ՊԱՐԶԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Պարզամտութիւնը, ընդհանրապէս մարմնաւոր իմաստութեան հակառակ վիճակ մըն է։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Վասնզի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքի վկայութիւնը՝ թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզամտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, այլ Աստուծոյ շնորհքով աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ», (Բ. ԿՈՐՆԹ. Ա 12)։
Ուստի պարզամտութիւն կ՚ենթադրէ անկեղծութիւն, ի՛նչ որ աստուածահաճոյ է եւ ընդունելի։
Ասիկա առողջ յարաբերութիւններ մշակելու համար հարկաւոր է, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը. «Յիսուս մանուկ մը կանչեց եւ զայն անոնց մէջտեղ կանգնեցնելով՝ ըսաւ.
-Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 2-4)։
Ուստի եւ պէ՛տք է որ ամէն մարդ պարզամտութեամբ եւ անկեղծութեամբ մօտենայ իրարու եւ մանաւանդ իր Արարիչին, որպէսզի լաւ յարաբերութիւններ կարենայ մշակել։ Բարերարութեան գործերու մէջ ալ կարեւոր է պարզամիտ ըլլալ եւ բարիք մը կատարել անկեղծութեամբ եւ ո՛չ քօղարկուած նպատակի մը ծառայելու համար։
Մարդիկ, ընդհանրապէս բարիք կ՚ընեն, պարզապէս «բարի» երեւելու եւ «բարի» կոչուելու համար, եւ ո՛չ թէ իրապէս բարի գործ մը կատարելու համար, աւելի ճիշդ է ըսել անոնց համար՝ բարիք ըրած կ՚երեւին։ Ուրեմն նպատակը ի՛նչ որ է, գործն ալ այն է. այն ծառը, որ լաւ պտուղ չի՛ տար, լաւ ծառ չէ՛։
Զգուշանալ պէ՛տք է ամէն կեղծ բաներէ՝ զգուշանալ մանաւանդ՝ ոչխարի կերպարանքով մօտեցող՝ ներքնապէս յափշտակիչ գայլերէ։ Իրենց գործերէն կը ճանչցուին ամէն մէկը՝ լաւ գործեր լաւ սրտերէ, բարի գործեր բարի միտքերու արդիւնք են. այն որ պարզամիտ ու անկեղծ չէ՝ անոր գործերն ալ սուտ են եւ կեղծ։ Բարին ու չարը զանազանել դժուար է, բայց անհրաժե՛շտ։ Լայն դռներ, ընդարձակ ճամբաներ դիւրատար են, բայց մարդս կորուստի կ՚առաջնորդեն, մինչդեռ նեղ դռները եւ դժուարին ճամբաները մարդս երջանկութեան կը տանին։
Բայց նեղ ու դժուարին ճամբաներ ընտրողներ, դժբախտաբար քիչ են, եւ այդ իսկ պատճառով քիչեր երջանիկ կ՚ըլլան եւ շատեր՝ դժբախտ։
Մարդիկ կը հարցնեն՝ ինչո՞ւ երջանիկ չեմ։
Պատճառը իրենց վրայ պէտք է փնտռեն անոնք, որ կը գանգատին իրենց վիճակէն։ Դժգոհութիւն յայտնելէ առաջ պէտք է իրենք զիրենք քննեն, թէ իրենք երջանիկ ըլլալու համար ի՛նչ ըրած են, ո՛րքան պարզամիտ, ո՛րքան անկեղծ են եղած կեանքին հանդէպ, շուրջիններուն հանդէպ եւ վերջապէս Աստուծոյ հանդէպ…։
Արդարեւ ինքնազննութիւնը առաքինութի՛ւն է։
«Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէ՛տք է յորդորենք։ Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ։ Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի։ Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ», կ՚ըսէ Առաքեալը (ՀՌՈՄ. ԺԲ 8)։
Այս ալ կը նշանակէ՝ ամէն ոք իր կարողութեան ու տարողութեան համաձայն, կամովին՝ անկեղծութեամբ եւ պարզամտութեամբ պէտք է գործէ, պէտք է շարժի։ Մարդուս իսկական նպատակը ի՛նչ որ է, այդպէս պէտք է գործէ։ Քօղարկուած նպատակը բարի նպատակ չէ՛։
Առաքեալը այս մասին կ՚ըսէ.
