ԳՐՈ՜ՒՄ, ՀԱ ԳՐՈ՛ՒՄ ԷՔ...
1943 թուականին Պերլինի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Հայաստան» թերթը օգոստոսի իր թիւին մէջ կը հրատարակէ Հ. Բիւրակեանի «Հանդիպում հայրենի առաքեալի հետ...» յօդուածը, որուն մէջ կը գրէ հետեւեալ տողերը. «-Էդ ի՜նչ էք անում... գրո՜ւմ, հա գրո՛ւմ էք... Հայրենիքն ազատելու համար զէնք ու զրահ է հարկաւոր: Մատիտով թշնամու աչքը չե՛ս հանի...»։
Ցաւ ի սիրտ, արուեստագիտութեան զարգացման հետ միատեղ գրեթէ ամէ՛ն մարդ ինքզինք իրաւունք վերապահեց գրելու եւ արտայայտուելու՝ «միտքի ազատութիւն» կոչուած իմաստազուրկ վահանին ետին պահուըտելով: Ստեղծուեցաւ այնպիսի կործանիչ հարթակ մը՝ ուր բանուորը կը դառնայ քաղաքագէտ, վարորդը՝ բժիշկ, ներկարարը՝ ռազմագէտ եւ գրեթէ ամէ՛ն մարդ քիչ մը ամէն ինչ:
Անզուսպ այս հարթակը խորտակած է բոլոր աներեւոյթ սահմանները, յարգանքը որոշ արժեչափերու հանդէպ ու անձեռնմխելի արժէքները դարձուցած հանրային: Եւ սակայն ո՛չ ոք կրնայ բան մը ընել անոր դէմ, որովհետեւ կայ «ազատամտութիւն» եւ «ազատախօսութիւն» գաղափարախօսութիւնները, որոնք պատնէշ կը դառնան անոնց տգիտութեան եւ աղքատիմացութեան: Մարդ բան չի կրնար ընել, որովհետեւ «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագրի 19-րդ յօդուածի համաձայն՝ «Իւրաքանչիւր մարդ իրաւունք ունի անարգել կերպով հաւատարիմ մնալ իր կարծիքներուն. իւրաքանչիւր մարդ ունի իր կարծիքն ազատ արտայայտելու իրաւունք»: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 42-րդ յօդուածի համաձայն եւս մարդ ունի իր կարծիքը ազատ յայտնելու իրաւունք:
«Յառաջդիմութեան» մէջ գտնուող աշխարհը կարծեց, որ մարդուն խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւն շնորհելով՝ պիտի ստեղծէ աւելի արդար, մարդու իրաւունքներով համաչափուած հասարակութիւն մը, ինչ որ երբեք չիրականացաւ: Խօսքի միջոցաւ կարծիքի ազատութեան իրաւունքը մարդոց կողմէ օգտագործուեցաւ ի վնաս հասարակութեան, վիրաւորելով մարդոց իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնները: Եւ այսօր նոյն «ազատամտութիւն» քարոզող աշխարհը սկսաւ սահմանափակումներ դնել: Սկսաւ քրէականացուիլ պետութեան սահմանադրական կարգի դէմ ուղղուած կոչեր, յանցագործութիւններ կատարելու միտումով կատարուած յայտարարութիւններ, բռնութեան հրամաններ: Որովհետեւ աշխարհը ի՛նք եւս չգիտցաւ, որ մարդ կրնա՛յ այս աստիճան աղաւաղել ու եղծանել խօսքի ազատութիւն ըսուած գաղափարախօսութիւնը:
Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեանը մէջ կը շեշտէ հետեւեալ միտքը. «անդաստիարակ ազատութիւնը դէպի խաւար կը տանի...» եւ մարդ արարածին այդ անդաստիարակ ազատութիւնը տրուեցաւ։ Ընդհանրապէս խօսելու եւ կարծիք յայտնելու իրաւունք չունեցող մարդուն տրուեցաւ պէտք եղածէն աւելի իրաւունք՝ ինչ որ մարդուն մէկ ծայրայեղութենէն տարաւ միւսին:
Կրնա՞ք հասկնալ տարբերութիւնը «Բանիւ եւ գործով»ին եւ «Ո՛չ բանիւ, այլ՝ գործով»ին. մենք, դժբախտաբար, առաջինէն անցանք երկրորդին, որովհետեւ անցեալին խօսքը եւս որոշ չափով արժէք մը կը ներկայացնէր, սակայն այսօր այդ խօսքն ալ լսող չկայ. գործն է էականը:
***
Այսպիսով մեր իրականութեան մէջ սկիզբ առաւ «Խօսքի ազատութիւն» անունով թոհուբոհ մը. պոռնիկը սկսաւ բարոյականութեան դասեր տալ, աւազակը՝ սկսաւ աղքատասիրութեան մասին քարոզել, եղբայրասպան մը՝ սկսաւ խօսիլ սիրոյ ու եղբայրութեան կարեւորութեան մասին, դժոխքի կրակներու արժանանալու ականաւոր թեկնածու մը սկսաւ Աստուծոյ Արքայութիւն տանող ճամբան բացատրել եւ «Մատիտով թշնամու աչքը չե՛ս հանի»ն վերածուեցաւ «մատիտով մենք մեր աչքը հանեցինք»ի...
