ՉԱՓ ԵՒ ՕՐԻՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Իրաւունք» եւ «ազատութիւն»՝ մարդկային կեանքին նուիրական արժէքներն են, կեանքին սնունդը եւ աւիշը։ Բայց, որպէսզի անոնք իրենց այս կարեւոր ու կենսական դերը կարենան կատարել՝ պէ՛տք է պարփակուին գլխաւոր երկու սահմանի միջեւ։ Այս երկու սահմաններն են՝ «չափաւորութիւն» եւ «օրինաւորութի՛ւն»։ Արդարեւ, չկա՛յ իրաւունք առանց օրինաւորութեան եւ չկա՛յ նաեւ ազատութիւն առանց չափ ու սահմանի։
Թէեւ այդ չափերը ու սահմանները յաճախ վիճելի կրնան ըլլալ, թէ ո՛ւր կը սկսին եւ ո՛ւր կը վերջանան, սակայն անվիճելի՛ է սա, թէ՝ անպայմա՛ն կայ չափ մը, սահման մը, օրինաւորութեան կշիռ մը ամէն իրաւունքի եւ ազատութեան գործածութեանը մէջ։
Անհակակշռուած իրաւունք՝ կը դադրի այլեւս «իրաւունք» մը ըլլալէ, ինչպէս անսահման ազատութիւն մը՝ «ազատութիւն» ըլլալէ։ Ուստի չափաւորութիւն եւ օրինաւորութիւն՝ կ՚որոշեն իրաւունքի եւ ազատութեան իսկական սահմանները։ Բայց իրաւացի են այն տեսակէտները՝ որոնք անորոշ եւ վիճելի կը նկատեն իրաւունքի եւ ազատութեան սահմանները ընդհանրապէս։
Ընկերային կեանքի մէջ եւ ինչո՛ւ չէ՛, ընտանեկան կեանքի մէջ, յստակ կերպով որոշել իրաւունքի եւ ազատութեան սահմանը գործնականապէս, եթէ ոչ անկարելի բայց շատ դժուար է չափաւորութեան եւ չափազանցութեան, օրինաւորութեան եւ ապօրինութեան միջեւ որոշ, անառարկելի եւ ճիշդ գիծեր քաշել։
Արդարեւ, անփորձ եւ կամ անհնազանդ մարդու համար «փորձութիւն» մըն է մէկ ոստումով ցատկել չափաւորութեան սահմանին վրայէն, եւ անոր մէջ մխրճուիլ ու մնալ՝ անխոհեմ ու անվերապահ։
Հոս պէտք է անդրադառնալ այն իրողութեան, թէ՝ ամէն իրաւունք ունի իր փոխադարձ ու համապատասխան պարտաւորութիւնը, ինչպէս ամէն ազատութիւն՝ համեմատաբար իր պատասխանատուութիւնը։
Ուստի կարելի է մտածել, թէ՝ իրաւունքի մը սահմանը՝ անոր պարտադրած պարտաւորութիւնն է, եւ ազատութեան մը սահմանը՝ անոր պատասխանատուութիւնը։ Իսկ այն որ պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ զանոնք գործածելու հասունութիւնը չունի, անոր համար իրաւունքը եւ ազատութիւնը սահման չունի։ Ընկերային կեանքի ապահովման տեսակէտէ ո՜րքան սխալ, մոլար եւ վտանգաւոր մտածում, քանի որ ընկերութեան իւրաքանչիւր անդամ ունի նոյն իրաւունքը եւ նոյն ազատութիւնը վայելելու առիթը։ Եւ միայն «ինքնակեդրոն» մարդիկ կ՚ուրանան այս անվիճելի իրականութիւնը։
Եթէ ես ունիմ, պէտք է գիտնամ եւ համոզուած ըլլամ թէ ուրիշն ալ ունի նոյնը, եւ իւրաքանչիւրին ունեցածը պէտք է հաւասարակշռուի, չափաւորուի եւ սահման մը որոշուի անոնց միջեւ։ Զոհողութիւն չէ ասիկա, այլ օրինաւորութիւն՝ ամէն մէկուն ի՛ր իրաւունքը գործածելու, ազատութիւնը վայելելու առիթ մը, որ հաւասարակշռութիւն եւ ներդաշնակութիւն կը պահանջէ։ Ուստի պէտք է կարեւորութեամբ ընդգծել սա երկու սխալները՝ «անխոհեմ» եւ «անվերապահ» կերպով օգտագործել եւ վայելել իրաւունքը եւ ազատութիւնը։
Անխոհեմ մարդը՝ իր կեանքի ընթացքին իրաւունքը եւ ազատութիւնը կը վայելէ որպէս իրեն տրուած եւ միա՛յն իրեն պատկանող առանձնաշնորհ մը, եւ աւելին՝ զանոնք կ՚ընդունի որպէս նպատակ, եւ ոչ՝ երջանկութեան, հաւաքական, հասարակական խաղաղութեան միջոց։ Այս մտածողութեան տէր մարդը, կեանքի նպատակ ընդունած է՝ շահը, օգուտը՝ որոնց մէջ չկա՛յ ողորմութիւն, բարիք եւ իրերօգնութեան ազնիւ գաղափար։ Ինքնակեդրոն այդ մարդը կը մխրճուի իր շահուն մէջ, իր «Ես»ին մէջ, ինքն իր մէջ, կ՚անջատուի, կը հեռանայ ընկերութենէն՝ որուն բնական անդա՛մն է ինք։ Այլապէս կը լճանայ եւ ի վերջոյ ամուլ ու անշարժ կը մնայ։