«Ըսեմ ի՛նչ որ լսեցի, թէ՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր բան կ՚ըսէ։ Մին կ՚ըսէ.- Ես Պօղոսի կը հետեւիմ, միւսը՝ Ես Ապողոսին կը հետեւիմ, իսկ ուրիշ մը՝ թէ Ես Քրիստոսի կը հետեւիմ։ Միթէ Քրտստոս կողմերո՞ւ բաժնուած է» (Ա. Կորնթ. Ա 12-13)։ Եւ դարձեալ. «Պարծանքով կրնամ ըսել, եւ խիղճս ալ կը վկայէ, որ բոլորին հանդէպ ու մանաւանդ ձեզի հանդէպ եղած եմ պարզ ու անկեղծ, ինչպէս Աստուած կը կամենայ. ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէ մղուած, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքովը» (Բ. Կորնթ. Ա 12)։
Ուստի բոլոր մարդոց վարմունքը այս ուղղութեամբ ըլլալու է՝ պարզ եւ անկե՛ղծ։
«Ոեւէ մէկը ինքզինք թող չխաբէ։ Ձեզմէ ո՛վ որ այս աշխարհին չափանիշով ինքզինք իմաստուն կը կարծէ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէսզի իրա՛ւ իմաստուն ըլլայ։ Քանի որ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ աչքին յիմարութիւն է, ինչպէս Սուրբ Գիրքերուն մէջ գրուած է.- Աստուած իմաստունները իրենց ճարպիկութեան մէջ կը բռնէ։ Իսկ ուրիշ տեղ մը գրուած է.- Տէրը գիտէ՛ իմաստուններու խորհուրդները՝ որոնք անարժէք են» (Ա. Կորնթ. Գ 18-20)։
Չարակամութեան պատճառներէն մի՛ն է՝ պարզամտութեան եւ անկեղծութեան պակասը։
«Եղբայրնե՛ր, միտքով երքխաղ մի՛ ըլլաք. երեխաներու պէս եղէք միայն չարիք խորհելու մէջ. իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք» (Ա. Կորնթ. ԺԴ 20)։
Առաքեալներ՝ Պօղոս եւ Պետրոս կը յորդորեն պարզամիտ եւ անկեղծ ըլլալ, այս առաքինութիւններով օժտուած ապրիլ կեանքը։ «Ձեր հնազանդութեան համբաւը ամէն տեղ հասած է, եւ ես ձեզմով ուրախ եմ։ Բայց կ՚ուզեմ որ իմաստուն ըլլաք՝ բարի գործեր կատարելով, եւ անմեղադրելի ըլլաք՝ չար գործերէն հեռո՛ւ մնալով» (ՀՌՈՄ. ԺԶ 19)։ Եւ դարձեալ. «Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք» (Ա. ՊԵՏՐՈՍԻ Բ 2)։ Պարզամտութեան եւ անկեղծութեան շնորհը ունեցողներ իմաստուն են եղած Աստուծմէ, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը։
«Այն ատեն Յիսուս այսպէս աղօթեց.
-Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի, Տէ՛ր, շնորհակալ եմ քեզի, որ իմաստուններէն եւ գիտուններէն ծածկեցիր այն՝ ի՛նչ որ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց։ Այո՛, Հա՛յր, դուն այսպէս ուզեցիր» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 25-26)։
Ուրեմն Աստուծոյ կա՛մքն է հաւատացեալ եւ հաւատաւոր, հաւատարիմ որդիներուն պարզամտութիւնը, անկեղծութիւնը եւ համեստութիւնը։
Եւ երկնքի արքայութեան դուռը բա՛ց է անոնց։
Սաղմոսերգուն ալ կ՚ըսէ. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ, Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարի՛տ է, տգէտը իմաստուն կ՚ընէ» (ՍԱՂՄ. ԺԹ 7), եւ. «Տէրը միամիտները կը պահէ։ Ես խեղճ եղայ ու Անիկա զիս ազատեց» (ՍԱՂՄ. ՃԺԶ 6), եւ դարձեալ. «Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լո՛յս կու տայ ու միամիտները իմաստուն կ՚ընէ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 130)։
Ո՜րքան կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ պարզամտութիւնն ու անկեղծութիւնը՝ այս երկու առաքինութիւնները մարդուս համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 18, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/19/2025
- 04/19/2025
- 04/19/2025