իսկ կոչուած է յառաջդիմելու, զարգանալու եւ բարեփոխուելո՛ւ։ Եւ քանի որ մարդ հոգի է ե՛ւ մարմին, ուրեմն որքան մարմնապէս, ֆիզիքապէս, նոյնքան ալ հոգեպէս, բարոյապէս կատարելագործուելու, զարգանալու, բարեփոխուելու պահանջքը ունեցած է միշտ։ Մարդ աշխատելու, գործելու, արտադրելու եւ թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր շուրջիններուն կերպով մը օգտակար ըլլալու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն վրայ։
Ժան Ժագ Ռուսօ, բարոյական գողեր կը նկատէ՝ անաշխատ, անօգուտ եւ ծոյլ մարդիկը՝ որոնք ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն ընկերութեան։ Ամուլ մարդը անօգուտ մարդ է, եւ որեւէ պատրուակ ընդունելի չէ այդ մասին, քանի որ ամէն մարդ իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով պէտք է մասնակցի ընկերային կեանքի պահանջքներուն եւ տկարութիւն մը զօրացնէ, թերութիւն մը կատարելագործէ…։
Յաճախ կը յիշենք ու կը կրկնենք սա իրողութիւնը, թէ մարդիկ հաւասար չեն ստեղծուած, պարզապէս անոր համար որ մէկը միւսին պակասը ամբողջացնէ, զօրաւորը տկարին օգնէ ու զօրացնէ։ Այս կը նշանակէ «իրերօգնութիւն», քանի որ իւրաքանչիւր անհատ ունի իւրայատուկ կարողութիւններ, տարբեր աստիճանի տարողութիւն եւ առաւելութիւն ու թերութիւն՝ որոնք իրարմով պիտի ամբողջացուին։
Արդարեւ ամէն մարդ իր նմանին լրացուցիչն է, ինչպէս՝ կին-մարդը՝ այր-մարդուն, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կ՚ըլլայ «կատարեալ մա՛րդ»։
Սիրելի՜ներ այս կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր անհատ պէտքն ու պահանջքը ունի մէկ ուրիշին, իր նմանին, որպէսզի գոյապահպանէ իր էութիւնը եւ գոյատեւէ իր երկրային կեանքը։ Եւ սակայն այս բնական երեւոյթը, մարդ պէտք չէ շահագործութեան վերածէ. ամէն մէկը պէտք է իր կարելին ընէ իր անձնական կարողութիւններով ու տարողութեամբ։
Այս իմաստով «ուրիշ»ի մը վստահիլ, պէտք չէ՛ ամլութեան պատճառ դառնայ, պէտք չէ որ վստահութիւնը շահագործուի եւ ծուլութեան, անգործութեան եւ անաշխատութեան առիթ դառնայ։ Անհատը պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ, թէ ինչպէս որ ինք կը վստահի ուրիշի մը, ուրիշ մըն ալ նոյնպէս կը վստահի իրեն։ Բնական է այս։
Ուրեմն պարտականութիւններ պէտք է հաւասարակշռուին իրաւունքներով եւ փոխադարձաբար՝ իրաւունքներ պէտք է ներադաշնակուին պարտականութիւններով։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է «պատասխանատուութեան գիտակցութիւն»ը՝ որ մարդս կը կատարելագործէ, կ՚ազնուացնէ, կը զարգացնէ, առաքինութիւններով կ՚օժտէ եւ մէկ խօսքով կը կատարելագործէ։ Արդարեւ պարտքերու եւ իրաւունքներու հաւասարակշռութեան կարողութիւնը կ՚ենթադրէ «պատասխանատուութեան գիտակցութիւն»՝ որ ինքնին առաքինութիւն մըն է…։
Ըսինք, որ մարդ պէտք չէ շահագործէ վստահութիւնը։ Ուստի «յաջող մարդ», կատարեալ մարդ ըլլալու համար, անհատը պէ՛տք է իր յոյսը դնէ իր անձնական ուժերուն, կարողութիւններուն եւ զօրութեան վրայ, քանի որ անհատը ի՛նք ամենալաւը գիտէ ու կը պաշտպանէ ինքզինք։