Ու հաւատացէք այդ մատիտով ինչքա՜ն դիւրին է դառնալ այն՝ որ գուցէ երբեք չենք ու չենք եղած: Մատիտի մի քանի շարժումով, կամ ստեղնաշարի մի քանի սեղմումով դիւրին է հայրենասէր դառնալ, ըսելով «ես կեանքս կը զոհեմ Հայրենիքի համար». դիւրին է ըլլալ գրեթէ՛ ամէն բան: Սակայն այս երեւոյթը նոր չէ մեր մէջ. աւելի քան 6 դար առաջ ապրած Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ. «Որդեակք՝ մի բանիւ եւ լեզուաւ միայն սիրեսցուք զմիմեանս, այլ արդեամբ եւ ճշմարտութեամբ»:
Հետեւաբար միայն համացանցի էջերուն վրայ չսիրե՛նք մեր հայրենիքը, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը եռագոյն դրօշի նկարը բաժնեկցելէն ու անոր մասին երկտող մը «copy - paste» ընելէն շա՛տ աւելի վեր արժէք մըն է, որովհետեւ դժբախտաբար մենք սկսած ենք դառնալ այնպիսի ազգ մը՝ որ օրական դրութեամբ եկեղեցւոյ նկարներ կը տեղադրէ համացանցի վրայ, սակայն օր մը երթալով պատարագ չի՛ մատուցեր, եռագոյն կը տեղադրէ օրական դրութեամբ, սակայն կառչած կը մնայ օտարին:
Երանի՜ անոնց՝ որոնց խօսքերը լոկ հայելիներն են իրենց գործերուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ
(1817-1900)
Մեր թուականէն 204 տարիներ առաջ՝ երեքշաբթի, 29 յուլիս 1817-ին Ռուսաստանի Թէոդոսիա քաղաքին մէջ ծնած է աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի (Այվազեան)։
Յովաննէս Այվազովսքի եղած է զաւակը Գէորգ եւ Հռիփսիմէ ամոլին: Ունեցած է եղբայր մը՝ Սարգիս անունով, որ յետագային ընդունելով եկեղեցական կարգ եղած է Գաբրիէլ Արք. Այվազեան (եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ եւ թարգմանիչ):
Ծովանկարիչի մօտ փոքր տարիքէն ի յայտ եկած է նկարչութեան եւ երաժշտութեան տաղանդը. Ինքնաշխատութեամբ սորված է ջութակ նուագել: Թէոդոսիա ապրող ճարտարապետ մը նկատելով պատանի Յովհաննէսի ձիրքն ու տաղանդը աջակցած է՝ նուիրելով ներս, մատիտ ու թուղթ: Նոյն օժանդակին ճամբով մեկնած է Ուքրայնա եւ ապա «Սեն Փեթերսպուրկի գեղարուեստի համալսարանական բաժանմունք», զոր աւարտած է ոսկէ շքանշանով: Ապա մեկնած է Եւրոպա. Իտալիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Անգլիա եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ ունեցած է ցուցահանդէսներ: Հիմնած է արհեստանոցներ, դպրոցներ, հնագիտական թանգարաններ, գրադարան, դահլիճ եւ այլ մշակութային հիմնարկներ: Մեծապէս օժանդակած է չքաւոր աշակերտներու: Յովհաննէս Այվազովսքի ամուսնացած է երկու անգամ. անոր առաջին կինը անգլիացի էր՝ Յուլիա Յակովի, իսկ երկրորդ կինը՝ հայազգի Աննայի հետ:
Ծովանկարիչը մահացած է 82 տարեկանին՝ չորեքշաբթի, 2 մայիս 1900-ին: Մահանալու օրը նկարեց «Թուրքական նաւի պայթումը» աշխատութիւնը, որ կը մնայ նկարակալի վրայ, որուն նոյն գիշերը կը մահանայ:
Յ.Գ. 2020 թուականի յունիսին Այվազովսքիի նկարչութիւններէն մէկը Անգլիոյ մէջ կազմակերպուած աճուրդներէն մէկուն ընթացքին ծախուեցաւ 3 միլիոն տոլարի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