ԸՆՏՐԵԼ՝ ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ՍԷՐԸ - Ա -

Մարդիկ, յաճախ, փոխանակ ճշմարիտի, սուտը եւ խաբէականը կը նախընտրեն, ինչպէս՝ փոխանակ սիրոյ՝ ատելութիւնը եւ նենգամտութիւնը։ Ասիկա մարդկային տկարութեան եւ թերութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ որ սերունդէ՜ սերունդ կը փոխանցուի մարդոց մէջ՝ հետզհետէ զօրանալով, փոխանակ տկարանալու կամ թեթեւնալու, կամ աւելի լա՛ւ է ըսել՝ մեղմանալու։

Մարդկային բնութիւնն է ասիկա՝ անայլայլելի եւ մշտնջենական։ Մարդուս ընդհանուր եւ հասարակաց զգացումն է՝ ատել՝ փոխանակ սիրելու եւ խաբել՝ փոխանակ ճշմարտախօս եւ ուղղամի՛տ ըլլալու։

Երբ այս բնատուր զգացումը յաջորդաբար կը փոխանցուի սերունդէ՜ սերունդ, արդեօք կարելի չէ՞ սրբագրել, բարեփոխել զայն։ Անշուշտ անկարելի չէ՛, թերեւս դժուար։ Բայց շատ աւելի յարգի են այն յաջողութիւնները, որոնք դժուարութեամբ, աշխատանքով ձեռք բերուած են, եւ անոնք են, որ իրական պսակներու կ՚արժանանա՛ն։

Արդարեւ, մարդ եթէ իրապէ՛ս ուզէ սրբագրուիլ եւ նորոգուիլ, անոր համար արգելք չի կրնար ըլլալ որեւէ բան։ Բայց, ինչպէս կը կրկնենք, ասոր համար մարդ պէ՛տք է անդրադառնայ իր սխալին՝ իր ընթացքին եւ ջանայ սրբագրել իր սխալը։

Հին կտակարանի մէջ, արդարեւ, Աստուած, իր բոլոր ստորոգելիներով՝ Արարիչ, Տէր, Փրկիչ, Ամենակարող, Իմաստուն, Ամենակալ, Ահեղ, Զօրաւոր, Յաւիտենական Աստուա՛ծ է՝ որուն գահը երկինքն է եւ ոտքերու պատուանդանը՝ երկիրը։ Աստուած կը սիրէ եւ նաեւ կը պատժէ՝ որուն կը ծառայեն հրեշտակները, արեւը եւ լուսինը։ Ահա ա՛յս Աստուածը ծնաւ Սուրբ Կոյսէն եւ դրուեցաւ մսուրի մը մէջ՝ ուրկէ անասուններ կեր կ՚ուտէին։

Այս ամէնուն հանդէպ, դժուա՛ր է մարդու պատկերացումները Աստուծոյ մասին համախմբել եւ համեմատել Բեթլեհէմի պանդոկներէն մէկուն փարախին մէջ ծնած եւ մսուրի մը մէջ դրուած եւ ապաստանած Մանուկի մը հետ։ Ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլար հզօր, ամենակալ եւ յաւիտենական Աստուածը համեմատել մսուրի մէջ դրուած այդ Մանուկին հետ։ Ընդունիլ եւ հասկնալ իրապէ՛ս դժուար էր այն ժամանակի մարդոց համար, եթէ ո՛չ անկարելի…։

Յատկապէս գործածեցինք «այն ժամանակի մարդոց համար…» խօսքը, քանի որ «այն ժամանակ»էն այսօր, դարե՜րու հոլովոյթին մէջ շատ բան ալ չէ փոխուած, եւ այսօր ալ շատեր կը դժուարանան այդ համեմատութիւնը պատկերացնել իրենց մտքին մէջ եւ կը վարանին ընդունիլ, թէ այդ մսուրին մէջի Մանուկը, Աստուած Ի՛նքն էր՝ Որդին Աստուծոյ, Աստուծմէ Աստուա՛ծ եւ Լոյսէն Լո՛յս։