Սիրելի՜ բարեկամներ, իմ անձնական համոզումս այն եղած է, թէ՝ երբ մարդ իր անձնական ուժերով կատարելագործուիլ փորձէ շատ աւելի արդիւնաւոր կ՚ըլլայ, նախ մարդ ինքնիրեն պէտք է վստահի, ապաւինի եւ յետոյ եթէ տակաւին թերութիւններ ունենայ՝ անոնք լրացնելու համար պէտք է ուրիշներուն վստահելիութեան դիմէ։
Ամէն բանի մէջ, ամէն ատեն միմիայն «ուրիշ»ի վստահիլ՝ մարդս «մակաբոյծ»ի մը կը վերածէ եւ կը նմանի այն բոյսին կամ կենդանիին՝ որ կ՚ապրի ուրիշ բոյսի կամ կենդանիի մը վրայ եւ անոր հիւթովը կը սնանի։ Այսպիսիներ ընկերութեան մէջ կ՚անուանուին «ձրիակեր պնակելէզ»ներ՝ որոնք ատելի են ամէն շրջանակի մէջ։ Ուստի «ուրիշ»ի մը վստահիլը՝ ուրիշի մը կռթներով ապրելու հետ պէտք չէ՛ շփոթել։ Ինչպէս վերը յիշեցինք, Ռուսօ այս վերջինները կը կոչէ «բարոյական գող»եր…։
Վերջապէս ըսինք, որ մարդ կատարելագործուելու համար պէտք ունի ամէն բանէ առաջ ինքզինք ճանչնալու՝ ծանօթանալու, գիակցելու իր թերութիւններուն, տկարութիւններուն եւ անկատարութիւններուն։ Իսկ ինքզինք ճանչնալու կարպն է՝ ներհայեցողութիւնը, ինքնաքննութիւնը։
Եւ որպէսզի ինքնաքննութիւնը արդիւնաւոր եւ շիտակ ըլլայ, մարդ պէտք է առանձին ըլլայ, գոնէ միջոց մը անջատուի արտաքին ազդեցութիւններէ, հեռանայ իր ամէնօրեայ շրջապատէն, մէկ խօսքով՝ առանձնանայ։ Առանձնութիւնը մարդս կ՚անդրադարձնէ իր իսկ էութեան։ Արտաքին-ընկերային ազդեցութիւններէ մերկացած անհատը կրնայ դէմառդէմ մնալ իր «Ես»ին հետ, իսկական, ներքին հարազատ «անձ»ին հետ եւ տեսնել՝ այն ինչ որ կարելի չէր եղած տեսնել բազմութեան մէջ, քանի որ մարդ «արտաքին աշխարհ»ը դիտելու ատեն, միշտ զանց կ՚առնէ «ներքին աշխարհ»ը՝ ուրիշը դիտելու տեղ անգամ մըն ալ ինքզինք դիտելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը օտար գաղափարներ կը մնան եւ կու գայ ատեն մը՝ որ ինքնիրեն կը հարցնէ. «Ո՞վ եմ ես…», որուն պատասխանը անորոշ կը մնայ միշտ։ Եւ երբ մարդ չի գիտեր, թէ «ո՞վ» է, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ իր «անծանօթ»ին պակասները, տկարութիւնները, անկատարութիւնները։ Ուստի մարդիկ շատ աւելի՛ կը ճանչնան, կամ ճանչնալ կը կարծեն «ուրիշ»ները, քան իրենք զիրենք։ Եւ ո՜րքան իմաստալից է Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի պատուէրը. «Նայիր քեզ»։ Այս կ՚ենթադրէ ինքնաճանաչութիւն, որ սկիզբն է կատարելութեան՝ որուն կը ձգտի մարդ։ Ուստի ինքնաճանաչումը ինքնագիտակցութեան, իր որպիսութեան ճանաչման սկզբնակէտն է՝ որով մարդ կը կատարելագործուի։ Ինքնագիտակցութիւնը մարդկային արժանապատուութեան անհրաժեշտ գործօնն է։
Բոլոր այս անկեղծ խորհրդածութիւնները եւ կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ զօրանալու եւ կատարելագործուելու համար, մարդ պէտք է ատեն ատեն առանձնանայ եւ քննէ ինքզինք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 15, 2016, Իսթանպուլ