ՋՂԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՍ

Մեր թուականէն 15 տարիներ առաջ՝ 2007 թուականին Գերմանիոյ մէջ հիմնուած «Սթաթիսթա» (Statista) ուսումնասիրութեան կազմակերպութիւնը 2021-2022 թուականներուն կատարած իր հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք, յայտարարած է ցանկը «Աշխարհի ամենէն ջղային» երկիրներու, որոնց մէջ մենք կարեւոր տեղ կը գրաւենք:

Հրապարակուած ցանկին համաձայն, առաջնութիւնը կը տրուի Լիբանանին« Ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, որ աշխարհի ամենէն ջղային մարդիկը լիբանանցիներն են։ Լիբանանցիներուն կը յաջորդեն թուրքերը, իսկ երրորդ տեղը կը տրուի Հայաստանին:

Այս նիւթը ինձ աւելիով կը հետաքրքրէ, որովհետեւ թէ՛ լիբանանցի եմ եւ թէ՛ հայաստանցի եւ հետեւաբար պէտք է, որ աշխարհի ամենէն ջղային մարդը եղած ըլլամ:

Թէեւ կը սպասէի, որ առաջին տեղը գրաւէ Հայաստանը, որովհետեւ հակառակ Լիբանանի այս տագնապալի օրերուն, լիբանանցին գիտէ ուրախանալ, զուարճանալ եւ գոհացում տալ իր հաճոյքներուն, մինչ հայաստանցիները ցեղասպանութենէն, հաւանաբար Սպիտակի երկրաշարժէն մնացած յուզումով աւելի ատակ են ջղայնութեան ու տխրութեան՝ քան լիբանանցիները:

Իրականութեան մէջ Թուրքիան ու Հայաստանը շատ նմանութիւններ ունին. երկու երկիրներու ժողովուրդներն ալ ջղային են՝ որովհետեւ երկիրին մէջ կայ անգործութիւն, անհաւասարութիւն, անարդարութիւն, անհամեմատ հարստացող խաւ մը, իսկ միւս կողմէ աղքատութեան առաջնորդուող արդէն իսկ աղքատ հաւաքականութիւն մը: Փաստօրէն բոլո՛ր այն երկիրները, ուր պետութիւնը կը հարստանայ իսկ ժողովուրդը աղքատ կը մնայ՝ կը տիրէ ջղային եւ ոչ-ուրախ մթնոլորտ մը:

Տարի մը առաջ սփիւռքահայ բարեկամ մը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան այցելեց եւ զարմացաւ, որ մարդիկ «ինչպէ՞ս ես» հարցումին «լաւ եմ» կամ «լաւ չեմ»ով չեն պատասխաներ. Հայաստանի մէջ որպիսութիւնը գիտնալու լաւագոյն պատասխանը «նորմալ» ըսելն է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ապրող մարդը ո՛չ լաւ եւ ո՛չ ալ վատ է. ունի իրեն յատուկ «նորմալ»ը, որուն մէջ կը բացատրուի ամէ՛ն բան:

Ջղայնութեան մասին խորհրդածելու ժամանակ յիշեցի մեր անուանի գրողներուն նամակները, ուր մի՛շտ ջղայնութիւն մը, ըմբոստութիւն մը տեղ գտած է. օրինակ՝ Դանիէլ Վարուժան իր բարեկամներէն Գառնիկ Գլընճեանին գրած նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Դուն ինձմէ լաւ գիտես, որ ես ջղային մ՚էի եւ շուտով կը վիրաւորէի մարդ մը», իսկ Դերենիկ Ճիզմեճեանին գրած մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Պ. Պազարճիին հետ կռուի բռնուած ենք. երկուքս ալ ջղային. նայինք ո՛վ կը յաղթէ»:

Ջղային անձ մը եղած ըլլալու է նաեւ Գրիգոր Զօհրապ, որ յաճախ իր կնոջ՝ Գլարային գրած նամակներուն մէջ ակնարկութիւն կ՚ընէ իր ջղային դրութեան մասին՝ ըսելով. «Այս առտու շատ ջղային վիճակի մը մէջ էի». Եղիա Տէմիրճիպաշեան եւս իր բժիշկին՝ տքթ. Տաղաւարեանին գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ուրբաթ օրէն ի վեր առողջական վիճակս սկսաւ բարւոքիլ. մասնաւորապէս ջղային դրութիւնս»:

Թուրքիա եւ Հայաստան իրար բուռն մրցակիցներ են ջղայնութեան մէջ. երկուքն ալ այնպիսի երկիրներ են՝ ուր ինքնաշարժով ճամբայ չտալու համար կրնայ մարդասպանութիւն տեղի ունենալ: Տակաւին երկու տարիներ առաջ՝ 2020 թուականին Թուրքիոյ Տենիզլի շրջանին մէջ 55 ամեայ Մուսթաֆա Եէօրիւք անունով անձ մը, բարեւ չտալու պատճառով սպաննեց 29 ամեայ երիտասարդ մը:

Գիտութիւնը կը հաւատայ, որ ջղային ըլլալը մարդու բնութենէն եւ նկարագիրէն կապ ունի, սակայն այս տեսութեան հակառակ, ես կը հաւատամ, որ մարդիկ ո՛չ թէ ջղային կը ծնին, այլ ջղային կը դառնան, որովհետեւ շրջապատը, դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները մեծապէս կ՚ազդեն մարդուն հոգեկան աշխարհին եւ ինքնաբերաբար իր ուրախ, տխուր, խաղաղ կամ ջղային ըլլալուն վրայ:

