ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ -  Զ -

Կը շարունակենք խորհրդածել անհաւատարմութեան մասին։ Անհաւատարմութիւնը, ամուսնական միութեան մէջ, քանդիչ եւ աւերիչ դեր մը կը խաղայ։

Արդարեւ, քրիստոնէական ըմբռնումով, անհաւատարմութեան խորհուրդը եւ զգացումն իսկ, որոնք ցանկութիւն ցոյց կու տան «շնութեան» հաւասար մեղք կը համարուին։ Եւ այս խիստ ու բացարձակ սահմանին մէջ եւ անոր համեմատ, մարդ գրեթէ կարելիութիւնը չ՚ունենար բացարձակապէս եւ կատարելապէս մաքուր ապրելու։ Ուստի, ֆիզիքապէս առողջ եւ զօրաւոր մարդու մը համար պատանեկութենէն մինչեւ ծերութիւն, ամէն տարիքի մէջ, ո՛չ թէ արարքով, այլ նայուածքով, խորհուրդով եւ զգացումով իսկ այս օրէնքին հաւատարիմ մնալը կարծես թէ մարդկային կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր բան մը պահանջել է։

Եւ սակայն կարելի է կարծել, թէ ամէն շրջանի եւ միջավայրի մէջ գտնուած են եւ կը գտնուին այր-մարդիկ եւ կին-մարդիկ, հոգ չէ թէ անոնց թիւը շատ սահմանափակ ըլլայ եւ յարգելի բացառութիւններ կազմեն, որոնք այս օրէնքին հաւատարիմ մնալու կարողութիւնը, տարողութիւնը եւ մանաւա՛նդ քաջութիւնը եւ շնորհքը ունեցած եւ անիկա գործադրած են։

Արդ, «բացարձակ մաքրութեան» այս օրէնքն է, զոր մանաւանդ այր-մարդիկ անգործնական, արտառոց, տարօրինակ եւ շատ անգամ ալ ժամանակավրէպ կը նկատեն։

Սակայն, հոս պէտք է խոստովանիլ, թէ՝ ընդունելով հանդերձ մաքրութեան այս օրէնքը տառապէս գործադրելու դժուարութիւնը, չըսելու համար անկարելիութիւնը, բարոյական եւ բանաւոր էակին՝ մարդուն՝ պարտքն ու պարտաւորութիւնն է, եւ նաեւ մարդ էակին հաւաքականութեան ճշմարիտ բարօրութեան եւ երջանկութեան պահանջքն է անկեղծօրէն եւ կատարեալ համոզումով որդեգրել եւ ընդունիլ այդ գաղափարականը, քալել դէպի անոր, իր կամքին եւ Աստուծոյ զօրութեան ապաւինելով՝ առանց իր մտքին մէջ տեղ գրաւել տալու աշխարհիկ մարդոց «հաճոյքի ազատութեան» համոզումին։ Եւ այս պէ՛տք է ըլլայ, կարելի է կարծել եւ ընդունիլ՝ ամէն ազնիւ եւ առաքինի մարդու եւ ճշմարիտ քրիստոնեայի հոգն ու անձկութիւնը։ Արդարեւ, բանական չէ՞ «մաքուր» ըլլալ, փոխանակ «աղտոտ» ըլլալու…։

Մաքրութիւնը ամէն շրջանի նախընտրելի առաքինութիւն մըն է, ապա ուրեմն մաքրութեան օրէնքը ժամանակավրէպ նկատել, այդ օրէնքին հպատակողներ յետադէմ համարել՝ մարդկային բանականութեան եւ արժանապատուութեան հակառա՛կ է, անհամապատասխան է։

Մաքրութեան այս օրէնքին հանդէպ, կարելի է երեք դասակարգի վերածել մարդիկ։

Առաջին խումբին կամ դասակարգին կը պատկանին անոնք, որ բացարձակապէս կ՚ուրանան եւ կը մերժեն այդ տեսակ «օրէնք»ի մը գոյութեան իրաւունքը՝ չեն ընդունիր «ապօրինի հաճոյք» բացատրութիւնը, եւ առանց որեւէ նկատումի եւ խղճահարութեան, վերը յիշուած քանի մը պայմաններէն զատ, կը մխրճուին անոնց մէջ, իրենց փափաքին եւ պատեհութեան համեմատ՝ տարուելով իրենց կիրքէն, եւ անզսպելի զգացումներէն։

Եւ սակայն դժբախտ իրողութիւնը այն եղած է թէ՝ իրենց վա՛տ սովորութեան հետեւանքով եւ կիրքին ուժգնութենէն քշուած, հետզհետէ, մէկիկ մէկիկ կը քանդեն իրենց իսկ ընդունած քանի մը սահմաններն ալ, եւ հետզհետէ խո՜ւլ կը դառնան իրենց ներսը գտնուած «դատաւոր»ին ձայնին՝ խղճին, եւ ա՛լ չեն կրնար մաքուրը անմաքուրէն, ուղիղը սխալէն եւ օգտակարը վնասակարէն զանազանել։ Ոտնակոխ կ՚ընեն շարունակ, պատիւի, առողջութեան, նիւթական կարողութեան, ստացուածքի, ընկերային եւ ընտանեկան եւ մինչեւ իսկ ամուսնական հաւատարմութեան ամէն պահանջ եւ հետզհետէ անկումէ անկում եւ անդունդէ անդունդ կը գլորին, իրենց հետ կործանելով նաեւ իրենց ընտանիքին անդամները՝ անոնց նուիրական արժէքները, անոնց պատիւը, ներկան եւ մանաւա՛նդ ապագան։