Եւ ահաւասիկ հո՛ս է դժուարութիւնը հասկնալու եւ հաւատալու, թէ Աստուած մարմնացաւ եւ մարդացաւ, մարդու կերպարանքով ապրեցաւ եւ կ՚ապրի՛ մեր մէջ։ Իսկ հաւատացեալներու կը մնայ ծունկի գալ եւ երկրպագել այդ Մանուկին առջեւ, ինչպէս՝ հովիւները եւ մոգերը։ Եւ իրապէ՛ս «հրաշք» մըն է ասիկա, որ այսօր կը յայտնուի մեզի, բայց անմիջապէս յաջորդ օրը արդէն կը մոռնանք, քանի որ վարժութիւն եւ սովորութիւն չունինք եւ կը վախնանք, կը սարսափի՜նք հրաշքներէ։ Բայց հրաշքները մարդկային կեանքին մէջ անպակաս են։

Այդ հրաշքը՝ Աստուածորդիին հետ, Անոր ծնունդով սկսած «Նոր կեա՛նք»ն է, որ մեզ կ՚առաջնորդէ հրաժարելու մեղքերէ եւ չարիքներէ եւ ապրիլ աստուածայայտ կեանքով՝ Աստուծոյ շնորհով եւ ողորմածութեամբ։

Մանուկ Յիսուս իր ծննդեան պահէն իսկ գրկեց ամբողջ աշխարհը, մարդկութիւնը՝ աստուածային Իր սիրով փրկութեան եւ սրբութեան առաջնորդելու եւ պահպանելու համար։

Մանուկ Յիսուսի ծնունդով «երկիրը երկինք դարձաւ»։ Երկինքը այն տեղն է՝ ուր ներկա՛յ է Աստուած։ Աստուած մեզի հետ է, որ կը նշանակէ, թէ մեր փրկութիւնը դարձաւ իրական՝ ինչպէս մեր կեանքը իրակա՛ն է։ Եւ Յիսուսի ծնունդը կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, որ Աստուծոյ փառքը՝ կատարեալ, անթերի մա՛րդն է, իսկ մարդկային կեանքը՝ անոր կատարելութիւնը՝ աստուածահաճոյ կեա՛նքը։

Ուստի ո՛չ ոք ստիպեց, որ Աստուած մարմնանայ եւ մարդանայ, արդարեւ ո՛չ ոք կարող է զԱստուած իջեցնել երկինքէն երկիր, մարդ միայն կարող է ընդունի՛լ Տէրը՝ Անոր սէրը եւ շնորհները։

«Ընդունիլ»՝ կը նշանակէ հաւատա՛լ, պայքարի՛լ, մերժել չարիքը եւ մեր ազնիւ ընթացքի եւ զգացումներու պտուղները ընծայաբերել Մանուկ Յիսուսին։ Թէ ի՞նչ ընծաներու մասին է խօսքը, պարզ կը դառնայ երբ յիշենք հովիւները, որոնք իրենց անկեղծ հաւատքի եւ վստահութեան մէջ ստացան բարի լուրը՝ աւետիսը։ Կը յիշենք նաեւ իմաստուն մոգերը, որոնք ոսկի, կնդրուկ (=անուշահոտ խունկ կամ խէժ) եւ զմուռս (=անուշահոտ եւ դառնահամ խէժ մը՝ որով հին ատեն դիակներ կ՚անուշահոտէին) ընծայաբերեցին Տիրոջ։

Ոսկին խորհուրդն է «մարդկային կեանքի ամբողջ գանձարանին, բոլոր արժէքներու, այն ամէնը, ի՛նչ որ ունի մարդ՝ որոնք «իմա՛ստ» ունին, եթէ Տիրոջ փառքին կը ծառայեն։

Կնդրուկը՝ խունկը օգտագործելու համար կրակը անհրաժե՛շտ է։ Ան անուշահոտութիւն է, որ կը ծխէ՝ եթէ կրակ կա՛յ։ Այդ կրակը, ահաւասիկ մարդուս հաւա՛տքն է. սէրը եւ նուիրումը։

Իսկ զմուռսը՝ խորհրդանի՛շն է սուգի եւ յոյսի. եթէ մարդ կը սգայ իր չարիքներուն, սխալանքներուն, մեղքերուն համար, ապա ունի յո՛յսը փրկութեան։

Պէտք չէ՛ մոռնալ Յովսէփը՝ որ հանդէս եկաւ որպէս պաշտպան եւ խնամող ո՛չ միայն Մարիամի, այլ նաեւ՝ Յիսուսի։ Յովսէփ նախ Մարիամի հետ իր ամուսնութեա՛մբ պաշտպանեց Յիսուսը։

Ան թոյլ չտուաւ որ Մարիամը պարսաւանքի ենթարկուի…։

- Պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 22, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018