Ջղայնութիւնը անբաժան մասն է մեր կեանքին եւ գրեթէ մեր բոլոր շարժուձեւերուն մէջ կրնանք տեսնել անոնց հետեւանքները. յաճախ ճամբան կը հանդիպինք մօր մը՝ որ իր զաւակը կը ծեծէ։ Իրականութեան մէջ այդ մէկը ո՛չ թէ զաւակին հանդէպ ունեցած ատելութիւնն է, այլ ջղայնութեան արտայայտութիւնը, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ջղային մայրերը ժամանակն ու համբերութիւնը չունին իւրաքանչիւր արարքի դիմաց ժամերով համբերատարութեամբ բացատրութիւն տալու, նոյնիսկ յատուկ մանկավարժներու դիմելու. անոնց համար ծեծը թէ՛ կը կրթէ եւ թէ՛ կը խաղաղեցնէ փոթորկած հոգիները... եւ այդ իսկ պատճառով զաւակը ծեծող շատ մը մայրեր ծեծէն ետք «հանգստացայ» մը կ՚ըսեն:

Իրականութեան մէջ ջղայնութիւնը ինչքան ալ պարզի առնենք, շատ մեծ դեր ունի մեր կեանքին մէջ. ջղայնութիւնն է, որ մեր զաւակները կ՚առաջնորդէ փոքր տարիքէն ծխելու սովորութիւն ձեռք ձգելու. ջղային ու հոգեպէս ոչ-խաղաղ մարդիկն են, որ գինեմոլ կը դառնան, որովհետեւ գինով ըլլալու զգացումը ջղային ըլլալու զգացումէն շատ աւելի առաջնահերթ կը սեպեն:

Պէտք է հասկնալ, որ ո՛չ լիբանանցին, ո՛չ թուրքը եւ ո՛չ հայը ջղային ծնած է՛, այլ դարձած է ջղային, շնորհիւ իր պետական մարմնին, երկիրին տնտեսութեան ու դիմագրաւած բոլոր հարցերուն: Այդ է պատճառը, որ սփիւռքահայեր յաճախ կը զարմանան, եւ նոյնիսկ շատ անգամ ատելութեամբ կ՚արտայայտուին, որ «հոս մէկու մը երեսը չի՛ խնդար, բոլորը դերս են...»:

Եւ ի՜նչ առեղծուած, որ նման ազգութեան մը նախահայրերը, բարկութիւնն ու ջղայնութիւնը որպէս մեղք նկատելով պատուիրած են չջղայնանալ... ջղայնութեան մեղք ըլլալը իրաւաբան եւ պատմաբան Յակոբ Շահամիրեան իր «Գիրք անուանեալ Որոգայթ փառաց վասն կալանաւորելոյ ամենայն գործ անկարգութեան» գործին մէջ հետեւեալ բառերով կը բացատրէ. «բարկացեալ այրն ոչ կարէ գործել բարի». նոյն համոզումով այսօր մեր երկիրներուն մէջ բարի բաներ չե՛ն կատարուիր, որովհետեւ մեծէն պզտիկ բոլորն ալ ջղային դարձած են:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԼԻՄՈՆՃԵԱՆ
(1768-1839)

Մեր թուականէն 183 տարիներ առաջ՝ 29 յունիս 1839-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է երգահան, երաժշտագէտ եւ հայկական նոր ձայնագրութեան հիմնադիր Համբարձում Լիմոնճեան (ծանօթ նաեւ նօթաճի Պապա Համբարձում անունով):

Պապա Համբարձում ծնած է 1768 թուականին. շատ մը աղբիւրներ անոր ծննդեան թուական կը նշեն 13 յունիսը, մինչ այլ աղբիւրներ այդ մէկը կը ձգեն անյայտ: Իր կրթութիւնը ստացած է Զինճիրլիի Խան թաղի հոգեւոր դպրոցէն ներս, ուր պարզուած է Համբարձումին երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու շնորհքը: Նկատի ունենալով Համբարձումի երաժշտական կարողութիւնը՝ զինք ղրկած են յոյն երաժշտագէտ Վնոփրիոս Թաթավլեցիի մօտ, որմէ սորված է յունական երաժշտական խաղերը: Ապա աշակերտած է հայ երաժիշտ Զեննէ Պօղոսին:

Ուսումը աւարտելէ ետք Պապա Համբարձում սկսած է ուսումնասիրել հայկական, յունական, թրքական եւ արաբական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ծանօթացած է եւրոպական երաժշտութեան: Ուսումնասիրութիւններու կողքին Պապա Համբարձում զբաղած է երգով եւ ստեղծագործած բազմաթիւ երգեր, որոնցմէ յայտնի են «Վեհ Հմայեակ», «Զարթիր, զարթիր», «Համեմատ քեզ ոչ գոյ նման», «Ով Ամենապայծառ» եւ այլ երգեր. դժբախտաբար անոր երգերէն միայն մի քանին հասած է մեզի:

Պապա Համբարձում ունենալով հոգեւոր կրթութիւն, նկատած է, որ ժամանակի ընթացքին հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը ենթակայ է աղաւաղումի, հետեւաբար որոշած է կորսուած խազերուն փոխարէն ստեղծել նոր հայկական նոթագրութիւն մը՝ հետեւելով եւրոպականին. այդ աշխատութիւնը մինչեւ օրս յայտնի է «Լիմոնճեան Ձայնագրութիւն» անուամբ:

Լիմոնճեանի հայկական ձայնագրութիւնը մինչեւ օրս կը դասաւանդուի Հայաստանի երաժշտական համալսարաններէն ներս:

Այս բոլորի կողքին Պապա Համբարձում զբաղած է նաեւ երաժշտութեան ուսուցչութեամբ. ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք յետագային դարձած են անուանի երաժիշտներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022