ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՍԽԱԼ ՉԷ
«Դատողութիւն», իր ամենալայն առումով կը նշանակէ մտքի դատաստան, տրամաբանելու եւ եզրակացնելու կարողութիւն, խորհրդածութիւն՝ կարծիքի արտադրութիւն։ Եւ այս իմաստով, դատողութիւնը ճանաչողական լուսաւոր տեսութիւն մը կու տայ մարդուն կացութեան եւ անոր գործին մասին։
Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ բարոյական խղճմտանքին ուղղամտութիւնը։ Գործնական դատողութեան միջոցով, բարոյականութեան սկզբունքներու գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը կը հաստատուի եւ հետզհետէ զարգանալով բարոյական խղճմտանքի մէջ կը բովանդակուի։ Բարոյական բարիին շուրջ ճշմարտութիւնը, որ հռչակուած է իմացականութեան օրէնքին մէջ, գործնականապէս, տեսանելի եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին խոհեմ դատողութեամբ։
«Խոհեմ» կը կոչուի մարդը՝ որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ։
Արդարեւ, երկինքի երանութիւնը կը ճշդէ զատորոշումի չափանիշները երկրաւոր բարիքներուն մէջ՝ ըստ Աստուծոյ օրէնքին։
«Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին» (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձամբ փնտռել իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։ Արդարեւ, Աստուած, մարդը «իմացական արարած» ստեղծած է, տալով անոր արժանապատուութիւնը «անձ»ի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ բանականութեան եւ դատողութեան կարողութեամբ։
Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ, որ մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծած է ազատ եւ տէր իր արարքներուն։ Ասիկա կը նշանակէ որ մարդը դատողութեան կարողութեամբ օժտուած է՝ ազա՛տ ընտրելու իր արարքներուն տեսակը եւ ուղղութիւնը։
Ազատութիւնը, որ դատողութեան կարողութեան բնական մէկ արդիւնքն է, այսինքն մարդ, դատողութեան կարողութեան շնորհիւ «ազա՛տ» է, իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր անհատ տէր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ, որ կ՚աճի բանականութեամբ եւ դատողութեան կարողութեամբ։
Ազատութիւնը, դատողութեան շնորհիւ կը հասնի իր կատարելութեան երբ կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ դէպի Ճշմարտութիւն, դէպի Բարութիւն՝ մարդուն երանութիւնը։
Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ» կարելիութիւնը, եւ հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչե՛լու։
Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի կամ անարժանիքի։ Ուստի մարդ ազատութիւն ունի՝ որովհետեւ դատողութեան կարողութիւն ունի։
Մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, այնքան աւելի՛ ազատ կ՚ըլլայ։ Եւ երբ մարդ իր դատողութիւնը ուղիղ գործածէ՝ բարիք կ՚ընէ, եւ ուրեմն դատողութեան կարողութիւնը ուղղակի կապուած է ազատութեան։ Չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն, եթէ ոչ ի սպաս բարրին եւ արդարին։ Եւ հաւաքականութեան մը՝ ընկերութեան մը մէջ եթէ նոյնիսկ մէկ անհատ ազատ չէ, ազատութիւն չի վայելեր, այդ ընկերութեան մէջ ազատութիւն չկա՛յ. ուրեմն ազատութիւնը, ըստ էութեան անձնական եւ անհատական կարողութիւն մը չէ, այլ՝ հասարակաց, հաւաքական կարողութիւն մը։
Անհնազանդութիւն եւ չարիք նախընտրելը՝ որ դատողութեան կարողութեան սխալ գործածութիւնը կը նշանակէ, ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին ստրկութեան, ինչպէս եւ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. (ՀՌՈՄ. Զ 17)։
Դատողութիւնը մարդուս թանկագին ստացուածքներէն մին է։ Թէեւ «ստաց-ւածք» կ՚ըսենք, բայց անիկա Բնածին արժէք մըն է. զօրաւոր եւ գործնական դատողութիւն մը աստուածային շնորհք մըն է, որ անձնական գործերու մէջ յաջողութիւն եւ հանրային գործերու մէջ թանկագին ծառայութիւն կը մատուցանէ, մանաւանդ երբ մարդ հոգ տանի զայն աւելի եւս զօրացնել ծանօթութիւններու նորանոր պաշարներով։ Ուստի դատողութիւնը հետզհետէ զարգացնել՝ անոր արժէքը եւ օգտակարութիւնը կ՚աւելցնէ։ Դատողութեան համար մեծապէս կ՚արժէ վերջին ծայր բծախնդիր եւ զգոյշ ըլլալ, քանի որ ան մարդուս ամենէն կարեւոր մէկ «դրամագլուխ»ն է։
Եւ սակայն, նաեւ յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ դատողութիւնը որքան ալ զօրաւոր եղած ըլլայ, անսխալ չէ վերջապէս եւ իրապէս իմաստուն մարդը կարեւոր խնդիրներու ատեն ուրիշներու դատողութեան ալ դիմելու պահանջքը կը զգայ։
Դատողութիւնը ժամացոյցի մը կը նմանի, եւ կրնայ շատ յարգի եւ ճշգրիտ ժամացոյց մը ըլլալ, պայմանաւ որ մարդ շարունակ խնամք տանի անոր։
Բայց ամենէն ընտիր եւ յարգի ժամացոյցն իսկ կրնայ որեւէ պատճառով խանգարուիլ, սխալիլ եւ երբեմն ալ գործէ դադրիլ։ Ուստի հարկ կ՚ըլլայ ուղղել զայն, երբեմն նորոգել, հոգ տանիլ անոր։
Արդարեւ, ինչպէս որ ժամացոյցին ամենէն ապահով, վստահելի եւ վերջնական ուղղիչը արեւն է, նոյնպէս երբ բարոյական արժէքներ դատելու, կշիռի տակ դնելու ատեն դատողութեան վճիռին մասին տարակոյս գոյանայ, ինչ որ բնական եւ յաճախադէպ իրողութիւն մըն է խղճամիտ մարդու մը համար, այն ատեն ահաւասիկ, պահանջքը կը զգացուի արեւին դերը կատարող դատաւորի մը։ Այդ դատաւո՛րն է՝ խիղճը։
Եւ սխալա՞ծ պիտի ըլլանք արդեօք, երբ ըսենք, թէ Աստուած մարդուս մէջ դրեր է խիղճը՝ արեւին դերը կատարելու համար, երբ բարոյական մարդը իր ժամը, ժամանակը եւ օրը կորսնցնելու վտանգին կ՚ենթարկուի, կամ իր ժամացոյցին ուղղութեան մասին տարակուսած, երկմտած ատեն կ՚ուզէ ուղղել արեւին հետ, վստահ ըլլալու համար, թէ իր ժա՛մը սխալ չէ…։
Մարդուս դատողութեան նմանութիւնը ժամացոյցին եւ արեւին հետ կրնայ ճիշդ չըլլալ ամէն կէտի մէջ, բայց կրնայ լուսաբանել իր միտքը ասոնց յարաբերական արժէքի մասին։
Այն մարդը որ կը վստահի լոկ իր դատողութեան, որ սխալ տուեալներու եւ ծանօթութիւններու պակասին հետեւանքով կրնայ տարբեր ուղղութիւն մը ցոյց տալ, կեանքի մէջ պիտի հանդիպի մութ անկիւնադարձերու՝ ուր աւելի լոյսի պէտքը զգալի՛ պիտի ըլլայ մեծապէս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2020, Իսթանպուլ