Անշուշտ ողջամիտ եւ լրջախոհ ամէն մէկու համար անկարելի՛ է չտեսնել, չանդրադառնալ այս անսանձ «պաշտամունք»ին գործած աւերները թէ՛ անհատական, թէ՛ ընտանեկան եւ թէ՛ ընկերային կեանքի մէջ։
Լոկ անձնական շահը, օգուտը եւ բարիքը կեանքի նպատակ ընդունողը եւ ըստ այնմ վարուողը կ՚անտեսէ, կը մերժէ եւ կ՚ուրանայ կեանքին գեղեցիկ երեսը, եւ իրերօգնութեան կոչումը, որ աշխատանքի, պարտականութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան բովէն անցնելով ցոյց կու տայ կեանքին նուիրականութիւնը, մեծութիւնը եւ վսեմութիւնը։
Կեանքը բարեպատեհ առիթ մըն է մարդուս տրուած, ուստի պէտք է վայելել զայն՝ չափաւորութեան եւ օրինաւորութեան սահմաններուն մէջ, այդ սահմաններուն մէջ միշտ հաւատարմութեամբ գործելով։
Անգիտանալ, մոռնալ կամ անտարբեր մնալ է կեանքին զանազան «բարձունք»ները, զորս լոկ «Ես»ին վայելքէն վեր՝ ուրիշներու մասին, իր նմաններուն վրայ ալ խորհելու, մտահոգուելու հոգեւոր վարժութիւնը եւ կրթութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ, եւ թէ իր կարգին ուրիշ վայելք մըն է, աւելի մաքուր, աւելի նուիրական եւ խոր։ «Ես»էն զատ, «Ես»էն անջատ ուրիշներու գոյութիւնն ալ տեսնելու, անդրադառնալու յօժարութիւնը, կարողութիւնը եւ ազնուութիւնն է այդ՝ հիմնական, կենսական կոչումը «մարդ»ուն։
Մարմնական-ֆիզիքական կեանքը լոկ նիւթական սնունդով չի կրնար աճիլ եւ զարգանալ. արիւնը, ջիղը, միսը, ոսկորը աճեցնող եւ զօրացնող ուրիշ հաստատուն սնունդի ալ կը կարօտի։ Եւ այն կեանքը մարդուն մէջ, զոր «հոգեկան», «իմացական» եւ ընդհանրապէս «բարոյական» կոչելու վարժութիւն մը ունին մարդիկ, ուրիշ սնունդներու ալ կը կարօտի։ Եւ այս երկու տեսակ սնունդին օրինաւոր եւ չափաւոր գործածութիւնն է որ պիտի ապահովէ մարդուն համաչափ ե՛ւ կանոնաւոր ե՛ւ ներդաշնակ զարգացումը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ ընտանիքին եւ ընկերութեան բարեփոխութիւնը, դէպի լաւ յառաջանալու ընթացքին եւ երջանկութեան իրականացման։
Արդարեւ, կեանքը ապրուած ներկա՛ն է. ո՛չ մինակ, այլ հաւաքաբար՝ իրերօգնութեան ոգիով։ Եւ այս ոգին ալ կարելի է ապահովել եւ տեւականացնել իրաւունքներու եւ ազատութեան փոխադարձ ճանաչումով, իրերհասկացողութեամբ, իրարու արժէք ընծայելով, եւ մանաւա՛նդ հանդուրժողութեան ազնիւ զգացումով։
Եւ կեանքը իր բոլոր խորութեամբ ու բարձրութեամբ դիտողներու համար ուղիղ փիլիսոփայութիւնն է ա՛յս, որ լոկ իրեն համար, իր «Ես»ին համար ապրողներու, ինքնակեդրոն, իրաւունքը եւ ազատութիւնը սեփականացնողներու խարխուլ շէնքին մօտ կը կանգնի հոյակապ ու շքեղ ապարանքի մը նման՝ անխախտ եւ ամո՛ւր։ Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքը լուրջ ընթացք մըն է, ճամբայ մը՝ որ իւրաքանչիւր ճամբորդ կը կարօտի ուրիշ ճամբորդներու օգնութեան, եւ այն որ «իրաւո՜ւնք» եւ «ազատութի՜ւն» երգելով կը կարծէ մինակ ճամբորդել՝ չարաչար կը սխալի՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 22, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024