Ահաւասիկ, այս կերպով մեռած խիղճերուն եւ հոգիներուն վիճակը բարոյական ու բանաւոր էակին ամենէն ահաւոր վիճակն է, եւ վերանորոգման ու վերականգումի յոյսը շատ տկար է անոնց համար…։

Երկրորդ խումբի կամ դասակարգի վիճակը, վերը յիշուած արտառոց «հաճոյամոլ»ներու խումբէն կը տարբերի սա կէտին մէջ, որ ասոնք տեսականօրէն կ՚ընդունին այս տեսակ «մաքրութեան օրէնք»ի մը կարեւորութիւնը, բայց գործնապէս կը դաւանին թէ՝ մարդ իրաւունք ունի եւ ազատ է «կախակայել» զայն «երբեմն», եւ պարագաներու ներկայացած ատեն ըմբոշխնել այդ կարգի հաճոյքներ, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, թէ այս «կախակայում»ը իրենց ամուսնական պարտականութեան անհամաւատարմութիւն չի՛ նշանակեր։ Այս դասակարգը, որ «մաքրութեան օրէնք»ը լիովին չըմբռնողները կը կազմեն, պէտք ունին աւելի՛ լոյսի եւ լաւագոյն հասկացողութեան մը։

Երրորդ խումբը գաղափարական մաքրութեան օրէնքին անհրաժեշտութիւնը անկեղծօրէն կ՚ընդունի, չի հանդուրժեր անոր նոյնիսկ առժամապէս կախակայուելու արտառոց գաղափարին եւ անկեղծօրէն կը ջանայ գործքով, կեանքով ապրիլ՝ այդ գաղափարականին համեմատ։ Բայց մարդկային տկարութեան, թերութեան եւ փորձութեան ենթակայ՝ դէպի գաղափարականը յառաջանալու իր ընթացքին մէջ, թէեւ ո՛չ արարքով բայց խորհուրդով եւ զգացումով գայթակղութիւններ եւ անկումներ կ՚ունենայ։ Իր այս անկումին հետեւանքով իսկ իր խիղճը խստիւ կը դատապարտէ զինք։

Բայց իր անկումը ուղիղ դիրքի մէջ է եղած դէպի մաքրութիւն, եւ դէպի ուղղութիւն յառաջացած ժամանակ սահած է, պատահական եւ յանկարծական կերպով, բայց ասիկա երբեք չ՚արդարացներ զիրենք։ Սխալը՝ սխա՛լ է միշտ, յանցանքը՝ յանցա՛նք։ Անոնց տարբերութիւնը սա է որ կ՚անդրադառնան իրենց սխալին կամ յանցանքին եւ անկեղծօրէն կը ջանան զայն սրբագրել։ Կարեկցութեան, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ յարգանքի արժանի պէտք է նկատել զիրենք՝ բաղդատելով միւսներուն հետ։

Արդարեւ, երբ կը խորհրդածենք հաճոյքներու եւ ընդհանրապէս փորձութեան վրայ եւ կը խօսինք անոնց մասին, պէտք է նկատի ունենալ, թէ ամէն բարոյական էակի մէջ երկու ուժ գոյութիւն ունի. ապօրինի փափաքներու ուժը եւ պարտականութեան դրդումի ուժը. երկու ձայներ կան՝ հաճոյքի ձայնը եւ խղճին ձայնը՝ «անասնական Ես»ին ձայնը եւ բանական-բարոյական էակին ձայնը։ Ասոնք շարունակ իրարու դէմ պայքարի մէջ են այն մարդուն համա, որ կը ջանայ ուղիղը ընել։ Մարդուն բարձրացումը եւ անկումը արդիւնք են մէկուն կամ միւսին տիրապետութեան։

Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ անոնց գոյութիւնը իր մէջ, եւ ո՛չ ոք կրնայ խուսափիլ անոնցմէ։ Ասոնց երկուքին սանձը մարդուն ձե՛ռքն է, ինչպէս որ մարդուն սանձն ալ երբեմն ասոնց ձե՛ռքն է։ Ասոնք կրնան մարդը հրէշ մը կամ հրեշտակ մը դարձնել։ Ասոնք պայքարին հետեւանքով մարդ կրնայ գիտնական, պատուաւոր, ազնուական եւ մարդասէր ըլլալ, կամ՝ աւազակ, ոճրագործ, անբարոյ, անպատի՛ւ։

Ասոնց հետեւանքով է որ մարդ կրնայ մաքրութեան, ազնուութեան եւ բարութեան մէջ բարձրանալ, կամ աղտոտութեամբ եւ վատասերումի մէջ անդունդ գլորիլ։

Ո՞ր ուժը պիտի տիրապետէ մարդուն վրայ. ատոր ընտրութիւնը մարդուն ձա՛ռքն է, կը բաւէ որ այոն՝ «այո՛» եւ ոչը «ո՛չ» ըլլայ անոր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 22, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2017